Keghart.com երախտագիտութեամբ իր ընթերցողներուն կը հրամցնէ Անի Եփրեմեանի յատուկ հարցազրոյցը Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ հրատարակուած "Zeugen der Menschlichkeit" (Մարդկութեան Վկաները) հրատարակութեան առնչութեամբ: Լայնածաւալ այս հատորը պատմագրութիւնն է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն (1894-1923) Զուիցերիոյ ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան: Անհամբեր կը սպասենք այս ուշագրաւ գիտական աշխատութեան հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւններուն:- Խմբ.
Հարց.– Ի՞նչ առթիւ լոյս տեսաւ այս վաւերագրական գիրքը եւ ի՞նչ լեզուով.
Պատ.- Նախ պէտք է ըսել, որ Հայոց Ցեղապանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, գերմանախօս երկիրներու, յատկապէս Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ Ցեղասպանութեան մասին տասնեակ մը գիրքեր լոյս տեսան: Գերմանիոյ մէջ հրատարակուած գիրքերը հիմնականօրէն կ’ուզէին բացայայտել Գերմանիոյ համապատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, նկատի ունենալով որ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն Գերմանա-Աւստրիական խմբաւորումին մէջ Օսմանեան Կայսրութիւնը նմանապէս դաշնակից պետութիւն մըն էր Անտանտի զինակից ուժերուն՝ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի դէմ:

Նոյն շրջանին ուրիշ կարեւոր հրատարակութիւն մը եւս լոյս տեսաւ գերմաներէն լեզուով, որ կը բացայայտէր Վատիկանի արխիւներուն մէջ պահպանուած փաստաթուղթերը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Նկատի ունենալով որ Զուիցերիա դեռ Սութան Ապտուլ Համիտ Բ.ի կողմէ հրահանգուած, Կ. Պոլսոյ եւ հայկական վիլայէթներուն մէջ իրականացած համատարած կոտորածներու տարիներուն, սկսեալ 1884 թուականէն եւ հետեւեալ ամբողջ շրջանին, մարդասիրական շատ կարեւոր ներդրում ունեցած է կարեվէր եւ տառապեալ հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու իմաստով, Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Միութիւնը ինծի մասնաւոր պարտականութիւն մը փոխանցեց ուսումնասիրելու եւ գիտական մակարդակով պատրաստելու հատոր մը, որ վեր պիտի հանէր Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ցեղասպանուող հայ ժողովուրդին նկատմամբ զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութիւնը։ Առ այս, բնականօրէն, ոսկի առիթը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն էր։ Սովորաբար, նման վիթխարի գործ մը իրականացնելու համար, մենք, զոր օրինակ, Ֆրիբուրգի համալսարանի մէջ իրենց դոկտորական աւարտաճառը պատրաստողներուն կու տանք 4-6 տարիներու աշխատանքային ժամանակամիջոց մը։ Սոյնը, իմ պարագային, բացառուած էր, քանի որ ընդամէնը տարի մը ետք արդէն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարին էր, իսկ այս պատմական պահը նշելու ծրագրին մէջ նկատի առնուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի պաշտօնական այցելութիւնը Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն, Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Խորհուրդին հրաւէրով։ Բայց յարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ դրականօրէն եւ որոշուած ժամկէտին կարելի եղաւ Զուիցերիոյ ընթերցասէր հասարակութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մշակութային գործիչներուն ներկայացնել աւելի քան 500 էջերէ կազմուած տպագրեալ հատորը։
Հարց.- Արդեօք ի՞նչ է պատճառը, որ Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ Խորհուրդը այս յանձառութիւնը ձեզի փոխանցեց:
Պատ.- Թէպէտ այս հարցին արդէն համառօտ անդրադարձայ, բայց կ’արժէ անգամ մը եւս մանրամասնել. նախ, նկատի ունենալով որ 1915 թուականը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն էր եւ հայ ժողովուրդը համազգային եւ պետական մակարդակով պիտի նշէր այս կարեւոր եւ անկիւնադարձային տարեթիւը, Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ Խորհուրդը փափաքեցաւ Եղեռնի, ապա Ցեղասպանութեան տարիներուն զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած հզօր զօրակցութիւնը եւ նպաստամատոյց ծառայութիւնները հայ ժողովուրդին նկատմամբ վերստին թարմացնել նոյնինքն զուիցերիացի ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ, նկատի ունենալով որ դար մը ամբողջ անցած է տխուր իրադարձութեան վրայէն եւ քանի մը սերնդափոխութիւն ալ կատարուած է, հետեւաբար նոր սերունդը դժուար թէ փայլուն յիշողութիւն մը ունենար «հեռաւոր» անցեալէն։
Առաջին` բուն շարժառիթը ահաւասիկ այս էր, իսկ երկրորդը, որ նոյնքան կարեւոր է, այս նպատակին համար Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Խորհուրդը, ինչպէս վերը ընդգծեցի, Զուիցերիա հրաւիրած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, որպէսզի իր պատուիրակութեամբ միասնաբար նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը: Արամ Ա. Վեհափառը հայ ժողովուրդին անունով իր մասնայատուկ երախտագիտութիւնը փոխանցեց Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին, նաեւ ամէնուրեք, ուր պաշտօնական ձեռնարկներ կազմակերպուած էին Զուիցերիոյ Պեռն մայրաքաղաքին, Պենիէնի (Begnins), Հունտվիլի (Hundwill) եւ Վալցընhաուզընի (Walzenhausen) մէջ, իր իմաստալից պատգամներով մեծապէս տպաւորեց զուիցերիացի ունկնդիրները անխտիր, եւ անգամ մը եւս ամրապնդեց Զուիցերիոյ եւ հայ ժողովուրդին միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը:
Անդրադառնալով թէ ինչո՞ւ համար ես ստանձնեցի այս յանձնառութիւնը, պէտք է ըսեմ, որ ատիկա 100-ամեակի սեմին իմ ազգասիրական եւ հայրենասիրական ներդրումս էր։ Ինչպէս շատ մը հայ ընտանիքներ, նոյնպէս եւ իմ ընտանիքը կրկնակի տարագրուած եւ ջարդուած է նախ 1915 թուականին Երիտթուրք ոճրագործներու, ապա 1920-ին Հաճընի մէջ՝ Քէմալական թուրք ազգայնականներու կողմէ։ Ըլլալով ցեղասպանութիւն վերապրած սերունդի ժառանգորդ, երբ աչքերս լոյսին բացի մեր հայաշունչ օճախի շուշան ստուերին մէջ, թերեւս մօրս ու հօրս դէմքերը ճանչնալուն զուգահեռ, մեր բնակարանի պատին վրայ կախուած տեսայ Մայր Հայաստանի եւ ձիւնափառ Արարատի գեղատիպ նկարները։ Մայր Հայաստանը հերարձակ կնոջ կերպարով կ’ողբայ իր երբեմնի շէն քաղաքներու աւերակներուն վրայ։ Այդ նկարը զիս դեռ ի տղայի տիոց եւ ցայսօր միշտ տպաւորած է եւ դարձած է զգացումներուս ներշնչարան բիւրեղ հայրենասիրութեան ու անդաւաճան ազգասիրութեան։ Հայրե-նասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը սուրբ աւանդներ են, որոնք կու գան դարերու խորքէն՝ փոխանցուելով սերունդներուն, իրենց արեան կանչով ու կենսանորոգ բջիջներով։ Այս աւանդն, ահաւասիկ, նաեւ հաւատքը Հայոց, ես ժառանգած եմ Կիլիկեան Տաւրոսի լանջերուն իմ հերոսածին պապերուս թափած արիւնով։ Ուստի, անոնք ինքնութեանս անբաժան եւ անկապտելի ստացուածքներն են, որոնցմէ զիս ոչ ոք կրնայ զրկել, կամ ինչպէս ոմանք պիտի յանդգնէին ըսել՝ «լուծարել»։ Մեր հայրերը մեզի նիւթական ուրիշ ինչ հարստութիւն ալ կտակէին, ժամանակի հոլովոյթին մէջ ստոյգ պիտի մաշէինք կամ սպառէինք զայն։ Բայց սէրը առ ազգն ու հայրենիքը, ինչպէս նաեւ հաւատքը, ինչքան ալ վատնել փորձենք, ընդհակառակը` անոնք մեր հոգիին մէջ առաւել եւս կ’ուռճանան, կը շատնան։
Բաց աստի, նախապէս, 2009-ին, հայերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով հրատարակած էի Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակին նուիրուած յուշամատեան մը, որ կը կրէր «Զուիցերիոյ Հայ Գաղութը, Աւելի Քան 100 Տարիներու Պատմութիւն Մը» խորագիրը։ Ըստ երեւոյթին, սոյնը հանդիսացաւ յաւելեալ ապացոյց մը այն մասին, որ յանձնարարող կողմը համոզուած էր թէ քաջատեղեակ եմ նիւթին եւ ունիմ համապատասխան փորձառութիւն` իրականացնելու նման պատսխանատու աշխատանք մը։
Հարց.- Կ’ուզենք անդրադառնաք գիրքին բովանդակութեան եւ ի՞նչ նշանակութիւն եւ վաւերագրական նորութիւններ կան այնտեղ:
Պատ.- Նկատի ունենալով որ աւելի քան 20 տարիներէ ի վեր Զուիցերիա կ’ապրիմ, յաճախ նկատած եմ որ տեղացիներ քիչ տեղեկութիւն ունին հայոց ծագումնաբանութեան եւ պատմութեան մասին: Հայ ժողովուրդ կամ Հայաստան անունը յաճախ զուգորդուած է պատահաբար սա կամ նա հանրածանօթ անձին կամ դէպքին հետ։ Երբ հայ եմ կ’ըսես, հայ անունը լաւագոյն պարագային անմիջապէս կը կապեն սիրուած երգիչ Շառլ Ազնաւուրի կամ յոռեգոյնին՝ «Ռատիօ Երեւան» անուն կատակներու շարքին հետ։ Ուստի, Փրոֆ. Տոքթ. Մարթին Գէորգէյի հետ, որ Պեռնի համալսարանէն այս հրատարակութեան գիտական ուղեկցութիւնը ապահովեց, որոշեցի ներկայացնել աւելի լայն ներածական մը հայ ժողովուրդի վերեւ նշուած ծագումնաբանութեան եւ պատմութեան մասին։
Հայաստան հայրենիքն է հայ ժողովուրդին։ Հայոց ազգային աւանդութիւնը եւ գիտութեան ձեռք բերած արդի բազմաթիւ տուեալները անհերքելի կերպով կ’ապացուցեն, որ Փոքր Ասիոյ արեւելեան տարածաշրջանը՝ մինչեւ Կովկասեսան լեռներուն լանջերը, Կուռ գետի բնական սահմանագիծով, եղած է հայ ժողովուրդի բազմադարեան օրրանը։ Հայ եւ օտար գրականութեան մէջ «Հայկական Բարձրաւանդակ» անունը աշխարհագրական տարածուած եւ ընդունուած ըմբռնում մըն է բոլոր ժողովուրդներուն համար։ «Օսմանեան» կամ «Թրքական Բարձրաւանդակ» չ’ըսուիր երբեք, այլ, զոր օրինակ, գերմաներէն՝ «Armenisches Hochland», անգլերէն՝ «Armenian Highlands» կամ «Armenian Plateau», ֆրանսերէն՝ «Haut-plateau Arménien», եւայլն։
Այս բառակապակցութիւնն իսկ կը մատնանշէ այն մասին, որ սոյն անուանումը սկիզբէն ի վեր պայմանաւորուած է այդ տարածաշրջանին մէջ ապրող հայ ժողովուդի գոյութեամբ։ Հայը հարուստ մշակոյթի տէր եւ աւելի քան 5000 տարուան անցեալ ունեցող ժողովուրդ մըն է, որ դեռեւս Ուրարտական Թագաւորութեան սկզբնաւորումով աշխատած է միշտ ստեղծել իր պետականութիւնը, հակառակ պատմութեան ընթացքին իր շուրջ ստեղծուած դժնդակ պայմաններուն։ Բազմաթիւ ցեղեր եւ նուաճող ազգեր աւերած ու գրաւած են իր երկիրը։ Անոնք խրած են իրենց նիզակներն ու տէգերը բազմաչարչար հայութեան արիւնաքամ սրտին մէջ, չեն յաջողած սակայն ստրկացնել զայն, անկախանալու եւ ուրոյն պետականութիւն մը վերստեղծելու իր ձգտումը չեն յաջողած խեղդել թէկուզ իր իսկ արեան մէջ։
Հիմնուելով պատմագիտական տուեալներու վրայ, առկայ հատորը բաւական ընդարձակ ներածութեամբ մը կարելիութիւն կ’ընձեռէ, յատկապէս օտար ընթերցողներուն, կազմելու լաւ պատկերացում մը հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ, որուն ընդմէջէն կարմիր թելի պէս կ’անցնի հիմնական պատգամ մը. հայ ժողովուրդը այլոց նման եկուոր ցեղ մը չէ Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ, այլ` ընդոծին է, իսկ աշխարհագրական այդ կենսատարածքը` իր իւրայինն է։
1453 թուականին Կ. Պոլսոյ անկումը եւ յետագային Արեւմտեան Հայաստանի զաւթումը Օսմանեան ուժերուն կողմէ, յատկապէս հայութեան համար ունեցաւ ճակատագրական հետեւանք։ Սուլթան Սելիմ Ա.-ի հրամանով, Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական շրջաններուն՝ Վանի, Կարնոյ, Սեբաստիոյ եւ այլ տարածքներուն մէջ քաղաքական նպատակներով իրենց բնակութիւնը հաստատեցին պարսկական եւ Միջագետքի քրտական տարածքներէն բերուած սիւննի դաւանանքի տէր քիւրտ ցեղեր, որոնք ուռճանալով, կողոպուտի, աւարառութիւններու եւ սպանութիւններու ճամբով հետզհետէ թուաքանակով նսեմացուցին հայ ժողովուրդը իր բնօրրանին մէջ, դարձան ուղղակի պատուհաս քրիստոնեայ խաղաղ բնակչութեան համար եւ ազդու զէնք մը սուլթաններու ձեռքին։
Համիտեան համատարած կոտորածները 1894-1896 թուականներուն նոյն միտումը կը հետապնդէին հայկական գաւառներուն մէջ` մահմետական տարրին համեմատութեամբ հայութիւնը վերածել կորսուող փոքրամասնութեան մը, արեան մէջ խեղդել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը` ոչնչացնելով ենթական, վերացնել նաեւ անոր հետ կապուած եւ դիւանագիտական միջազգային մակարդակի բարձրացած Հայկական Հարցը։ Հայ եւ օտար ցեղասպանագիտութեան մէջ այսօր յստակ ու մեկին է, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ համիտեան կոտորածները կը հանդիսանան Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին փուլը։
Այս միջոցին էր որ քրիստոնեայ ազգեր, յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ, մարդասիրական կազմակերպութիւններ ստեղծեցին, օգնութեան փութալով հայ ժողովուրդի կարեվէր զաւակներուն։ Երբ հայանպաստ օժանդակութիւնները եւ որբախնամութեան զանազան աշխատանքները Արեւմտեան Հայաստանի շատ մը գիւղերուն, քաղաքներուն եւ հայաշատ կեդրոններուն մէջ կը զարգանային, իրականացաւ Երիտթուրք եռապետութեան՝ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան պարագլուխներու հայութեան դէմ մշակած համաբնաջնջման ծրագիրը։ Ան իրագործուեցաւ Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատները ստոյգ դէպի մահ առաջնորդող համատարած տեղահանութիւններով, հիւծումէ, սովէ ու տարաբնոյթ հիւանդութիւններէ յառաջացած հազարաւոր աքսորեալներու մահով, առեւանգումներով, բռնի մահմետականացումներով, նաեւ ուղղակի անզէն ծերունիներու, կանանց եւ մանուկներու դէմ գործադրուած վայրագ ոճիրներով։
Օտարազգի շարք մը միսիոնարներու հետ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Միջագետքի եւ Սուրիոյ զանազան վայրերուն մէջ կը գտնուէին նաեւ զուիցերիացի մարդասէր գործիչներ, որոնք այդ ժամանակ ականատեսն ու ակամայ վկան դառձան հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուող ցեղասպանութեան։
Առկայ հատորը, հիմնուելով ցարդ չհրապարակուած արխիւային եզակի փաստաթուղթերու վրայ, կը ներկայացնէ զուիցերիական հայանպաստ կազմակերպութիւններու եւ զուիցերիացի առանձին անհատներու ծաւալած գործունէութեան պատմութիւնը 1894-էն մինչեւ 1923 թուականները։
Գիրքին 150 էջերը փաստօրէն կը բովանդակեն հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ ներածութիւն մը, իսկ հետեւեալ 350 էջերուն մէջ կը ներկայացուի զուիցերիացի ժողովուրդին հայանպաստ գործունէութեան պատմութիւնը՝ մինչեւ Լոզանի 1923 թուականի դաշնագիրը։
Հարց.- Ինչքանո՞վ նպաստեցին այդ նիւթական օժանդակութիւնները հայ ժողովուրդի փրկութեան:
Պատ.- Յատկապէս 1894-96 թ.թ. հայկական վիլայէթներուն մէջ իրագործուած համատարած կոտորածներու ընթացքին, ամբողջ Զուիցերիայի տարածքին բողոքի եւ ընդվզումի աննախընթաց ալիք մը բարձրացաւ՝ հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Զուիցերիոյ կարեւորագոյն քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան հայասիրական միութիւններ, որոնք նպատակ դարձուցին օգնութեան փութալ իրաւազրկուած եւ կարեվէր հայ ժողովուրդին:
Զուիցերիոյ հայանպաստ օգնութիւններու մարմինը յատուկ պահանջագիր մը մեկնարկեց ամբողջ Զուիցերիոյ քաղաքացիներուն մէջ, եւ շուրջ կէս միլիոն զուիցերիացիներ ամիսներ շարունակ տարբեր հանգրուաններով ստորագրեցին այդ պահանջագիր-բողոքագիրը, ուր Զուիցերիոյ պետութենէն կը խնդրուէր միջամտել եւրոպական մեծ տէրութիւններու մօտ, որպէսզի անոնք ճնշում բանեցնեն սուլթանին վրայ՝ հայկական ջարդերը դադրեցնելու համար:
Ճիշդ է, որ Զուիցերիոյ իշխանութիւնը, մեկնելով երկրին քաղաքական չէզոքութենէն, գործնական ընթացք չկրցաւ տալ այս պահանջագրին, բայց միւս կողմէ արգելք ալ չեղաւ, որ զուիցերիական բարեսիրական միութիւններ իրենց լայն մարդասիրական օգնութիւնը հասցնեն հայ ժողովուրդին: 1897 թ.-ի Մարտ ամիսէն սկսեալ, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ աւելի քան 1 միլիոն զուիցերիական ֆրանք հանգանակուեցաւ ի նպաստ հայ ժողովուրդին:
Սոյն հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ժողովուրդի բոլոր խաւերը անխտիր, եւ յիշատակութեան արժանի է միջադէպ մը, որ պատահած էր Նէօ-Շաթէլ քաղաքին մէջ, երբ հանգանակութեան սեղանին կը մօտենայ տիկին մը` յայտարարելով թէ ինք դրամական միջոցներ չունի նուիրատուութեան մասնակցելու, բայց իր մատէն կը հանէ իր ամուսնական մատանին, որուն վրայ փոքրիկ ադամանդ քար մը կար, ու կը նուիրէ զայն, որպէսզի ատոր փոխարժէքով հայ որբուկ մը կտոր մը հաց ունենայ:
1897 թ.-էն սկսեալ զուիցերիացիները սկսան Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ որբանոցներ հիմնել։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հաստատուած Ամերիկայի Աստուածաշունչի Տան նախագահի թելադրութեամբ, անոնք իրենց բարեսիրական օգնութիւններու կեդրոն դարձուցին Սեբաստիա (Սվազ) քաղաքը, ուր տղոց եւ աղջկանց համար որբանոցներ հիմնեցին, ինչպէս նաեւ` Խարբերդի, Կիւրինի, Պարտիզակի եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Ասկէ բացի, անոնք նաեւ հայկական տարբեր հաստատութիւններու, որբանոցներու, հիւանդանոցներու նիւթական նպաստներ ուղարկեցին, շրջեցան հայաբնակ զանազան վայրեր, տրամադրեցին հարիւր հազարներու հասնող գումարներ, որպէսզի հայ գիւղացին ունենայ իր կեանքի տարրական ապրելու միջոցները, գնելու եզներ, արօր, սերմնացու, բահ, եւայլն, որոնք հայ գիւղացիէն կողոպտած էին ջարդարար թուրքն ու քիւրտը, լազն ու չէրքէզը, ինչպէս նաեւ վայրենաբարոյ այլ ցեղեր։
Այստեղ արժանի է յիշատակել բոլոր այն անձերը, որոնք երկար տարիներ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ որբախնամութեան եւ ի նպաստ հայութեան մարդասիրական, ինչու չէ, ուղղակի հայասիրական տարաբնոյթ աշխատանքներ ծաւալեցին: Ցեղասպանութեան տարիներուն, ահաւասիկ, այս մարդասէրները, որոնք հիւանդանոցներու, որբանոցներու մէջ կ’աշխատէին, ակամայ դարձան առաջին վկաները քաղաքականօրէն ծրագրուած տեղահանումներուն եւ հայոց բնաջնջումին: Այս բոլոր հայասէրները պահած են օրագրութիւններ, գրած են տասնեակ տեղեկագրեր եւ յղած են նամակներ իրենց ընտանիքներուն կամ եկեղեցական կեդրոններուն, որոնց մէջ ականատեսի անհերքելի վկայութիւններով նկարագրած են կատարուող ահասարսուռ բարբարոսութիւնները հայ ժողովուրդին դէմ:
Յատկանշական են Ուրֆայի մէջ գտնուող զուիցերիացի սարկաւագ, ապա բժիշկ Եագոբ Քիւնցլէրի եւ նոյնպէս զուիցերիացի միսիոնարուհի Պէաթրիս Րօնըրի նամակները ուղղուած Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Վալթէր Ռէօսլէրին: Եագոբ Քիւնցլէր կը տեղեկացնէ Ուրֆայի հայութեան տարագրութիւնը եւ բնաջնջումը, իսկ Պէաթրիս Րօնըր, որ Կ. Պոլսոյ մէջ Ամերիկայի Աստուածաշունչի Տան կառավարիչին գաղտնի յանձնարարութեամբ հաստատուած էր Հալէպի մէջ, բարեսիրական եւ նիւթական զանազան օգնութիւններ հասցնելու համար, Եփրատի երկայնքով, հիւսիսային Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատներով դէպի մահ տարագրուած հայութեան բեկորներուն (ի՞նչ… պակաս է)։ Ան տեղւոյն վրայ, նաեւ ուրիշ շարք մը միսիոնարուհիներու հետ, ականատեսը եղաւ ամէնէն սահմռկեցուցիչ տեսարաններուն՝ սովէ, հիւծումէ, համաճարակներէ, նաեւ ուղղակի թուրք զինուորներու ձեռքով ցեղասպանութեան ենթարկուիլը հայ ժողովուրդին:
Պէաթրիս Րօնըր Հալէպի մէջ կը հիմնէ որբանոց մը, եւ մինչեւ 1916 թ.-ը հոն կը խնամէ շուրջ 850 հայ որբեր: Բայց երբ Երիտթուրքերու կողմէ նոր նշանակուած Հալէպի կառավարիչը կու գայ եւ, կարելի է ըսել, ուղղակի կը բռնագրաւէ իր խնամած որբուկները, Պէաթրիս Րօնըր ջղային խանգարում կ’ունենայ ու կ’ենթարկուի հոգեկան ծանր հիւանդութեան։ Զուիցերիոյ Հայանպաստ Կազմակերպութեան Խորհուրդին յատուկ հրահանգով միայն, Եագոբ Քիւնցլէր օգնութեան կը փութայ եւ զինք Կ․Պոլսոյ ճամբով Զուիցերիա կը փոխադրէ, ուր երկար տարիներ զանազան բուժումներու ենթարկուելէ ետք` նոր կը կազդուրուի եւ կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին իր տեսած սահմռկեցուցիչ իրողութիւններուն մասին դասախօսութիւններ կարդալ Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ շատ մը քաղաքներուն մէջ։
Հարց.- Ի՞նչ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Ձեր հատորը Հայոց պատմութեան եւ ցեղասպանագիտութեան մէջ։
Պատ.- Շատ մը արխիւներ, ներառեալ գերմանականները, բարեբախտաբար ուսումնասիրուած եւ հրապարակուած են հայ եւ օտար պատմաբաններու եւ գիտնականներու կողմէ։ Սակայն Զուիցերիոյ պարագան այս բարեբախտութիւնը չէր ունեցած։ Ահագին նիւթեր ցարդ ուսումնասիրուած եւ հանրութեան ներկայացուած չէին։ Բախտը ըսեմ, թէ` ծանր բեռը, ինծի վիճակուեցաւ, որ այդ ծառայութիւնը ես ընէի` երեւան բերելու եւ հրապարակելու համար շատ մը նիւթեր, որոնք մինչեւ դեռ օրերս մնացած էին անծանօթ ոչ միայն մեր պատմութեան, այլ նաեւ առհասարակ Եւրոպայի գիտական հետազօտութեան։ Ի վերջոյ Զուիցերիոյ արխիւներուն մէջ պահպանուած բազմաթիւ փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն իրողութիւն մը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի փաստ մըն է: Եւ սոյնը ոչ թէ կը վկայուի հայ հեղինակներու կողմէ, զոր թուրքն ու ազերին «հայկական քարոզչութիւն» պիտակով պիտի խեղաթիւրեն, այլ` բոլորովին չէզոք զուիցերիացին. երկիր մը` այդ ժամանակ ամենեւին հեռու ծաւալապաշտական հակումներէ, նաեւ` քաղաքական կամ տնտեսական հետաքրքրութիւններէ։
Keghart.com երախտագիտութեամբ իր ընթերցողներուն կը հրամցնէ Անի Եփրեմեանի յատուկ հարցազրոյցը Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի հետ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ հրատարակուած «Մարդկութեան Վկաները» ուսումնասիրութեան: Լայնածաւալ այս հատորը պատմագրութիւնն է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն (1894-1923) Զուիցերիոյ ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան: Անհամբեր կը սպասենք այս ուշագրաւ գիտական աշխատութեան հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւններուն:- Խմբ.
Հարց.– Ի՞նչ առթիւ լոյս տեսաւ այս վաւերագրական գիրքը եւ ի՞նչ լեզուով:
Պատ.- Նախ պէտք է ըսել, որ Հայոց Ցեղապանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, գերմանախօս երկիրներու, յատկապէս Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ Ցեղասպանութեան մասին տասնեակ մը գիրքեր լոյս տեսան: Գերմանիոյ մէջ հրատարակուած գիրքերը հիմնականօրէն կ’ուզէին բացայայտել Գերմանիոյ համապատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, նկատի ունենալով որ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն Գերմանա-Աւստրիական խմբաւորումին մէջ Օսմանեան Կայսրութիւնը նմանապէս դաշնակից պետութիւն մըն էր Անտանտի զինակից ուժերուն՝ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի դէմ:
Նոյն շրջանին ուրիշ կարեւոր հրատարակութիւն մը եւս լոյս տեսաւ գերմաներէն լեզուով, որ կը բացայայտէր Վատիկանի արխիւներուն մէջ պահպանուած փաստաթուղթերը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Նկատի ունենալով որ Զուիցերիա դեռ Սութան Ապտուլ Համիտ Բ.ի կողմէ հրահանգուած, Կ. Պոլսոյ եւ հայկական վիլայէթներուն մէջ իրականացած համատարած կոտորածներու տարիներուն, սկսեալ 1884 թուականէն եւ հետեւեալ ամբողջ շրջանին, մարդասիրական շատ կարեւոր ներդրում ունեցած է կարեվէր եւ տառապեալ հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու իմաստով, Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Միութիւնը ինծի մասնաւոր պարտականութիւն մը փոխանցեց ուսումնասիրելու եւ գիտական մակարդակով պատրաստելու հատոր մը, որ վեր պիտի հանէր Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ցեղասպանուող հայ ժողովուրդին նկատմամբ զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութիւնը։ Առ այս, բնականօրէն, ոսկի առիթը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն էր։ Սովորաբար, նման վիթխարի գործ մը իրականացնելու համար, մենք, զոր օրինակ, Ֆրիբուրգի համալսարանի մէջ իրենց դոկտորական աւարտաճառը պատրաստողներուն կու տանք 4-6 տարիներու աշխատանքային ժամանակամիջոց մը։ Սոյնը, իմ պարագային, բացառուած էր, քանի որ ընդամէնը տարի մը ետք արդէն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարին էր, իսկ այս պատմական պահը նշելու ծրագրին մէջ նկատի առնուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի պաշտօնական այցելութիւնը Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն, Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Խորհուրդին հրաւէրով։ Բայց յարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ դրականօրէն եւ որոշուած ժամկէտին կարելի եղաւ Զուիցերիոյ ընթերցասէր հասարակութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մշակութային գործիչներուն ներկայացնել աւելի քան 500 էջերէ կազմուած տպագրեալ հատորը։
Հարց.- Արդեօք ի՞նչ է պատճառը, որ Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ Խորհուրդը այս յանձառութիւնը ձեզի փոխանցեց:
Պատ.- Թէպէտ այս հարցին արդէն համառօտ անդրադարձայ, բայց կ’արժէ անգամ մը եւս մանրամասնել. նախ, նկատի ունենալով որ 1915 թուականը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն էր եւ հայ ժողովուրդը համազգային եւ պետական մակարդակով պիտի նշէր այս կարեւոր եւ անկիւնադարձային տարեթիւը, Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ Խորհուրդը փափաքեցաւ Եղեռնի, ապա Ցեղասպանութեան տարիներուն զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած հզօր զօրակցութիւնը եւ նպաստամատոյց ծառայութիւնները հայ ժողովուրդին նկատմամբ վերստին թարմացնել նոյնինքն զուիցերիացի ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ, նկատի ունենալով որ դար մը ամբողջ անցած է տխուր իրադարձութեան վրայէն եւ քանի մը սերնդափոխութիւն ալ կատարուած է, հետեւաբար նոր սերունդը դժուար թէ փայլուն յիշողութիւն մը ունենար «հեռաւոր» անցեալէն։
Առաջին` բուն շարժառիթը ահաւասիկ այս էր, իսկ երկրորդը, որ նոյնքան կարեւոր է, այս նպատակին համար Զուիցերիոյ Աւետարանական Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Խորհուրդը, ինչպէս վերը ընդգծեցի, Զուիցերիա հրաւիրած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, որպէսզի իր պատուիրակութեամբ միասնաբար նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը: Արամ Ա. Վեհափառը հայ ժողովուրդին անունով իր մասնայատուկ երախտագիտութիւնը փոխանցեց Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին, նաեւ ամէնուրեք, ուր պաշտօնական ձեռնարկներ կազմակերպուած էին Զուիցերիոյ Պեռն մայրաքաղաքին, Պենիէնի (Begnins), Հունտվիլի (Hundwill) եւ Վալցընhաուզընի (Walzenhausen) մէջ, իր իմաստալից պատգամներով մեծապէս տպաւորեց զուիցերիացի ունկնդիրները անխտիր, եւ անգամ մը եւս ամրապնդեց Զուիցերիոյ եւ հայ ժողովուրդին միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը:
Անդրադառնալով թէ ինչո՞ւ համար ես ստանձնեցի այս յանձնառութիւնը, պէտք է ըսեմ, որ ատիկա 100-ամեակի սեմին իմ ազգասիրական եւ հայրենասիրական ներդրումս էր։ Ինչպէս շատ մը հայ ընտանիքներ, նոյնպէս եւ իմ ընտանիքը կրկնակի տարագրուած եւ ջարդուած է նախ 1915 թուականին Երիտթուրք ոճրագործներու, ապա 1920-ին Հաճընի մէջ՝ Քէմալական թուրք ազգայնականներու կողմէ։ Ըլլալով ցեղասպանութիւն վերապրած սերունդի ժառանգորդ, երբ աչքերս լոյսին բացի մեր հայաշունչ օճախի շուշան ստուերին մէջ, թերեւս մօրս ու հօրս դէմքերը ճանչնալուն զուգահեռ, մեր բնակարանի պատին վրայ կախուած տեսայ Մայր Հայաստանի եւ ձիւնափառ Արարատի գեղատիպ նկարները։ Մայր Հայաստանը հերարձակ կնոջ կերպարով կ’ողբայ իր երբեմնի շէն քաղաքներու աւերակներուն վրայ։ Այդ նկարը զիս դեռ ի տղայի տիոց եւ ցայսօր միշտ տպաւորած է եւ դարձած է զգացումներուս ներշնչարան բիւրեղ հայրենասիրութեան ու անդաւաճան ազգասիրութեան։ Հայրե-նասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը սուրբ աւանդներ են, որոնք կու գան դարերու խորքէն՝ փոխանցուելով սերունդներուն, իրենց արեան կանչով ու կենսանորոգ բջիջներով։ Այս աւանդն, ահաւասիկ, նաեւ հաւատքը Հայոց, ես ժառանգած եմ Կիլիկեան Տաւրոսի լանջերուն իմ հերոսածին պապերուս թափած արիւնով։ Ուստի, անոնք ինքնութեանս անբաժան եւ անկապտելի ստացուածքներն են, որոնցմէ զիս ոչ ոք կրնայ զրկել, կամ ինչպէս ոմանք պիտի յանդգնէին ըսել՝ «լուծարել»։ Մեր հայրերը մեզի նիւթական ուրիշ ինչ հարստութիւն ալ կտակէին, ժամանակի հոլովոյթին մէջ ստոյգ պիտի մաշէինք կամ սպառէինք զայն։ Բայց սէրը առ ազգն ու հայրենիքը, ինչպէս նաեւ հաւատքը, ինչքան ալ վատնել փորձենք, ընդհակառակը` անոնք մեր հոգիին մէջ առաւել եւս կ’ուռճանան, կը շատնան։
Բաց աստի, նախապէս, 2009-ին, հայերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով հրատարակած էի Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակին նուիրուած յուշամատեան մը, որ կը կրէր «Զուիցերիոյ Հայ Գաղութը, Աւելի Քան 100 Տարիներու Պատմութիւն Մը» խորագիրը։ Ըստ երեւոյթին, սոյնը հանդիսացաւ յաւելեալ ապացոյց մը այն մասին, որ յանձնարարող կողմը համոզուած էր թէ քաջատեղեակ եմ նիւթին եւ ունիմ համապատասխան փորձառութիւն` իրականացնելու նման պատսխանատու աշխատանք մը։
Հարց.- Կ’ուզենք անդրադառնաք գիրքին բովանդակութեան եւ ի՞նչ նշանակութիւն եւ վաւերագրական նորութիւններ կան այնտեղ:
Պատ.- Նկատի ունենալով որ աւելի քան 20 տարիներէ ի վեր Զուիցերիա կ’ապրիմ, յաճախ նկատած եմ որ տեղացիներ քիչ տեղեկութիւն ունին հայոց ծագումնաբանութեան եւ պատմութեան մասին: Հայ ժողովուրդ կամ Հայաստան անունը յաճախ զուգորդուած է պատահաբար սա կամ նա հանրածանօթ անձին կամ դէպքին հետ։ Երբ հայ եմ կ’ըսես, հայ անունը լաւագոյն պարագային անմիջապէս կը կապեն սիրուած երգիչ Շառլ Ազնաւուրի կամ յոռեգոյնին՝ «Ռատիօ Երեւան» անուն կատակներու շարքին հետ։ Ուստի, Փրոֆ. Տոքթ. Մարթին Գէորգէյի հետ, որ Պեռնի համալսարանէն այս հրատարակութեան գիտական ուղեկցութիւնը ապահովեց, որոշեցի ներկայացնել աւելի լայն ներածական մը հայ ժողովուրդի վերեւ նշուած ծագումնաբանութեան եւ պատմութեան մասին։
Հայաստան հայրենիքն է հայ ժողովուրդին։ Հայոց ազգային աւանդութիւնը եւ գիտութեան ձեռք բերած արդի բազմաթիւ տուեալները անհերքելի կերպով կ’ապացուցեն, որ Փոքր Ասիոյ արեւելեան տարածաշրջանը՝ մինչեւ Կովկասեսան լեռներուն լանջերը, Կուռ գետի բնական սահմանագիծով, եղած է հայ ժողովուրդի բազմադարեան օրրանը։ Հայ եւ օտար գրականութեան մէջ «Հայկական Բարձրաւանդակ» անունը աշխարհագրական տարածուած եւ ընդունուած ըմբռնում մըն է բոլոր ժողովուրդներուն համար։ «Օսմանեան» կամ «Թրքական Բարձրաւանդակ» չ’ըսուիր երբեք, այլ, զոր օրինակ, գերմաներէն՝ «Armenisches Hochland», անգլերէն՝ «Armenian Highlands» կամ «Armenian Plateau», ֆրանսերէն՝ «Haut-plateau Arménien», եւայլն։
Այս բառակապակցութիւնն իսկ կը մատնանշէ այն մասին, որ սոյն անուանումը սկիզբէն ի վեր պայմանաւորուած է այդ տարածաշրջանին մէջ ապրող հայ ժողովուդի գոյութեամբ։ Հայը հարուստ մշակոյթի տէր եւ աւելի քան 5000 տարուան անցեալ ունեցող ժողովուրդ մըն է, որ դեռեւս Ուրարտական Թագաւորութեան սկզբնաւորումով աշխատած է միշտ ստեղծել իր պետականութիւնը, հակառակ պատմութեան ընթացքին իր շուրջ ստեղծուած դժնդակ պայմաններուն։ Բազմաթիւ ցեղեր եւ նուաճող ազգեր աւերած ու գրաւած են իր երկիրը։ Անոնք խրած են իրենց նիզակներն ու տէգերը բազմաչարչար հայութեան արիւնաքամ սրտին մէջ, չեն յաջողած սակայն ստրկացնել զայն, անկախանալու եւ ուրոյն պետականութիւն մը վերստեղծելու իր ձգտումը չեն յաջողած խեղդել թէկուզ իր իսկ արեան մէջ։
Հիմնուելով պատմագիտական տուեալներու վրայ, առկայ հատորը բաւական ընդարձակ ներածութեամբ մը կարելիութիւն կ’ընձեռէ, յատկապէս օտար ընթերցողներուն, կազմելու լաւ պատկերացում մը հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ, որուն ընդմէջէն կարմիր թելի պէս կ’անցնի հիմնական պատգամ մը. հայ ժողովուրդը այլոց նման եկուոր ցեղ մը չէ Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ, այլ` ընդոծին է, իսկ աշխարհագրական այդ կենսատարածքը` իր իւրայինն է։
1453 թուականին Կ. Պոլսոյ անկումը եւ յետագային Արեւմտեան Հայաստանի զաւթումը Օսմանեան ուժերուն կողմէ, յատկապէս հայութեան համար ունեցաւ ճակատագրական հետեւանք։ Սուլթան Սելիմ Ա.-ի հրամանով, Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական շրջաններուն՝ Վանի, Կարնոյ, Սեբաստիոյ եւ այլ տարածքներուն մէջ քաղաքական նպատակներով իրենց բնակութիւնը հաստատեցին պարսկական եւ Միջագետքի քրտական տարածքներէն բերուած սիւննի դաւանանքի տէր քիւրտ ցեղեր, որոնք ուռճանալով, կողոպուտի, աւարառութիւններու եւ սպանութիւններու ճամբով հետզհետէ թուաքանակով նսեմացուցին հայ ժողովուրդը իր բնօրրանին մէջ, դարձան ուղղակի պատուհաս քրիստոնեայ խաղաղ բնակչութեան համար եւ ազդու զէնք մը սուլթաններու ձեռքին։
Համիտեան համատարած կոտորածները 1894-1896 թուականներուն նոյն միտումը կը հետապնդէին հայկական գաւառներուն մէջ` մահմետական տարրին համեմատութեամբ հայութիւնը վերածել կորսուող փոքրամասնութեան մը, արեան մէջ խեղդել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը` ոչնչացնելով ենթական, վերացնել նաեւ անոր հետ կապուած եւ դիւանագիտական միջազգային մակարդակի բարձրացած Հայկական Հարցը։ Հայ եւ օտար ցեղասպանագիտութեան մէջ այսօր յստակ ու մեկին է, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ համիտեան կոտորածները կը հանդիսանան Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին փուլը։
Այս միջոցին էր որ քրիստոնեայ ազգեր, յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ, մարդասիրական կազմակերպութիւններ ստեղծեցին, օգնութեան փութալով հայ ժողովուրդի կարեվէր զաւակներուն։ Երբ հայանպաստ օժանդակութիւնները եւ որբախնամութեան զանազան աշխատանքները Արեւմտեան Հայաստանի շատ մը գիւղերուն, քաղաքներուն եւ հայաշատ կեդրոններուն մէջ կը զարգանային, իրականացաւ Երիտթուրք եռապետութեան՝ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան պարագլուխներու հայութեան դէմ մշակած համաբնաջնջման ծրագիրը։ Ան իրագործուեցաւ Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատները ստոյգ դէպի մահ առաջնորդող համատարած տեղահանութիւններով, հիւծումէ, սովէ ու տարաբնոյթ հիւանդութիւններէ յառաջացած հազարաւոր աքսորեալներու մահով, առեւանգումներով, բռնի մահմետականացումներով, նաեւ ուղղակի անզէն ծերունիներու, կանանց եւ մանուկներու դէմ գործադրուած վայրագ ոճիրներով։
Օտարազգի շարք մը միսիոնարներու հետ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Միջագետքի եւ Սուրիոյ զանազան վայրերուն մէջ կը գտնուէին նաեւ զուիցերիացի մարդասէր գործիչներ, որոնք այդ ժամանակ ականատեսն ու ակամայ վկան դառձան հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուող ցեղասպանութեան։
Առկայ հատորը, հիմնուելով ցարդ չհրապարակուած արխիւային եզակի փաստաթուղթերու վրայ, կը ներկայացնէ զուիցերիական հայանպաստ կազմակերպութիւններու եւ զուիցերիացի առանձին անհատներու ծաւալած գործունէութեան պատմութիւնը 1894-էն մինչեւ 1923 թուականները։
Գիրքին 150 էջերը փաստօրէն կը բովանդակեն հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ ներածութիւն մը, իսկ հետեւեալ 350 էջերուն մէջ կը ներկայացուի զուիցերիացի ժողովուրդին հայանպաստ գործունէութեան պատմութիւնը՝ մինչեւ Լոզանի 1923 թուականի դաշնագիրը։
Հարց.- Ինչքանո՞վ նպաստեցին այդ նիւթական օժանդակութիւնները հայ ժողովուրդի փրկութեան:
Պատ.- Նախ գոհունակութիւնն ունիմ ըսելու, որ գիրքին մասին Զուիցերիոյ մամուլին մէջ գրախօսական շատ դրական յօդուածներ լոյս տեսան, եւ Զուիցերիոյ մամուլը բարձր մակարդակով անդրադարձաւ այս գիրքին, ստեղծելով նաեւ համապատասխան հետաքրքրութիւն գրական եւ համալսարանական շրջանակներուն մէջ: Զուիցերիոյ գրախանութները արդէն վաճառքի դրած են հատորը, եւ ուրախ եմ ըսելու, որ ան ընթերցասէրներու լայն շրջանակի մը տրամադրուած է:
Նոյեմբեր 22-ին, Աւստրիոյ մէջ բաւականին յաջող կերպով կազմակերպուեցաւ շնորհահանդէս մը, որուն առթիւ ես հանդէս եկայ բաւական լայն անդրադարձով մը, ուր ներկայացուցի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, դրդապատճառները, Թուրքիոյ կողմէ մեր արեւմտեան հայրենիքի եւ Կիլիկիոյ բռնագրաւումը, եւ երէկուան ու այսօրուան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ վարդապետութեան վերածուած ցեղասպանութեան պատմական փաստին ուրացումները։ Պիտի ընդգծեմ, որ այս ձեռնարկին մասնակցողները մեծաւ մասամբ բնիկ աւստրիացիներ էին, իսկ ներկայ հայերու թիւը հազիւ թէ 10 տոկոս կը կազմէր։
Նոյեմբեր 28-ին սակայն, նմանօրինակ ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ նաեւ Զուիցերիոյ Աարաու քանթոնի Օպերընթֆելտըն բնակավայրի Հայ Դպրոցական եւ Ընտանեկան Միութեան սրահին մէջ, ուր նորէն զուիցերիացի ընթերցող հասարակութեան ներկայացուեցաւ հատորը, որուն հետեւեցաւ գիրքէն քանի մը տասնեակ օրինակներ մակագրելու արարողութիւնը:
Նկատի առնուած է անպայման, ու հաւանաբար մինչեւ Զատիկ 2016-ը, ընթերցող հասարակութեան ներկայացնել հատորին նախ անգլերէն, ասոր զուգահեռ ֆրանսերէն եւ հայերէն թարգմանութիւնները:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանին այս խիստ կարեւոր եւ հետաքրքրական հարցազրոյցին համար, եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն յառաջիկայի բոլոր ծրագիրներու իրագործման մէջ:
Հեղինակ՝ Արա Պապյան, Երեւան, Հայաստանի Հանրապետություն, Ապրիլ 2010 Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամյակին Ընդառաջ Հայոց ցեղասպանության ճանաչումը նպատակ է, թե՞միջոց:…