Keghart Staff Meets Veteran Armenia Journalist

During a two-hour Zoom meeting on March 6, Keghart.org Publisher Arusyak Karapetyan and the website staff held a wide-ranging discussion with the veteran TV journalist and commentator Nver Mnatsakanyan of Armenia about the external and internal perils Armenia faces. Among other  topics the group discussed were the poor quality of Armenia’s media, the negative influence of media owners, the need for the different groups to work together, and the importance of holding elections as soon as possible. The give-and-take with Mnatsakanyan was followed by a chat with director Hakop Papazyan who specializes in documentaries about Armenian history and Armenian greats.
*****
Keghart.com-ի խմբագրական կազմը առցանց ծանօթացման զրոյց մը ունեցաւ Հ-1-ի յայտնի լրագրող Նուէր Մնացականեանի հետ: Միաժամանակ շահեկան կարճ զրոյց մըն ալ ունեցանք Հ-1-էն Յակոբ Փափազեանի հետ, որ հեղինակ է բազմաթիւ փաստա-վաւերագրական նկարահանումներու: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր շնորհակալական նամակը մեր վաստակաշատ զրուցակիցներուն:

Թորոնթօ, 6 Մարտ 2021

Յարգարժան Պարոնայք

Նուէր Մնացականեան
Յակոբ Փափազեան

Յարգելի բարեկամներ,

Keghart.org-ի  պատմութեան մէջ կարեւոր էջ մը արձանագրուեցաւ այսօր շնորհիւ այն շահեկան զրոյց-հանդիպումին, զոր ոնեցանք այսօր:

Մեր առցանց պարբերաթերթը անկուսակցական, բայց յանձնառու, յստակ եւ սկզբունքային մօտեցումներու վրայ հիմնուած հրատարակութիւն մըն է, որուն համար էական նշանակութիւն ունին համաշխարհային իրաւ ու անկաշառ մամուլի ոսկէ օրենքները՝ անկողմնակալութիւն, թափանցիկութիւն, առողջ եւ շինիչ քննադատութիւն: Այս իմաստով մեր զրոյցը հաստատեց, թէ մենք եւ դուք կը գտնուինք նոյն հարթակի վրայ:

Մենք պատիւ կը զգանք որ երկար զյոյց եւ խորհրդակցութիւն ունեցանք մեր գնահատումով ՀՀ ամէնէն արհեստավարժ եւ հաւասարակշռուած  մեկնաբաններէն Պրն. Նուէր Մնացականեանի հետ, լրագրող մը, որուն միշտ կը հետեւէինք ամենայն ուշադրութեամբ: Այս առթիւ ոչ միայն սոսկ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն, այլ ամբողջ հոգիով կը ցանկանք, որ ինք օրինակ հանդիսանայ բազմաթիւ լրագրողներու եւ մամուլի աշխատողներու, թէ ճշմարտութիւնը ամէն հաշիւէ վեր է եւ չի կարելի թաքցնել զայն:

Ուրախ ենք նաեւ Պրն. Յակոբ Փափազեանի հետ մեր կարճատեւ զրոյցին համար, որովհետեւ յանձինս իրեն մենք ճանչցանք արհեստավարժ մը, որ նուիրուած է հայ ժողովուրդի նուաճումներու աշխարհին ծանօթացնելու կարեւոր գործին:

Մեր անկեղծ փափաքն է աւելի սերտօրէն համագործակցիլ ձեզի հետ եւ միատեղ՝ հայ թէ օտար հանրութեան ներկայացնել մեր ժողովուրդի ոչ միայն ցաւերը, այլ խնդիրները, նուաճումները եւ պատրաստակամութիւնը մասնակցելու համաշխարհային քաղաքակակրթութեան մարդասիրական ծրագիրներուն գործադրութեանց:

Մենք կրկին անգամ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի եւ մեր սիրելի Ռազմիկ Մարտիկեանին, որ այս պարագային հանդիսացաւ «ոսկէ կամուրջը» մեր միջեւ:Խաղաղութիւն աշխարհին:

Հանդարտութիւն մեր հայրենիքին:

Համախոհութիւն պայքարող կողմերու միջեւ:

Յարգանքներով՝

Ի դիմաց  Keghart.org-ի

Արուսեակ Կարապետեան                                                         Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Հրատարակիչ                                                                                    Խորհրդական
[email protected]                                                                  [email protected]

https://www.facebook.com/hakob.papazyan

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like