“Չգիտնալ Ի՛նչ Քննարկելը” Չկրկնուելու Համար

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն

Կամ Սփիւռք, Սփիւռքի Նախարարութիւն, Սփիւռքագէտեր, Սփիւռքագիտութիւն եւ Քիչ Մը Ուրիշ Բաներ
 
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 20 Ապրիլ 2010
 

 
1999ին, 2002ին եւ 2005ին, երեք յաջորդական համաժողովներ տեղի ունեցան, Երեւանի մէջ, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդակցութիւններու փոխադարձ յարաբերութիւններ կարգաւորելու ու հունաւորելու հեռանկարով, պետական-եկեղեցական-արտերկրի ներկայացուցիչներու մակարդակներով:
 

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն

Կամ Սփիւռք, Սփիւռքի Նախարարութիւն, Սփիւռքագէտեր, Սփիւռքագիտութիւն եւ Քիչ Մը Ուրիշ Բաներ
 
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 20 Ապրիլ 2010
 

 
1999ին, 2002ին եւ 2005ին, երեք յաջորդական համաժողովներ տեղի ունեցան, Երեւանի մէջ, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդակցութիւններու փոխադարձ յարաբերութիւններ կարգաւորելու ու հունաւորելու հեռանկարով, պետական-եկեղեցական-արտերկրի ներկայացուցիչներու մակարդակներով:
 

Անշուշտ, այդ հաւաքներուն”համաժողով”պիտակ տալը, այդ բովանդակութեամբ եւ գործընթացով, պարզապէս անհեթեթութիւն էր, որուն մասին, գէթ տողերուս հեղինակը, հրապարակագրական բազմաթիւ խորհրդածութիւններ ու մեկնաբանութիւններ ըրած էր, նոյնիսկ ”զայրացնել”ով զանոնք կազմակերպողները:
 
Ինչպէ՞ս կրնան այդ հաւաքները”համաժողով”նկատել, երբ մասնակիցներու թիւը կ՝անցնէր… հազարը եւ ի՜նչ խայտաբղէտ մասնակցութիւներով, դերակատարու-թիւններով, ցուցադրականութիւններով ու… զբօսաշրջիկութեամբ:

Պատահական չէր որ այդ բոլորը նկատուեցան ”շահաբեր զբօսաշրջիկութիւն”, որուն մէջ տարօրինակ ոչինչ կար, այնքան ատեն որ կատարուածը հայրենիք այցելութիւն էր, ըմբոշխնելով անոր բազմաբնոյթ մարզերը:

Բայց ըսել թէ՝ ատոնք կը ծառայէին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց համագործակցութեան ոլորտներուն, իրենց մնայուն, գործնական եւ արդիւնաւէտ թղթածրարներով, առնուազն ինքնախաբէութիւն էր:

Վերոյիշեալ մատնանշումներուն համոզուելու համար, կը բաւէր նախ ծանօթանալ այդ ”համաժողով”ներու բնոյթին ու խորքին, ապա՝ հարց տալ թէ ո՞ւր մնացին անոնք:

Սփիւռքէն հնչած վերապահութիւննե՞րն էին այդ բացակայութեան կամ լռութեան պատճառը, թէ՞ հայրենի պատկան իշխանութիւններու համոզուածութիւնը, թէ անիմաստ է այլեւս շարունակել այդ”ֆոլքլոր”ը եւ կամ՝ ինչ որ շահեցանք… շահեցանք:

Ինչ ալ ըլլան դրդապատճառները կամ արդարացումները, հայրենի իշխանութիւնները իրաւունք չունին ջայլամի քաղաքականութիւն խաղալու, իրաւունք չունին լուռ մնալու եւ, ամէնէն կարեւորը, իրաւունք չունին իրենց”ձախողութիւն”ը չընդունելու:

Չենք զարմանար եթէ չքմեղանքի փորձաքար դարձուի նախկին նախագահութենէն նորին անցումը, այն (գիտակցուա՞ծ) տպաւորութիւնը ձգելով թէ ատոնց ”մեղք”ը կ՝իյնայ նախորդ իշխանութիւններուն վրայ:

Բայց ասիկա պետական մտածողութեան ո՞ր տրամաբանութեան կրնայ դիմանալ:

Եթէ ներկայ իշխանութիւնները, ընդհուպ նախագահ Սերժ Սարգսեան, նման հարցադրումի մը պիտի պատասխանեն, թէ՝ ”փոխարէնը մենք ստեղծեցինք Սփիւռքի Նախարարութիւնը, որ այդ դերը, առաւել այլ յանձնառութիւններ ստանձնած է, պետական ու գործադիր կառոյցի մակարդակով”, նոյնիսկ այս մէկը ընդունելի դատողութիւն մը չի կրնար ըլլալ:

Վերջերս, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ծանր հրետանիութեամբ մը, այցելեց Լիբանան ու բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանահայութեան զանազան կողմներուն հետ (որոնց մեկնաբանութիւնը կը ձգենք այլ առիթի մը), սակայն,”Ազդակ”օրաթերթի 30 Մարտ 2010 թուակիրին մէջ, իր հետ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ, ուր մեր ուշադրութիւնը գրաւեց հետեւեալ հաստատումը.

“Մենք այլեւս Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներ պիտի չանենք,քանի որ երեք համաժողովների արդիւնքները ուսումնասիրելով՝ հասկցանք, որ միայն քննադատութիւններ հնչում են այդ համաժողովների համար, եւ մենք էլ նոյն կարծիքին ենք, որովհետեւ տարբեր մասնագիտութիւնների տէր մարդոց պէտք չէ համատեղ բերել լցնել մի տեղ եւ չգիտնալ ի՛նչ քննարկել”:

Այս խօսքերը աւելի քան բարացուցական չե՞ն, երբ կը լսենք պատասխանատուի մը բերնէն, որ նաեւ կը խոստովանի իր”համակարծիք”ըլլալը ատենին արտայայտուած քննադատութիւններուն, իսկ այսօր կը գտնուի կրկնակի բարձր պատասխանատու դիրքի մը վրայ, իբրեւ Սփիւռքի նախարար, սակայն, այլ հորիզոնականներու վրայ մեր դիտարկումով, բացառուած չտեսնելով իր նախարարութեան մէջ նշմարուող անհարթութիւններն ու անմատչելիութիւնները, որոնք հազիւ թէ որակ կազմեն:

Ճիշդ է, նախարարուհին”չգիտնալ ի՛նչ քննարկել”ը արդէն իսկ կ՝ապացուցանէ անցեալի”համաժողով”ներու գէթ ”թուրիստ”ականութիւնը ու մակերեսայնութիւնը, հակառակ այդ օրերուն բեմահարթակներէն հնչած ”ռազմահունչ ”հայրենասիրական ելոյթներուն:

Օրին, մեր դիտողութիւններն ու քննադատութիւնները, միշտ շինիչ խորհրդածութիւններով, այդ կէտերուն կը միտէին, որպէսզի”զեղուն զգացումներ”ը տիրապետող գործօններ չմնային, իսկ զանոնք շահագործողները… ի պատուի:

Այդ թերացումները բառնալու համար, նախարարուհին, քիչ մը շա՜տ ինքնագոհութեամբ կը խօսի ”մէկ տարուայ փորձը ցոյց տուած է, որ մասնագիտական համաժողովները արդէն կեանքի ուղեգիր ստացած են, եւ մենք պէտք է ա՛յս ուղղութեամբ զարգացնենք մեր աշխատանքները”:

Համաձայն ենք այդ ուղղուածութեան, որովհետեւ գործնականութեան, արդիւնաւէտութեան ու նպատակասլացութեան ճամբան կ՝անցնի այդ բովէն, ատիկա կը ծառայէ իր իսկական նպատակին, սակայն, այդ”փորձ”ին շօշափելիութիւնն ու իրապաշտութիւնը պէտք է զգալ ու զանոնք սեփականութիւնը դարձնել ժողովուրդին:

Հայաստան-Սփիւռք (կարծեմ) Բ. խորհրդաժողովին, յետ ամբոխավարական  “շօ”ին, (այսպէս ըսած) չորս մասնագիտական յանձնախումբեր կազմուեցան, որոնք ենթադրուած էին դառնալու այդ խորհրդաժողովին ”ալֆան եւ օմեկա”ն, սակայն, ”լեռը մուկ մ՝իսկ չծնաւ”, հակառակ մեր հրապարակագրային հետապնդումներուն:

Հետեւաբար, նախարարուհիին լաւատեսութիւնը հիմնաւորուած դառնալու համար, իրօք, պէտք է մասնագիտական մօտեցում ցուցաբերել, որ այդքան ալ դիւրին գործ չէ, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք Սփիւռքի Նախարարութեան նման համաժողովներ կազմակերպելու նոր հեւքը, սակայն ի՞նչ կարգով, ի՞նչ չափանիշով, ի՞նչ մասնակցութեամբ եւ մանաւանդ ի՞նչ անկողմնակալութեամբ:

Սփիւռքի Նախարարութիւնը, մինչեւ իր”տուն”ը ամրօրէն կառուցելը, ինքզինք հեռու պէտք է պահէ մրցանակ բաշխելու սովորամոլութենէն (վերջին փոթորիկները վկայ), իսկ գլխաւորը, նման պարագաներու ”միջամուխ” չըլլայ Սփիւռքի ներքին գործերուն, անտեսելով յուշարարներն ու “փսփսացողներ”:

Ուրիշ տեղ մը, Տիկ. Հրանոյշ իրաւացիօրէն կ՝ըսէ.”Ես կարծում եմ՝ Սփիւռքը էնքան բարդ, էնքան տարողունակ հասկացութիւն է, որ զայն ճանչնալը էդքան էլ հեշտ բան չէ”:

Մենք տասնեակ տարիներէ ի վեր ըսած ու կրկնած ենք այս իրողութիւնը, որովհետեւ մենք իսկ չենք ճանչցած զայն, ալ ո՜ւր մնաց այն յաւակնորդները, որոնք կը պնդեն իրենց (ան)ճանաչողութեան վրայ:

Թերեւս այս է պատճառը, որ կը պահանջուի Սփիւռքի նկատմամբ ըլլալ զգոյշ ու զգաստ, որովհետեւ երբեմն ան կը նմանի լարուած ականի, մանաւանդ երբ անխոհեմ եւ անհեռատես տնօրինումներ ու միջոցառումներ կը նկատուին հոս ու հոն:

Իսկ մեզի համար անխառն գոհունակութիւն է, որ Սփիւռքի Նախարարութիւնը նախաձեռնած է Երեւանի պետական համալսարանի մէջ սփիւռքագէտեր պատրաստելու մասնագիտական գործին:

Սակայն, հոս ալ մեզի համար խիստ կարեւոր է, այլեւ հարցադրելի, թէ ի՞նչ հիմունքներով ու ծրագրաւորումով ձեռնարկուած է այդ մասնագիտական գործին: Եթէ ”մենք սփիւռքագէտներ չենք ունեցել եւ չունենք”, ինչպէս կը խոստովանի նախարարուհին, ապա, ո՞վ պիտի պատրաստէ եւ ինչպէ՞ս պիտի պատրաստէ զանոնք:

Լուրջ ու պատասխանատու գործ մըն է ասիկա, քանի անոր թղթածրարը հաստկեկ է, որուն յաջողութիւնը կը դրսեւորուի ոչ միայն ներհայաստանեան գիտամանկավարժական կարելիութիւններով, այլեւ սփիւռքեան համապատասխան գիտակներու նեցուկով, գէթ նախախորհրդակցական ու կանխապատրաստման հաւաքական հայեացակարգով:

Ըստ մեզի, ”ունենք գրաբարի, արեւմտահայերէնի, պատմութեան, սփիւռքի հայ գաղթօճախների պատմութեան մասնագէտներ, որոնք պէտք է փորձեն իրենց մասնագիտութիւնները խտացուած ձեւով ներառել մէկ մասնագիտացման մէջ եւ ինչ-որ ձեւով կ՝ունենանք սփիւռքագէտներ”ը, բաւարար չէ, ընդհակառակը՝ այդ մօտեցումը այնքան ալ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր, եթէ, հե՛նց այդպէս, սփիւռքագէտներ ”պիտի ստեղծուին”:

Այս արագ, այլեւ անխուսափելի ընդգծումներէն ետք, Սփիւռքը կրնա՞յ յարատեւօրէն մնալ ”պարոմէթր”ի վիճակի մէջ, երբ ամէն ոք զայն իր ”արշին”ով կ՝ուզէ չափչփել կամ… շուկայացնել, մինչ ինք հազարումէկ հրամայականներու ու հիմնահարցերու, տագնապներու եւ գերխնդիրներու առջեւ կը գտնուի:

Նախորդ իշխանութիւնները մերժեցին առաջին իշխանութեան բոլոր վերաբերմունքներն ու տրամադրութիւնները Սփիւռքի նկատմամբ, հիմա ալ, ներկայ իշխանութիւնները, ուղղակիօրէն թէ ոչ, կը մերժեն երկրորդինը (Քոչարեան-Օսակեան), լա՛ւ, յետո՞յ, վա՞ղը, միւս օ՞րը…:

Հաւանաբար այս խօսքերը ոմանց համար թուին ըլլալ… դառնանոյշ: Թերեւս: Բայց իրականութիւն ըլլալէ կը դադրի՞ն:

Ահա թէ ինչո՛ւ՝ նախանձախնդիր ենք, որ Հրանոյշ Յակոբեանի խոհուն անհատականութեամբ ու զօրաւոր հեղինակութեամբ նախարար մը չսայթաքի (կամ չսայթաքեցնեն) եւ ասիկա՝ յանուն Սփիւռքի նախարարութեան կայացման եւ յարատեւման:

4 comments
  1. Menq u mer cavern chsmaritin

    Shat jamanakin grvatsq e: Es kasem, vor minchev spyurqn aranc haytararelu chstegtsi ujer Hayastani gekavarnerin ankax hayerov poxarinelu hamar, minchev kronakan miutyunneri hayaqayqayog gekavarnerin irenc vcharog tshnamu ket anvnas u dzernatsu chdardznen, voch mi lav ban chi lini hayerin: Hayastanum mom tsaxogneri gekavarn tsarer e ktrum, pordzum e kino gnacognerin xavaramol u lriv apushner dardznel miayn mom gnelu hamar, jra egborn el (amarayin kapuyt vegari terterin) dardzrel e rusastani haverin gjtecnog, henc arajin orvanic haykakan lragjrn veracnog ev ayln: Miaceq hayer Hayoc spitak droshi tak u iskuyn satkacreq hayin u Hayastanin vnas tvogin aranc chvchvoci u jamanakin: Gorts areq, miayn nyuter crelov tsitsagei kdarnac u mi nor tshnami Hayoc hamar:

    ASLAMAZYAN A. K.

  2. Harganq GEGARD-i tgtakicnerin
     Shnorhakalutyun hayeren  hodvatsgtsneri hamar:

     Naxoq shnorhavorum em haygstani toni artiv:

     "MTORUM" lragir, ASLAMAZYAN A. K.

  3. Shad deghin qnnatadutyun e!
    Shad deghin qnnatadutyun e! Payts inch lav darperag garajarge heghinage Hayasdan-Spyurq gabere aveli artyunaved oqdaqordzelu hamar? Ge gardzem Spyurqe yev Hayasdane shad bedq unin hima spyurqi garevor temqeru, mdavoraganneru, inchbes Baruyr Aghbashiann e, active qordzneutyane yev ujeru hamadrumin! Vorbes nor Serunti nergayatsutsich, shad ge tsanganam qidnal vorn e jsihd qaylere hima yev mer tere. Yev mer medzeren sorvelov, guzem jishd ughi endrel Hayasdani yev Spyurqi hamar!

  4. No Conditions
    In my view, I strongly believe that Turkey must relinquish the lands around the Armenian border, at least Ararat mountain should be back where it was "born".
    No questions about it give us back our land, our hills, our farm lands…….

Comments are closed.

You May Also Like