Ես ալ հայ եմ, ես ալ մարդ եմ

Բաբկէն Պոյաճեան, Թորոնթօ, 26 Օգոստոս 2024

Նորէն Օգոստոսի 26-ն է, 1958-ի եղբայրասպան ոճիրներու 66-րդ տարին եւ նորէն անտարբերութիւն. ո՛չ մէկ պատրաստակամութիւն Եկեղեցիով եւ կուսակցութիւններով ներողութիւն խնդրելու զոհերու մայրերէն, այրիներէն եւ որբերէն: Այս բոլոր անտարբերութիւններուն տրամաբանական հետեւանքն եղաւ մեր վերածուիլը ՊԱՐՏՈՒԱԾ ամբոխի: Երբ չենք ընդունիր անցեալի սխալները եւ դաս չենք քաղեր մեր յիմար սխալներէն՝ կը դառնանք ՊԱՐՏՈՒԱԾ:

Երբ չենք ուզեր զղջալ, ամչնալ մեր ոճիրներուն համար, զանոնք խոստովանիլ, ապաշխարել, ներողութիւն խնդրել մարդոցմէ եւ քաւութիւն՝ Աստուծմէ, հետեւանքը կ’ըլլայ ազգային պարտութիւնը Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մէջ: Դարձանք ՊԱՐՏՈՒԱԾ հաւաքածոյ մը, որովհետեւ ազգ ըլլալէ շատոնց դադրած ենք: Արդեօք պիտի գա՞յ օրը, երբ պիտի յայտնուի մարդկային ու ազգային արժէքներուն հաւատարիմ առաջնորդը, որ համախմբէ մեզ, դուրս կը բերէ այս մղձաւանջէն եւ հոգեւոր ու բարոյական զարթօնքով հիմնովին շրջէ մեր ներկայի աղետալի վիճակը:

Բարոյապէս իջած ենք այն աստիճանին, որ կը հպարտանանք մեր … կորուստներով՝ թշնամիներուն զիջելով ամէն ինչ, ամենէն առաջ՝ հայրենի հողն ու ազգային արժանապատւութիւնը: Հաւանաբար շուտով զիջինք ինչ որ մնացած է Մայր Հայրենիքէն: Մենք զօրաւոր ենք իրարու հայհոյելու, իրարու դէմ սուր շարժելու, իրարու դէմ կրակելու մէջ, իսկ մեր առաջնորդները մտահոգուած են ազգէն ու պետութենէն իրենց կողոպտածները պահպանելու եւ բազմապատկելու <լուրջ> հարցով:

Դժբախտաբար այս է իրականութիւնը:

Կ’ուզեմ հարցնել` մենք բարոյական ի՞նչ ժառանգ պիտի ձգենք նոր սերունդներուն, զանոնք ինչպէ՞ս պիտի համոզենք, որ մենք տարբեր ենք ուրիշներէն, երբ մենք ՊԱՐՏՈՒԱԾ ենք, ամենէն առաջ՝ բարոյականութեան ճակատին վրայ:

Ո՜վ դուք ղեկավար կոչուածներ, եկեղեցական թէ աշխարհական,

Դուք ձեր հօտին, ձեր զաւակներուն եւ թոռներուն պիտի ժառանգէք ձեր ճակտին դաջուած ամօթի խարանը եղբայրասպան ոճիրներու: Ուշքի՛ եկէք, տիկնայք եւ պարոնայք, վե՛րջ տուէք ազգի պառակտումին, թշնամանքի հասած ատելութեան, համախմբուեցէ՛ք ու զօրացէ՛ք, որպէսզի խաղալիք չդառնանք մեր թշնամիներուն եւ նոյնիսկ բարեկամներուն ձեռքին:

Լիբանանի 1958-ի եղբայրասպան նախճիրներէն 66 տարի ետք, ոչ մէկ բան մոռցուած է: Երիտասարդ նահատակներուն ծնողներն ու այրիները եթէ այլեւս չկան այս աշխարհին մէջ, կան սակայն անոնց զաւակները, թոռներն ու ծոռները, միւս հարազատներն ու ընկերները: Անոնք միշտ պիտի սպասեն եւ պահանջեն ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը:

Միայն անկեղծ զղջումն ու ներողութեան հրապարակային խնդրանքը կը մաքրէ բոլոր եղբայրասպան ոճրագործներուն ժառանգորդները եւ անոնց պատկանած կուսակցութիւններուն ղեկավարները ամօթի եւ մեղքի յաւիտենական խարանէն։

Այո՛, կը յիշեմ ու պիտի յիշեմ եւ պիտի պահանջեմ: ԱՅԴ ԻՄ ԻՐԱՒՈՒՆՔՍ Է:

*****

4 comments
  1. Բաբկէն Պոյաճեանի հոգիին ճիչը, իրականութեան մէջ, իր խօսքովն իսկ՝ պարտուած ազգի մը ճիշդ ախտաճանաչումն է: Եղբայրասպանութեամբ ինկած բոլոր զոհերուն աճիւնները բնաւ չեն հանգչիր, իսկ այդ գերագոյն մեղքին «վերապրող»ներուն հոգիին փոթորիկները՝ իրենց անվերջօրէն հոգեխռով մոլուցքին պատճառաւ, պիտի ի վերջոյ ընկղմեն այն լաստը որ կը կոչուի հայրենիք, ազգային տեսիլք, անցեալի կամ այսօրուան արդար դատերը եւ իւրաքանչիւր միազգային երազ մը որ կը յանդգնինք ունենալ: Պատմութեան համար դար մը մարդկային ակնթարթի համազօր է: Ազգի մը մահը պէտք է չափել պատմութեան ակնթարթով եւ ոչ թէ անոր մարդկային տարբերակով: Այդ իմաստով՝ որքան ատեն որ պահանջուած արդարութիւնը մենք մեզի իսկ չենք շնորհեր, դժուար է ընդհանրապէս ընդունիլ թէ մեր ազգը մահուան սեմին չի գտնուիր կամ թէ վերապրած կրնանք ըլլալ առաջին ցեղասպանութենէն: Ի վերջոյ՝ մենք չե՞նք որ այժմ միւս բոլոր «առաջին»ներուն կողքին, այժմ կը յատկանշուինք որպէս առաջին ժողովուրդը որուն դէմ երկու ցեղասպանութիւն գործուած է:

  2. Dear Keghart, what are some of the details of the events that took place 66 years ago in Beirut? My sense is many of your readers have no knowledge of or have never heard of these events. A short background would help us better appreciate this essay. Thank you.

  3. There is an AUB Master’s thesis, Political Studies and Public Administration department, by Seta Kalpakian:
    “THE DIMENSIONS OF 1958 INTER-COMMUNAL CONFLICT IN THE ARMENIAN COMMUNITY IN LEBANON”
    26 May 1983, Beirut, Lebanon.
    I recently downloaded the Pdf format, Academia, 106 pages.
    Will try to share it here if possible.
    file:///C:/Users/houry/OneDrive/Documents/Seta_Kalpakian_The_Dimensions_of_the_195.pdf

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like