Հեղինակ՝ Հրաչ Թուրիկեան, Թորոնթօ, 3 Նոյեմբեր 2009
Միջազգային քաղաքական ներկայ իրավիճակը եւ մեծ պետութիւններու ճնշումները տկար երկիրներու վրայ, պատճառ դարձան, արար աշխար, պետութիւններու միջեւ, լարուած մթնոլորտի եւ տարակարծութեանց ստեղծման: Այս կացութեան մէջ կը գտնուի Հայաստանի պետութիւնը, ենթակայ ռուս-ամերիկեան ճնշումներուն: Հակառակ այն իրողութեան որ երկու երկիրներն ալ կը փորձեն լուծել Կովկասի կնճռոտ հարցերը, բայց տարբեր նպատակներ կը հետապնդեն: Պայքարը Պաքուի քարիւղին շուրջ է:
Հեղինակ՝ Հրաչ Թուրիկեան, Թորոնթօ, 3 Նոյեմբեր 2009
Ռուսիա կը ձգտի ապահովել քարիւղի մենաշնորհը եւ Ռուսիոյ ճամբով Եւրոպա արտածել, իսկ Ամերիկա, Ռուսիա-Վրաստան հակամարտութեան պատճառով, նախընտրելի կը նկատէ Պաքու-Հայաստան-Թուրքիա քարիւղատարի ծրագիրը: Ատրպէյճանի բարեկամութեան եւ քարիւղի մենաշնորհին հետ միասին, Ռուսիա կը միտի վերջ տալ նաեւ Պաքու-Թիֆլիս-Թուրքիա քարիւղատարի ծրագրին, պատժել Վրաստանը իր հակառուս դիրքին եւ արեւմուտքի հետ մերձեցումին համար, նաեւ հարուածել երկրին տնտեսութիւնը ու նիւթական աղբիւրները: Ռուսիոյ հանդէպ, Վրաստանի ընդգրկած թշնամական դիրքը, ապահովութիւն չի ներշնչեր նաեւ արեւմտեան երկիրներուն, որոնք աւելի համամիտ են ռուս-ամերիկեան առաջարկին:
Հակառակ տարակարծութիւններու գոյութեան երկու պետութիւններն ալ համաձայն եւ զօրավիգ, Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացման եւ քարիւղատարի նոր ծրագրին շուրջ, որ պիտի ապահովէ նաեւ Հայաստանի ռուսական ուժերուն պարենաւորումը Թուրքիոյ ճամբով, իսկ քարիւղատարը պիտի չըլլայ ենթակայ Վրաստանի անապահով վիճակին եւ աննախատեսելի հետեւանքներուն: Ռուսիա եւ Ամերիկա նոյնպէս համոզուած են, թէ իրենց ծրագրին յաջողութիւնը սերտօրէն կապուած է, փրոթոքոլի ստորագրութեան, սահմաններու բացման եւ յարաբերութիւններու բարելաւման հետ:
Այս հարցը խոր տարակարծութիւններու պատճառ դարձաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, ու մտավախութիւն պատճառեց սփիւռքահայութեան:
Փրոթոքոլի բացայայտումէն ետք, Հայաստանի Նախագահին տուած լայն բացատրութիւնները եւ հաւաստիքները, դժբախտաբար չգտան դրական որեւէ արձականգ կուսակցութիւներուն մօտ, մասնաւորապէս, վճռական իր յայտարարութիւնը Ցեղասպանութեան եւ Ղարաբաղի մասին, թէ խնդրոյ առարկայ չեն այդ երկու հարցերը, ոչ ալ սակարկութեան ենթակայ,
Ներկայ ռուս-ամերիկեան ծրագրին իրագործումը, ի՞նչ ժխտական անդրադարձ կրնայ ունենալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին վրայ:
Եթէ նկատի ունենանք Հայաստանի ներկայ շրջափակումը Թուրքիոյ կողմէ, երկրին տնտեսութեան անձուկ վիճակը եւ տիրող անգործութիւնը, Թուրքիոյ սահմաններուն բացումը, դիւանագիտական կապերու եւ յարաբերութիւններու բարւոք հաստատումը, միայն դրական անդրադարձ կրնայ ունենալ, որ պիտի սատարէ Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման ու ժողովուրդի կեցութեան բարելաւման: Պիտի բաւականանանք յիշել, քարիւղատարի շինութեան ծրագիրը որ գործ պիտի հայթայթէ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան-Ռուսիա երկաթուղիի վերաբացումը, որ իր կարգին բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենայ Աղէտի գօտիին տնտեսութեսն պարգաւաճման ու շրջանի պարելաւման վրայ:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ հետեւորդ կուսակցութիւնները դէմ չգտնուեցան Թուրքիոյ սահմաններուն բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատման, բայց դէմ արտայայտուեցան փրոթոքոլի վաւերացման:
Նոյնիսկ հակասութիւններ կան Հ.Յ.Դ. –ի շարքերէն ներս, օրինակ՝ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ատենապետ, Ռուստամեանի ուղեցոյց-ծրագիրը եւ իր յայտարարութիւնը սահմաններու բացման մասին՝ «Մենք դրան դէմ ենք, վաւերացումի պարագային պէտք է ամէն բան ընել, որ իշխանութեան գայ այն ուժը, որ չեղեալ նկատէ համաձայնութիւնը« ու կ’աւելցնէ՝ «իշխանափոխութիւնը շատ աւելի լայն պահանջ է, քան միայն նախագահի հրաժարականի պահանջը»: Այսպիսի ծայրայեղ յայտարարութիւն ներելի չէ:
Քանի մը կարեւոր կէտեր յիշենք Ցեղասպանութեան մասին: Մինչեւ 60-ական թուականները, Մեծ Եղեռնի եւ 1915 Ապրիլ 24-ի Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի կ’ունենար միայն մեր եկեղեցիներու շրջափակէն ներս, եւ այդ օրը, մեր նահատակներու յիշատակին առ ի յարգանք, փակ կը մնային հայկական բոլոր դպրոցները ու հաստատութիւնները: Իսկ այդ թուականէն ետք, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախաձեռնութամբ, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը ստանար համազգային բնոյթ, մասնակցութեամբ բոլոր կուսակցութիւններուն: Միաժամանակ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի մարմիններ կը կազմուէին գաղթաշխարհի հիւրընկալ երկիրներու հայահոծ գաղութներուն մէջ, հետապնդելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ մեր պատմական իրաւունքները:
Տասնեակ տարիներու ընթացքին, Հայ Դատի մարմինները, շնորհիւ իրենց հետեւողական աշխատանքին եւ սփիւռքահայութեան մեծ զոհողութիւններուն, յաջողեցան ապահովել Ցեղասպանութեան ճանաչումը քսանէ աւելի երկիրներու կողմէ, որուն միակ դրական արդիւնքը եղաւ, երիտասարդ սերունդներուն մէջ վառ պահել հայութեան պապենական եւ պատմական իրաւունքներուն հետապնդումը: Հայ Դատի մարմինները չեն կրնար շարունակել ներկայ դարուս անյարիր եւ ժամանակավրէպ գործելակերպը,: Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է լուրջ աշխատանքի լծուիլ ու հետեւիլ 21-րդ դարու քաղաքական հոլովոյթին եւ պայմաններուն ու ընդգրկել համապատասխան գործելակերպ, կարենալ դիմագրաւելու թրքական հակահայ քարոզչութիւնը:
Դժբախտաբար, Ցեղասպանութեան ճանաչումը որեւէ նպաստ չբերաւ մեր արդար դատին Իրաւական հետապնդման առնչութեամբ, այլ մնաց խօսքի սահմաններուն մէջ, եղաւ պարզ խաբկանք մը, որ մեզի միայն տուաւ հոգեկան եւ բարոյական գոհունակութիւն:
Ներկայ ծանրակշիռ քաղաքական կացութեան մէջ, առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ստանայ հայ ժողովուրդին ամբողջական միասնականութիւնը ու Հայաստան-Սփիւռք սերտ եւ անկեղծ գործակցութիւնը: Ի սփիւռ աշխարհի, Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է հայութիւնը զերծ պահել պառակտումէ եւ վնասակար ցնցումներէ, վերջ տալ ամբոխավար ելոյթներու եւ ծայրայեղութիւններու, որոնք աննպաստ անդրադարձ կրնան ունենալ Հայաստանի եւ թէ Ղարաբաղի վրայ, ի շահ Թուրքիոյ:
Այս առնչութեամբ, կարեւոր է իրապաշտօրէն մօտենալ բոլոր արկախ հարցերուն եւ ոչ թէ տեղի տալ զգացական պոռթկումներու, որոնց հետեւանքները աննախատեսելի են ընդհանրապէս: Պէտք չէ մոռնալ որ Հայաստան,, իբրեւ անկախ երկիր եւ անդամ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կը վայելէ լայն քաղաքական իրաւասութիւններ, բայց ունի նաեւ պարտաւորութիւններ, որոնցմէ զուրկ են կուսակցութիւնները :
Կարելի չէ անտեսել Հայաստանի պետութեան ունեցած քաղաքական առաւելութիւնները եւ Սփիւռքը պէտք է նկատի առնէ այս բոլորը ու ըստ այնմ համակարգէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի հետ խորհրդակցաբար: Հրատապ հարցերուն լուծում չեն պետութեան դէմ պայքարը եւ կուսակցութեան «իշխանափոխութեան» ձգտումը:
Ճակատագրական այս օրերուն, անընդունելի է պետութեան հանդէպ կուսակցութեան կասկածամտութիւնը եւ անվստահութիւնը, միայն երկխօսութեամբ կարելի է զիրար հասկնալ եւ վերջ տալ հակամարտութեանց ու գտնել հասկացողութեան եզր մը:
գործակցաբար կեդրոնացնել Հայ Դատի աշխատանքները ու մեր արդար իրաւունքներու հետապնդումը Միացեալ Ազգերու եւ Միջազգային ատեաններու առջեւ: Այս հարցերուն հետապնդումը, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն կը պահանջէ միացեալ, հետեւողական աշխատանք ու համազգային զոհողութիւն:
Համաշխարային պատերազմէն ետք, 1919-ին, Դաշնակից պետութիւնները դատապարտեցին Օսմանեան կայսրութիւնը եւ հայկական ջարդերը յայտարարեցին, crimes against humanity, որ հետագային կոչուեցաւ genocide, Միացեալ Ազգերու կողմէ:
Երբ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը Ցեղասպանութիւնը արդէն ճանչցած եւ անժամանցելի հռչակած է, անոր ճանաչումին հետապնդումը շարունակել միայն ուժերու աւելորդ վատնում եւ ժամավաճառութիւն է: Միակ դրական եւ գործնական աշխատանքը պիտի ըլլայ միջազգային պատասխանատու ատեաններու առջեւ մեր իրաւունքները հետապնդել, որ կը պահանջէ միջազգային հարցերու հմուտ, հայ թէ օտար օրէնսգէտներու ու պատմագէտներու միացեալ գործակցութիւնը: Այս ծրագրին յաջողութիւնը կուսակցութիւններէն կը պահանջէ իրապաշտ եւ անշահախնդիր մօտեցում բոլոր հրատապ հարցերուն, ի միտի ունենալով հայրենիքի անկախութեան ամրապնդումը, տնտեսական բարգաւաճումը եւ հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը: