ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆՔ ՅԱՂԹԵԼՈ՛Ւ, եւ՝ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵ՛ՆՔ՝ ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ: ՀԱՅԵ՛Ր, ԴԷՊԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԵՐԱ՜՜՜ԶՄ:

Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 12 Հոկտեմբեր 2020, կէսօր

Կը խնդրեմ կարդալ անգլիալեզու այս լուրը՝

News.am – Head of the Division for Relations with Diplomatic Institutions at TASS news ag ency Saadad Kadirova, who yesterday became popular for her xenophobic statements, has been dismissed, as reported the press service of the Union of Armenians of Russia.

“TASS is at its peak. Saadat Kadirova has been dismissed from TASS. Now she is nobody and doesn’t represent anything. However, taking into consideration that she is overtly against Russia, it would be fair to deprive her of Russian citizenship as well,” as stated on the Facebook page of the Union of Armenians of Russia.

The Union of Armenians of Russia had filed a petition with the demand to dismiss Kadirova.

During a show aired on Rosia 24 TV, Saadat Kadirova justified the attacks on the Holy Savior Ghazanchetsots Cathedral in Shushi as a result of which Russian reporters were wounded and one of whom is in extremely critical condition. She recalled Putin’s statements on ‘killing terrorists in restrooms’, adding that servicemen were praying in the church at the moment of strikes against the church, and those servicemen are occupiers, and thus the bombardment of the church was justified, drawing parallels between the cathedral and a restroom.

1. ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ը Ռուսաստանի Դաշնութեան ՊԵՏԱԿԱՆ լրատուական գործակալութիւնն է: Անոր աշխատակիցներէն է նաեւ լրագրողուհի, ատրպէյճանցի Իրատա Զեյնալովան, որուն հետ Սաատաթ Քատիրովայի հեռախօսային խօսակցութեան ժամանակ, Զեյնալովան Կ’ԱՐԴԱՐԱՑՆԷ լուրին մէջ նշուող հաղորդման ընթացքին Քատիրովայի հնչեցուցած լպիրշ արտայայտութիւնները: ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի ղեկավարութենէն եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան պետական համապատասխան մարմիններէն պէտք է պահանջել նաեւ Զեյնալովայի վտարումը այդ գործակալութենէն:

2. Վերի աղբիւրին մէջ նշուած հաղորդման ընթացքին, Քատիրովա իր ելոյթն սկսաւ ՌԴ Պետական Տումայի ԱՊՀ-ի երկիրներու եւ արտասահմանի ռուսաստանցի հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանդին Զաթուլինը մեղադրելով, ոչ աւելի, ոչ պակաս, «ռուս ժողովուրդի եւ ռուսական պետութեան թշնամի ըլլալու» ամբաստանութեամբ, ինչը յառաջացուց հաղորդման մասնակից միւս քաղաքագէտներուն հեգնանքը: Հաղորդավար Վլատիմիր Սոլովեովը տեղւոյն վրայ հեգնանքով ընդմիջեց. «Զայն (Զաթուլինը – Գէորգ) հիմա հո՞ս, այս սրահին մէ՞ջ գնդակահարենք, թէ՞ հոսկէ դուրս հանենք՝ նոր գնդակահարենք»: Զաթուլինը ընդհանրապէս հանդէս կու գայ հայանպաստ դիրքորոշումներով, յատկապէս շեշտելով Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Քատիրովան իր ամբաստանութիւնը փորձեց «հիմնաւորել», թէ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ Զաթուլինի այդ շեշտադրումը Ռուսիոյ մէջ կրնայ «առնուազն հինգ Ղարաբաղ» յառաջ բերել (յիշենք որ ատենին Միխայիլ Կորպաչովն ալ նոյն «հիմնաւորում»ով մերժեց Արցախը վերադարձնել Խորհրդային Հայաստանին): Հասկնալի է, որ այս ատրպէյճանուհին կ’ակնարկէր, թէ Ռուսիոյ թաթարները, պաշքիրները եւ միւս թրքածնունդները պատրաստ են Ռուսիան ներսէն պայթեցնելու՝ ինքնորոշման հարց բարձրացնելով: Իրականութեան մէջ, ան ճշմարտացի է: Գիտէի՞ք թէ, երբ 1967-ին Արցախի հայերը հերթական անգամ բարձրացուցած էին Խորհրդային Հայաստանին միանալու հարցը, եւ Մոսկուայի մէջ հակուած էին դրական լուծում տալու անոնց պահանջին, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՄԲ, ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ատրպէյճանցի եւ Ռուսիոյ թաթար ղեկավարներ, եւ կը համաձայնին, որ թաթարներն ալ պահանջեն Ռուսիոյ կազմին մէջ ինքնավար հանրապետութիւն ըլլալէ բարձրացուիլ միութենական հանրապետութեան մակարդակի, ինչը կը նշանակէր Ռուսիոյ եւրոպական ու ասիական մասերը իրարմէ խզել, փաստօրէն՝ Ռուսիոյ կործանման սկիզբը դնել: Այս դիւանագիտական քայլը կու տայ իր արդիւնքը, թաթարները այդ պահանջը կը ներկայացնեն Մոսկուայի, որ ստիպուած կ’ըլլայ անտեսելու Արցախի հայոց հարցը, որմէ ետք թաթարներն ալ կը դադրին իրենց պահանջը հետապնդելէ:

3. Քատիրովայի այս ելոյթին դէմ երէկ, 12 հոկտեմբերին, անմիջապէս արձագանգեց ռուսահայ անուանի քաղաքական մեկնաբան Սեմեոն Պաղտասարովը (Ռուսիոյ քաղաքագիտական-փորձագիտական շրջանակներու 10 ամենայայտնի հայազգի դէմքերէն հայկական քիչ մը զգացումներ ունեցող ՄԻԱԿ անձը, միւսները՝ Կարէն Շահնազարով, Գէորգ Միրզոյեան, Սերկէյ Կուրղինեան, Անդրանիկ Միհրանեան, Տիգրան Քէօսայեան եւ այլք՝ ռուսէ աւելի ռուս են): Պաղտասարով ռուս երկու քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ իր քաղաքական հաղորդման մէջ ջախջախիչ հարուած հասցուց Քատիրովային՝ պահանջելով անոր հեռացումը ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-էն եւ առհասարակ արգիլել Ռուսիոյ պետական մարմիններուն մէջ պաշտօն ունենալու ամէն հաւանականութիւն անոր համար:

Այս ետնաբեմնին վրայ, ուղղակի դատապարտելի է Russia Today-ի տնօրէն Մարգարիտա Սիմոնեանի դաւաճանական լռութիւնը, մինչդեռ ատրպէյճանցիները, ինչպէս կը տեսնենք, Ռուսիոյ գլխաւոր լրատուամիջոցին մէջ կը գործածեն նաեւ իրենց լրագրողուհիները: Սիմոնեանը դեռ չհասկցաւ, որ Փաշինեանին դէմ ըլլալը բնաւ պէտք չէ առնչել Հայրենիքին նկատմամբ հաւատարմութեան հետ:

4. Ստոր արարած մըն է նաեւ 1999-էն ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի տնօրէնի առաջին տեղակալ, Ռուսաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Ռուսաստանի վաստակաւոր լրագրող, 23 յունուար 1950-ին ՊԱՔՈՒ ԾՆԱԾ Միխայիլ Սոլոմոնովիչ Կուսմանը (անուան երեք բաղադրիչներէն կարծեմ կը կռահէք, թէ ո՛ր հաւաքականութեան կը պատկանի ան): Այս անձը պատերազմի օրերուն այցելելէ ետք իր ծննդավայրը, վերադարձին գրառում կատարած է Համացանցին մէջ, ուր կատարելապէս կը կրկնէ ատրպէյճանական զառանցանքները՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով այդ թշնամական պետութեան: Շատ հաւանաբար, Պաքուի մէջ զայն ողողած են խաւիարով եւ փեթրոտոլարներով, թէեւ կրնայ նաեւ հրահանգ ստացած ըլլալ Ատրպէյճանին գերարդիական զինամթերք մատակարարող Իսրայէլէն: Հայերս պէտք է պահանջենք — ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի գրասենեակներուն առջեւ ցոյցերով, այդ լրատուամիջոցի եւ Ռուսիոյ քաղաքական ղեկավարութիւններուն ուղղուած պահանջագիրներով եւ այլն –, նաեւ Միխայիլ Կուսմանին հեռացումը իր պաշտօնէն՝ շեշտը դնելով այն կէտին վրայ, որ ան, ըլլալով ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՊԱՇՏՕՆԵԱՅ, ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹՆԵՐՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅՆՕՐԷՆ ԿԸ ՀԱԿԱԴՐՈՒԻ ԻՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ:

Հայրենի ժողովուրդի ոգին աննախընթացօրէն բարձր կը մնայ՝ հակառակ հարիւրաւոր նահատակներուն, վիրաւորներուն ու աներեւակայելիօրէն ծանր նիւթական վնասներուն:

Նիւթական ապահովելու համար պէտք է բարձրացնել աշխարհով մէկ սփռուած եւ գրեթէ անտէր ձգուած հայկական կալուածները վաճառելով գումարները հայրենիքին նուիրելու հարցը: Այդպիսի հազարաւոր կալուածներ կան Լիբանանի, Եգիպտոսի, այլ երկիրներու, նաեւ Երուսաղէմի մէջ: Եթէ պատերազմը այսօր իսկ դադրի, առնուազն ԿԷՍ ՄԻԼԻԱՐ տոլարի կարիք պիտի ըլլայ նախապատերազմական վիճակին վերադառնալու համար: Գումարի ուրիշ աղբիւր մըն է օլիկարխ աւազակներու ունեցուածքին գրեթէ ամբողջական պետականացումը: Հայրենի ժողովուրդին առնուազն 90 տոկոսը այս օրերուն այդ մասին կը խօսի:

Յիշենք, որ 100 տարի առաջ այս օրերուն, հայ-թրքական պատերազմ կը մղուէր Կարսի մարզին մէջ, որ աւարտեցաւ մեր խայտառակ պարտութեամբ, կիսատ-պռատ անկախութեամբ պետութեան կործանման, եւ ամենագէշը՝ այսօրուան ՀՀ + Արցախի տարածքին չափ հայրենի հողի գրաւումին: Կասկած չունիմ, որ գալիք օրերուն թուրքերը շռնդալից պիտի տօնեն Կարսի գրաւման հարիւրամեակը:

ԿԱՐՍԸ ԵՐԲԵ՛Ք ՊԷՏՔ ՉԷ ԿՐԿՆՈՒԻ՝ նոյնիսկ եթէ հայ ազգէն հարիւր հազարաւորներ զոհուին Հայրենիքին համար: Մենք նահանջելու տեղ չունի՛նք:

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like