Այսօրուան պատերազմի ականատեսի վկայութիւններ       

Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 27 Սեպտեմբեր 2020, ժամը 21-22

27 Սեպտեմբերի առտուն Ատրպէյճան-Թուրքիա երկգլխանի հրէշը հերթական յարձակումը գործեց հայրենաբնակ ու տարասփիւռ հայութեան դէմ: Իրերու բերումով, ականատեսը դարձայ պատերազմի բռնկումի առաջին ժամերուն եւ կարգ մը դրուագներուն:

Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու խումբով մը երեքօրեայ ուխտագնացութեան գացած էի Արցախ՝ 25 Սեպտեմբերին: Այդ օր, Դադի վանք այցելելէ ետք, ուշ երեկոյեան հասանք Գանձասարի ստորոտի Վանք գիւղը, ուր գիշերեցինք: Յաջորդ օրը, Կորիւն վարդապետ Առաքելեանի գլխաւորած ուխտագնացները եղան Արցախի հիւսիսային երկու սրբավայրերու մէջ՝ Տիգրանակերտ հին քաղաքի գլխուն թառած Վանքասարի ու Մարտակերտի հիւսիսային շրջանին մէջ, անտառներու դրախտային չքնաղ բնութեան մէջ կանգնած, ներկայիս նորոգուող Երից Մանկանց վանքին մէջ: Այս երկու սրբավայրերը հասնելու համար, անցանք երեք զօրամասերու անմիջական կողքով կամ միջով: Զգացինք, թէ լարուած վիճակ գոյութիւն ունի: Սովորականէն տարբեր զգօնութիւն կը տիրէր այս զօրամասերու զինուորներուն մէջ: Անոնց հետ մեր քանի մը նախադասութեանց փոխանակումներէն հասկցանք, թէ «բան մը կը նիւթուի մութին մէջ»…

Այսօր որոշած էինք ըլլալ Արցախի հարաւային Հատրութի շրջանի Գտչավանքը, ուր պիտի աւարտէինք մեր ուխտագնացութիւնը ու վերադառնայինք Երեւան:

Սովորականին պէս՝ արթնցայ արեւածագին: Ժամը ճիշդ 6:07-ն էր: Լուացուելէ ետք պտոյտ մը կատարեցի Վանք գիւղի հողածածկ, անմխիթար փողոցներուն մէջ, ապա վերադարձայ կացարան, ուր դեռ կը քնանար ուխտաւորներու հիմնական մասը, որոնց մէջ՝ 4 երեխաներ, 4 կանայք, որոնցմէ երկուքը՝ յղիութեան յառաջացեալ ամիսներուն մէջ: Որոշուած էր ճամբայ ելլել ժամը 7:30-ին: Ժամը 6:30-ին լսեցի որոտումի երկու ձայն: Թէեւ երկինքը պարզ էր ու ամպեր չկային, դարձեալ նայեցայ վեր. միայն ամպիկ մը կախուած էր երկինքին մէջ: Ժամը 6:45-ին բոլորը արթնցուցի: Անոնք կը զբաղէին լուացումով եւ բնական պէտքերով, երբ ժամը 7-էն քանի մը վայրկեան անցած՝ նորէն լսուեցան որոտումներ: Կասկած չկար. ձայները հրետանիի ռմբակոծութեան հետեւանք էին: Իսկ ժամը 7:15-ին սկսան լսուիլ անդադար հետակոծութեան ձայներ: Ժամը 7:45-ին հորիզոնին վրայ երեւցաւ թռչող սարք մը, որ վարէն արձակուած զինատեսակով մը վար առնուեցաւ:

Ուխտաւորներով երբ իջանք տարբեր տուներ իջեւանածներուս հաւաքավայրը՝ Վանքի այսպէս կոչուած հրապարակը, տեսանք զինուորական հագուստով, շուրջ 25 տարեկան գեղեցկուհի մը, որ կ’արտասուէր: Ան յայտնեց, որ քիչ առաջ հեռաձայն ստացած է Մարտակերտ քաղաքն ապրող ծնողքէն, թէ ատրպէյճանցիները ռմբակոծած են քաղաքը, թէ բնակիչները իջած են ապաստարանները եւ թէ, այնուամենայնիւ, քնացած կին մը ու անոր երեխան սպանուած են: Իսկապէս յոյժ ցաւալի էր այս գոյժը լսելը: Այս օրիորդը կամ տիկինը երբ իմացաւ, թէ կ’ուղղուինք Հատրութի ուղղութեամբ, խնդրեց զինք ալ տանիլ, քանի որ քանի մը վայրկեան առաջ հրահանգ ստացած է ներկայանալ հոն գտնուող իր զօրամասը: Սիրով ընդառաջեցինք: Երբ ճամբայ ելանք ժամը 8:20-ին՝ հրետակոծութեան ձայները մերթ ընդ մերթ կը շարունակուէին: Երբ մօտեցանք Ասկերան քաղաքին, տեսանք սեւ ծուխերու քուլաներ: Քանի մը վայրկեան յետոյ՝ խուլ ձայնէ մը ետք այդ տեղին մօտակայքէն բարձրացաւ այս անգամ ճերմակ ծուխի քուլայ մը: Երբ մօտեցանք քաղաքի խաչմերուկին, հոն չհասած, ասֆալթապատ ճամբուն վրայ տեսանք հաւանաբար 80 մմ.նոց արկերու մնացորդներ, երկաթեղէն կտորտանք եւ նման խառնախշտիկ բաներ:

Խաչմերուկը գրեթէ գոցած էին ճանապարհային ոստիկանութեան երկու ինքնաշարժներ: Մօտեցանք ու հարցուցինք, թէ կրնա՞նք ուղղուիլ դէպի Ստեփանակերտ: Դրական պատասխան ստանալով, ուխտաւորներու երեք ինքնաշարժ հատեց խաչմերուկը: Աջին Ասկերանի զօրամասի տարածքն էր: Ծուխերը անոր տարածքէն դուրս կու գային: Կային զինուորներ ու զինուորական բեռնակառքեր, սակայն ոչ միայն խուճապ չկար, այլեւ կարծես թէ կար դատապարտելի անհոգութիւն կամ անտարբերութիւն պատահածներուն եւ նոյնիսկ մահուան նկատմամբ: Երբ քանի մը քիլոմեթր հեռացանք, կանգնեցանք եւ սպասեցինք վերջին երկու ինքնաշարժները, որոնք այդպէս ալ չերեւցան՝ յոյժ մտահոգելով մեզ (կապը շատ վատ էր, իսկ ՀՀ-ի թիւերուն պարագային կը պահանջուէր … roaming: Միայն ժամեր ետք պիտի իմանայինք, թէ անոնցմէ մէկէն ընդամէնը 100 մեթր անդին ինկած է հրթիռ կամ ռումբ մը, որ սարսափի մատնած է յատկապէս կանանց, ուստի վարորդ ամուսինները տեղւոյն վրայ որոշած են վերադառնալ Վանք: Յետագային, անոնք Երեւան վերադարձան մեր եկած Քարվաճառ-Սոդք-Վարդենիս-Սեւան-Երեւան ճամբով: Իսկ միւս երեք ինքնաշարժներով ուղղուեցանք Ստեփանակերտ՝ կանգ առնելով «Մենք ենք, մեր սարերը» կոթողին ստորոտը, ապա Ստեփանակերտի մէջ:

Կոթողը ունէր այցելուներ՝ շուրջ 10 հոգի, որոնք ժպտադէմ կը լուսանկարուէին՝ կարծես երկրին մէջ պատերազմ գոյութիւն չունէր, կամ ալ՝ անոնք եւս արհամարհանքով կը վերաբերէին մահուան. ո՜վ գիտէ: Ստեփանակերտի մէջ եւս նկատեցինք անհոգ ու անտարբեր վերաբերմունք սկսուած պատերազմին հանդէպ: Միայն թէ երկու շտապ օգնութեան մեքենաներու երեւումն ու անոնց հանած աղմուկը սթափեցուց մայթերուն վրայ յուլօրէն յօրանջողները, թէ երկիրը կը գտնուի անբնական կացութեան մէջ: Երբ Ստեփանակերտէն կ’ուղղուէինք դէպի Շուշի, երկու ցնցիչ որոտումներ գոռգոռացին. մեր բանակը ծանր զինատեսակով մը կը հակադարձէր ատրպէյճանական յարձակումներուն: Երբ Շուշիէն ուղղութիւն վերցուցինք դէպի Բերդաձոր, լրատուամիջոցներէն իմացանք, որ քանի մը վայրկեան առաջ ռմբակոծուած է նաեւ Ստեփանակերտը: Երբ հասանք Արցախի այսպէս կոչուած սահմանը, նկատեցինք, որ թէ՛ դէպի Հ. Հ. մեկնողներու եւ թէ    Հ. Հ.էն Արցախ եկողներու մեծ հոսք կայ: Անձնագիրներն ստուգող ոստիկանները չէին կրնար հասցնել այս ծանրաբեռնուածութեան: Այնուհետեւ կանգ առինք Գորիսի, Վայքի ու Արենիի մէջ: Թէ՛ այս բնակավայրերու եւ թէ՛ Արցախի մեր զրուցակիցները կը շեշտէին, թէ հարկաւոր է ՇԱՏ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՆԵԼ թշնամիին եւ մէկանգամընդմիշտ լուծել Արցախի հարցը՝ թշնամին ծունկի բերելով: Մարդոց ոգեկանն ու տրամադրութիւնները շատ բարձր էին: Այո, անոնց դէմքերուն մէջ կը նշմարուէր մտահոգութիւն, սակայն խուճապային ոչ մէկ երեւոյթի հանդիպեցայ: Ոմանք նոյնիսկ խանդավառ էին, թէ եկեր է պահը, որպէսզի ատրպէյճանցի թշնամիին հարցը լուծենք-վերջանանք:

Գորիսէն մինչեւ Երասխաւան ճամբուն վրայ ականատես եղանք բազմատասնեակ զինուորական փոխադրակառքերու, վառելիքի սիթերն-ներու, ճիփանման մարդատար ինքնաշարժներու եւ վրան ծածկուած՝ զինամթերք փոխադրող բեռնակառքերու: Բոլորն ալ կը կրէին Հ. Հ.ի պաշտպանութեան նախարարութեան դրոշմը: Սիսիանի մօտակայքն էինք, երբ շտապ օգնութեան երեք ինքնաշարժներ իրենց քիթն ուղղած էին Արցախի ուղղութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ մայր, կը հասնէր գորշ գայլ գազանի յարձակման թիրախ դարձած իր զաւակին օգնութեան:

Այո, պատերազմը ծանր փորձութիւն է, անպայման պիտի կրենք վնասներ, պիտի ունենանք մարդկային կորուստներ: Սակայն եթէ Հայրենիքը պահելուն գինը ուրիշ կերպ չի վճարուիր, ազգովի՛ն պէտք է վճարենք այդ գինը: Այլապէս՝ մեր սերունդները մեզ ԲՆԱՒ պիտի չներեն:

ՄԱ՛Հ ԹՈՒՐՔ ԹՇՆԱՄԻԻՆ: ԿԵՑՑԷ՜ ՀԱՅՈՑ ՓԱՌԱՊԱՆԾ ԲԱՆԱԿԸ:

 

1 comment
  1. Ամենայն տեղ մահը մի է,մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,բայց երանի ով իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի:Կեցցեն՛ մեր հայոց բանակի ազատամարտիկները,կեցցէ՛ Հայ ժողովոււդը:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like