Ռոպերթ ֆիսք («Ինտիփենտնթ»)
-«Վերադարձայ Պէյրութ: Կիրակի օր մը, Միսաք Քէլէշեան, հայազգի հետազօտող մը, ցոյց կուտար արխիւային իսկական ֆիլմ մը Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այն պատրաստուած էր գերմանացի նկարահանողներու կողմէ՝ 1918-ին եւ 1920-ին…1915թ.ի մէկ ու կէս միլիոն հայերու Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք Օսմանցի թուրքերու ձեռքով: Ահաւասիկ մեր աչքերուն առաջ 20-րդ դարու Առաջին Ողջակիզումը, որ մեր թանկագին նախագահ Պարաք Օպամա չի համարձակիր նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն կոչել՝ միայն եթէ անարգէ Թուրքիան: Յետագայ ցուցադրումը ցոյց կուտայ 20000 որբեր Պէյրութի, 30000 ալ Հալէպի մէջ: Ո՞ւր են իրենց ծնողքը: Մի հարցնէր Օպամային…: Տօքթ. Լեւիսիուս, գերմանացի մը որ կ’աշխատի Near East Relief-ին, մանուկներ կը գրկէ: Յետոյ կայ որբանոցի մը նկարը թուրքերու կողմէ տնօրինուած՝ 1915 թ.-ին Պէյրութի մէջ, ուր մանուկներ նացիական ձեւով, կը «թրքացուէին», մահմետական անուններով ջնջելով իրենց էութիւնը:
Ռոպերթ ֆիսք («Ինտիփենտնթ»)
-«Վերադարձայ Պէյրութ: Կիրակի օր մը, Միսաք Քէլէշեան, հայազգի հետազօտող մը, ցոյց կուտար արխիւային իսկական ֆիլմ մը Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այն պատրաստուած էր գերմանացի նկարահանողներու կողմէ՝ 1918-ին եւ 1920-ին…1915թ.ի մէկ ու կէս միլիոն հայերու Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք Օսմանցի թուրքերու ձեռքով: Ահաւասիկ մեր աչքերուն առաջ 20-րդ դարու Առաջին Ողջակիզումը, որ մեր թանկագին նախագահ Պարաք Օպամա չի համարձակիր նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն կոչել՝ միայն եթէ անարգէ Թուրքիան: Յետագայ ցուցադրումը ցոյց կուտայ 20000 որբեր Պէյրութի, 30000 ալ Հալէպի մէջ: Ո՞ւր են իրենց ծնողքը: Մի հարցնէր Օպամային…: Տօքթ. Լեւիսիուս, գերմանացի մը որ կ’աշխատի Near East Relief-ին, մանուկներ կը գրկէ: Յետոյ կայ որբանոցի մը նկարը թուրքերու կողմէ տնօրինուած՝ 1915 թ.-ին Պէյրութի մէջ, ուր մանուկներ նացիական ձեւով, կը «թրքացուէին», մահմետական անուններով ջնջելով իրենց էութիւնը:
Պատ. Նախնական ուսումս ստանալէ ետք ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Տեմիրճեան ու Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններէ ներս, ուսումս շարունակած եմ Անգլիոյ «Ուիլզտըն Գոլէճ Աֆ Թեքնոլոճի» մէջ՝ վկայուելով որպէս ելեքտրագէտ-ճարտարագէտ: Այժմ կ’աշխատիմ ԱՄՆ-ի «Սիլիքոն Վելի»ի մէջ, որպէս արտասահմանեան գործողութեանց կառավարիչ: 2005 թ.-էն ի վեր (հետաքրքրութիւնս եւ մասնագիտութիւնս եղած է ամէն ինչ որ նկարներու հետ կապուած է: Աշխատակցած եմ New York Times-ի ու Time Worker-ի, Time Magazine-ի մէջ, երբ 11 տարի Ամերիկա ապրած էի) Սկսայ հաւաքել այն ինչ որ հայկական հարցի եւ դատի հետ ու վերաբերեալ է: Տարիներու ընթացքին ցուցադրութիւններ կազմակերպեցի Արարատի եւ Անիի մասին, ինչպէս նաեւ յայտնաբերեցի Լիբանանի Այնթուրայի «Սէն Ժոզեֆ Գոլէճ»-ին մէջ գտնուող՝ Օսմանեան իթթիհատական թրքացման որբանոցը՝ ձեռամբ տխրահռչակ Հալիտէ Էտիպի ու հովանաւորութեամբ Ճեմալ Փաշայի: Ես պատմաբան չեմ, այլ իմ աշխատանքիս ֆինանսաւորմամբ այսպիսի ծրագիրներ կ’իրականացնեմ:
Տարիներու ընթացքին հանդիպեցայ ինծի նման «խենթերու»՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ որոնք նոյն մտահոգութիւնները ունին: Քանի որ Հայ ժողովրդին մեր կեդրոնական խարիսխ մը չկայ այսպիսի արխիւներու ու փաստագրութեան հաւաքման, այնպէս որ երիտասարդներու հետ մեր ժողովրդին պատմութեան եւ «անյայտ» էջերուն մասին միասնաբար նիւթեր կը հաւաքենք օրինակ, Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղը եղած է Near East Relief-ի որբանոց, զոր մատակարած է այդ մարդասիրական կազմակերպութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղը: Գտած էինք նկար մը նաեւ ուր ցոյց կուտար Աւստրալիոյ դրօշին ծածանումը որբերուն վրայ…:
Ամերիկահայ Ազգային գործիչ Յարութ Սասունեանի միջոցով կապ հաստատեցինք արխիւային նոյն նիւթերով զբաղող, Աւստրալիոյ մէջ բնակող հայու մը հետ՝ կարողանալով իմանալ թէ 1700 որբեր կը խնամուէին նախկին որբանոցին մէջ, Կալիպոլիի մարտերուն մասնակցած Աւստրալիացի «Անզաք»-ներուն կողմէ 1923 թ.-ին: Կարելի եղաւ ձեռք ձգել բազմաթիւ լուսանկարներ՝ եւ ցուցահանդէս կազմակերպուեցաւ նոյն եկեղեցիի դահլիճին մէջ որուն՝ որբախնամ Պատուելին անդամը եղած է: Բոլորն ալ նկատեցին թէ բազմաթիւ Աւստրալիոյ Ծերակուտականներ (Senator) եւ պետական այրեր այցելեցին այս ցուցահանդէսը… զարմացած: Անոնք տեսան նաեւ թէ ինչպէս Աւստրալիական մեծ նաւուն վրայ գրուած է «Flour for Armenian Children» (ալիւր հայ մանուկներուն): Այս աշխատանքէն վերջ, Հայ Դատի տղաքը կապուեցան քաղաքագէտներուն հետ եւ Հարաւային Աւստրալիոյ նահանգը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այնտեղ ուր միայն 93 հայ ընտանիքներ եւ 10-11 հազար թուրքեր կ’ապրին…:
Այս բոլորը երկու «խենթ»երու՝ Լիբանանէն Միսաք Քէլէշեանի եւ Աւստրալիա ծնած Վիգէն Բաբգէնեանի (որ նոյնիսկ հայերէն չի գիտէր…) ջանքերով եւ համեստ պայմաններով:
«Որբերու Աղերսը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն՝ ՀԲԸՄի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ
Հ. Այժմ ինչպիսի ծրագիրներ ունիք իրագործելիք եւ մինչեւ ո՞ւր պիտի երթաք:
Պ. Մեր աշխատանքը սահման չունի: Մեր նպատակը եւ ջանքերը կը միտին մոռացուած եւ թաղուած պատմական իրականութիւնը դէպի լոյս աշխարհ բերել, լսատեսողական արդիական միջոցներով (multimedia), որ աւելի հասանելի է նոր սերունդին: Նաեւ այն բոլոր հայասէր ու մարդասէր օտարականներու բարեգործութիւնները Հայ ժողովրդին հանդէպ «Near East Relief»-էն օրինակ, եղած են Քուպայէն, ֆիլիփինէն, Ճափոնէն, բարեգործներ՝ որոնք նիւթական եւ մարդասիրական մեծ օգնութիւններ ուղարկած են Հայ ժողովրդի խլեակներուն: Հայ որբերը պահելու, այրի կանանց գոյատեւելու եւ պահպանելու իրենց գոյութիւնը, հոգեւոր եւ մտաւոր դաստիարակութիւն տալով, նոյնիսկ արհեստներ սորվեցնելով անոնց: Այսինքն՝ մոռցուած էջերը մէջտեղ հանել եւ որպէս երախտագիտութիւն՝ Շուէտի, Գերմանիոյ, Ամերիկայի, Անգլիոյ, Հարաւային Քորեայի եւ այլ երկիրիերու քաղաքացիներուն:
Հ. Շուտով, պիտի նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ձեր եւ Ձեր նմաններուն տարած այս հսկայական աշխատանքը ի՞նչ դէր պիտի ունենայ 20-րդ դարու սկիզբը գործուած մարդկութեան հանդէպ այս մեծագոյն ոճիռին պատմական փաստագրութեան մէջ:
Պ. Այսօր, Ցեղասպանութիւնը իրագործուած Հայոց դէմ անժխտելի փաստ մըն է եւ մնացեալը՝ քաղաքական հարց է: Պէտք եղածէն աւելի արխիւային նիւթեր կան՝ որոնք կը փաստեն եղելութիւնը: Տարիներու ընթացքին, երբ քաղաքականօրէն թուրք ժողովրդէն պահած են իրականութիւնը, պետական շահերէ մեկնելով որպէս «թապու»: Ոչ միայն իթթիհատականները, այեւ քեմալականները՝ որոնցմէ շատեր այդ ցեղասպանութեան մէջ գլխաւոր դէրէր ունեցած էին: Թուրքերէ շատեր անընդունելի պիտի տեսնէին այն որ իրենց հայրերն ու մեծ հայրերը ոճրագործներ եղած են: Ես շատ համաձայն եմ որ թուրքերու հետ երկխօսութիւն ըլլայ, որուհետեւ, մէկ կողմ քաշուելով եւ նեղուելով, մենք իրաւատէր հայերս, պէտք է անոնց իրականութիւնը ըսենք առանց վարանելու: Շատ թուրքեր այսօր մեզի կ’օգնեն արխիւային նիւթերու հայթյաթման մէջ: Այլախոհ ու նոր սերունդի ներկայացուցիչներ՝ Ոագէպ Զարաքոլուի, Թաներ Աքչամի, Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքի նման իրենց կեանքը զոհաբերած անձինք՝ որոնք խիզախաբար գրեցին «յայտարարեցին մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդն ու տարագրութիւնը: Անոնք մինչեւ այսօր կը հալածուին որպէս «Ազգի Դաւաճան» եւ դաւադիր են: Կան նաեւ Հրանդ Տինքը սպանող եւ յեղաշրջումներ կազմակերպող զինուորական դաւադիր շրջանակներ: Սակայն ասոնց կողքին՝ մարդասէրներ եւ արդարութեան մարտիկներ: Այսինքն՝ մէկ կողմ քաշուելով, սպասելով որ թուրքերը մեզմէ ներողութիւն խնդրեն՝ չի կրնայ ըլլալ:
Այսօր, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յետադէմ մամուլը, համացանցով եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով ամենուրեք քարոզչական արշաւի ձեռնարկած են, այս բոլորին մէջ՝ ո՞ւր ենք մենք: Այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնն ու պետութիւնը կարող են համեստ միջոցներով այս կեղծիքի եւ սուտի քարոզչութեան դէմ անողոք պայքար տանիլ: Դժբախտաաբար հայոց պատասխանները շատ թոյլ եւ ոչ արհեստավարժ չեն: Մինչ՝ հակա-ողջակիզման մէկ հատ իսկ յօդուած լոյս տեսնէ, հազարաւոր բողոքի նամակներ կը ստանան հեղինակները: Մանաւանդ, ոչ-հայախօս նոր սերունդը, պէտք ունի լուսաբանման եւ տեղեկատութեան, համացանցի եւ այլ միջոցներով հայապահպանումը շարունակելու համար:
Հ. 21-րդ դարու 2-րդ տասնամեակի սեմին, ի՞նչ է Ձեր պատգամը:
Պ. 24 ժամ մեր Դատը շնչելու է: Ոչ թէ այն հոգեբանութեամբ որ ցաւալի նիւթ է: Ցեղասպանութիւն բառը չի կրնայ նկարագրել թէ որքա՞ն ողբերգական եւ դժուար եղած եւ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է ամէն հայու վրայ: Այն խաչ մըն է որ կը կրենք: Ստիպուած ենք հայերէն գիտնալ, Հայ Դատը զգալ մեր նախնիներու ցաւերը փոխանցել: Այս տկար, լացի-կոծի, արիւնի ու սուտի հարց չէ: Մարդու իրաւունքի եւ մարդկութեան հարց է: Աշխարհի որեւէ կրօնք եւ հաւատամք, այս անմարդկութիւն չի կրնար ընդունիլ, նամանաւանդ հերքել, 21-րդ դարու մէջ ուր այսքան անհերքելի փաստեր կան:
Ես կը հաւատամ հաւաքական գործին ու չեմ կրնար հասկնալ որ այս ի՞նչ անկիւնային դժուարութիւն է որ, բոլոր հայկական կուսակցութիւնները, համայնքները, եկեղեցիները չեն կարողացած 95 տարի վերջ համա-հայկական հիմքի մը վրայ համաձայնիլ: Միւս կողմէ՝ թուրքերը անընդհատ կը ստեն, իրենց գործած ահաւոր ոճիռներուն մասին: Մեր աշխատանքը կը ջանանք որ ըլլան համա-հայկական: Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած անընդունելի ոճիռ մըն է եւ մենք հայերս, պէտք է միաբան ըլլանք այդ մակարդակի վրայ: