Անտեսուած կէսը — Հայ եկեղեցին եւ կանայք

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, 24 հոկտեմբեր 2024

 

Տարւոյս 27 եւ 28 սեպտեմբերին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան ազգա­յին-եկեղեցական մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող հանդիսութիւններ. մին միւռոն­օրհնէքի արարողութիւնն էր, իսկ հետեւեալ օրը՝ հիմնովին վերանորոգուած Միածնաէջ տաճարին վերաօծումը։ Բնականաբար, այս զոյգ հանդիսութիւններուն առթիւ Մայր աթոռ ժամանած էին տարբեր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, նաեւ բարձրաստի­ճան հիւրեր միջազգային հոգեւոր աշխարհէն։ Այս միջոցին էր, որ պահը անմա­հացնելու համար հաւանաբար Մայր աթոռէն զանգուածային լրատւութեան միջոցնե­րուն, նաեւ ընկերային ցանցերուն փոխանցուեցաւ վեհարանի մուտքին առջեւ առնուած խմբանկար մը։ Ան կը ներկայացնէ քանի մը տասնեակ[i] հայ եւ օտար բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք բոլորն ալ քով-քովի ընդունած էին հպարտ կեցուածք մը՝ իրենց դէմքերուն վրայ արտացոլելով կատարուող արարո­ղութիւններուն ներշնչող նուիրականութիւնը։

Խմբանկարը, առաջին հերթին, հասարակութեան պիտի հաղորդէր դրական տպաւո­րութիւն մը՝ բովանդակելով քարոզչական որոշակի պատգամ մը։ Այսուհանդերձ այս շքադրամին փայլուն դիմերեսը կը կրէր իր գորշ դարձերեսը ու իր հոգեւոր պատգամին կը խառնէր լեղի մը՝ միաժամանակ փոխանցելով այրերէ գոյացած դաժան հա­սարակութեան մը դառնահամ տպաւորութիւնը։ Այդ տասնեակ մը եկեղեցականներուն մէջ ի զուր փնտռեցինք իգական սեռին պատկանող հայ կամ թէկուզ օտար ներկայու­թիւն մը։ Ո՛չ մէկ կին կը գտնուէր հոն։ Նման կարեւոր կրօնական իրադարձութեան առ­թիւ կանանց ներկայութեան այս բացակայութիւնը, ստո՛յգ, խոր, մտահոգիչ տպաւորու­թիւն մը կը թողու շատերու վրայ:

21-րդ դարու սեռային հաւասարութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրող աշ­խարհի մէջ, այս պատկերը ցոյց կու տայ այլ իրականութիւն մը, ուր կանայք բացարձա­կապէս տեղ չունին Եկեղեցիին մէջ, մինչդեռ կանայք կը կազմեն Եկեղեցւոյ անդամնե­րուն կամ ի Քրիստոս մկրտուած հաւատացեալներու քանակին կէսը, որ ցաւօք ան­տեսուած կը մնայ Եկեղեցւոյ վերնախաւին կողմէ։ Սոյնը կը վկայէ, որ Եկեղեցին կը մնայ տղամարդոց գերակշռող հաստատութիւն մը, որ չ’ուզեր կիսել Եկեղեցւոյ կալուածին մէջ առանձնապէս իրեն մենաշնորհ դարձուցած հեղինակութիւնն ու նուիրապետական իշխանութիւնը կանանց հետ: Ինչո՞ւ կանայք տեղ չունին Եկեղեցւոյ վճռորոշ պաշտօն­ներուն մէջ։ Կարծէք շատ յստակ ու մեկին է մեր այսօրուան կղերին՝ հայ հասարակու­թեան տուած պատգամը, թէ կին արարածը երբեւէ չի կրնար մօտենալ եկեղեցական պաշտօններուն, ինչպէս սատանան՝ սրբութեան։

Սակայն այսպէս չէր նախնական Եկեղեցին մասնաւորաբար Յիսուսի երկրաւոր առա­քելութեան ընթացքին եւ հետագայ առաջին դարերուն, ուր հաւատաւոր կանայք էա­կան դերակատարութիւն ունեցած են քրիստոնեայ համայնքներու կազմաւորման եւ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան տարածման մէջ։ Ուղղակի Յիսուսի շրջապատին եւ Նոր կտակարանի առաջին համայնքներուն մէջ եղած են բազմաթիւ կանայք, որոնք կրած են հոգեւոր պաշտօններ՝ որպէս առաքելուհիներ, եռանդուն քարոզիչներ եւ ու­սուցողական գործունէութեան առումով՝ վարդապետուհիներ։

Տասներկու առաքեալներէն բացի, կային նաեւ կին աշակերտներ, որոնք կ’ուղեկցէին եւ կ’աջակցէին Յիսուսի եւ առանձնայատուկ մտերմութիւն մը ունէին Անոր հետ: Ամենա­յայտնի դէմքերէն էր Մարիամ Մագդաղենացին, որ ըստ Աւետարաններուն հաղորդած տեղեկութիւններուն, կը վկայուի որպէս Յիսուսի ամենամերձաւոր եւ վստահելի անձնաւորութիւններէն մին։ Ան առաջին վկան էր, որուն Գեթսեմանիի պար­տէզին մէջ շնորհուեցաւ պատիւը դառնալու ականատեսը յարուցեալ Յիսուսի, եւ ան էր, որ ուղ­ղակի Տիրոջ առաքելական տնօրինումով, քրիստոնէութեան համար այս էական իրա­դարձութեան լուրը, այլ խօսքով՝ Յիսուսի հրաշափառ յարութեան աւետիսը հաղորդեց առաքեալներուն։ Հետեւաբար, ամենեւին ի զուր չէ, որ կնոջ մը Եկեղեցւոյ պատմու­թեան եւ հայրաբանական գրականութեան մէջ, յանձին Մարիամ Մագդաղենացիի, վե­րագրուեցաւ «առաքեալներուն առաքեալը» կոչումը։

Վերոգրեալ յիշուեցաւ, որ Մարիամ Մագդաղենացիէն բացի բարեպաշտ կիներու ամ­բողջ հոյլ մը կ’ուղեկցէր Յիսուսի եւ Անոր աշակերտներուն՝ Գալիլիայէն մինչեւ Երուսա­ղէմ, տարբեր վայրերու մէջ քարոզելու եւ հրաշագործութիւններ ընելու ատեն, խաչելու­թեան պահուն, թաղումէն եւ հրաշափառ յարութենէն ետք, երբ Յիսուսի ընտրած ա­ռաքեալները անճրկած, մինչեւ իսկ անոնցմէ ոմանք յուսահատած, կը լքէին ասպարէզը՝ վերադառնալով իրենց տուները։ Մարիամ Աստուածամայրը, Եոհաննան, Սուսաննան, Մարիամ՝ Կղէովպասի կինը, Յակոբոսի եւ Յովսէփի մայրը, Սողոմէն, Մարիամ եւ Մարթա Բեթանիացիները, նաեւ շատ մը այլ կիներ յականէ-յանուանէ կը յիշատակուին Նոր կտակարանին մէջ։ Անոնք ոչ միայն իրենց նիւթա-բարոյական ներդրումներով կ’օժանդակէին Յիսուսի, այլեւ իրենց գործուն մասնակցութիւնը կը բերէին Անոր փրկարար ծրագրերու իրականացման։ Սխալ է Յիսուսի երկրաւոր կեանքին եւ գործու­նէութեան մէջ կանանց ներկայութիւնը սահմանափակել բացառապէս ծառայողական դերակատարութեամբ։ Ընդհակառակը, անոնք գտնուած են միաժամանակ քարոզչա­կան եւ վաղ համայնքներու վարչական-կազմակերպչական կարեւոր պաշտօններ վա­րելու դիրքերու վրայ։

Յիսուսի երկինք համբարձումի եւ Հոգեգալուստի իրադարձութիւններէն ետք, քրիստո­նէական ժամանակաշրջանի առաջին դարերուն կանայք տակաւին կը շարունակէին ի­րենց գործուն դերակատարութիւնը ունենալ հետզհետէ աւելի ու աւելի կազմակեր­պուող Եկեղեցիի կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Նոր կտակարանը կը յիշատակէ այն կանանց անունները, որոնք ոչ-պակաս հեղինակաւոր պաշտօններ զբաղցուցած են ձեւաւո­րուող քրիստոնէական տարբեր համայնքներու մէջ։ Պօղոս առաքեալ իր նամակներուն մէջ կը նշէ անունները քանի մը կանանց, որոնք հանդիսացած են իր մտերիմ գործակից­ներն ու առաքելուհիները: Անոնցմէ մին էր Յունիան, որ Պօղոսի՝ Հռոմէացիներուն ուղ­ղուած թուղթին մէջ յստակօրէն կը յիշուի որպէս առաքելուհի՝ երեւելի մը առաքեալ­ներուն մէջ եւ տակաւին իրմէ առաջ քրիստոնեայ դարձած անձնաւորութիւն մը (Հռոմ. ԺԶ, 7)։ Այն փաստը, որ Պօղոս առաքեալ այս կիները առանձնացնելով առաքեալնե­րու խումբին մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն մը կը վերագրէ անոնց, ցոյց կու տայ, որ անոնք ստոյգ գործուն ներդրում մը ունէին նաեւ քրիստոնէական շարժումի ամենա­բարձր մակարդակներուն մէջ։

Նախնական Եկեղեցւոյ միւս նշանաւոր կիներէն էր Պրիսկան (այլուր՝ Պրիսկիլա), որ իր ամուսինին՝ Ակիւղասի հետ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Տիրոջ խօսքին տարածման մէջ, միաժամանակ հանդէս գալով որպէս հաւատքի ուսուցիչ։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Փիբէն, որուն Պօղոս առաքեալ ուղղակի սարկաւագուհի կը կոչէ. «Ձեզի կը յանձնարա­րեմ Փիբէն՝ մեր քոյրը, որ սպասաւորն է Կենքրացիներու եկեղեցիին» (Հռոմ. ԺԶ, 1–2)։ Աւետարանի յունարէն բնագրին մէջ Փիբէի կամ Ֆիպէի մասին գործածուած է «δῐᾱ́κονος – սարկաւա­գուհի» բառը, զոր Ե. դարու մեր թարգմանիչ վարդապետները հայերէնի համապատասխան եզրով՝ Եկեղեցւոյ սպասաւոր, այլ խօսքով՝ սարկաւագուհի թարգ­մանած են։ Այս բոլորը եւ բնականաբար ուրիշ հեղինակաւոր վերագրումներ ցոյց կու տան այն պարտականութիւններն ու պաշտօնները, որոնք կանայք կը կրէին քրիստոնէական վաղ շրջանի համայնքներուն մէջ:

Այնուամենայնիւ, ժամանակի հոլովոյթին մէջ երբ Եկեղեցին հետզհետէ աւելի՛ հաստա­տութենական կառոյցի մը վերածուեցաւ՝ կանանց դերը, ուղղակի անհասկնալի եւ ան­հիմն պատճառներով, աստիճանաբար սահմանափակուելու սկսաւ: Առաջին դարե­րուն, երբ քրիստոնէութիւնը տակաւին կրօնական շարժումէ դէպի կառուցուածքային հաստատութեան կերպարանքն առաւ, անոր վաղ ներդրողներէն շատեր ճնշումներու ենթարկուելով մոռացութեան մատնուեցան։ Սակայն քրիստոնէական գրականութեան եւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առկայ բազմաթիւ վկայութիւններ առաքելական շրջա­նէն, նաեւ անկէ ետք, ցոյց կու տան, որ կանայք անփոխարինելի դեր ունեցած են հա­ւատքի տարածման եւ հեթանոսութեան աւերակներուն վրայ քրիստոնէութեան տա­րած յաղթանակի իրագործման մէջ։

Հակառակ Եկեղեցւոյ պատմութեան հետագայ շրջաններուն իրականացած սահմանա­փակումներուն, կանանց ներդրումներն ու ժառանգութիւնը կը մնան քրիստոնէական պատմութեան կեդրոնական, բայց յաճախ անարդարօրէն մոռացութեան մատնուած մասերը:

Ի տարբերութիւն առաքելական շարք մը Եկեղեցիներու, Հայ եկեղեցին քրիստոնէական նախնական Եկեղեցւոյ կեանքէն եզակի աւանդ մը իւրացուցած է եւ զայն իր ծոցին մէջ պահպանելով հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը։ Ան չէ զլացած հայ կնոջ շնորհելու Եկե­ղեցւոյ նուիրապետական կարգերէն սարկաւագութեան աստիճանը, որ ոչ թէ սովորա­կան օրհնութեան մը բնոյթը կը կրէ, այլ միանշանակ ունի խորհրդակատարութեան մը նկարագիրը։ Սոյնը բացառիկ ցուցանիշ մըն է Հայ եկեղեցւոյ հանդուրժողականութեան եւ սեռերու հարցին մէջ անոր լայնախոհութեան ոգիին՝ իր հոգեւոր անդաստանին մէջ եկեղեցական պաշտօններու իրաւահաւասար տուչութեան եւ համարժէք շնորհումին իմաստով։ Թէպէտ Հայ եկեղեցին չէ ունեցած իգական սեռի քահանայութեան կամ եպիսկոպոսութեան աւանդոյթ մը, բայց այսուամենայնիւ ան իւրացուցած է սարկաւա­գութեան նուիրապետական արժանավայել կարգ մը, որ ցայսօր կը զլանան կանանց վե­րաշնորհել շարք մը քոյր Եկեղեցիներ։

Անդրադառնալով վերոյիշեալ խմբանկարին, որ շօշափելի ապացոյց մըն է այսօր Հայ եկեղեցիին մէջ արական սեռի գերակշռող հոգեւորականութեան, որքան մխիթարական պիտի ըլլար, եթէ ականակուռ պանակէներով զարդարուն եպիսկոպոսներու, վարդա­պետներու եւ քահանայ հայրերու շարքին մէջ տեսանելի ներկայութիւն ըլլային նաեւ առնուազն քանի մը սարկաւագուհիներ, ինչը բնաւ խոտոր չէ Հայ եկեղեցւոյ աւան­դութեան եւ կանոնական սկզբունքներուն։

Յիսուսի գերեզմանը այցելող իւղաբեր կանայք ե՞րբ փոխարինուեցան իւղաբեր եպիսկոպոսներով։

Կ’արժէ այստեղ յիշել, որ ճիշդ 131 տարի առաջ՝ 26 սեպտեմբեր 1893-ին, երբ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ ամենայն հայոց կաթողիկոս կ’օծուի Ս. Էջմիածնի մէջ, Միածնաէջ տաճարի խորանին վրայ միաժամանակ սպասարկած են Թիֆլիսի Ս. Ստեփանոս կուսանաց վանքէն հիւրաբար ժամանած սարկաւագուհիներ՝ գլխաւորութեամբ քոյր Հռիփսիմէ աւագ սարկաւագուհի Թահիրեանցի։ Այս մասին կը վկայէ անգլիացի ճանապարհորդ Հենրի Լինչ իր հրատարակած ուղեգրական գիրքին մէջ (Henry Finiss Bloss Lynch, Armenia: Travels and Studies, Vol. 1 (London, 1901), pp. 252–253): Այս առթիւ ան նոյն գիրքին մէջ կը հրապարակէ վերոնշեալ սարկաւագուհիին լուսանկարը ծիսական խորապէս տպա­ւորիչ զգեստաւորումով։

Թիֆլիսի Ս. Ստեփանոս կուսանաց վանքէն ինը միանձնուհի իրենց վեհա­մօր՝ Հռիփսիմէ աւագ սարկաւագուհի Թահիրեանցի գլխաւորութեամբ մասնակցած են 30 սեպտեմբեր 1912 թուականին Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան մեծահանդէս արարողութեան։

Զարմանալի պիտի չթուի այն փաստը, որ 29 մարտ 1936 թուականին Անթիլիասի մայ­րավանքին մէջ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռակից կաթողիկոս Բաբգէն Ա. Կիւլեսէրեանի սրբագործուող Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, այլեւ Կոստանդնուպոլսէն ժամանած Գալֆայեան միաբանու­թեան քոյրեր։ Այս առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ» ամսագիրը միւ­ռոնօրհնէքի մասին պատմող յօդուածին մէջ կը վկայէ Գալֆայեան միաբանութեան մայրապետ քոյր Աղաւնի սարկաւագուհի Քէօսէեանի եւ դպրուհի Մարիամ Քէօսէեա­նի[ii] մասնակցութիւնը սրբազան արարողութեան.

«Երկուքն ալ շապիկով եւ ուրարով […] Պատարագը սկսաւ, եւ երբ հասաւ Ող­ջոյնի պահը, թափօրը վերադարձաւ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցին, բերելու համար Միւռոնի կաթսան, անուշահտ իւղերը եւ Ս. Աջերու արկղը։ Սարկաւա­գուհի Աղաւնի վերաբերում ըրաւ, իսկ դպրուհի Մարիամ Աւետարան կարդաց» («Հասկ», 1936, Մարտ-Ապրիլ, էջ 19)։

Սարկաւագուհիներու հանրային ներկայութեան փաստեր արձանագրելու առնչու­թեամբ չմոռնանք նշելու 25 հոկտեմբեր 1953 թուականին Գիւտխաչի տօնին առթիւ Թբիլիսիէն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին ուխտի եկած միանձնուհիներն ու սարկաւագու­հիները։ Այս առթիւ Մայր աթոռի պաշտօնաթերթ «Էջմիածին» ամսագիրը կը նշէ.

«Այդ օրը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին ուխտի էին եկել Թբիլիսիի Ս. Գէորգ եկեղեցու յարգարժան երեք սարկաւագուհի կոյսեր, որոնք մասնակցում էին Սուրբ պա­տարագի արարողութիւններին» («Էջմիածին», 1953, Ժ, էջ 16)։

Հարկ է նկատի ունենալ, որ այս ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ վաղուց հաս­տատուած էին խորհրդային կարգերը եւ պետական հակակրօնական քարոզչութիւնը իր կործանարար անիւին տակ փճացուցած էր նաեւ Թիֆլիսի Ս. Ստեփանոս կուսա­նաց վանքը։ Բայց հակառակ այս իրողութեան, Ամենայն հայոց հայրապետը՝ Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան, տակաւին դրական վերաբերմունք կը դրսեւորէ հայ սարկաւագուհիներուն հանդէպ՝ հայրաբար տնօրինելով, որ անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերեն սրբազան արարո­ղութիւններուն։

«Առակս զի՞նչ ցուցանէ»: Ցուցանէ որ կանանց ներկայութիւնը Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական դասին մէջ բացարձակապէս խոտոր երեւոյթ մը չէ։ Ան ո՛չ նորարարութիւն մը եւ ո՛չ ալ վերջին ժամանակաշրջաններու ֆեմինիստական տարաբնոյթ շարժումներու հետե­ւանք է, այլ միանշանակ հնաւանդ ու սրբակրօն աւանդութիւն մը բարեկարգելու պա­հանջ է։

Որքա՜ն նշանակալից պիտի ըլլար եւ իր խորհրդանշական ամբողջ գեղեցկութիւնը ար­տացոլէր, եթէ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքը բարեհաճէր Էջմիածնի մէջ կայանալիք միւռոնօրհնէքի, ապա Մայր տաճարի վերաօծման սրբազան արարողութիւններուն իր շքախումբին մէջ ունենար նաեւ Գալֆայեան միաբանութեան քոյր Գայիանէ կիսասարկաւագուհի Զուլքատիրեանը. Նմանապէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կա­թողիկոսութեան ներկայացուցիչներէն մին ըլլար Թեհրանի թեմի առաքինազարդ սար­կաւագուհի Անի-Քրիստի Մանուէլեանը։ Հայ եկեղեցին հոգեւոր իմաստով եւ արտաքին հեղինակութեամբ ոչինչ կը կորսնցնէր, այլ ստո՛յգ միայն կը շահէր։ Յաչս 21-րդ դարու արագընթաց զարգացումներուն եւ ընդհանրապէս գիտութեան բոլոր ոլորտներուն, յատկապէս հաղորդակցութեան միջոցներու ու ճարտարագիտութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուող հսկայական նուաճումներուն, այլեւ սեռերու հաւասարութեան իրա­ւունքը ժամանակահունչ ընկալումներով ամրագրելու փաստով, Մայր աթոռը Հայ եկե­ղեցւոյ կանանց սարկաւագութեան սրբակրօն աւանդութեան մասին վկայելով՝ կրնար եզակի դիրքորոշում մը հաղորդել քրիստոնէական համայն աշխարհին՝ արական սեռի գերակշռող կղերի մը գորշ պատկերը սփռելու փոխարէն։

Փաստօրէն, Ե. դարու Վարդանանց պատերազմի պատմութիւնը ոգեղինած ոսկեղենիկ Եղիշէէն ալ ոչինչ սորված են: Երբ պատմիչը կը գրէ «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին» երկի վերջին հատուածը, կը ներկայացնէ Աւարայրի ճակատամար­տէն ետք գերեվարուած հայ ազատներու կանայք, որոնք «իրենց կեանքին մէջ նմանե­ցան քաջ նահատակներու»։ Անոնք «զինուորեալ սրբուհիք» էին հայոց, որոնց քաջ օրի­նակին հետեւեցան հայ կանայք դարերու գալարումներուն, տանջալից պայքարներուն, թշնամու­թեան ու խաւարի ուժերուն դէմ բազմաթիւ պահե­րուն, արիւնահեղութիւններուն, բազմիցս իրենց խորտակուած կեանքերուն եւ հողին յանձնուած երազներուն մէջ։ Բայց անոնց հաւատքը առ Աս­տուած եւ վերակենդանութեան յոյսը առ Քրիս­տոս անխորտակելի եղան, ինչպէս կուսութիւնը ի­րենց հոգիին, հակառակ վայրագ ու վաւաշոտ բո­լոր յօշոտումներուն, անեղծանելի մնաց։

Ահաւասիկ այն դերը, որ հայ կանանց կը վերապահուի այսօրուան Եկեղեցիին մէջ։ Լուսանկարին մեկնաբանութիւնը կը թո­ղում ընթերցողներուն։

Ափսո՜ս, հազա՜ր ափսոս, որ մեր Մայր եւ Սուրբ ե­կեղեցիին պաշտօնէութիւնը դարձած է բացառա­բար այրերէ բաղկացած գերակշռող հասա­րակութիւն մը։ Եղո՜ւկ, որ մեր Եկեղեցւոյ վերնա­խաւը կազմող եպիսկոպոսներն ու վարդապետնե­րը,– ինչքան ալ բութ մեծամասնութեան մէջ բա­ցառութիւններ յարգելի ըլլան,– ստեղծագործա­կան երեւակայութեան թռիչքէ խեղճացած, տես­լականէ զուրկ պաշտօնակատարնե­րու վերածուած են։ Արդեօ՞ք ատակ են անոնք նախաձեռնելու, ունենալու հոգեւոր արիութիւնը ռիսկ վերցնելու՝ հասարակութեան մէջ Եկեղեցիին հանդէպ օրէցօր ահագնացող անտարբերութիւնը նախանձայուզութեան փոխարկելու եւ հաւատքին հրայրքով իրենց հայազուն հօտը այնպէս առաջնորդելու, որ ան դառնայ սքանչելի ուժ, գործուն ներկայութիւն, կենսու­նակ ներգործութիւն՝ քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին մէջ օրինակելի ազգ եւ ժո­ղովուրդ մը։ Մեզի լուսատեսիլ եւ հոգեկիր հայրեր են պէտք՝ ո՛չ պաշտօնակատարներ։

Պահպանողական մoտեցումը, որ կառչած կը մնայ հնացած կառոյցներու եւ կը մերժէ Եկեղեցիին մէջ կանանց պատասխանատու պաշտօններ վստահելու յանձնառութիւնը, չի կրնար օրհնութիւն մը ըլլալ այսօրուան հասարակութեան մէջ: Անմիջապէս անհրա­ժեշտ է որդեգրել յառաջադէմ մտածելակերպ մը եւ զարգացնել ստեղծագործ գործողու­թիւններ՝ իրագործելու մարտավարութիւն մը, որ կեդրոնանայ բոլոր մարդոց հաւա­սարութեան վրայ՝ անկախ անոնց սեռէն: Միայն այս կերպ եկեղեցին ի վիճակի կը դառ­նայ արդիական մնալ ժամանակակից աշխարհին մէջ եւ յառաջացնել նոր, կենդանի հաւատք մը, որ արտացոլուի լայնախոհութեամբ, արդարութեամբ եւ համատեղ պատասխանատւութեամբ:

*****

[i] Մեր հաշւումներով՝ 72 հոգի: — Ծանօթագրութիւնը՝ ԳԵՂԱՐԴ-ի:

[ii] Մարիամ դուստր Մահտեսի Կարապետի Քէօսէեանը (1881, Արաբկիր – 1970, Սթամպուլ) 1955-ին քրոջ՝ Աղաւնի աւագ սարկաւագուհի մայրապետի վախճանումէն ետք մինչեւ իր մահը եղած է Գալֆայեան միաբանութեան մայրապետը: Նոյն 1955-ին աւագ սարկաւագուհի ձեռնադրուած է Գարեգին արք. Խաչատուրեան պատրիարքին ձեռամբ: 1961-ի յուլիսին, Խաչատուրեան պատրիարքի վախճանման առթիւ Սթամպուլ այցելող Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն արժանացած է ադամանդակուռ լանջախաչ կրելու բացառիկ պատիւին: Խաչը առաքինազարդ աւագ սարգաւագուհիին նուիրած է նոյն ինքն կաթողիկոսը՝ նորընտիր պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանին միջոցով: — Ծանօթագրութիւնը՝ ԳԵՂԱՐԴ-ի:

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like

Ս Ե Վ Ա Դ Ա Ր

Նվիրում  եմ Ծնողներիս հիշատակին Վարդան Գրիգորյան, Երևան Արցունքը թախիծ ու վիշտ է ծնում, Ուժը իրավունք ու հպարտություն, Բռունց…
Read More