Վերջին «պատերազմիկը»

Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 8 Մարտ 2011
 
Փետրուարեան անապատային պաղը կը թափանցէ մինչեւ ոսկորները:

Առաւօտ կանուխէն աշխատաւոր տղաք դուրս կու գան շէնքերու մայր դռնէն, կը խաչակնքեն եւ հապճեպ կ’երթան իրենց աշխատանքներուն:
 


Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 8 Մարտ 2011
 
Փետրուարեան անապատային պաղը կը թափանցէ մինչեւ ոսկորները:

Առաւօտ կանուխէն աշխատաւոր տղաք դուրս կու գան շէնքերու մայր դռնէն, կը խաչակնքեն եւ հապճեպ կ’երթան իրենց աշխատանքներուն:
 

Ելեկտրական սիւներու եւ թելերու վրայ թառած աղաւնիներն ու ագռաւները իրենց կռկռոցով կ’աւետեն լուսաբացը: Այս ժամերու հանդարտ Հալէպը տակաւ առ տակաւ կ’աշխուժանայ եւ փողոցները կը գունաւորուին դեղին taxi-ներու անկանոն եռուզեռով:

Հատ մըն ալ մենք կ’առնենք եւ կ’ուղուինք Պէպ էլ Հատիտ թաղամասի պղնձագործներու շուկան, ուր մեզ կը սպասէ պղնձագործ Սարգիս Պետիկեանը:

 

 
Մեծ գաւաթ մը լեղի սուրճը կը տաքցնէ մեր սառած ձեռքերը, կ’առթնցնէ մեզ եւ առիթ կը ստեղծէ մտերմիկ խօսակցութեան մը շղթային:

Վարպետ Սարգիս մերթ աշխատելով, մերթ սուրճը ձայնաւոր ումպով մը խմելով, բարցրաձայն կը յիշէ այն խելացի խրատներն ու խօսքերը որ իր ողորմած հայրը փոխանցած էր իրեն: Ոչ, շուկան այսպէս չէր անցեալին, «խեր եւ պերեքեթ» կար, հիմա ամէն բան սղած է եւ գործ չկայ: Այն ատեն ամէն կողմէ հայերէն կը լսուէր իսկ հիմա …: Հա, չմոռնայ նաեւ ըսելու, թէ ոսկերիչներու «սենտիքայի» հայ տղաքը վերջերս իր աշխատանոցը բերած էին թուրք դեսպանը, որուն յայտնած էր, թէ իր քով ունէր թուրքիոյ մէջ իր ընտանիքին պատկանող կալուածներուն հաստատագիրները եւ որոնք այժմ կը պահանջէր:

Ուրտեղացի էր պարոն Սարգիսը:

Այնթեպցի, հապա ինչ …: Ինք ալ, տիկինն ալ, կու գան բնիկ այնթեպցի ծնողներէ:

Ան նստած ցած մինտերի մը վրայ, հակած ընկուզենիի մը բունին վրայ մխրճուած երկաթէ սալին, մուրճով կը հարուածէ տափակ պղինձի կտորի մը, որ վերջաւորութեան անօթի մը պիտի վերածուի:

Դրացի արհեստակիցներ «սէլէմ ու ալէյքոմ» ով մը կ’անցնին կրպակին առջեւէն որու կը պատասխանէ վարպետ Սարգիսը «ալէյքոմ սալամ, հաճճի» ով: Անոնք մեծ յարգանք ունին շուկայի միակ հայ պղնձագործին հանդէպ : Կը գովաբանեն անոր պարկեշտութիւնը, կը հիանան անոր վարպետի հարուածներուն վրայ եւ երախտապարտ են արհեստին մասին անոր տուած մասնագէտի կարծիքներուն համար:

Արեւու ջերմացնող ճառագայթները իրենց հետ կը բերեն նաեւ աշխատանոցներու վարպետներն ու անոնց գործաւորները: Շուկայի արձագանգը կը պակսի. կրպակներու մետաղէ եւ տախտակէ փեղկերը կը բացուին եւ ամբողջ թաղի երկայնքին, մետաղէ եւ տախտակէ մուրճերու հարուածները պղինձին վրայ, երաժշտական ձայն եւ կշռոյթ մը կը ստեղծեն:
Այժմ սուրճի բաժակները կը լուացուին ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ, եւ նոր ժամանողներուն կը հրամցուի սեւ ջուրը:

Դրացի Ապու Ահմետը կարօտով կը յիշէ իր պատանեկութեան վարպետները՝ Աւետիսը, Ներսէսը, Յարութիւնը որոնք հիմա չկան: Ան երախտապարտ է անոնց հանդէպ եւ կը հարցնէ մեզի թէ արդեօք կը ճանչնա՞նք զանոնք, կարելի՞ է գտնել անոնց հետքերը:

Իրականութեան մէջ, ամբողջ շուկան հայ հնարամիտ եւ ճարտար վարպետներով կը վխտար, իսկ հիմա վարպետ Սարգիսը, 50-60 կրպակ հաշուող շուկային, հինը նորին հետ միացուլող վերջին օղակն է:

Այս է ընդհանուր պատկերը ներկայիս «երազային Հալէպ»էն, «աննման Հալէպ»էն մնացած: Անցեալին հայեր մեծամասնութիւն կը կազմէին արհեստներու՝ երկաթագործներու, ոսկերիչներու, պղնձագործներու, ձուլագործներու շուկաներուն մէջ, իսկ ներկայիս միայն անոնց յիշատակն է որ կը մնայ:

Ապու Ահմետները փոխարինած են հայ արհեստաւորները:

 

You May Also Like