Յետպատերազմեան ուրոյն զարթօնք մը

Միսաք Երէցեան, 8 Մայիս 2020

Ա- ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին յաջորդող տասնամեակներուն սփիւռքի տարածքին եւ մեր հայրենիքին մէջ ծայր արին նոր խմորումներ, որոնք առաջնորդեցին երիտասարդութիւնը դէպի որակապէս նոր ազգային զարթօնք մը։ Ես եւ տարեկիցներէս շատեր, ինչպէս նաեւ մեր տասնեակ մը երէց, եւ կրտսեր գաղափարակից, ապա գործընկեր դարձած համախոհներ, ապրեցանք այդ տասնամեակները։ Մենք անցանք այն ուղիէն, որ մեզի ժառանգ ձգուած էր մեր պատմութեան դասերէն, յառաջդիմական մտաւորականներէն, գրողներէն, հասարակական գործիչներէն։

Մենք անտարբեր չէինք մեր ապրած եւ աւելի հեռաւոր երկիրներու մէջ կատարուող անցուդարձերուն ու յեղափոխական շարժումներուն հանդէպ։ Հայրենիքի մէջ վեազարթնած հայրենասիրական մթնոլորտը, արաբական ազգային ազատագրական պայքարը, Պաղեստինեան շարժումը, գաղութատիրութեան մասնակի կործանումը, հեռաւոր Լատին Ամերիկայի արդարութեան մարտիկները, Կաթոլիկ եկեղեցուոյ ծոցէն ծնած ժողովրդասէր հոգեւորականներու պայքարը մեր մէջ սկսած էին կերտել ՆՈՐ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ, գերազանցապէս հայրենասէր սակայն նաեւ համամարդկային հարցերով մտահոգուած։

Սոյն աշխատութիւնը փորձ մըն է ցոյց տալու երեք սերունդներու երիտասարդութեան անցած ուղին, որուն գլխաւոր բնօրրանն էր Լիբանանը եւ Սուրիան առաւելապէս, յետագային աւելցան նաեւ Հայաստանը եւ այլ երկիրներ: Մեր նպատակն է այս աշխատութեամբ մոռացումէ փրկել մեզ նախորդող սերունդին եւ մեր սերունդին ներդրումը … քանի բոլորս տակաւին չենք հեռացած այս աշխարհէն։

Բ- ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

Դժբախտաբար գրաւոր աղբիւրներու տեսակէտէն բաւական աղքատ են մեր ձեռքի տակ ունեցածները, որովհետեւ միշտ փորձ կատարուած է գրաւոր ոչինչ ձգել ապահովութեան նպատակներով։ Այսուամենայնիւ հայկական մամուլէն «Կանչ», «Յառաջ» (Պէյրութ), «Երիտասարդ Հայ.», «Հ.Ա.Հ.Գ.Բ», «Հայաստան» թերթերու մէջ տպուած են ընդհանուր բնոյթի գաղափարախօսական յօդուածներ, խմբագրականներ եւ հարցազրոյցներ, որոնք «չէին մատներ» մեր գործունէութիւնները եւ որոնք կը կատարուէին հնարաւորին չափ ծածուկ կերպով։ Օտարալեզու հայկական մամուլէն պէտք է յիշել Nouvelle d’Armenie-ի սկզբնական հրատարակութիւնները։

Կարեւոր աղբիւր մըն է Վեր. Գուռնուզեանի «Արարատիզմ»ը փոքրիկ հատորը, ուր հեղինակը նոր ու յեղափոխական մօտեցում մը ցոյց կու տար 1970–ականներուն ծաւալուած շարժումներուն մասին, մօտեցում մը,  որ այնքան ալ դուրեկան չէր Հայ դասական կամ աւանդական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն համար:

Մեր ունեցած աղբիւրներուն մեծամասնութիւնը – ինչ որ պահպանուած է տակաւին ողջերու յիշողութեան մէջ – կը մնան յուշերու, թէեւ դժգունած վիճակի մէջ։ Ցաւօք սրտի բազմաթիւ գործօն անդամներ 50-60-ականներու սերունդէն գրեթէ ոչինչ թողուցին ու առյաւէտ հեռացան մեզմէ՝ իրենց հետ տանելով թանկագին տեղեկութիւններ, վկայութիւններ ու փորձառութիւններ։

Փաստօրէն խճանկարի արուեստագէտի մը գործը յիշեցնող ձեռնարկ մըն է այս աշխատանքը։ Վարպետին պէս կը հաւաքենք այստեղ այնտեղ ցաք ու ցրիւ եղած գունաւոր խիճերը, քով քովի դնել զանոնք եւ փորձել յայտածել գէթ ընդհանուր պատկերին ուրուագիծը։

Գ- ՇՂԹԱՅ ՄԸ

Ստիպուած պիտի ըլլանք զանց ընել շարք մը անուններ՝ յատկապէս տակաւին ողջ երախտաւորներու ինքնութիւնը, ենթակաները հեռու պահելու նպատակով պատկան երկիրներու կարգ մը ծառայութիւններու ուշադրութենէն։ Նոյնիսկ տասնամեակներ ետք կարգ մը պետութիւններ տակաւին զգայուն են ձախակողմեան հակումներ ցուցաբերած իրենց քաղաքացիներուն հանդէպ:

Շղթայ ըսելով պէտք է հասկնանք պատմական եւ ժամանակագրական յաջորդականութիւնը դէպքերու, խմբակներու, հասարակական, մտաւորական-քաղաքական եւ մամուլի շարժումներու, որոնք յաջորդեցին մէկը միւսին, յաճախ մէկը միւսին ծնունդ տալով, առաց խոտորելու հիմնական գաղափարախօսութենէն։

Շարժումին գործօն սկիզբը պէտք է նկատել անմիջապէս յետ-Բ. պատերազմեան տարիները, որովհետեւ համեմատաբար այդ խաղաղ տարիներուն, հակառակ Պաղ պատերազմի սկզբնաւորման եւ ուժեղացման, ջարդուած էր ֆաշիզմն ու նացիզմը, մինչ ԽՍՀՄ-ը ու համաշխարհային յառաջադիմական շարժումները նոր վարկ մը ձեռք բերած էին «չար» ուժերու ջախջախման մէջ ունեցած բացառիկ մասնակցութեան շնորհիւ։

Այսուամենայնիւ կռփող դրամատիրութեան եւ նոր կայսերապաշտութեան հակադարձութիւնը եղած էր նոր որակի «չար» շարժում մը։ Արեւմտեան կայսերապաշտութիւնը, գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի, Բրիտանական կայսրութեան եւ Ֆրանսական գաղթատիրութեան, սկսաւ ծրագրուած, ծածուկ եւ բացայայտ գործունէութիւններ ծաւալել՝ նպատակ ունենալով նիւթական հարստութեան նոր աղբիւրներու տէր դառնալ։ Սկսաւ խորանալ նոր որակի ստրկացման քաղաքականութիւն մը Ափրիկէի, Ծայրագոյն Արեւելքի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ՝ քարիւղի անսպառ պաշարներէն տրիլիոններ ապահովելու նպատակով։ Այդ նոյն ուժերը նպաստեցին սիոնիստական տարատնկուած Իսրայէլի ստեղծման։

Այդ ուժերն էին որ ՕԹԱՆ-ի (NATO) խողովակով կազմակերպեցին պետական հարուածներ զանազան երկիրներու մէջ աշխարհի չորս ցամաքամասերու վրայ, հրահրեցին դրացի երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութիւնները խորացնելով պատերազմներու մղել (այս մէկը կը շարունակուի մինչեւ օրս)։ Կրօնական (աննշան) տարբերութիւններու չարաշահման միջոցով բորբոքուեցան կիրքեր` ընդհուպ վերաճելով քաղաքացիական կամ ազգամիջեան կռիներու։ Արեւմտեան կայսերապաշտութիւնը փորձեց ջախջախել կամ առնուազն իր ճանկերուն մէջ պահել ինքնորոշման միջոցով իրենց ազատութեան համար պայքար մղող ազգերու ճակատագիրը։

Նոր կայսերապաշտութեան հիմնական թիրախներն էին ԽՍՀՄ-ը եւ իսկական ժողովրդավարական (դեմոկրատական) շարժումները բոլոր ցամաքամասերու մէջ։ Ժողովրդավարութիւնն ու ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը գլխաւոր թշնամիներն էին նոր կայսերապաշտութեան, ինչպէս այսօր։ Ռազմական արդիւնաբերութեան տէրերը, միլիարդաւոր տոլարներու շահերը, չէին թոյլատրեր եւ չէին հանդուրժեր ստրկացուած երկիրներու յառաջդիմութիւնը եւ ժողովրդավարութեան յաղթանակը։ Սոցիալիզմը մեծագոյն թշնամին կը նկատուէր եւ կը նկատուի կայսերապաշտութեան, ռազմարդիւնաբերութեան եւ neocon-երու, ապացոյց՝ Վիեթնամի անփառունակ պատերազմը, Լատինական Ամերիկայի ազատատենչ մարտիկներու դէմ խաչակրութիւնը, շարք մը երկիրներու դէմ առնուած պատժամիջոցները, Սալվատոր Ալիէնտէի դէմ ծրագրուած «պետական» զինուորական հարուածը, Սուրիոյ օրինաւոր պետութեան դէմ Արեւմտա-սիոնիստական թշնական գործօն վայրագ քաղաքականութիւնը, «գունաւոր յեղափոխութիւններու» շղթայազերծումը եւ այլն:

ԽՍՀՄ-ը՝ ԱՄՆ-ի եւ Արեւմուտքի իշխող վերնախաւին կողմէ «չարի կայսրութիւնն էր», այսինքն՝ ԽՍՀՄ-ը եւ Սոցիալիստական ջամբարը աշխարհի բոլոր դժբախտութիւններու ծնողն էր։

Խորհրդային Հայաստանը ԽՍՀՄ-ի անդամ պետութիւններէն մէկն էր, որ թէեւ սոսկալի կերպով տառապեցաւ երեսունականներէն մինչեւ Ստալին-Բերիա հակաժողովրդական վարչակազմի անկումը, բայց եւ այնպէս յիսունականներէն սկսեալ բարեկարգումի զեփիւռ մը սկսած էր մաքրել այս հսկայական պետութեան մթնոլորտը։ Սփիւռքի հայութեան զգալի մէկ մասը սկսած էր նոր հաւատով ու յոյսով լեցուիլ եւ ամէն գնով սատար կենալ Խորհրդային հայրենիքին։ Ա՛յս էր որ չէր հանդուրժուեր միջազգային դրամատիրութեան ու նոր կայսերապաշտութեան եւ անոնց սայլին լծուած սփիւռքեան կարգ մը կազմակերպութիւններու եւ ղեկավարներու կողմէ։

Այս ծիրէն ներս պէտք է փնտռել Ատլանտեան ովկիանոսի միւս ափին մէջ բծախնդրօրէն պատրաստուած հայ սփիւռքի պառակտման ծրագրի կիրառկումը։ Այսինքն՝

– Հայաստաեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ամօթալի եւ արիւնալի ճգնաժամը, ապա բաժանումը,

– Սփիւռքը Խ. Հայաստանին հակադրելու սադայէլական ծրագիրը մամուլով եւ հայ երիտասարդներ լրտեսական ցանցերու մէջ ընդգրկելով, նոյնպէս կազմակերպելով «մարտական» գունդեր Հայաստանը «խորհրդային լուծ»էն «ազատագրել»ու չնաշհարհիկ պատճառաբանութեամբ,

– Արտերկրի հայութեան հայրենասէր հատուածը իր ապրած երկիրներու պետութիւններուն աչքին խորթ ու թշնամի տարր ներկայացնելը։

Դ.-  ԱՐԹՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Կայսերապաշտութեան եւ գիշատիչ դրամատիրութեան դէմ սկսած անզիջող եւ սկզբունքային պայքարը քիչ մը ամէն տեղ սկսաւ երիտասարդութիւնը՝ առաջնորդ ունենալով յեղափոխական կամ յառաջդիմական ուսանողութիւնը (երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն դասարանցիներ եւ համալսարանականներ)։

Լիբանանի մէջ յիսունական թուականներուն, սկսելով երկրորդական վարժարաններէն, խումբ մը ուսանողներ սկսեր էին հաւաքուիլ գաղտնաբար եւ կարծիքներ փոխանակել զանազան գաղափարախօսութիւններու, քաղաքական հոսանքներու եւ արեւմտաեւրոպական փիլիսոփաներու գործերուն շուրջ։ Այսպիսով այս տղաքը կը սկսէին ջուրը աղբիւրէն խմելով ժամանակի ընթացքին հակումներ ունենալ ձախակողմեան-մարքսիստական  գաղափարախօսութեան հանդէպ։ Այս ալ իր կարգին կը յառաջացնէր հարցումներ դասական հայ կուսակցութիւններու, հաստատութիւններու, եկեղեցւոյ, հայ քաղքենի հասարակութեան, ղեկավարութեան գործունէութեան եւ ազգասիրութեան (patriotism) մասին:

Նոր ուսանողութիւնը այլեւս առաջուան ինքնուսը  չէր, այլ համակարգուած համալսարանական մակարդակի պատրաստութիւն ստացած խաւ մը, որուն հետ պէտք է խօսուէր տրամաբանութեան եւ դիալեկտիկական (հակաճառական) լեզուով։ Ամէն շարժում պէտք է հիմնաւորուած ըլլար։ Այսինքն՝ «լոլոները» չէին կրնար քնացնել այս նոր տարրը։

«Նոր տարրի» ներկայացուցիչներէն շատեր հեռացած են մեզմէ, ոմանք տակաւին ողջ են։ Կարգ մը առաջաւոր դէմքերու անուններ տալու սիրոյն յիշենք Մեթր Գասպար Տէրտէրեան (իրաւաբան-հրապարակագիր), Յակոբ Պօղոսեան (վարչագէտ-հրապարակագիր-խմբագիր, հեռուստամեկնաբան, մահացած), Արմենակ Տէրտէրեան (ճարտարագէտ, մահացած), Գառնիկ Ադդարեան (բանաստեղծ, խմբագիր, մահացած), Սահակ Թութճեան (ճարտարագէտ, հրապարակագիր, մահացած), Արմէն Դարեան (արձակագիր, մահացած) Գեղամ Սեւան (արձակագիր, մահացած), Գէորգ Աճեմեան (արձակագիր, մահացած) Կայտար Սողոմոնեան, Եղիշ Հաճաքեան (մահացած), Տիգրան Աբրահամեան (բժիշկ, հրատարակիչ) եւ ուրիշներ, որոնք վաթսունական-եօթանասունական սերունդին մէջ

դրոշմեցին սէրը՝
– Խ. Հայաստանի հանդէպ,
– խաղաղ պայքարի կարեւորութիւնը ընդդէմ գաղութատիրութեան՝ յօգուտ բոլոր ճնշուած  ազգերու,
– արաբ  հիւրընկալ ժողովուրդի ազատագրութեան հանդէպ,
ջատագովեցին՝
– բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը ազգային կուսակցական կառոյցներէն ներս,
– համերաշխութեան ամրապնդումը հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան միջեւ՝ հիմնուած ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ,
– համերաշխութիւն հիւրընկալ երկրին եւ ժողովուրդին բարօրութեան լծուած ոչ-հայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ,
զգուշացուցին՝
– երիտասարդութիւնը օտարամուտ օթեակներու ու գործակալութիւններու ապազգային, ջլատիչ ու կործանարար դերի մասին,
պարզաբանեցին՝
-արեւմտեան կայսերապատութեան, սիոնիզմի ու Թուրքիոյ երեք գլխանի վիշապին պատմականօրէն հիմնաւորուած հակահայ ու հակահայաստանեան գործնական դիրքորոշումը,
– հայ պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ երազային Հայաստանի եւ Հայ դատի բառակոյտային պայքարի յոյսերով չօրօրուելու եւ կրաւորականէն գործօն հարթակ բարձրանալու անհրաժեշտութիւնը:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like