Գեւորգ Նաթալի, 21 Դեկտեմբեր 2022
Սա Հայաստա՞ն է, թէ՞ Ռուսաստանի Դաշնութեան կուպեռնիա (նահանգ) կամ իր պետական լեզուն անգլերէնը հռչակած ափրիկեան երկիր…
Արտասովոր նմոյշները նկարահանուած են Երեւանի Աբովեան փողոցի վերջաւորութեան, Արամի փողոցի հետ խաչմերուկին, Հանրապետութեան հրապարակէն ընդամէնը 50 մեթր անդին:
Ակադեմիայի համալիրէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ բազմաթիւ նման օտարալեզու որմազդներ տեղադրուած են:
Այս եւ նմանօրինակ որմազդները կը խախտեն առնուազն երկու հասարակական եւ օրինական պահանջ.
– Պատահած ամէն տեղ փակցուած ըլլալով՝ կ’աղաւաղեն մայրաքաղաքին տեսքը:
– Կը խախտեն Սահմանադրութեան՝ պետական լեզուին վերաբերող յօդուածին եւ Լեզուի օրէնքին պահանջները:
Դեռ կան շատեր, որոնք կը խախտեն հայկական աւանդոյթներն ու բարոյականութեան հայկական ըմբռնումները՝ դաջուածքներու (tatoo) ծանուցումներ, սատանայական երաժշտութեան «համերգ»ներու ազդեր, երաժշտական կամ այլ հակամշակոյթի խումբերու այլանդակ ու սատանայական անուններ (որպէս կանոն՝ լատինատառ կամ անգլերէն՝ Divahar, Underground, The Demons, Lord of the Hell, The Butcher of Paradise…):
ՀՀ-ի մէջ կա՞ն իրաւասու պետական մարմիններ այս խախտումները կասեցնելու համար՝ Երեւանի քաղաքապետարան, Լեզուի պետական կոմիտէ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, ոստիկանութիւն…
Իսկ ո՞ւր կը նային եւ ի՞նչ կ’ընեն Հայ Առաքելական Եկեղեցոյ «հոգեւոր հովիւ»ներն ու օրնիբուն ազգային արժէքներէ շաղակրատող վայ-մտաւորականները, թէ՞ այս պղծումներուն դէմ պայքարը զիրենք չի հետաքրքրեր, քանի որ «մէջը փող չկայ»…