Որքան խոր իմաստ եւ խորհուրդ ունի անմահ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի վերոյիշեալ խօսքը: Որովհետեւ, ճշմարտապէս, ամէն հայու հոգւոյն ծննդավայրն է հայ եկեղեցին, որովհետեւ հո՛ն է որ կնքուած ու մկրտուած ենք հայ քրիստոնեայ:
Հայ եւ քրիստոնեայ:
Հայութիւնը մեր անբաժան մասն է, մեր էութիւնը, մեր մարմինն ու հոգին: Մինչ քրիստոնէութիւնը զգեստ մըն է, խնկաբոյր պատմուճան մը, որով զգեստաւորուած ենք մեր ծնունդէն յետոյ, ցմահ կրելու համար զայն: Երեխան կարծիք չունի իր քրիստոնեայ մկրտութեան մէջ եւ ոչ ալ յետոյ, գիտակից տարիքին անոր կարծիքը հարցուած է այդ մասին: Ամէն հայու համար պարտադիր աւանդութիւն մըն է, որ կը շարունակուի 301 թուականէն ի վեր:

Հայու հոգիով առլցուն եւ աստուածային ներկայութեամբ օրհնուած եկեղեցի կոչուած այդ կառոյցները պահպանելու եւ իրենցմէ ակնկալուած դերը կատարելու համար պէտք ունին խնամակալներու, որոնք եկեղեցականներն են՝ Աստուծոյ պաշտօնեաներ: Բայց եկեղեցիին դերը կրօնական առաքելութեամբ միայն չի վերջանար: Խօսքը, ի հարկէ, հա՛յ եկեղեցիին մասին է, որ կրօնականին զուգահեռ եւ նոյնիսկ աւելի գերիվեր պարտականութիւն մը ունի՝ հայու հոգիի պաշտպանութիւն, ազգապահապնում: Ամէն շաբաթավերջին՝ Կիրակի ու նաեւ տօնական օրերուն մեր եկեղեցականութիւնը իրմէ ակնկալուած պարտականութիւնը մասամբ կը կատարէ կրօնական արարողութիւններով:
Մասամբ ըսինք, որովհետեւ եկեղեցականութեան դերը չի վերջանար աղօթքով միայն: Կան նաեւ հիմնական, նոյնիսկ նախամեծար այլ պարտականութիւններ՝ ազգի ու հայրենիքի պաշտպանութիւն: Արդարեւ, երբ հայրենիքը յարձակման ենթարկուած է, համայն կղերականութիւնը սուրն ի ձեռին պատերազմի ելած է թշնամույն դէմ, Աւարայրի հերոսամարտէն մինչեւ մեր օրերու Սարդարապատի հերոսամարտը: Լեզուի, արուեստներու եւ առհասարակ, մշակոյթի պաշտպանութիւնն ու զարգացումը կղերականութեան աւագ պարտականութիւնը եղած է: Ատոր համար է որ Վռամշապուհ Արքան եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը առաքելութեան մղեցին հայ լեզուն սեփական տառերով օժտելու: Մաշտոց հիանալիօրէն իրագործեց իր առաքելութիւնը եւ այդ տառերով կատարուեցաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, որ կոչուեցաւ Մայր Թարգմանութեանց, սկիզբը դնելով հայ գրաւոր Մշակոյթի Ոսկեդարին:
Այդ օրերուն կղերականութիւնը կոչում եւ ապրում էր՝ քրիստոսավայել պարզ, ժուժկալ, ցնցոտիով զգեստաւորուած ճգնաւորի կեանք: Այսօր, փառք Աստուծոյ, կոչումին զուգահեռ, նիւթական առումով, շլացուցիչ ասպարէզ է նաեւ, որ արժանաւորին հետ, երբեմն, կը հրապուրէ նաեւ անարժանը, պատեհապաշտը: Հայ ժողովուրդը առատաձեռն կերպով կը վճարէ եկեղեցիին, այն համոզումով որ հայ եկեղեցին հիմնական սիւներէն մէկն է ազգապահպանման պայքարին: Բացի ժողովուրդի լումայէն, շատ մեծահարուստներ եւ կտակարարներ, հաւատք ունենալով եկեղեցականութեան վրայ, պատկառելի գումարներով կ’ապահովեն եկեղեցւոյ նիւթական բարօրութիւնը, որպէսզի, եկեղեցին ի՛ր կարգին կարենայ կատարել իրմէ ակնկալուած ազգային պարտականութիւնները:
Ազգապահպանումի աշխատանքը կը կայանայ ոչ միայն եկեղեցիներու կառուցումով եւ եկեղեցական արարողութիւններ կատարելով, այլ մանաւանդ օժանդակելով ազգապահպանումի աշխատանքներուն մասնակից բոլոր հաստատութիւններուն, դպրոցներուն, հրատարակչական տուներուն, մամուլին եւ գրողներուն նիւթական ապահովութեան:
Եկեղեցւոյ նիւթական բարօրութիւնն ու պայծառութիւնը ինքնանպատակ եւ բաւարար չեն: Անոնք պայմանաւորուած են հայ մշակոյթի գոյատեւումին ու զարգացման ծառայող հաստատութիւններու եւ անհատներու հանդէպ ցուցաբերուած բարոյական ու նիւթական գնահատանքով: