Հայ Կինը՝ Ոգիի Սերմնացան

Մեր Դիտանկիւնէն

Երան Գույումճեան, Ազատ Խօսք,  Նիկոսիա, Մարտ 2015

Համայն աշխարհը հերթական անգամ տօնակատարեց Մարտի 8-ն, մեծարելով կինը որպէս մայր եւ ընդհանրապէս որպէս մարդկային ընկերութեան եւ քաղաքակրթութեան մէջ իր ինքնուրոյն տեղն ու դերը ունեցող անհատ, որուն լիարժէք ընկերային ազատագրումը եւ աշխարհի ու երկիրներու կառավարման բարձրագոյն օղակներուն մէջ անոր մասնակցութիւնը տակաւին կը մնան շատ թերի….Կը շարունակուին դեռ անոր շահագործումը, անոր իրաւունքներու բռնաբարումը՝  նոյնիսկ ամէնէն զարգացած երկիրներու մէջ ալ:

Մեր մօտ նոյնպէս, հակառակ հայ կնոջ նկատմամբ յարգանքի եւ մեծարանքի բարձրագոյն եւ ջերմագոյն արտայայտութիւններուն, հայ կինը դեռեւս լիարժէք չէ ներկայացուած՝  հայ կեանքն ու անոր ճակատագիրը տնօրինող բարձրագոյն կառոյցներուն մէջ, որպէս որոշում կայացնող, այր մարդուն հաւասար անձ ու անհատականութիւն:  Վստահաբար, հայ կեանքը՝  ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս, շատ բան պիտի շահէր եթէ հայուհին աւելի ներգրաւուէր ազգային-հասարակական-պետական կեանքի ամէնէն պատասխանատու պաշտօններու մէջ, եւ ոչ միայն իր գիտելիքներով ու հմտութեամբ, այլեւ իր անձնազոհութեամբ, անկոտրում ոգիով, նուրբ զգայնութեամբ, խորաթափանցութեամբ ու հնարամտութեամբ՝  կարենար իր բարերար նպաստը բերել հայ կեանքի բարեկարգման եւ զարգացման կարեւոր գործին մէջ:


Մեր Դիտանկիւնէն

Երան Գույումճեան, Ազատ Խօսք,  Նիկոսիա, Մարտ 2015

Համայն աշխարհը հերթական անգամ տօնակատարեց Մարտի 8-ն, մեծարելով կինը որպէս մայր եւ ընդհանրապէս որպէս մարդկային ընկերութեան եւ քաղաքակրթութեան մէջ իր ինքնուրոյն տեղն ու դերը ունեցող անհատ, որուն լիարժէք ընկերային ազատագրումը եւ աշխարհի ու երկիրներու կառավարման բարձրագոյն օղակներուն մէջ անոր մասնակցութիւնը տակաւին կը մնան շատ թերի….Կը շարունակուին դեռ անոր շահագործումը, անոր իրաւունքներու բռնաբարումը՝  նոյնիսկ ամէնէն զարգացած երկիրներու մէջ ալ:

Մեր մօտ նոյնպէս, հակառակ հայ կնոջ նկատմամբ յարգանքի եւ մեծարանքի բարձրագոյն եւ ջերմագոյն արտայայտութիւններուն, հայ կինը դեռեւս լիարժէք չէ ներկայացուած՝  հայ կեանքն ու անոր ճակատագիրը տնօրինող բարձրագոյն կառոյցներուն մէջ, որպէս որոշում կայացնող, այր մարդուն հաւասար անձ ու անհատականութիւն:  Վստահաբար, հայ կեանքը՝  ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս, շատ բան պիտի շահէր եթէ հայուհին աւելի ներգրաւուէր ազգային-հասարակական-պետական կեանքի ամէնէն պատասխանատու պաշտօններու մէջ, եւ ոչ միայն իր գիտելիքներով ու հմտութեամբ, այլեւ իր անձնազոհութեամբ, անկոտրում ոգիով, նուրբ զգայնութեամբ, խորաթափանցութեամբ ու հնարամտութեամբ՝  կարենար իր բարերար նպաստը բերել հայ կեանքի բարեկարգման եւ զարգացման կարեւոր գործին մէջ:

Հայ կինը մեր բազմահազարամեայ պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրած է արիութեան, ազգային բարձր գիտակցութեան եւ հայրենապաշտութեան բազում սխրանքներ, մեծագործութիւններ, որոնք օղակ առ օղակ կ'ագուցուին իրարու հասնելով մինչեւ մեր օրերը:  Հեթանոսական շրջանի աստուածուհիներէն՝  «ոսկեմայր», «ոսկեմատն», «մայր զգաստութեանց» Անահիտի՝  պաշտամունքի արժանի կերպարէն մինչեւ հայ թագուհիներու, իշխանուհիներու հայրենակերտ ու հայրենապաշտպան վսեմ վարքագիծը. Մամիկոնեաններու Շուշանիկներէն եւ հայոց աշխարհի «Փափկասուն Տիկնայք»էն մինչեւ զէն ի ձեռին հայրենիքի ազատագրութեան համար մարտնչող, անմնացորդ զոհուելու պատրաստ Սօսէ մայրիկներն ու ֆէտայի հայուհիները. հայ կեանքի զարթօնքին նուիրուած լուսամիտ ու յառաջապահ Արշակուհի Թէոդիկներէն, Սրբուհի Տիւսաբներէն ու Զապէլ Եսայեաններէն, մինչեւ Եղեռնի գեհենային օրերուն, ամէն անձնական իրեղէն թողած, «Մշոյ Ճառընտիր» վիթխարի եւ արժէքաւոր գիրքը՝  թուրքին եաթաղանէն փրկող երկու մշակութանուէր հայուհիները եւ անոնց նմանները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ կը խտացնէ հայ կնոջ իտէալի մեր հաւաքական կերպարը….Այդ կերպարի նորօրեայ մարմնաւորումն էին անկասկած Արցախեան ազատագրական պայքարի մէջ փայլատակած հայ հերոսուհի կիներն ու մայրերը, որոնց սէրն ու նուիրումը առ հայրենին, անանձնական զոհողութիւնը յանուն անոր ազատութեան եւ արժանապատուութեան դարձան նորագոյն օրինակներ՝  ներշնչումի եւ ոգեշնչման….

Մեր պատմութեան երթին մէջ, հայ կնոջ թերեւս ամէնէն մեծ ու էական, անոր առանցքային դերակատարութիւնը  եղեր է, սակայն, անոր մայրական առաքելութիւնը:  Հայ կինն է եղած հայ ընտանիքի հիմնասիւնը՝  դարերու փոթորիկներուն ընդմէջէն, ան է որ սերունդէ-սերունդ  պահեր-պահպաներ է հայ օճախը՝  աներեր, մեր մայրենին ու մեր սրբութիւնները՝  անաղարտ ու կենսունակ, հայ ոգին՝  ամուր ու լուսաւոր:  Ազգի ու հայրենիքի հիմքը՝  առողջ ընտանիքն է որոշապէս, իսկ առողջ ընտանիքի հիմքը՝  հայ գիտակից մայրը:  Ի զուր չէ ըսուած. «Մայրերու ափին մէջ պիտի փնտռել ազգերու ճակատագիրը»:  Մայրն է որ իր զաւակներուն սրտին մէջ կը սերմանէ արժէքներ եւ առաքինութիւններ, ոգիի յատկանիշներ, կամ՝  հակառակը:  Դիպուկ է այն խօսքը որ կ'ըսէ. «Ո՛չ իմաստասէրներ, ո՛չ ալ թագաւորներ օգնութեան կանչեցէք Հայրենիքին, այլ մայրական ազդեցութիւնը միայն», քանզի մայրն է որ իր հոգիէն՝  հոգի եւ ոգիէն՝  ոգի կը փոխանցէ իր զաւակներուն՝  իր ամէնօրեայ դաստիարակութեամբ, խրատներով ու յորդորներով եւ մանաւանդ իր անձնական կեանքի, սեփական վարքի օրինակով:  Մայրական սէր, նուիրում, քնքշութիւն ճառագայթող եւ միաժամանակ տոկունութիւն, խիզախութիւն, արժանապատուութիւն արտացոլող իր  անհատականութեամբ ու կենսակերպով: Մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաջին դերակատարը, մարդ-անհատին ամէնէն ազդեցիկ եւ մնայուն դաստիարակը մայրն է:

Ըսուած է, որ Սպարտան՝  հնագոյն ժամանակներուն, կը հասցնէր հայրենապաշտ եւ աներկիւղ մարտիկներ, որովհետեւ մայրերու ցանկութիւնն էր՝  նման սերունդ տալ Հայրենիքին:  Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, հայ հայրենապաշտ, քաջարի մայրն է որ կրնայ ծնունդ եւ հոգեմտաւոր սնունդ տալ ազգասէր ու հայրենապաշտ սերունդի:  Գարեգին Նժդեհ, որուն անունը յաճախ տեղի-անտեղի կը չարաշահուի մեր օրերուն, դիպուկ կերպով կը գրէ. «Հայ կինը:  Սրա միջոցով հոգեփոխենք հայ ընտանիքը:  Այդ վերջինի միջոցով՝  հայութիւնը:  Սկսենք հայ կնոջից, աշխատենք անդուլ մինչեւ որ սրա կաթը դառնայ հայրենապաշտութեան սրբազան կաթ:….Հայ կնոջից սպասենք հոգեբանական այդ հրաշքը:  Ունենանք առիւծածին մայրեր…»:

21-րդ դարուն յատկապէս՝  երբ համաշխարհայնացման ահեղ հողմերը կը միտին համահարթեցնել ու ջնջել ամէն ազգային արժէք ու ինքնութիւն, լեզու եւ մշակոյթ, պատմութիւն եւ յիշողութիւն….երբ կը խարխլուին ընտանիքի հիմքերը, կը սրբապղծուի մայրութեան խորհուրդը, երբ նիւթապաշտութիւնն ու գործնապաշտութիւնը կ'աւերեն ամէն հոգեմտաւոր արժէք ու սրբութիւն, երբ կը նահանջեն դարաւոր մարդկային աւանդոյթներ, հոգի եւ ոգի….եւ նոյնիսկ հայրենիքներ կը պարպուին իրենց ոգեղէնութենէն, դառնալու համար սոսկ բնակութեան վայր, ուրկէ դիւրաւ կարելի է արտագաղթել,…. երբ՝  «ո՛չ միայն հացիւ» ապրելու հոգեւոր-բարոյական անհրաժեշտութիւնը կը դառնայ  իմաստազուրկ  հասկացութիւն միայն, հայ մայր դաստիարակելը, հայ մայր ըլլալը կը դառնան՝  հոսանքն ի վեր թիավարելու մարտահրաւէր, այլեւ հրամայական անհրաժեշտութիւն՝  ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան համար:

Իրենց զաւակը օտար դպրոց առաջնորդող, քաղքենիացած եւ օտարացած մայրերու կողքին,  դեռ կա՛ն ու կ'ապրի՛ն գլխատառ հայ մայրեր, որոնց վսեմ օրինակը կրնայ վարակիչ դառնալ մեր երիտասարդ մայրերուն:  Նման հերոսական ոգիով ամրապինդ Հայ Մայր է, անտարակոյս՝  վերջերս հերոսաբար նահատակուած Արմէն Յովհաննիսեանի մայրը, որ կը գրէր իր 30 Սեպտեմբեր 2014 թուակիր նամակին մէջ, հասցէագրուած Նիկոսիաբնակ աւագ արիապետ Յարութիւն Անմահունիի. «Այրւում է սիրտս զաւակիս կորստից, սակայն հպարտ եմ անսահմանօրէն՝  որդիս նահատակուեց քաջերի արիւնով սրբագործուած հայրենի հողի համար:  Մենք՝  հայերս, հերոսածին ազգ ենք, անպարտելի է մեր ոգին….Հերոսները երբե՛ք չեն մեռնում, նրանց շնորհիւ է որ մեր հայրենիքը յաւերժ է….Արմէնն իր անօրինակ սխրանքով մի լուսաւոր հետք թողեց համայն հայութեան սրտում…»:

Նման մայրը արժանի շառաւիղն է Մշոյ մայրիկներու եւ անոնց նմաններուն, որոնց սրտապնդող երգը ուղղուած իրենց որդւոյն՝  ԶԱՐԹԻ՛Ր  ԼԱՕ՛, պիտի հնչէ դարէ-դար, ոգի արթնցնելու, ազգային-հայրենական հերոսութեան մղելու իրենց զաւակները, սէ՛ր, նուիրո՛ւմ սնուցանելու դէպի հայրենի սուրբ հողը….ընդդէմ պարտուողականութեան, նահանջականութեան եւ ազգային-հայրենական դասալքութեան….

Ոգի սերմանողն է հայուհին՝  պատմութեամբ, ճակատագրով, դաստիարակութեամբ:  Դարձեալ մէջբերենք Նժդեհի անմահ խօսքերը. «Հայուհի՛ն, որին կարելի է ճանաչել հազարաւոր օտարուհիների մէջ այն կնիքով, որ նրա ճակատին դրել է դարերու տառապանքը….Նրա հայրենասիրութիւնը՝  աստուածային կրակ, բոց ու ջերմութիւն, պիտի արթնացնի թմրած առիւծը իր ժողովրդի մէջ, պիտի բարձրացնի մեր առօրեայ կեանքի թափը, պիտի քաղցրացնի ու հեշտացնի անձնազոհութիւնը:  Ոգիացած հայրենասիրութիւն, որից ժողովուրդները ստեղծում են մի հրաշագործ ոյժ, անհրաժեշտ Հայրենիքների անկախութեան ու հզօրութեան համար»:

Կա՞յ աւելի խորիմաստ եւ խորախորհուրդ պատգամ ուղղուած հայ կնոջ եւ հայ մօր՝  Մարտ 8-ի առիթով եւ ընդհանրապէս ալ:
 

You May Also Like
Read More

Մանուկին Ճաշարանը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան , Նիկոսիա, 30 Յունուար 2019 Մանուկ Մարզոյեանը` Մանուկ պէյ, Օսմանեան կայսրութեան օրերուն եղած էր մեծահարուստ…
Read More
Read More

«ՍԱՍՆԱՅ ԾՌԵՐ»

ՀՀ Նախագահի «ճառը»      Մինաս Գոճայեան,  Լոս Անճելըս, 2 Օգոստոս 2016   Եթէ Սփիւռքի «ղեկավարութիւնը» ողնահար ունի, քամակը պէտք է…
Read More