Արուեստագէտ Նախագծողի Միջազգային Յաղթական Երթը

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 22 Յունիս 2015

Արուեստագէտ Լութֆիկ Շխըրտմեան նախագծողն է հռչակաւոր Լիբանանեան «Եփրեմ» ոսկերչատան անզուգական զարդարանքի առարկաներուն: «People’s Choice» եւ «Couture» միջազգային ոսկերչական մրցանակներուն արժանանալուն առթիւ ներքոյիշեալ հարցազրոյցը ունեցանք վարպետին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Շխըրտըմեան, 2014 թ.ի բազմաթիւ նուաճումներէ ետք ոսկերչութեան աշխարհին մէջ, 2015 թ. Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100ամեակի պատմական տարուան ընթացքին տիրացաք «Ժողովուրդի Ընտրանք» («People’s Choice») եւ «Նորաձեւութիւն» («Couture») միջազգային ոսկերչական մրցանակներուն։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք Ձեր յաջողութիւնները այն ալ լաս Վեկասի նման համաշխարհային ոստանին մէջ։

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 22 Յունիս 2015

Արուեստագէտ Լութֆիկ Շխըրտմեան նախագծողն է հռչակաւոր Լիբանանեան «Եփրեմ» ոսկերչատան անզուգական զարդարանքի առարկաներուն: «People’s Choice» եւ «Couture» միջազգային ոսկերչական մրցանակներուն արժանանալուն առթիւ ներքոյիշեալ հարցազրոյցը ունեցանք վարպետին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Շխըրտըմեան, 2014 թ.ի բազմաթիւ նուաճումներէ ետք ոսկերչութեան աշխարհին մէջ, 2015 թ. Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100ամեակի պատմական տարուան ընթացքին տիրացաք «Ժողովուրդի Ընտրանք» («People’s Choice») եւ «Նորաձեւութիւն» («Couture») միջազգային ոսկերչական մրցանակներուն։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք Ձեր յաջողութիւնները այն ալ լաս Վեկասի նման համաշխարհային ոստանին մէջ։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մեզի համար մեծ ուրախութիւն ու պատիւ էր լաւագոյն ոսկերիչի մրցանակ շահիլը, այն ալ սուր մրցակցութեամբ յագեցած այս բարդ արուեստի աշխարհին մէջ…։ Բոլոր նշանաւոր ֆրանսացի, հրեայ, ամերիկացի վարպետներուն մէջէն մեզի ընտրեցին որպէս լաւագոյն ոսկերիչ։ Մենք ալ փառք կու տանք Աստուծոյ, յիշեցնելով թէ երբեք ալ դիւրին չէր, որպէս Լիբանանի այս փոքր ու տաղանդաշատ երկրի մը հայ ներկայացուցիչ, համաշխարհային մրցանակի արժանանալ տքնաջան աշխատանքով։ Յաջողեցանք ճի՛շդ ճանապարհով ընթանալ marketing-ի, արդիական նորամուծութիւններով ու գրաւիչ նմոյշներով՝ որպէս հաւաքական աշխատող խումբի նուաճում։ Յաջողութեան պատճառներէն մէկն ալ նուիրումով ու “ամբողջ սրտով” ստեղծագործելն էր։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս գիտենք, Ձեր «Խաչքար» գլուխ-գործոցը աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի եւ Հայաստանի նախագահին հաւանութեան ու գնահատանքին արժանացաւ։ Մինչ Ձեր ստեղծած ադամանդակուռ գոհարները միլիոններու “կուռք” Ճենիֆըր Լոփէզին, Մատոննային, Ռիհաննային կը զարդարեն, իրենց ելոյթներուն ժամանակ…։ Որո՞նք են Ձեր ծրագիրները 2015-2016 թուականներուն համար։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչպէս որ յայտնեցի, դիւրին չէ Շառլ Ազնաւուրի, Ճենիֆըր Լոփէզի, Մատոննայի, Ռիհաննայի եւ Նիքի Մինաժի նման “աստղ”երուն հետ գործ ունենալ ու «ԵՓՐԵՄ»ի գոհարեղէններով զարդարել… եւ ուրախ պահել զանոնք։ Մեր յաջորդ քայլերը պէտք է ըլլան նախ եւ առաջ պահպանել յառաջատարի մեր դիրքերը եւ նորանոր ստեղծագործութիւններ “լոյս աշխարհ” բերել։ Պիտի ջանանք միշտ մեր հաստատութիւնը ճանչցնել ոսկերչութեան լաւագոյն շրջանակներուն։

Այս տարի եւս պիտի մասնակցինք Պազելի (Զուիցերիա), «Couture»-ի (Ամերիկա), Հոնկ Քոնկի, Քաթարի, Պահրէյնի միջազգային ոսկերչութեան ցուցահանդէսներուն, ներկայացնելով մեր ստեղծագործութիւններն ու արտադրանքները։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս շռնդալից յաջողութիւններէն ետք, ի՞նչ է Ձեր խօսքը մեր ընթերցողներուն։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ուրախ ենք որ մեր զոյգ հայրենիքներուն՝ Հայաստանի եւ Լիբանանի անունը բարձր կը պահենք ոսկերչութեան բարդ աշխարհին մէջ։ Եթէ֊ մենք, որպէս հայ ու լիբանանցի կ’ուզենք առաջինը ըլլալ՝ ապա եւ ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզի կասեցնել՝ մեր իրագործելիք նպատակներէն։

*******

Իրաքեան Քիւրտիստանի Խորդարանը
Կը Քննարկէ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Համօ Մոսկոֆեան, Էրպիլ-Պէյրութ, Մայիս 2015

Արեւմտահայերու Ազգային չորրորդ Համագումարին` Փարիզի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողի թոռ, այժմ իրաքեան Քիւրտիստանի խորհըրդարանի անդամ Երուանդ Ամինեանի եւ նոյնպէս խորհրդարանական, նախագահ Մեսուտ Պարազանիի մերձաւոր, քիւրտ պետական գործիչ Ալի Հալոյին ելոյթները զգայացունց էին…: Մեր բազմաթիւ ճանապարհորդութիւնները դէպի ազատատենչ Էրպիլ, Զախօ, Տհոք, Հավրէզ, Աւզրակ զուր չէին անցած ու փոքրաթիւ, բայց հերոսներու ժառանգներ հանդիսացող հայկական ծաղկուն գաղթօճախը կրցաւ ի վերջոյ բանաձեւ ներկայացնել  «Տէ Ֆաքթօ» անկախ երկրին խորհրդարանին մէջ: Քիւրտերը բազմիցս, նաեւ Ալի Հալօ Փարիզի մէջ, ընդունեցին իրենց ցեղակիցներու կատարած տխուր դերը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, ներողութիւն խնդրեցին եւ փաստօրէն անոնք մասամբ կը հատուցեն իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ եկեղեցիներ ու մշակոյթի կեդրոններ կառուցել տալով հայոց համար:

Պետական երեսփոխան Երուանդ Ամինեանի բանաձեւին տակ ստորագրած են աւելի քան 40 խորհրդարանականներ, ինչպէս Հայրենասէրներու Միութեան, այնպէս ալ իշխող Քիւրտիստանի Տեմոքրատական Կուսակցութեան անդամներ` ինչպէս Ռեվաս Ֆայիք Մուհամէտ Ամիտ Տերշէվի, որոնք նշեցին թէ արդէն բոլորը գիտեն թէ ցեղասպանութիւն գործուած է հայերու դէմ եւ իրաքեան Քիւրտիստան պէտք է նախաձեռնող ըլլայ այդ հարցով: Մինչ այդ քննարկումները կը շարունակուին եւ նոյնիսկ թրքական ճնշումներու պայմաններուն մէջ իսկ, ամէն կողմէ պաշարուած իրաքեան Քիւրտիստանի համար, բանաձեւը մեծ յաջողութեամբ կրնայ ընդունուիլ:

You May Also Like
Read More

Մեր մտքերը Հայաստանում են․ ռազմական դրությունն ու օտարության մեջ գտնվող հայերը

Մարիամ Մուղդուսյան, Տորոնտո, 27 Սեպտեմբեր 2020 Ադրբեջանի կառավարությունը սանձազերծել է լայնատարած պատերազմ Լեռնային Ղարաբաղի և Հայաստանի հանրապետության դեմ՝…
Read More