Շահէ Տէր-Պօղոսեան՝ Փիւնիկեան ափերու նկարիչը

Այն էլ Մրէյսէ (Պէյրութ)

Տիկնոջ՝ Կիւլէնին յիշատակին

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 13 Յուլիս, 2022

Լիբանանը հազարաւոր հայերուս համար եղաւ ծննդավայր, ապա որքան հասունցանք եւ երգեցինք «Բոլորս հայրենիքին համար»ը, մայրիներու երկիրը եղաւ նաեւ հայրենիք։ Մեր անոյշ մանկութիւնն ու արկածախնդիր պատանեկութիւնը անցաւ նոճիներու եւ սոճիներու սոսափիւններուն հետ, քնացանք ծղրիդներու օրօրին տակ եւ ծովը սիրեցինք՝ մկրտուելով Միջերկրականին մէջ։

Շահէ եւ Կիւլէն Տէր Պօղոսեաններ

Այս աստուածաշնչային երկրի նկարիչն է Շահէ Տէր Պօղոսեան։ Մի քանի տարի նոյն գրասեղաններու վրայ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ստացանք ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանէն ներս, ուր մեր գեղագիտական, մանաւանդ նկարչական ճաշակը ծաղկեցաւ նախ Փօլ Կիրակոսեանի ապա նաեւ մասամբ Պրն. Վազգէն Թիւթիւնճեանի շունչին տակ։

Շահէն Փօլ Կիրակոսեանէն լսեց հետեւեալ խօսքերը թէ՝ «գոյնը հոգիին հայելին է, իսկ գիծերը՝ մեր միտքերը», ու թէեւ համալսարանական կրթութիւնը ստացաւ նախ Հայկազեան գոլէճէն (այժմ համալսարան) ապա Ամերիկեան Համալսարանէն ներս՝ վկայուելով առեւտրական վարչագիտութեան մէջ, սակայն գեղանկարչութիւնը դարձաւ կեանքի իմաստ։ Արուեստի հանդէպ արհեստավարժութիւնը արմատաւորուեցաւ նաեւ այն տարիներուն, երբ ան հետեւեցաւ լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից  բաժնին (երկու տարի)։

Մայրիներու երգը

Ջրաներկն ու ներկամատիտը (փասթել) իր արտայայտչամիջոցներն են, վրձինը՝ գործիքը, պաստառն ու թուղթը՝ բնակարանը, որ կը հիւրասիրէ Շահէի տաղանդը։

Շահէն լուռ ու մունջ նկարած է եւ կը նկարէ, կը գծէ, ջրաներկի գոյներուն կեանք ու հոգի կու տայ եւ սպիտակին վրայ կը յայտնուին Փիւնիկեան լեռներու սոճիներն ու մայրիները, հովիտները, ձորերն ու անդունդները, որոնք հիւրընկալ գիրկեր են կարծես, այլ ոչ թէ մարդակուլ վիհեր։ Ամէն ինչ գեղեցիկ է Շահէին համար։ Մինչ մարդիկ յաճախ անտարբեր կ՚անցնին սոճիներու քովէն կամ կը վայելեն անոր շուքը, բայց յաճախ չեն նկատեր աստուածային արարչագործութեան գեղեցկութիւնն ու կատարելութիւնը անոր մէջ, Շահէն անոնց կու տայ գեղատեսիլ հմայք մը, հիւրընկալ հսկայ մը (նայիլ «Սոճիներու երգը»)։

Զահլէի Մեղեդին

Լիբանանի արուեստասէրներն ու յատկապէս գեղանկարչութեան սիրահարները գնահատած են Շահէի գործերը, որոմցմէ երկուքը զետեղուած են Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան արուեստի հաւաքածոյին մէջ, պաստառ մը մաս կը կազմէ Անթիլիասի մայրավանքին արուեստի հաւաքածոյին, բազմաթիւ նկարներ կը գտնուին լիբանանցի եւ օտարազգի արուեստասէր հաւաքողներու մօտ։

45 տարիներու նկարչական բեղուն  գործունէութեան ապացոյց են իր մասնակցութիւնը 68 հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ 13 գիտական համագումարներու։

Պիպլոսի հին նաւահանգիստը

Անվարան կարելի է ըսել՝ Շահէնը Լիբանանն է, Լիբանանը՝ Շահէն։ Արդարեւ իր համակ սէրը հանդէպ լիբանեան հրաշակերտ բնութեան եւ մարդակերտ տուներուն, այգիներուն եւ ծովեզերեայ հրաշալիքներուն՝ ցոյց կու տան թէ գործ ունինք վաւերական գեղանկարիչի մը հետ, որ սիրահարած է Լիբանան հայրենիքին։ Վերջին տասնամեակներուն Միջին Արեւելքի այս չքնաղ երկրի քանդումները, եղբայրասպան կռիւները, հարեւան երկրի դրդած խժդժութիւնները չեն վհատեցուցած զինք, այլ ան իր վերաբերմունքը ցոյց տուած է կատաղօրէն նկարելով գիւղերը, շինութիւնները, լեռնային կածանները, աղբիւրները, փոքրիկ եւ հիւրընկալ նաւահանգիստները (նկարներ՝ Պիպլոս եւ Այն Մրեյսէ)։ Կանաչն ու աշնան գոյները համերաշխօրէն կ՚ապրին կողք կողքի եւ հակադրամիասնակութիւնը կը վերածուի հոգեկան խաղաղութեան։ Լեռնալանջերու վրայ սփռուած կղմինտրաւոր տուները, կամարակերտ երկյարկանի առանձնատուները զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ հրաւէր մը կը ղրկեն երկրէն ակամայ դուրս գնուող լիբանանցիին ու կը խորանայ թախիծն ու կարօտը։

Երկար, առողջ եւ ստեղծագործ կեանք կը մաղթեմ դասընկերոջս, որմէ կարօտս մասամբ կ՚առնեմ իր նկարները դիտելով ու ըմբոշխնելով։

* Լիբանանի քայլերգը՝ «Քուլլունա Լիլուաթան»

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like