Զարթի՛ր, լաօ, բայց որո՞ւ դէմ

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Լուսաբաց (Թիւ 1173), 14 Մայիս 2022

Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութեան կողմէ երեք տարուան մէջ երկու անգամ մերժուած և որպէս ”թալանջի” ճանչցուած խմբակցութիւնը, տասնեակ մը հազար հաշուող իր հետեւորդներով, կը շարունակէ փողոցային իր աղմկալի հաւաքներն ու երթերը իշխանսփոխութիւն յառաջացնելու նպատակով:

Օգտուելով ներկայ իշխանութեան թոյլատու քաղաքականութենէն, որ կ՛ուզէ լաւ երեւնալ յարելով Արեւմուտքի և Եւրոպայի ժողովրդավարական չափանիշերուն,  ընդդիմադիր կոչուող խմբակցութիւնը առիթը չի փախցներ տարածելու ”բազում աղմուկ վասն ոչինչի” իր արշաւը: Անօրինականութեան և անհնազանդութեան մոլուցքով լեցուած մարդիկ կարծէք բաւականացած չեն իրենց չարաբաստիկ  ”Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում” ի ձախորդ արկածախնդրութենէն, երբ յառաջ քշեցին այժմ անհետ կորած Վազգէն Մանուկեանը՝ զայն չընտրեալ վարչապետ առաջարկելով, ու հիմա ալ ելած են ազգի շալակը ”զարթի՜ր, լաօ” գոչելով:

Ի տես այդ մարդոց մոլեգին, աղմկալի ու ինքնահաւան պոռթկումներուն, մարդ կը տարուի հարց տալու, թէ որու՞ օգտին կը շարժին անոնք, եթէ ոչ միայն իրենց: Իշխանափոխութիւն պահանջողները իշխանատենչութենէ կը տառապին, որովհետեւ իրենց դաւանած հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան  և բարեփոխութեան մթերանոցին մէջ մը պակսի ժողովուրդին հաւատքը իրենց նկատմամբ: Փորձուածը անգամ մը ևս փորձելը յիմարութիւն է, և ժողովուրդը անոնց անցեալը վերյիշելով՝ «թքած ունի» անոնց կտակին (legacy) վրայ …. :

Դժուար օրերու մէջ կ՛ապրին մեր ժողովուրդն ու պետութիւնը և ամէնուն՝ Ռուսաստանի, Ամերիկայի և Եւրոպական խորհուրդին կողմէ բանեցոււած խիստ ճնշումները, որ ”նշացողը” վար իջեցնենք, որևէ ղեկավարի, Փաշինեան կամ ոչ-Փաշինեան, հակառակելու առիթ և կարելիութիւն չեն տար: Նախկինները երբեք փրկութեան ծրագիր կամ լուծում չեն ներկայացներ երկիրը դուրս բերելու այս անել վիճակէն և ներկայ վարչաձեւը քննադատելէ զատ բան չեն ըներ: Անոնք վարպետօրէն ձգձգեցին և յետաձգեցին քսան տարուան երկայնքին Արցախի հարցին լուծումը և խաբկանքներով օրօրեցին մեզ՝ առիթ տալով Ալիեւի, որ իր բանակը զօրացնէ և պարտութեան մատնէ մեզ: հիմա ալ այդ նախկինները նոր խաբկանքներով կը ներկայանան մեզի ”քաջ նազար”եան լոզունգներով նոր պարտութիւններու դռներ բանալու համաւ մեր առջև:

Եթէ ”երկու չարաց փոքրագոյնը” կ՛առաջարկուի մեզի ՄԵԾԵՐՈՒՆ կողմէ, պէտք է համակերպիլ ուզենք կամ չուզենք՝ անիծելով ՄԵԾԵՐԸ:  Ռուսիոյ դէմ ամբողջ Արեւմուտքին նեցուկը վայելող Ուքրանիոյ բախտը չունեցանք և չենք ալ կրնար ունենալ, երբ Թուրքիա կը շարունակէ ըլլալ շփացած գործընկերը ՆԱԹՕ-ի և Արեւմուտքի, երբ Փութինն ալ սիրաբանութեան մէջ է Էրտողանի հետ: Եթէ Արցախի ազգային նկարագիրն ու անոր ժողովուրդի ապահովութիւնը Փաշինեանը յաջողցնէ ՄԵԾԵՐՈՒՆ երաշխաւորութեամբ և անոնց տնտեսական օգնութեամբ, զայն դաւաճան կոչողները դաւաճանած կ՛ըլլան Հայաստանի և Արցախի մեր ժողովուրդին խաղաղ և անդորր կեանք ապրելու իրաւունքին դէմ:

Ասկէ դուրս ամէն ինչ ամբոխավարութեամբ զանգուածները աղէտալիօրէն գրգռել է ի վնաս ազգին ու հայրենիքին:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին տկար ըլլալով՝ ակամայ կորսնցուցինք հող ու անկախութիւն, և նոյն վիճակին մէջ գտնուելով այսօր՝ ոմանց յոխորտագին ձայներուն անսալով կրնանք մեր այս ունեցածն ալ  կորսնցնել:

Յուլիս 2021-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին ֆինանսական օժանդակութեամբ լոյս տեսաւ   ուսումնասիրութիւն մը՝ ”Սպիտակ Թուղթ” անուան տակ, որպէս վերնագիր ունենալով ”2020 թ. Ղարաբաղեան պատերազմը և Հայաստանի ապագա արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութիւնները” (139 էջ), հեղինակութեամբ իրենց ասպարէզներուն մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրած երեք հայորդիներու՝ Ռոբերտ Այդապիրեանի, Ժիրայր Լիպարիտեանի և Թալին Փափազեանի: Նախաբանի առաջին էջին վրայ անոնց  ըրած  հետեւեալ եզրակացութիւնը շատ բան պէտք է ըսէ ամբոխավարութեամբ մասսաները հրահրողներուն: ” Դժուարութիւնն այն է, որ պէտք է պահպանել այն, ինչը կարեւոր է Հայաստանի համար և ինչի վրայ կարելի է կառուցել, եւ թողնել այն, ինչը կարող է թուալ կարեւոր այս կամ այն մակարդակում, բայց դա կամ անիրագործելի է, կամ մեծ դժուարութիւններ է ստեղծում առաւել կարեւորի համար”:

Հայաստանի և Սփիւռքի մէջ ուրիշին հայրենասիրութեան դաս տալ ուզող աղմկարարները լաւ կ’ընեն, եթէ ականջ տան վերոյիշեալ իմաստութեան, որպէսզի պահպանուի կարեւորը Հայաստանի և Արցախի ժողովուրդներուն համար և ”քաջնազարեան” հերոսութիւններով մեծ դժուարութիւններ չստեղծեն առաւել կարեւորին համար: ”Զարթի՛ր, լաօ՜” պոռչտուքներով և պաստառներով, թրքամէտ կոչելով Փաշինեանն ու իր իշխանութիւնը, սխալ ճամբով քալելու պիտի չկրնան մղել լաօն: ”Սուլթան” չկայ Երեւանի մէջ, որ ”կ՜ուզէ ջնջէ մըզի” , և որո՞ւ դէմ պիտի զարթնի լաօն, երբ իր պետութեան ներկայացուցիչները աշխարհը կը շրջին իր կեանքի բարելաւումն և հայրենիքի խաղաղութիւնը ապահովելու համար:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like