Լիւսի Տէօքմէճեան, Երևան, 26 սեպտեմբեր 2025
Լիբանանի մէջ ապրած սփիւռքահայերուս համար սովորական երեւոյթ էր տեսնել երկրին մէջ աշխատող օտարերկրացի գործաւորներ, որոնք պատրաստակամ էին իրենց տրուած ամէն տեսակ գործ աշխատելու, նոյնիսկ ամէնէն բարդ ու լիբանանցիներու «անյարմար» կամ «անմակարդակ» համարածները: Ոչ միայն գործին տեսակն է խնդիրը, այլ նաեւ անոր դիմաց ստացուած աշխատավարձը, որ անբաւարար, նոյնիսկ նուաստացուցիչ չափի կրնայ ըլլալ: Սա ցոյց կու տայ երկրի բնիկ ժողովուրդին ցուցաբերած արհամարհական կեցուածքն ու վիրաւորական վերաբերմունքը հանդէպ այս օտարազգի գործաւորներուն, որոնք չնչին օրապահիկ վաստակելու համար թողած են իրենց ամենաթանկը՝ ծննդավայրը, ընտանիքը, ընկերներն ու հայրենիքը:
Այսօր պատկերը նոյնանման է նաեւ Հայաստանի մէջ: Վերջին քանի մը տարիներուն երկրին մէջ նկատելիօրէն շատցած է թիւը օտարազգիներուն, մանաւանդ հնդիկներուն։ Անոնց մէկ մասը Հայաստան եկած է ուսանելու համար, իսկ ուրիշներ ընտրած են մեր երկիրը որպէս աշխատելու եւ եկամուտի վայր: Հնդիկ աշխատաւորները կը տեսնենք բազմատեսակ գործերու մէջ. անոնք կ’աւլեն այգիները, կը կատարեն բեռնակրութիւն, կը դասաւորեն մթերքի վաճառատուներու դարակները եւ անոնց վրայ տեղաւորուելիք ապրանքները, կ’աշխատին առաքիչ, նոյնիսկ կը վարեն թաքսի սպասարկութեանց ինքնաշարժներ:
Հարկ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այն իրողութեան, որ նշեալ աշխատանքներուն ընթացքին հնդիկներուն հետ հաղորդակցողներու մեծ մասին լեզուն անոնց չիմացած հայերէնն է եւ ոչ թէ միջազգային լեզու մը, որուն կը տիրապետեն իրենք, ինչպէս՝ անգլերէնը: Նոյնը հազուադէպ կարելի է գտնել ռուս քաղաքացիներու շրջանակին մէջ, որոնք 2022 թուականի փետրուարին բռնկած ռուս-ուքրաինական պատերազմի մանաւանդ սկզբնաւորութեան, Հայաստան ապաստանած էին ու անոցնմէ ոմանք կ’աշխատէին որպէս սպասեակ կամ առաքիչ: Ռուսերէնն ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործածուող երկրորդ լեզուն, որ հայաստանցիներու մեծամասնութեան համար հասկնալի է ու հարազատ, դժբախտաբար երբեմն նոյնիսկ նախընտրելի, այդ աշխատողները դոյզն ջանք չէին թափեր հայերէնով հաղորդակցելու՝ դժուարութիւն պատճառելով ռուսերէն չհասկցող ու չխօսող հայրենադարձներուս:
Հնդիկներն ունին իրենց բնորոշ լաւ յատկութիւններ, յատկապէս՝ աշխատասիրութիւնը եւ երկրի լեզուն, այս պարագային՝ հայերէնը, արագօրէն սորվելու ունակութիւնը: Հնդիկներուն հետ փորձառութիւնս առնչուած է մանաւանդ առաքման եւ թաքսի ծառայութիւններու ոլորտներուն: Հնդիկ առաքիչները հեռախօսազանգին պատասխանելով կամ դէմ առ դէմ յայտնուելով քաղաքավարօրէն կ’ողջունեն հայաստանեան ոճով «բարեւ ձեզ» ըսելով ու կը փորձեն իրենց սորված հայերէնով հասկցուիլ։ Անոնք չեն զլանար իրենցմէ խնդրուածը բծախնդրօրէն կատարելու՝ առանց դժկամութեան։ Մինչ հայ կամ ռուս առաքիչները շատ յաճախ կը բողոքեն յաճախորդին հաւանական ուշացումներէն, տան կամ աշխատավայրին հասցէն գտնելու դժուարութիւններէն, երբեմն նոյնիսկ՝ արեւմտահայերէնը չհասկնալու երեւոյթէն. հնդիկ առաքիչները ժպտադէմ կը դիմակալեն այս բոլոր դժուարութիւնները եւ կը փորձեն գոհ պահել իրենց պատուիրատուները:
Հիանալի՜ է այս ժողովուրդին աշխատասիրութիւնը: Այս առումով ուշագրաւ է հետեւեալ դրուագը. հնդկուհի առաքիչ մը, որուն պատուիրուած էր տոպրակ մը տեղափոխել 2,6 քմ հեռաւորութեամբ ճանապարհահատուած մը՝ Սարեան փողոցէն մինչեւ Երուանդ Քոչարի փողոց, 45 վայրկեան ՔԱԼԵԼՈՎ բերած ու հասցուցած էր ապրանքը, փոխարէնը վարձատրուելու համար միայն 500 դրամով (մօտաւորապէս 1,3 ամերիկեան տոլարին համարժէք), որուն ոչ-ամբողջը պիտի տրամադրուէր անոր:
Հոս կը ծագի գլխաւոր հարցումը. հայրենաբնակ հայը ի՞նչ պատճառ կամ արդարացում ունի չկատարելու գործերը օտարազգի աշխատողին, որ սկզբունքով ամէն ինչ ետին թողելով գաղթած է իր երկրէն ու կը ճաշակէ պանդխտութեան բոլոր դառնութիւնները՝ շահելու համար պարզապէս երկու լումայ, որով թէ՛ պիտի ապրի ու թէ՛ պէտք է խնայողութիւն ընէ Հնդկաստան գտնուող իր հարազատներուն ղրկելու կամ հետագային, երկիր վերադարձած ժամանակ, իրեն հետ կոկիկ գումար մը տանելու։
Ժողովրդային ասացուածքը կ’ըսէ՝ աշխատիլ ուզողին համար միշտ ալ գործ կայ: Մինչ հայերս կը դժգոհինք Հայաստանի մէջ աշխատելու հնարաւորութեան սակաւութենէն, չափազանցողներու պարագային՝ չգոյութենէն, ներկայիս հնդիկներն են որ կը յայտնուին մարդուժ պահանջող այն բոլոր գործերուն մէջ, ուր հեշտութեամբ կարելի է մեր տեղացի հայրենակիցները տեսնել: Ճիշդ է, որ Հայաստանի մէջ աշխատողներուն գլխաւոր մարտահրաւէրը ցած աշխատավարձն է, մանաւանդ եթէ համեմատենք ապրելակերպի սղութեան հետ, սակայն աշխատիլը միշտ ալ աւելի լաւ է քան չաշխատիլը։ Չէ՞ որ այդ պարագային ոչ միայն աշխատուժը կը մնայ երկրին մէջ, այլեւ արտասահման օտարազգիներու ղրկած կամ հետերնին տարած հսկայական գումարները, որոնք երկրին մէջ շրջանառուելով՝ կը նպաստեն երկրի տնտեսութեան բարելաւման:
Ուրեմն, հնդիկներէն սորվելիք ունինք: Պահ մը մոռնալով անոնց ջերմ ու հաղորդական մօտեցումը եւ քաղաքավար պահուածքը, անոնց աշխատասիրութիւնը վարակիչ պէտք է դառնայ մեր հայրենաբնակ ազգակիցներուն: Անընդունելի է անընդհատ բողոքել ու դժգոհիլ «գործ չկայ» կաղապարուած խօսքով, պատրուակելով քիչ աշխատավարձը, եւ այպանել գործատէրերը, որ աշխատանքի նախապատուութիւնը չեն տար տեղացիին: Սա աշխատիլ չուզողի, ծոյլի, մեծամիտի հոգեբանութիւն է:
Հնդիկներէն սորվինք աշխատասիրութիւնը: Այո՛, բայց բացարձակապէս ԱՌԱՆՑ ցեղային խտրականութեան եւ ԱՌԱՆՑ անոնց նկատմամբ բացասական պահուածքի, Հայաստանէն ներս անոնց ներկայութիւնն ու աշխատունակութիւնը խթան դարձնենք հաւատալու «մեր աշխատուժը մե՛նք ենք» սկզբունքին ու հրամայականին։ Այս կարգախօսին գործնականացումը օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ ՀՀ-ի քաղաքացիին եւ թէ՛ երկրին. ան միայն շահ պիտի բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր ժողովուրդին ու տնտեսութեան։
Պետական գաղտնիք բացայայտած չենք ըլլար յայտարարելով, թէ աշխատասիրութի՛ւնն է մեր երկրի դժուարութիւններու յաղթահարման ու մեր հայրենի պետութեան հզօրացման բանալիներէն մէկը:
2 comments
Bravo, a very commendable and true review.
Քիչ աշխատավարձ ստանալը բնաւ պատճառ չէ աշխատանք մերժելը։ Ան որ իր մէջ ունի ոգեւորութիւն, կամք եւ աշխատելու սէր, դիւրաւ գործ կը գտնայ։ Ծուլութիւնը եւ անհոգութիւնը ամենակարեւոր պատճառներէն են այս կացութեան։
Այս տեսակ մարդկանց մտածելակերպը եւ հոգեբանութիւնը փոխելը դիւրին չէ սակայն ոչ անկարելի։