Հայրենիքը Վտանգող Պառակտիչ Գործունէութիւն

Համօ Մոսկոֆեան, ԵրեւանՄոսկուա – Պէյրութ, 20 Փետրուար 2015

Սեղմ յապաւումներով հրատարակուած սոյն յօդուածը կ’արտայայտէ հեղինակին սեփական կարծիքը: Կարգ մը հաստատումներ կը կարօտին հետազօտական թղթակցութեան մը յատուկ տուեալներուն:-Խմբ.

Մինչ համաշխարհային ռազմաքաղաքական կացութիւնը բարդ ու վտանգաւոր ժամանակաշրջանէ մը կ’անցնի եւ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի նշելու Մեծ Եղեռնի 100ամեակը՝ Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, նորանոր դաւեր  կը ծրագրուին ինչպէս Հայաստանի եւ աշխարհատարած Սփիւռքի, այնպէս ալ տարածաշրջանի խաղաղասէր ու շինարար ժողովուրդներուն դէմ։

Կարծէք թէ բաւարար չէր ՏԱԷՇ կոչուած արիւնախում ոճրագործներու կազմակերպութեան գործած ահաւո՜ր սպանդները Միջին Արեւելքի եւ Լիպիոյ մէջ, քրիստոնեաներու, քիւրտերու, եզիտիներու թէ արաբներու հանդէպ՝ որպէս “նախերգանք” 21րդ դարու Օսմանեան Կայսրութեան “վերածնունդ”ին,  Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խելապատիկէն ծնունդ առած: Ապա, նոր տարուան սեմին, Կիւմրիի մէջ ռուս կասկածելի զինուոր մը՝ Վալերի Փերմիաքով կը գործադրէ սպանդը հայ ընտանիքի մը դէմ, այն ալ Մոսկուայի համար այնքա՜ն բարդ ժամանակաշրջանին: Այդ “դիմակաւոր” ոճրագործին ձերբակալութիւնը իր “տէր”երուն Թուրքիա փախչելու ճանապարհին, քօղազերծ կ’ընէ հայ-ռուսական դարաւոր ռազմավարական դաշինքին դէմ նախապատրաստուող նոր դաւադրութիւն մը:

Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ ներքին եւ արտաքին ռազմական ու տնտեսական ճակատներուն վրայ գեր-զբաղած Ռուսիա, այժմ դէմ-յանդիման կը գտնուի Կովկասի մէջ իր ամենէն կարեւոր զինուորական խարիսխներուն եւ մանաւանդ Երեւանի մէջ նոր “Մէյտան”ներ (թրքերէնով՝ հրապարակ) կազմակերպուելու սպառնալիքներուն առաջ, ֆինանսաւորուած Թուրքիոյ եւ արեւմտեան հետախուզական վարչութիւններու կողմէ:

Անդրկովկասի ամենէն կարեւոր եւ հին նախկին Ցարական կայսրութեան, խորհրդային իշխանութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ հիմնուած ու բազմիցս վերանորոգուած ռազմակայանին մէջ կը ծառայէր 18 ամեայ Վալերի Փերմիաքով: Կիւմրիի ահաւոր սպանդը անմիջապէս օգտագործուեցաւ Հայաստանը նոր “Վրաստան”ի եւ “Ուքրանիա”ի վերածելու:

“Պապէն աւելի պապական” Հայաստանի “ընդդիմադիր” կարգ մը տարրեր, պահանջեցին Ռուսիոյ դեսպանին վտարումը եւ ռուսական ռազմակայաններու փակումը, մոռացութեան մատնելով այն որ հայ վարորդ մը, ահաւոր արկածով իր բեռակառքով սպաննած էր 15 եւ ծանրօրէն վիրաւորած 40 Ռուսիոյ քաղաքացիներ իրենց հայրենիքին մէջ, տարի մը առաջ:

Այս Հայստանի անվտանգութիւնը ջլատող քաղաքական կեցուածքները եւ անոնց ետին կանգնած օտարերկրեայ դեսպանութիւններու “դրամաշնորհ”ներ մատուցողները իրենց յիշողութեան մէջ ջնջած էին, որ 1999 թ. Սեպտեմբեր 21ին քաղաքամայր Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ փառաւոր զօրահանդէս, որուն մասնակցեցան հայ քաջարի ռազմիկներուն հետ, Ռուսիոյ ձրիօրէն տրամադրած շուրջ մէկ միլիառի հասնող զինատեսակներու, հրթիռներու, հրասայլերու եւ ուղղաթիռներու շարքերը՝ ձեռամբ հայ ժողովուրդի ռուս զաւակ Զօրավար Փաւել Կրաչովի։

Պաշտօնամոլութեան եւ աթոռամոլութեան մոլուցքով կուրացած, “ընդդիմադիր խաղցող” Հայաստանի քաղաքական որոշ այրեր արդեօք կրնա՞ն ըսել թէ ռուսական զօրքերու կարծեցեալ “վտարում”էն ետք որո՞նք պիտի պաշտպանեն Հայաստանը։ Թուրքիա՞ն, Ազրպէյճա՞նը, դաւադիր Վրաստա՞նը, ԱՄՆ թէ՞ կեղծաւոր Եւրոպան, որոնք ամէն առիթով կը փորձեն “հաստատել” նաֆթի եւ կազի պետութեանց հետ իրենց անսահման զօրակցութիւնը, արիւնոտ տոլարներով Պաքուին կը յանձնեն դահիճ Սաֆարովը։

Խելամիտ եւ հեռատես ըլլանք, չմոռնալով որ շուրջ 3 միլիոն հայեր կ’ապրին ու կը բարգաւաճին Ռուսաստանի մէջ, նեցուկ կանգնելով իրենց հարազատներուն՝ Մայր Հայրենիքի մէջ։

You May Also Like
Read More

«Նոր Հայաստան, Նոր Սփյուռք»

Համաժողովի Հայտարարությունը Եվրոպայի Հայերի Համագումար, Գերմանիա, քաղաք Քյոլն, 2 սեպտեմբեր 2018 Հայաստանում Թավշյա համաժողովրդական հեղափոխությունը, վերջակետ դրեց ՀՀ…
Read More