Հայաստանը սիրէ՛ անշահասիրութեամբ

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երևան, 03 մարտ 2025

«Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր,
Էլի՛ ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան եա՛րն եմ սիրում»։
Չարենց

Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ իր կեանքին մէջ անպայման սորված կ’ըլլայ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը: Այս քերթուածին մէջ շատ դիպուկ է վերոյիշեալ երկտողը, ուր կարմիր պոէտը իր Հայաստան եարը կը սիրէ հակառակ բոլոր արիւնաքամ վէրքերուն:

Իսկ մենք որքանո՞վ կը սիրենք արդէն քանիերորդ անգամ արիւնաքամ եղած մեր հայրենիքը: Ի՞նչ են չափանիշերը Հայաստանը սիրելու: Ի՞նչ պէտք է ընէ կամ չընէ իր հայրենիքը սիրող անձը:

Հայրենիքը սիրողը չի կրնար գնայուն պետական պաշտօնեաները գերադասել մնայուն երկիր-պետութենէն:

Հայրենիքը սիրողը չի կրնար երկիր-պետութենէն ստացած անձնական շահերն ու օգուտները առաջնային համարել քան անսակարկելի եւ անզիջելի արժէքները՝ պետութեան անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը:

Հայրենիքը սիրողը կ’ընէ իր կարողութեան եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ՝ անոր օգնելու համար, անկախ թէ ով է երկրին ղեկավարը, որովհետեւ շահողը երկիր-պետութիւնն է եւ ոչ թէ քանի մը տարուան համար անոր ղեկը ստանձնած պետական պաշտօնեան:

Հայրենիքը սիրողը կը ցանկայ տեսնել անոր դոյզն իսկ յաջողութիւնը եւ կ’ուրախանայ այդ յաջողութիւններով, մանաւանդ երբ անոր գովքը կատարուի օտարներու կողմէ: Բայցեւայնպէս հայրենիքը սիրողը շինիչ քննադատութիւն կը կատարէ սխալ կամ յոռի երեւոյթներուն դէմ: Շինիչ կը համարուի ա՛յն քննադատութիւնը, երբ քննադատողը վատին՝ վատ, լաւին՝ լաւ ըսել գիտէ, եւ ոչ թէ ամբողջ ներուժը կը դնէ խոշորացոյցով դիտելու անոր բացասական դէպքերը եւ երեւոյթները, անտեսելով դրական իրաադարձութիւններն ու յառաջդիմութիւնները: Այլապէս կատարածը պարզապէս կը գնահատուի որպէս ապակառուցողականութիւն եւ խանգարչութիւն:

Թերեւս այս մտածումներուս տեղ տուողը եղաւ հետեւեալ դրուագը. կարդացի հայ քաղաքական փորձագէտներէն մէկուն ֆէյսպուքեան գրառումը, որ կը վերաբերէր վերջերս կայացած Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի ընթացքին պատահած դէպքի մը: Նիստերէն մէկուն բանախօսներէն մէկը եղած է ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի յանձնաժողովի անդամ՝ Դեմոկրատական կուսակցութենէն, միւսը՝ մէկ այլ յանձնաժողովի նախագահ՝ Հանրապետական կուսակցութենէն։ Երբ նիստը վարողը դեմոկրատին հարց ուղղած է ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի խիստ վիճարկելի մէկ դիրքորորոշման վերաբերեալ, ան խուսափած է Միւնիխի մէջ հակադարձել նախագահին։ ԱՄՆ-ի մէջ ան անշուշտ պիտի հակադարձէր, ան ալ՝ հաւանաբար խստագոյնս, բայց ուրիշ պետութեան մէջ, իր երկրի ընտրուած նախագահը ան չէ ցեխարձակած:

Նոյնը ըսել Հայաստանի մասին՝ հնարաւոր չէ:

Վերջին տարիներուն, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւրոպական կառոյցներու նիստերուն բազմիցս բողոքեցին Հայաստանի իշխանութիւններէն եւ երկրին մէջ տիրող «հակաժողովրդավարութենէն»։ Դժգոհանքի խօսքերուն համար այդ հարթակները ո՛չ յարմար տեղ էին, ո՛չ ալ ժամանակը՝ յարմար: Հայաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող երկկողմանի «կապիկութիւնները» բաւարար չեն կարծէք, անհրաժեշտ է վատաբանել ու խայտառակուիլ նաեւ օտար կառոյցներու նիստերու ընթացքի՞ն ալ․․․

Քանի՜ անգամ Հայաստանի ղեկավարութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչին՝ օտար երկիր կատարած այցելութեան ընթացքին անոր ներկայութեան դէմ ընդվզողներ եղան: Ուղղուեցան կոչեր՝ ընդհանրապէս պոյքոթելու անոր այցելութիւնը, նուաստացուցիչ ածականներ հնչեցին կամ գրուեցան այդ կոչերուն չհետեւող անձերու հասցէին: Կամ, օրինակ, օտար երկրի մէջ ձեռնարկի մը ներկայ ըլլալու եկած ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին մուտքը փորձեցին արգիլել: Բողոքները Հայաստանի մէջ թող ըլլան, անոնք ոչ արգիլուած են, ոչ ալ ճնշումներու ենթակայ, բայց օտար երկրի մէջ եւ օտարներուն դիմա՞ց: Մեր նախնիները իզուր չեն ըսած՝ «Մեր աղտոտ լաթերը օտարին դիմաց մի՛ փռէք»: Ի վերջոյ, քաղաքականութեան մէջ հաշուի կ’առնուի օրինական ձեւով ընտրուած ղեկավար ըլլալու փաստը, մնացածը՝ քաղաքական արարքներ են լոկ:

Կայ աւելի անհեթեթ երեւոյթը․ ի՞նչ ըսել այն հայերուն, որոնք կը նեղանան հայրենադարձող կամ պարզապէս Հայաստան այցելող իրենց ազգակիցներէն, որովհետեւ անոնք իբր թէ կու գան «Նիկոլին Հայաստանը»: Ժողովո՛ւրդ, ՀՀ-ը ե՞րբ «Նիկոլին (Լեւոնին, Թորոսին, Մարկոսին, Կիրակոսին․․․) Հայաստանը» եղաւ, սա ե՞րբ ընդհանրապէս ինչ-որ մէկու մը պատկանեցաւ, սա մե՛ր, բոլորի՛ս Հայաստանն է, հայ ազգին բնօրրանն է, մեր լուսաւոր միակ ապագան: Բոլոր իշխանաւորներն ալ ուշ կամ կանուխ կը լքեն իրենց դիրքը եւ կ’արժանանան համապատասխան գնահատանքի:

Պետական այրերը երբեք կարելի չէ հաւասարեցնել նոյնինքն պետութեան հետ: Կարելի է ընդդիմադիր ըլլալ, ընդդիմախօս ըլլալ, քննադատել, բողոքել, դէմ ըլլալ իշխանութիւններուն, բայց Հայաստանի Հանրապետութեան ու պետականութեան դէմ խօսիլն ու գործելն ԱՆ-ԸՆ-ԴՈՒ-ՆԵԼԻ է:

Մեր Հայաստան-եարը սիրենք անշահասիրութեամբ եւ մեր ամբողջ ներուժը ուղղենք մեր պետութիւնն ու պետականութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու եւ նպաստելու անոր յառաջխաղացքին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հասկնայ, որ սա նաեւ ի՛ր պետութիւնն է, ուստի զայն պէտք է դասէ ամէն բանէ վեր ու չընդունի որեւէ պատճառով զայն դնել զոհաբերութեան սեղանին:

2 comments
  1. Ապրիս Լիւսի Դաստիարակչական սքանչելի յօդուած է ամէն ԳԻՏԱԿԻՑ հայու սրտին խօսող:

  2. Ցավոք սրտի, այսօրվա կառավարությունը իրեն նույնացնում է Հայաստան պետության հետ, բազմաթիվ անգամ միակողմանի զիջումներ է անում ի շահ թշնամի պետությունների, իսկ Հայաստանում ապրող ընդդիմադիր խոսքերու համար մարդոց հանդեպ բազմաթիվ դատական հայցեր են կազմվում, սա ազատ խոսքի գործածում չէ։ Ոչ մեկ շտկիչ խորհուրդ ընդունած է այս կառավարությունը սփյուռքի բազմաթիվ առողջ քննադատներից։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like