Համշէն-«Համշիլ»-ներ, Տերսիմ Եւ Իրաքեան Քիւրտիստան

Թղթակից, Պէյրութ, 9 Նոյեմբեր 2015

Նախաձեռնութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարժարաններու տնօրէնութեան, հայրենասիրութեան ոգիով դաստիարակուող ուսանողութիւնը, անցեալ 3 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Սին էլ-Ֆիլի Զապել Մովսէսեան դահլիճին մէջ հանդիպում  մը ունեցաւ միջազգային լրագրող Համօ Մոսկոֆեանի եւ համակարգիչներու մասնագէտ Վիգէն Թոսունեանի հետ։

Ամբողջ ժամ մը շարունակ, բանախօսութիւնը յատկացուեցաւ Ղրղըզստանի եւ հարաւ-արեւելեան Ռուսիոյ, Թուրքիոյ համշէնահայերու ոդիսականին, Տերսիմի հայոց եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի հերոս հայ գաղթօճախի կեանքին։

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան եւ Դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան, բանախօսութեան սկիզբը ներկայացուցին Համօ Մոսկոֆեանի վերջին տարիներու գործունէութիւնը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ։

Օրուան հիւրը անդրադարձաւ 1944 թ.ին Ղրղըզստանի եւ Ղազախստան աքսորուած Վրաստանի համշէնահայերուն մասին: Ան նշեց որ անոնց ղեկավարը՝ Ռուսլան Քարապաճաքով կազմակերպողներէն է կրօնափոխ եղած «Հեմշիլ»-համշէնահայերու վերադարձը դէպի ազատատենչ Արցախ եւ Հայաստան: Համօ Մոսկոֆեան հանդիպումներ ունեցած է Քարապաճաքովի հետ: Բանախօսը նոյնպէս ներկայ եղած եւ նկարահանած է «Համշէնական» պատմական հարսանիք մը՝ Ռոստովի եւ Քամինօ-Շախթինսկի մարզի Ֆետերցովքա գիւղին մէջ։

Ապա՝ խօսուեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի պատմական օրրան՝ Տերսիմի (Տէր Սիմոնի) կրօնափոխ հայերու, ալեուի զազաներու եւ արեւապաշտ քզըլպաշներու մասին՝ որոնք նաեւ մեր եղբայրներն ու քոյրերն են: Անոնք, հայերու նման, բազմիցս ենթարկուած են կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան։

Մոսկովեան այնուհետեւ անդրադարձաւ Իրաքեան Քիւրտիստանի հայազգի հերոսներուն մասին: Բանախօսը շեշտեց որ անոնք պանծալի էջեր կը գրեն մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ, ղեկավարութեամբ Հավրէզք գիւղէն հրամանատար Մուրատ Վարդանեանի, Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանական Երուանդ Ամինեանի եւ այլոց։

Որպէսզի այս բոլոր տուեալները աւելի հասկնալի ըլլան ուսանողութեան, ցուցադրուեցան հայրենի «Շանթ» եւ «Երկիր» Մետիա ու Լիբանանեան «Future» պատկերասփիւռային կայաններուն հետ լրագրող Համօ Մոսկոֆեանի հարցազրոյցները, ուր կը ներկայացուին նաեւ վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ կատարուած նկարահանումներէն տեսարաններ։

Հանդիպման աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնելով, Համօ Մոսկոֆեանին եւ Վիգէն Թոսունեանին, որպէս նախկին Յովակիմեան-Մանուկեանի շրջանաւարտ, տնօրէն Արա Վասիլեան խորհուրդ տուաւ ներկայ ուսանողութեան՝ հայրենասիրութեան ուղիով ընթանալ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին։

Ձեռնարկի աւարտին, հիւրերը պարգեւատրուեցան վարդափունջերով, ապա լուսանկարուեցան ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան եւ ուսանողներուն հետ։

You May Also Like
Read More

Կարելի է պարտվել ճակատամարտը, բայց անթույլատրելի է պարտվել որպես ազգ. Հայաստանի Հանրապետության նախագահ Արմեն Սարգսյանի ուղերձը

16 Նոյեմբեր 2020 Յարգելով Նախագահ Արմեն Սարգսեանի պաշտօնը կը հրատարակենք իր ուղերձը վերապահութեամբ: Փոխանակ հանդարտեցնելու բորբոքուած իրավիճակը՝ ան…
Read More