Ազգային բանակին համար դրամատուն ստեղծելու առաջարկ

Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան, Լիբանան, 30 Յունիս 2021
Լիբանանի կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ՝  1985-1990

Այս ամփոփ ուսումնասիրութեան նպատակն է Հայաստանի ազգային բանակին  համար  յատուկ  դրամատուն  ստեղծելու առաջարկ մը:

ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Պետութեան անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին անվտանգութիւնը դարերէ ի վեր քաղաքակիրթ պետութիւններուն գլխաւոր աաջադրանքներէն մէկը դարձած է: Այս  մէկը անշուշտ կարեւոր մտահոգութիւն մըն է:

Այս հեղինակաւոր պարտականութեան ծանրութիւնը գլխաւորաբար կ’իյնայ տուեալ երկրի բանակին, ծովային եւ օդային պաշտպանութեան ուսերուն վրայ, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան եւ ոստիկանութեան զանազան բաժանմունքներուն վրայ:

Անվտանգութեան պահպանութիւնը խիստ, բծախնդիր քայլերով ուսումնասիրուող եւ  հետապնդուող պարտակութիւն մըն է: Անոր հիմնական նպատակն է չէզոքացնել երկրի մը ներքին եւ արտաքին թշնամիները, ներառեալ՝ տուեալ երկիրը ներխուժել փորձող   թշնամիները:

Դժբախտաբար, վերահսկողութեան այս եղանակը անվտանգութեան կամ զինուորական  մարզի ծառայողներու յաճախակի կորուստին պատճառ կը դառնայ:

Հարցը այն է, որ քաղաքական անձնաւորութիւններ շատ յաճախ, իրենց   միջամտութիւններով կը խանգարեն բանակը կազմաւորելու ծրագիրները, ինչպէս  նաեւ կը խանգարեն  նիւթական աղբիւրներ փնտռելու  միջոցները: Անոնք  չեն  անդրադառնար, որ իրենց քայլերով կը տկարացնեն երկրին զինուորական հաստատութիւնը եւ միւս կողմէ կ’ակնկալեն, որ միեւնոյն բանակը երկիրը պաշտպանէ    ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ:

Այս կացութիւնը անհաճոյ իրականութիւն մը ըլլալէ բացի, բաւական լուրջ  եւ համատարած մտահոգութիւն մը դարձած է աշխարհի գրեթէ բոլոր պետութիւններուն համար, ներառեալ՝ Հայաստանի:

Հայաստան նոյնպէս կը դիմագրաւէ սոյն դժուարութիւնները: Վերոյիշեալ իրավիճակին մէջ, կ’ակնկալուի, որ Հայաստանի նման ժողովրդավար պետութիւն մը, երկրին ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն դէմ պաշտպանութիւնը զանազան պատճառներով ոչ՝ պատրաստունակ բանակի մը ապաւինի:

Հայկական բանակը անցնող տարիներուն քանիցս ապացուցեց Հայաստանի սահմանները, անվտանգութիւնը պաշտպանելու իր մարտունակութիւնը: Այսուհանդերձ,   աշխարհի քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը տարուէ տարի աւելի անորոշ դառնալու իրողութիւնը մեզի կը թելադրէ աւելի այժմէական քայլերով եւ ժամանակակից արհեստագիտութեամբ օժտել հայկական բանակը, զօրացնել Հայաստանի անվտանգութիւնը:

Հետեւաբար, բանակը, այս աշխարհին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան միակ ապաւէնը, անհրաժեշտ է շուտափոյթ կերպով գերարդիական եւ ժամանակակից արհեստագիտութեան լաւագոյն սպառազինութեամբ օժտել: Ռազմական սարքաւորումներ հայթայթել, ծրագիրներ մշակել, որոնք նշանակալից կերպով պիտի բարձրացնեն բանակին ղեկավարութեան եւ կարողականութեան ռազմունակութիւնը:

Խիստ անհրաժեշտ է, որ բանակին սպառազինութիւնը ծրագրաւորող  անձնաւորութիւններ, քաղաքական այրեր ըլլան կամ ոչ, քմայքով չկատարեն ռազմական արհեստագիտութեան գնումները, պատահական եղանակներով չկատարեն  սպառազինութեան ընտրութիւնը: Այս նպատակով ալ, Հայաստան, անհրաժեշտ սպառազինութիւնը ճշդելու համար պարտաւոր է բանիմաց հեղինակութիւններ,  ժամանակակից արհեստագիտութեան իրազեկ անձնաւորութիւններ յանձն առնեն զբաղիլ: Այստեղ նոյնքան եւ անհրաժեշտ է բանակի հրամանատարութեան  ընտրութիւնը՝  ճիշդ անձը, ճիշդ՝ տեղին սկզբունքով, որպէսզի կարենան ճիշդ որոշում կայացնել եւ իսկապէս անհրաժեշտ գնումներ կատարել եւ այդ ներդրումներուն համար աղբիւրները հայթայթել:

Հետեւաբար, ռազմական կառոյցը պարտի դառնալ այնքան հրապուրիչ, որպէսզի  ունենայ ժամանակակից արհեստագիտութեամբ օժտուած սպառազինութիւն եւ անոր համապատասխան հրամանատարութիւն:

Հայաստանի ազգային բանակը պարտի ունենալ սեփական հիւանդանոցը, սպառողական իրերու հանրախանութը, որոնց անդամները բանակի, ներքին ապահովութեան ուժերու ծառայողներ  են:

Բոլոր վերոյիշեալ մտահոգութիւններս ի մի բերելով, Հայաստանի բանակին համար  սեփական դրամատուն ստեղծելու առաջարկ մը կը ներկայացնեմ Հայաստանի իշխանութիւններուն:

ԱՌԱՋԱՐԿ

Այս յօդուածը լուծում կ’առաջարկէ վերը նշուած հարցերուն: Մեկնելով երկարամեայ փորձառութենէս, կ’առաջարկեմ յատուկ դրամատուն մը ստեղծել հայկական բանակին կարիքներուն համար: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ արդէն իսկ գոյութիւն  ունին  նմանօրինակ դրամատուներ, բանակին կարողականութիւնը բարձրացնելու նպատակով: Հետեւաբար, նախընթաց լայն փորձառութիւն գոյութիւն ունի Հայաստանի ազգային բանակին համար, նման ծրագիր մը իրականացնելու ուղղութեամբ:

Դրամատունը սկզբունքով պիտի պատկանի Հայաստանի պետութեան, իբրեւ մասնագիտական հաստատութիւն, սակայն անհրաժեշտ է, որ գտնուի բանակին անմիջական վերահսկողութեան տակ: Ինչպէս յայտնեցի, բազմաթիւ երկիրներու մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունի եւ կը գործէ այս համակարգը: Նման դրամատուն մը  ստեղծելու պարագային, Հայաստան կրնայ աւելի դիւրաւ գործակցիլ միւենոյն նպատակով ստեղծուած այլ պետութիւններու դրամատուներուն հետ:

Որեւէ երկրի բանակ, այս պարագային մասնաւորաբար Հայաստանի բանակը, կը  ներկայանայ երկրի մը հզօրութեան ամենատեսանելի խորհրդանիշը: Անհրաժեշտ է  ինքնվստահ, բարձր բարոյականութեան, մարտունակութեան եւ կորովի մէջ պահպանել երկրի մը բանակը: Հայաստանի աշխարհաքաղաքական տարածութիւններու անվտանգութիւնը պահպանելու եւ բանակին հեղինակութիւնը բարձր պահելու նպատակով անհրաժեշտ է ձեռնարկել դրամատուն մը ստեղծելու ծրագիրին:

Ազգային բանակին համար դրամատունի մը ստեղծումը անմիջականօրէն պիտի ընծայէ  հետեւեալ առանձնաշնորհումները.

  • Պիտի բարձրացնէ հանրութեան եւ երկրին մէջ գործող կառոյցներուն   ինքնավստահութիւնը:
  • Պիտի ամրապնդէ Հայաստանի դրամատնային համակարգին նկատմամբ  վստահութիւնը:
  • Պիտի զօրացնէ երկրին ներքին եւ արտաքին անվտանգութիւնը:
  • Գործարար եւ ձեռներէց անձնաւորութիւններու հսկողութեան տակ, երկար   ճանապարհի վրայ պիտի խնայէ եւ կրճատէ երկրին ռազմագիտական  արհեստագիտութեան համար անտեղի, չսերտուած ծախսերը:

Բանակին համար ստեղծուած դրամատան ընդհանուր կառոյցը եւ անոր աշխատանքի բնոյթը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ պայմանները.

  • Հմուտ, ձեռներէց եւ դրամատնային համակարգին ծանօթ անձնաւորութեան  մը անհրաժեշտութիւնը:
  • Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը իր անմիջական կանաչ լոյսը  պարտի տալ  նման դրամատուն մը ստեղծելու ծրագիրին:
  • Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը անոր պարտի շնորհել անհրաժեշտ արտօնութիւնները եւ լիազօրութիւնները:
  • Բանակի կեդրոններ գոյութիւն ունեցող շրջաններու  մէջ հիմնել մասնաճիւղ դրամատուներ:
  • Խնդրոյ առարկայ դրամատունը առաջին օրէն, իբրեւ կորիզ, պարտի ունենալ իր  տնօրէնութիւնը, աշխատակազմը: Այս քայլը մեծապէս պիտի նպաստէ, հեզասահ կերպով շարունակելու աշխատանքը: Յաւելեալ պաշտօնեաներու անհրաժեշտութեան պարագային, զանոնք կարելի է ընտրել սեփական մարզէն: Ժամանակի ընթացքին բանակի միաւորներ կրնան փոխարինել սեփական մարզի  պաշտօնեաները:
  • Դրամատունին աշխատանքը կարելի է սկսիլ նախնական կէս միլիառ տոլար   դրամագլուխով, սկիզբը վճարելի՝ 100 միլիոն տոլար:
  • Նախնական դրամագլուխը կարելի է ձեռք բերել բարեկամ պետութիւններէ կամ  միջազգային կառոյցներէ, ինչպէս՝  Միջազգային դրամատունը, Եւրոպական դրամատունը եւ կամ գերմանական բարգաւաճման հաստատութիւններէն։
  • Նախնական ժամանակաշրջանին, իբրեւ օժանդակութիւն արգելք չհանդիսանալ  սեփական մարզէն սահմանափակ քանակութեամբ օժանդակութիւններուն:
  • Դրամատունը անմիջական օժանդակութիւն պիտի հայթայթէ բանակին   ծառայողներուն, բարելաւելով բանակին կեցութեան պայմանները

-ստեղծելով խնայողական հաշիւներ

– ATM դրամաքարտ տրամադրելով

– պարտամուրհակներ տրամադրել

– ինքնաշարժ ունենալու վարկ տրամադրելով

– ապահովագրութիւն շնորհելով

– բնակարանային վարկեր տրամադրելով

Բանակի կառոյցին մէջ «սեփական» դրամատան մը ստեղծումը պիտի խնայէ բանակի անդամներուն ծառայութիւններէն դուրս տրամադրած ժամանակը եւ զօրացնէ  բանակայիններուն անվտանգութիւնը: Առաւել եւս, նուազեցնելով բանակի  ծառայողներուն կողմնակի կամ առօրեայ մտահոգութիւնները, աւելի մարտունակ պիտի  դառնան  բանակի ծառայողները:

Այս ընելու համար, հաւանաբար բանակի դրամատուներուն ծառայութիւնները աւելի մատչելի եւ հասանելի պարտին դառնալ: Օրինակի համար, ապառիկ գումարներ, վարկեր տրամադրել աւելի նուազ համեմատութիւններով ապառիկ գումար կամ վարկ տրամադրել բոլոր զինծառայողներուն: Այսպիսի նախաձեռնութիւններ անկասկած  ոչ միայն պիտի բարձրացնեն բանակայիններուն բարոյականը եւ կորովը, այլեւ բանակին պիտի ապահովէ յաւելեալ մուտքեր: Այսօրուան դրութեամբ բանակին յատկացումները կը սահմանափակուին սեփական մարզի յատկացումներէն:

Բանակը ըլլալով կամաւորական հիմունքի վրայ ստեղծուած կառոյց, նիւթական  երաշխիքներու կամ յատկացումներու յաւելումը աւելի հանգստաւէտ կեանք մը պիտի  երաշխաւորէ անոր ծաայողներուն, յատկապէս ամուսնացած ծառայողներուն: Այս մէկը պիտի նուազեցնէ պարտազանցութիւններու դէպքերը եւ աւելի բարձրացնէ անոր  կենսունակութիւնը, պատրաստակամութիւնը, մարտունակութիւնը:

Վերջապէս, երբ քաղաքական մթնոլորտը կ’արտօնէ զարգացած երկիրներու օտար  բանակներուն օժանդակել Հայաստանի բանակին, մենք կրնանք բանակին տրամադրուած վարկերով զօրացնել երկրին անվտանգութեան մնացեալ կառոյցները:  Այսպիսի ծրագիր մը կրնայ շահագրգել հայկական Սփիւռքը:

Եզրակացութեան համար, բանակին համար դրամատան մը ստեղծումը ունի անմիջական եւ հեռանկարային բազմաթիւ օգտատաշտ առաւելութիւններ:

Պիտի յանձնարարեմ ամենակարճ ժամանակամիջոցին յաւելեալ քննարկումներով   լուսարձակի տակ առնել այս կարեւոր առաջարկը:

3 comments
  1. Շատ լավ առաջարկ է տեղին և կարևոր։ Բանկի ստեղծմանը զուգահեռ, քաջալերել սփյուռքահայությանը, ամսական մեկ տոկոս եկամտահարկ, որպես ազգային տուրք, փոխանցել ստեղծվող բանկի հաշվին․․․

  2. Ա- Առաջարկին անմիջական դերակատարը Հայաստանի պետութիւնն է եւ անոր գլխաւոր հրամանատարը: Ի՞նչ կը մտածեն այս մասին:
    Բ- Առաջարկին մասին ի՞նչ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերէ մեր ‘մեծ եղբայրը’:
    Գ- Հիմնուելով անցեալի օրինակներուն վրայ, սփիւռքէն բխած այս առաջարկին ինչպէ՞ս կրնայ վերաբերիլ Հայաստանաբնակ հայը:

  3. Mr. Mardirossian goes to the heart of the matter. Besides, many diasporans have no confidence in the incompetent loudmouth who helped precipitate the war when he declared that Artsakh was Armenia. That statement proclaimed to the world that Armenia was not an honest negotiator with Azerbaijan. In other words, brain-dead Pashinyan’s statement gave permission to Aliyev to attack us.

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Հայց. Եկեղեցին Պատանդ է

Ոսկան Մխիթարեան, 3-17 Դեկտեմբեր, 2013 -Ե և Զ- Դ.Եկեղեցականի հոգեւոր առաքելութեան վերարժեւորումն ու ուխտի վերանորոգումը, հեռու մնալով աշխարհիկ բոլոր…
Read More