Բաց նամակ միջազգային ընտանիքին եւ աշխարհասփիւռ արեւմտահայութեան

Արեւմտահայութեան գերագոյն ազգային խորհուրդի հիմնադիր մարմին, 6 Յուլիս 2021

Հետեւելով տարածաշրջանի նեղ եւ ընդլայնուած շրջանակներէն ներս վերջին տարիներու աշխարհառազմավարական անցուդարձներուն, եւ համապատասխան գնահատանքներու հասնելով՝ Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի հիմնադիր մարմինը, յենուելով սոյն թուականի Ապրիլին իր որդեգրած ՙԱրեւմտա-հայութեան Ազգային Հայեցակարգ՚-ի ողջ բովանդակութեան վրայ՝ կը յայտարարէ.

  1. Ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան Արեւմտեան Հայաստանի վերականգնումէն առաջ, ՙԶանգեզուրի միջանցք՚ կամ՝ Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Սեւ Ծով եւ Միջին Արեւելք երկարող տարածքներուն վրայ վերջնական որեւէ կարգավիճակ կամ ծրագիր գոյութիւն չի՛ կրնար ունենալ: Արեւմտահայութեան համար այս սկզբունքը ընդունուած է որպէս սրբազան ՙՈՒԽՏ՚:
  2. Ի զուր են՝ Արեւելեան Հայաստանի վրայ գործող տարբեր կողմերու բոլոր ճնշումները, որոնց հիմնական նպատակն է վերջնական ուրացումը Արեւմտեան Հայաստանի գրաւեալ հողերուն, ու այդ հարցի անօրինական փակումը: Անկախ այն երեւոյթէն, որ Արեւելեան Հայաստանն ինքզինք անուանած է ՙՀայաստանի Հանրապետութիւն՚՝ ան իրաւականօրէն ոչ իրաւայաջորդ, ոչ ալ շարունակող պետութիւնը կրնայ ըլլալ 19 Յունուար 1920-ին միջազգային ճանաչում ստացած ՙՀայաստան Պետութեան՚: Այս փաստարկը հաստատուած է Արեւելահայաստանի 23 Օգոստոս 1990 թուականին ընդունած անկախութեան հռչակագիրով, նաեւ, Արեւմտահայութեան կողմէ Արեւելեան Հայաստանին այդպիսի իրաւական լիազօրութիւն մը տալու բացակայութեան փաստով:
  3. Հիմնուելով նախորդ կէտին վրայ, Արեւելահայաստանի վրայ գործող ներկայ այդ բոլոր ճնշումներուն հետեւանքով՝ Արեւելահայաստանին կողմէ ստորագր-ուած/ստորագրուելիք որեւէ համաձայնագիր, դաշնագիր կամ այլ որակի միջազգային պարտաւորութիւն՝ կը վերաբերին միայն ու միայն Արեւելեան Հայաստանին, եւ իրաւական ու քաղաքական ոչ մէկ ազդեցութիւն կամ հետեւանք կրնան թողուլ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արեւմտահայութեան միջազգայնօրէն փաստագրուած իրաւաքաղաքական եւ այլ իրաւունքներուն վրայ:
  4. Միջազգային ընտանիքին, եւ յատկապէս գերհզօր հինգ պետութիւններուն պատասխանատւութիւնն է՝ վերջապէս որոշել, թէ այս երկրագունդին վրայ կը գործէ՞ միջազգային օրէնքը թէ ոչ: Եթէ կը գործէ՝ ապա ժամն է, որ վերջ դրուին Հայ ազգին նկատմամբ շարունակաբար գործող անօրէն ճնշումներուն ու անարդար եւ անտարբեր վերաբերմունքին: Ուստի եւ միջազգային երաշխիքով գործի դրուին անոր վերաբերող բոլոր իրաւունքները՝ ՄԱԿ-ի ներքին կանոնադրութեամբ ընդգծուած ու հաստատուած ՙԲոլորը բոլորին՚ սկզբունքի գործնական իրականացումով: Այլապէս, Արեւմտահայութիւնը պիտի որդեգրէ համապատաս-խան այլընտրանքային գործելաոճ:
  5. Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռով սահմանուած ՀԱՅԿԱԿԱՆ գրաւեալ տարածքները օգտագործող որեւէ ծրագիր, եւ այդ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած բոլոր պետու-թիւնները ենթակայ պիտի դառնան քաղաքական եւ տնտեսական՝ իրաւական պատասխանատւութեան:
  6. Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերող որեւէ լուծում, որ հիմնուած չէ Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրի 92-րդ յօդուածով սահմանուած դրոյթներուն՝ կը նկատուի անվաւեր, եւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում:
  7. Միջազգային ընտանիքի ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի՝ յատկապէս ԱՄՆ-ի նախագահ Ուիլսոնի 22 Նոյեմբեր 1920-ի իրաւարար վճիռով սահմանուած տարածքները, ըստ Հաագայի (Լա Հէյ) 18 Հոկտեմբեր 1907-ի ցամաքային պատերազմի օրէնքներու 4-րդ պայմանադրութեան 3-րդ բաժնի 42-րդ յօդուածին, կը համարուին գրաւեալ տարածքներ, որոնց ազատագրութեան իրաւունքը երաշխաւորուած է միջազգային բոլոր օրէնքներով եւ չափանիշերով:
  8. Արեւմտեան Հայաստանի գրաւեալ տարածքներուն համար ազատագրական պայքարը իւրաքանչիւր Արեւմտահայի թէ՛ իրաւունքն է եւ թէ՛ ալ պատաս-խանատուութիւնը: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք գրաւեալ տարածքներէն ներս ապրող եւ աշխարհասփիւռ տարագրեալ ողջ Արեւմտահայութեան՝  ստանձնելու իրենց ազգային պարտաւորութիւնը, թէ՛ քաղաքական եւ թէ այլ միջոցներով ընթացող ազատագրական պայքարին, իւրաքանչիւրն իր կարողութեան եւ հնարաւորութեան սահմաններով:
Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

“Enough is Enough”

Պարոյր Աղպաշեան, Ռակ Մամուլ, Պէյրութ, 18 Լիբանան 2010 Հակառակ իր սահուն ֆրանսախօսութեան, անգլերէնով այս արտայայտութիւնը կը գործածէր Տոքթ.…
Read More