Արդի աշխարհակարգի քիսինճըրեան ընկալումը

Վարդան Թաշճեան, Պէյրութ, 27 յունուար 2025

Երբ Հենրի Քիսինճըր իր «Աշխարհակարգը. Խորհրդածութիւններ ազգերու բնոյթին եւ պատմութեան ընթացքին մասին» գիրքը (“World Order: Reflections on the Character of Nations and the Course of History”) հրատարակեց 2014-ին, քիչերը կրնային կանխատեսել, թէ ինչպէս անոր վերլուծութիւնները պիտի դառնան այսքան ժամանակակից՝ անցած տարիներու փոթորկալի իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Աշխարհակարգերու փխրունութեան եւ աւելի բազմաբեւեռ աշխարհի մէջ հաւասարակշռութիւն հաստատելու ջանքերուն շուրջ անոր ուսումնասիրութիւնը այսօր տեղին կը թուի՝ մեծ տագնապներ առթող մթնոլորտի մը մէջ:

Ռուսիոյ Ուքրաինա ներխուժումէն մինչեւ Արցախի բռնի հայաթափումն ու Հայաստանի նկատմամբ Ալիեւի յարձակապաշտութիւնը, ու մինչեւ Տանըլտ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան խնդրայարոյց օրակարգերը (յաւակնութիւններ Կրինլենտի, Գանատայի եւ Փանամայի ջրանցքի նկատմամբ), կը շեշտեն մեծ պետութիւններու մրցակցութեան եւ տարածքային ծաւալապաշտութեան վերածնունդը։ Սա լուրջ մարտահրաւէր է ոչ միայն ՄԱԿ-ի ստեղծումով ձեւաւորուած յետպատերազմեան, այլ նոյնիսկ յետպաղպատերազմեան կարգերուն։

Միջին Արեւելքը կը շարունակէ մնալ հակամարտութեանց եռացող կաթսայ մը: Կազայի եւ Լիբանանի աւերիչ պատերազմները, Սուրիոյ վարչակարգին փոփոխութիւնը, տարածաշրջանի ուժային տինամիզմը վերաձեւաւորելու Բենիամին Նեթանիահուի յամառ ջանքերը, կը փաստեն մշտական անկայունութիւնը այն տարածաշրջանին, որմով Քիսինճըր անձամբ կը զբաղէր իր դիւանագիտական ծառայութեան օրերուն:

Հենրի Քիսինճըրի «Աշխարհակարգը» աշխատասիրութիւնը կը սկսի երկու հիմնական հարցադրումով. ի՞նչ է աշխարհակարգը, եւ արդեօ՞ք համաշխարհային կարգ մը երբեւիցէ գոյութիւն ունեցած է։ Ան կը նշէ որ միջազգային քաղաքական արդի համակարգը – որ յաճախ կը կոչուի «կանոններու վրայ հիմնուած կարգ» – ծնունդ առած է Վեսթֆալիոյ 1648-ի խաղաղութեան համաձայնագիրէն, որ հանդիսացաւ եւրոպական լուծում մը՝ եւրոպական խնդիրներուն համար։ Ինքնիշխան պետութիւններու գաղափարին, պետութիւններու՝ իրարու գործերուն չմիջամտելու սկզբունքին եւ ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած այս համակարգը դարեր շարունակ ծառայեց որպէս համաշխարհային յարաբերութիւններու հիմնական շրջանակ։ Սակայն անոր հիմնական սկզբունքները այժմ կը վիճարկուին։

Քիսինճըր նախ կը հետազօտէ եւրոպական կարգին զարգացումը՝ ընդգծելով անոր իւրայատկութիւնը։ Ի տարբերութիւն այլ քաղաքակրթութիւններու որոնք բարձրացան եւ անկում ապրեցան որպէս կայսրութիւններ, Հռոմի անկումէն ետք Եւրոպա ընդգրկեց քաղաքական եւ կրօնական բազմակարծութիւնը։ Սա բարոյական ընտրութիւն չէր անպայման, այլ կ’արտացոլէր Եւրոպայի մէջ որեւէ ուժի՝ բոլորին վրայ առանձինը տիրապետելու անկարողութիւնը։ Վեսթֆալիոյ համաձայնագիրը օրինականացուց այս բազմաբեւեռութիւնը՝ ծնունդ տալով ժամանակակից պետական համակարգին եւ ազգային շահի գաղափարին։

Այս համակարգը, սակայն, մշտապէս փորձութեան ենթարկուեցաւ փառասէր առաջնորդներու եւ յեղափոխականներու կողմէ, ինչպէս Լուի ԺԴ․ թագաւորը եւ Ռոպեսփիեռի խմբակը Ֆրանսայի մէջ յաջորդաբար՝ ցոյց տալով կարգին եւ ազատութեան միջեւ ներքին լարուածութիւնը։ Նափոլէոնեան պատերազմներէն ետք Վիեննայի համագումարը (1814–1815) ստեղծեց համակարգ մը, որ հաւասարակշռեց օրինականութիւնը եւ ուժը, միաժամանակ հզօր ուժի վերածուած Ռուսիան ներառելով եւրոպական կարգին մէջ։

Ազգայնականութեան վերելքը եւ Խրիմի պատերազմը (1854-56) խախտեցին այս հաւասարակշռութիւնը՝ յանգեցնելով Պիսմարքի ծրագրով Գերմանիոյ միաւորման եւ ռէալ փոլիթիքի քաղաքականութեան անցնելուն։ Այս նոր կարգը աւելի կոշտ էր ու նուազ յարմարուող, եւ ի վերջոյ յանգեցուց առաջին համաշխարհային պատերազմի ողբերգութեան։

Առաջին համաշխարհային պատերազմին յաջորդած կարգը, մարմնաւորուած Վերսայի դաշնագրով, առաջնահերթութիւն տուաւ օրինականութեան՝ գլխաւորաբար Ազգերու Լիկային միջոցով, բայց անտեսեց ուժերու հաւասարակշռութիւնը՝ զայն խոցելի դարձնելով դաշնագիրին վերատեսութիւնը ցանկացող ուժերուն կողմէ, որոնց ամենամեծը նուաստացուած Գերմանիան էր։ Երկու մեծ պատերազմներուն միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը ցոյց տուաւ Վերսայեան մօտեցման ձախողումները, որոնց ամենաաղէտալին գերմանական նացիզմի ծնունդն էր, որ ի վերջոյ կայծը տուաւ յաջորդ համաշխարհային պատերազմին։

Յետպատերազմեան Եւրոպան ամերիկեան ղեկավարութեան ներքոյ ընդգրկեց նոր մօտեցում մը՝ համարկում հաստատութիւններու միջոցով, ինչպէս Եւրոպական Միութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ն, նպատակ ունենալով անդրանցնիլ պետական համակարգը, որ եղած էր եւրոպական նախորդ կարգերուն հիմնական առանձնայատկութիւնը։

Ըստ Քիսինճըրի, Պաղեստինեան հարցը ամենացայտուն կերպով կը մարմնաւորէ աշխարհակարգերուն միջեւ բախումը։ Վեսթֆալեան պետութիւն Իսրայէլը կը փնտռէ ճանաչում եւ անվտանգութիւն։ Արաբական աշխարհին մէջ շատեր, ազդուած իսլամական կարգէն, Իսրայէլը կը նկատեն որպէս անօրինական միաւոր։ Միեւնոյն ժամանակ, Արեւմուտքի կարեւոր դաշնակից Սէուտական Արաբիա կը նաւարկէ բարդ ուղիով մը՝ հաւասարակշռելով Արեւմուտքի հետ իր դաշինքը եւ արմատական իսլամականութեան ներքին ու արտաքին սպառնալիքները։ Միւս կողմէ, Սուրիոյ եւ Իրաքի նման պետութիւններու մէջ ստեղծուած կացութիւնը ցոյց կու տայ պետականութեան անկումը դաւանական եւ ցեղային հակամարտութիւններու դիմաց։

Քիսինճըր այնուհետեւ կը քննէ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի բարդ յարաբերութիւնները։ Բազմադարեան պատմութեամբ, զարգացած պետականութեամբ եւ կայսերական աւանդութիւններով ազգ-պետութիւն Իրանը 1979-ի յեղափոխութենէն ետք որդեգրած է արմատական իսլամը՝ մարտահրաւէր նետելով գոյութիւն ունեցող աշխարհակարգին, միաժամանակ գործելով անոր մէջ։ Իրանի միջուկային ծրագիրը կը սաստկացնէ այս լարուածութիւնը, ներկայացնելով ոչ միայն թեքնիք մարտահրաւէր մը, այլ նաեւ հիմնական տարաձայնութիւն մը միջազգային յարաբերութիւններու բնոյթին մասին։

Քիսինճըր կ’անցնի Ասիա՝ մեծ բազմազանութեամբ յատկանշուող տարածաշրջան մը իր տարբեր ազգային պատմութիւններուն, մշակոյթներուն եւ աշխարհի քաղաքական կարգին հանդէպ տարբեր մօտեցումներուն բերումով։ Քիսինճըր կը համեմատէ Ասիոյ պատմականօրէն աստիճանակարգային (hierarchical) համակարգերը Եւրոպայի ուժերու հաւասարակշռութեան հետ։ Ան կը վերլուծէ Ճափոնի արագ արդիականացումը եւ անոր անցումը մեկուսացումէն դէպի կայսրութիւն, ընդգծելով ճափոնցիներու յարմարելու կարողութիւնը եւ ազգային իւրայատուկ ոգին։ Հեղինակը նաեւ կը քննէ Հնդկաստանի պատմական փորձառութիւնը, ներխուժումներու դիմաց անոր մշակութային դիմադրականութիւնը եւ անկախութենէն ետք չէզոքութեան որդեգրումը, ռազմավարութիւն մը, որ կը համադրէ բարոյական հասկացութիւնները ազգային շահի խելամիտ հետապնդման հետ։

Քիսինճըր կը քննարկէ հակամարտութեան կամ գործակցութեան հնարաւորութիւնները Ասիոյ մէջ, կեդրոնանալով ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի յարաբերութեանց վրայ։ Ան կը քննէ Չինաստանի պատմական ինքնակեդրոն կարգը, անոր բախումը Արեւմուտքին հետ եւ վերջին տասնամեակներուն վեսթֆալեան մօտեցման որդեգրումը, միեւնոյն ատեն ցանկալով պահպանել իր պատմական կեդրոնականութեան յատկանիշները։ Ան կը շեշտէ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութեան կարեւորութիւնը համաշխարհային կայունութեան համար եւ մեծ ուժերու յարաբերութեանց նոր տեսակի անհրաժեշտութիւնը՝ աղէտալի հակամարտութիւններէ խուսափելու համար։

Քիսինճըր այնուհետեւ կը դառնայ դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ հետազօտելով անոր երկդիմի յարաբերութիւնը աշխարհակարգին հետ։ Ամերիկա պատմականօրէն ինքզինք նկատած է ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն տարածելու առաքելութեամբ բացառիկ պետութիւն մը, սակայն անոր մօտեցումներուն մէջ առկայ է համամարդկային սկզբունքներուն եւ ուժային քաղաքականութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու դժուարութենէն ծագող մեծ լարուածութիւն մը։ Այլ խօսքով, ան դիտել կու տայ ռազմավարական շահերու եւ բարոյական սկզբունքներու պաշտպանութեան միջեւ լարուածութիւնը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ։

Քիսինճըր առանձին գլուխ մը կը նուիրէ աշխարհակարգին վրայ արհեստագիտութեան ազդեցութեան։ Ան մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան համընդհանուր տարածումը թէեւ կ’առաջարկէ աննախադէպ հասանելիութիւն տեղեկութիւններու, սակայն ան կրնայ նուազեցնել ռազմավարական մտածողութեան եւ առաջնորդելու կարողութեան նշաձողը մարդոց մէջ։ Թուային դարաշրջանին՝ մարդոց մշտական փոխկապուածութիւնը եւ այլ պահանջներու մեծացումը կրնան քայքայել գաղտնիութիւնը եւ արգելակել պետական գործիչ դառնալու թեկնածուներու զարգացումը, ինչը կ’արտայայտուի ամբոխավար ղեկավարներու արձանագրած քաղաքական յաջողութիւններով զանազան երկիրներու մէջ։

Ո՞րն է գլխաւոր եզրակացութիւնը։ Քիսինճըր կը պնդէ որ կայուն աշխարհակարգ մը կը պահանջէ հաւասարակշռութիւն ուժի եւ օրինականութեան, իրապաշտութեան եւ իտէալիզմի միջեւ։ Ան համոզուած է, որ ԱՄՆ-ն իր իւրայատուկ պատմութեամբ եւ համաշխարհային դերակատարութամբ ունի էական դեր այս կարգը ձեւաւորելուն մէջ, բայց առանձինը չի կրնար ընել այդ։

Նոր աշխարհակարգ մը պէտք է ներառէ բոլոր գլխաւոր ուժերու համատեղ ջանք մը՝ ստեղծելու տարածաշրջանային կարգեր եւ կապելու զանոնք իրարու, ճանչնալով մշակոյթներու եւ պատմական փորձառութիւններու բազմազանութիւնը։ Այս կը պահանջէ Վեսթֆալեան համակարգի արդիականացում մը, որ հաշուի առնէ համաշխարհայնացուած, փոխկապակցուած աշխարհի իրականութիւնները։ Քիսինճըր կը շեշտէ որ նոր աշխարհակարգ մը չի կրնար աւարտուն արտադրանք մը ըլլալ․ ան շարունակական գործընթաց է, որ կը պահանջէ մշտական յարմարեցում, բանակցութիւն եւ նպատակի յստակ գիտակցութիւն։

Ամերիկացի այս պետական գործիչը եւ քաղաքական մտածողը կ’ըսէ․ «Որպէս պարզեցուած փոխաբերութիւն՝ մտածեցէք աշխարհակարգին մասին որպէս թէ ան ըլլար բարդ պար մը տարբեր ոճերով տարբեր գործընկերներու միջեւ»։ Կայ Եւրոպան, որ որդեգրած է համարկումը, բայց կ’անտեսէ ուժը, Միջին Արեւելքը ճեղքուած է աւանդոյթի եւ արդիականութեան միջեւ, Ասիան թէեւ կը զարգանայ Վեսթֆալեան եռանդով, բայց անոր կը պակսի համատեղ տեսլականը, եւ կայ Ամերիկան, որ կը շարունակէ պայքարիլ իր իտէալիզմը բարդ աշխարհի պահանջներուն հետ հաւասարակշռելու համար։

Յաջող պարի մը – եւ կայուն աշխարհակարգի մը – բանալին այս է՝ իւրաքանչիւր գործընկեր պէտք է հասկնայ իր սեփական քայլերը, ուշադիր ըլլայ միւսներուն հանդէպ եւ գտնէ ռիթմ մը, որ թոյլ կու տայ բոլորին շարժիլ միասին՝ առանց իրարու բախելու։

2 comments
  1. Հաւանաբար կրնանք ըսել որ Քիսինճիրեան աշխարհաքաղաքականութեան տեսութիւնը՝ pragmatic – գործնականապաշտ – քաղաքականութիւն մը ըլլալուն մէջ է։

    Գալ տարի – 2026-ին – Հայաստանի ընտրութիւններուն քաղաքական պայքարին առանցքը պիտի կազմէ, «իրական» եւ «պատմական» Հայաստան՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին առաջադրած տեսութիւնը։

    Այդ քաղաքական տեսութիւնը ներկայիս իր նախնական վիճակին մէջ է, բայց պիտի ունենայ իր գրական տեսութիւնը։ Սպասելի է որ մեծ անջրպետ մը բացուի սփիւռքին եւ Հայաստանին միջեւ։ Սփիւռքը այդ տեսութիւնը պիտի ընկալէ իր արտապետական՝ ազգային բնազդային տրամաբանութեամբը։ իսկ Հայաստանը, մանաւանդ անոր քաղաքական դաշտը տիրապետող Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութիւնը, այդ տեսութեամբ պիտի հիմնաւորէ իր pragmatic, պետականամիտ քաղաքական տրամաբանութիւնը։

    Կը յուսամ որ սփիւռքահայ Վարդան Թաշճեանը, իր ուսումնառութեամբ պիտի սպասարկէ որպէսզի սփիւռքը եւ Հայաստանը կարենան լաւապէս նաւարկել գալիք քաղաքական անխուսաբելի փոթորիկը:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like