Յիսնամեակ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի

ՈՒՂԵՐՁ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Յիսնամեակ մը առաջ, հայկական Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հասակ առած նոր սերունդը՝ հայրենի հողին վրայ չծնած, բայց այդ հողի կարօտով ներծծուած նորահաս զարմը, զէն ի ձեռին ըմբոստացաւ:

Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած, անոր արհաւիրքը ցմրուր ճաշակած սերունդի մը մատղաշ յետնորդները՝ որոնք Արարատը իրենց սեփական աչքերով չտեսան, բայց անոր վեհութիւնը իրենց սիրտերուն մէջ ամբարեցին, հնչեցուցին Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերու ազատագրութեան ի խնդիր ռազմի շեփորը:

Ու անոնք, Մայր Հայաստանի ձեռքերուն մէջ ի պահ դրուած սուրի հզօրութեամբ ջրդեղուած, համայն մարդկութեան ազդարարեցին, որ իրենք այլեւս չեն հանդուրժելու Հայ ժողովուրդին պարտադրուած՝ հայրենազրկումի, իրաւազրկումի եւ պատուազրկումի լուծը:

Ազդարարումը այդ, գուպարի աւազանին մէջ մկրտուեցաւ ու անուանակոչուեցաւ՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ (ԱՍԱԼԱ):

Առաջին իսկ զինեալ գործողութիւններով ի լուր աշխարհին ան ծանուցեց, որ ունի՝ ե՛ւ անուն ե՛ւ ինքնութիւն, ե՛ւ գաղափար ե՛ւ տեսլական, ե՛ւ ծրագիր ե՛ւ առաքելութիւն, ե՛ւ պայքարի կամք ե՛ւ յաղթական ոգի:

Մեր կազմակերպութիւնը՝ յիսնամեակ մը ամբողջ անցնելով հուրի ու սուրի ընդմէջէն, աննկուն պայքարի տարերքին արձանագրելով վերելքներ ու վայրէջքներ, յաղթանակներ եւ ընկրկումներ, յառաջխաղացումներ եւ տեղքայլեր, զոհաբերելով հոյլ մը անձնազոհ նահատակներ, անձնուէր վիրաւորներ եւ անվեհեր բանտարկեալներ, Հայոց պատմութեան մատեանին մէջ մեծատառով վերահաստատեց՝ իր ազգային եւ մարդկային անկորչելի եւ անօտարելի իրաւունքներուն համար պայքարող հայու անջնջելի ու անշիջելի գոյութիւնը:

(Ձ-Ա) Զօրավար Անդրանիկ, Յարութիւն թագուշեան (ծածկանուն Յակոբ Յակոբեան – ԱՍԱԼԱ կազմակերպութեան հիմնադիր), Գէորգ Աճէմեան, Գուրգէն Եանիկեան, Շահան Նաթալի

Համաշխարհային պատմութեան ընթացքը կը բնորոշուի պատմաքաղաքական շրջափուլերու յաջորդականութեամբ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը զանազանուի տուեալ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ իր ուրոյն յատկանիշներով:

Յիրաւի, այլ էին աշխարհառազմավարական, ռազմաքաղաքական, աշխարհագրա-կան, ժողովրդագրական, հասարակական եւ տնտեսական, մշակութային, կրթական, գիտական եւ բարոյահոգեբանական իրողութիւնները անցեալ դարու եօթանասունա-կաններուն եւ ութսունականներուն, նոյնիսկ իննսունականներուն, եւ այլ են այսօր:

Պէտք է փաստել, որ ներկայիս հիմնովին փոխուած են համաշխարհային եւ տարածա-շրջանային իրողութիւնները, յառաջացած են ուժերու նոր յարաբերակցութիւններ եւ մեծապետական շահերու նոր դրսեւորումներ, բացայայտուած են նուաճողական ու ծաւալապաշտական սրուող անզուսպ ախորժակներ, որոնք պատմաքաղաքական ներկայ փուլին, ժամանակաւորապէս, իրենց անբարենպաստ ներգործումը կ’ունենան ազատագրական պայքարի ընթացքին, թափին ու ուժականութեան վրայ:

Վերոնշեալին զուգահեռ պէտք է արձանագրել նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայիս գործող վարչախումբի կողմէ, հետեւողականօրէն ի գործ դրուող՝ ազգային իղձերու ու նպատակներու ժխտումը եւ ուրացումը, մեր ինքնութեան խաթարումը, կենսամտածողութեան եւ կենսակերպի աղաւաղումը ու խեղումը, եւ ազգային արժէքներու ոտնահարումը նպատակադրող նկրտումները, իսկ ի լրումն այս բոլորին՝ հայապատկան տարածքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու իր պարտադիր պարտականութենէն ինքնայօժար հրաժարումը եւ յատկապէս Արցախի կորուստը, համահայկական իրականութեան մէջ ստեղծած են նահանջի եւ հիասթափութեան համընդհանուր տրամադրութիւններ, խորացուցած են ազգային հիմնախնդիրներու նկատմամբ անտարբերութեան մթնոլորտը՝ Հայաստանը ու Հայ ազգը կանգնեցնելով գոյաբանական խնդիրներու դէմ յանդիման:

Այս իրողութիւններն են, որ ազգային – ազատագրական պայքարի ռահվիրայ մեր կազմակերպութիւնը հարկադրած են, վերարժեւորելու տուեալ շրջափուլի իր մարտավարական խնդիրները եւ առաջնահերթութիւնները:

Ելլելով նախանշուած հանգամանքներէն, հարկ է ընդգծել, որ Հայկական բռնագրաւուած հողերու ազատագրութեան ռազմավարական գերնպատակին առընթեր, մարտավարական հրատապ եւ անմիջական խնդիրներու վրայ սեւերումը եւ անոնց դիմագրաւման ու յաղթահարման ուղղութեամբ առկայ ներուժի ու միջոցներու կեդրոնացումը, ընթացող ժամանակահատուածի համար մեր կազմակերպութեան օրակարգի անբաժան մասնիկը եւ առաջնահերթութիւնը կը հանդիսանայ, այն պարզորոշ հիմնաւորմամբ, որ առանց այդ խնդիրներու հայանպաստ լուծման, ռազմավարական գերնպատակի ուղղութեամբ յառաջխաղացումը չի կրնար ձեռք բերել անհրաժեշտ ու հարկաւոր՝ գաղափարական, քաղաքական, հասարակական եւ բարոյահոգեբանական խթաններ:

Վան գործողութեան տղաքը դատավարութեան ընթացքին

Առ այդ՝

Բոլորելով յիսնամեակը եւ կանգնելով յաջորդ տասնամեակներու շեմին, մեր կազմակերպութիւնը կ’երդուի անշեղ եւ անայլայլ շարունակել բռնագրաւուած հայապատկան բոլոր հողերու ազատագրման ի խնդիր անխոնջ պայքարը՝ միշտ վառ եւ կենսունակ պահելով միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի կերտման իղձն ու տեսլականը:

Ան կը վերահաստատէ իր անխախտ յանձնառութիւնը՝ միշտ եւ ամենուրէք պաշտպանելու ազգային գերագոյն շահերը, մեր ինքնութիւնը, արժէքները, արժանապատւութիւնը եւ աւանդոյթները:

Ան կը վերանորոգէ իր համոզումը, որ Հայ ազգի գոյութեան, գոյատեւման եւ յաւիտենականութեան գլխաւոր առհաւատչեան, Հայրենիքի պաշտպանութեան, պահպանութեան եւ հզօրացման զուգահեռ, բռնագրաւուած հայապատկան հողերու ազատագրութեան համար պայքարի մշտական բոցավառումով կ’երաշխաւորուի միայն:

Պայքարները, նամանաւանդ ազգային – ազատագրական պայքարները, ժամանակի եւ տարածութեան սահմանափակումներ չունին:

Անոնք ունին մէ՛կ առաքելութիւն եւ մէ՛կ խնդիր՝ յաղթանակով աւարտել նախաձեռնուած գործը:

Այս հրամայականի գիտակցութեամբ գօտեպնդուած, մենք կը շարունակենք եւ պիտի՛ շարունակենք մեր երթը՝ յանուն Հայրենիքի եւ Հայ ազգի:

Կը խոնարհինք ազգային – ազատագրական պայքարի նահատակներու յաւերժ յիշատակին:

Կը խոնարհինք Հայաստանի տարածքային պաշտպանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան, հայութեան անվտանգութեան ապահովման եւ Արցախի հերոսամարտի նահատակներու անմեռ յիշատակին:

Փառք ու պատիւ բոլոր ազատամարտիկներուն:

Պայքարը կը շարունակուի:

Յաղթանակը մերն է:

20 Յունուար 2025

  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ

Բովանդակ Հայաստանի Քաղաքական Ղեկավարութիւն

 

1 comment
  1. «Ուղերձ Համայն Հայութեան» շառադրութեան մէջ զետեղուած նկարները հետեւալներ անձերն են, ձախէն աջ՝
    Զօրավար Անդրանիկ
    ……….
    Գէորգ Աճէմեան
    Գուրգէն Եանիկեան
    Շահան Նաթալի

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Սրտի Խօսք

Պարոյր Աղպաշեան, Լիբանանի Խմբագիրներու սենտիքայի վարչական գերագոյն խորհուրդի անդամ, Պէյրութ, 24 Մայիս 2010   Անաղմուկ Մեկնումը Լիբանանեան Մամուլի…
Read More