Պահպանողականները – The Conservatives

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 5 Սեպտեմբեր 2015

Պահպանողական (conservative) բառի ածականը, ըստ անգլերէն լեզուի զանազան բառարաններու, կը նշանակէ քաղաքական ու կրօնական հարցերու մէջ կառչիլ աւանդական դիրքերու եւ արժէքներու, մերժել նորութիւն ու փոփոխութիւն. այդ բառին գոյականը կը ներկայացնէ այն անձը, որ հակառակ է փոփոխութեան ու նորութեան` այդպիսի քաղաքական ու կրօնական նիւթերու նկատմամբ:   Իսկ հայերէն բացատրութիւնը այդ բառին, ըստ լիբանանահայ լեզուագէտ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի «Բառգիրք Հայերէն Լեզուի» բառարանին, կը նշանակէ աւանդապաշտ կամ հինի կողմնակից : 

Պատմականօրէն, պահպանողական էին անոնք որոնք դէմ էին ամերիկեան, ֆրանսական եւ ռուսական յեղափոխութիւններուն (1776, 1789 եւ 1917), եւ որոնք բուռն ջատագովներն էին արքայ կամ թագաւոր ու թագուհի կոչուող գահակալներու  «աստուածատուր» իշխանութիւններուն :   Ու թէեւ ամէն պահպանողական նոյնը չէ տարբեր ազգերու եւ երկիրներու մէջ, սակայն մեծամասնութիւնը անոնց տակաւին կը նախընտրէ ապրիլ թագաւորի եւ թագուհիի իշխանութեան շուքին տակ: 

Արդի պատմութեան ամենէն նշանաւոր պահպանողականները եղան Ռոնալտ Րէկընն ու Մարկրըթ Թաչըրը, որոնք որդեգրեցին ազատ շուկայի (free market) տնտեսութիւնը եւ որոնց իշխանութիւնները Ամերիկայի ու Անգլիոյ մէջ անցեալ դարու ութսունական թուականներուն անխնայ պայքար տարին ընկերային ծառայութիւն ու ապահովութիւն ընծայող ուժերուն դէմ:   Արդիւնքը եղաւ այն, որ ազատ շուկան ստեղծեց տնտեսական վիճակ մը, որուն մէջ դրամատէր գործատէրին զոհ դարձան միջակ դասակարգը կազմող գործաւորն ու բանուորը, որոնք զրկուելով նախկին պետական երաշխաւորութեամբ ապահով դարձած իրենց գործերէն, անգործ դարձան եւ կամ պարտադրուեցան ամէն տեսակի սեղմում ընդունիլ որպէսզի պահեն իրենց պաշտօնները:   Րէկընի եւ Թաչըրի գաղափարներուն խանդավառ հետեւորդները, ինչպէս Ամերիկայի նախկին նախագահ Ճորճ Պուշն (2000-2008) ու Գանատայի ներկայ վարչապետ Սթիֆըն Հարփըրը, շարունակեցին հարուստին ծառայելու քաղաքական ընթացքը, պետական միջոց ու օրէնք ծառայեցնելով դրամատէր մեծ ընկերութիւններուն: 

Գանատայի յաջորդ դաշնակցային (federal) երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յաջորդ ամիս եւ ընտրապայքարը սկսած է արդէն երկրին երեք աւանդական կուսակցութիւններուն (Conservative, Liberal, NDP) միջեւ :   Պահպանողականները, որոնք, ըլլայ հոս կամ Ամերիկայի մէջ, վարպետ են ցեխարձակելու իրենց հակառակորդները հեռատեսիլի առջեւ եւ մամուլի մէջ, անհամ ծանուցումներով սկսած են նսեմացնել (belittle) իրենց հակառակորդ Ազատական (Liberal) կուսակցութեան ղեկավար Ճասթըն Թրուտոյի կարողութիւնը եւ անոր իշխելու «անփորձութիւնը», հարուածել ու թիրախ դարձնել զայն` «դեռ պատրաստ չէ» (just not ready) մեծածախս ծանուցումներով :   Նմանօրինակ մեթոտներ ատենօք գործածուեցան Ամերիկայի մէջ, նախագահ Օպամայի ամերիկեան ծնունդը կասկածի տակ դնելով եւ անոր «իսլամ» ըլլալը յայտարարելով: 

Կասկած չկայ որ շատ մը հայ ընտրողներ յաջորդ ընտրութիւններուն պիտի մտածեն թէ Պահպանողական այս ներկայ իշխանութիւնը վարչապետ Հարփըրի գլխաւորութեամբ դիրք բռնեց հայութեան կողքին` Հայկական Ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը ընդունելով եւ մեզի ի նպաստ դիրքորոշուելով:   Նոր շարժում մը` Գանատահայ Պահպանողականներու Միութիւն (The Armenian-Canadian Conservative Association) անուան տակ վերջերս գոյացաւ, գուցէ որպէս երախտագիտական արտայայտութիւն այդ միութեան անդամներուն կողմէ Պահպանողական կուսակցութեան՝  իր բռնած հայանպաստ դիրքին համար (թէեւ անոր անդամներէն շատեր ո՛չ աւանդապաշտ են, ո՛չ ալ նորութեան ու փոփոխութեան դէմ):   Սակայն, պէտք չէ մոռնալ որ Ազատականներու (Liberal) իշխանութեան տակ, 2004-ին, Գանատայի խորհրդարանը մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Հայկական Ցեղասպանութեան որդեգրումին: 

Ւնչո՞ւ այս նիւթը կ'ուզենք արծարծել ընտրութիւններու նախօրեակին : 

Պահպանողականները իրենց աւանդապաշտ համոզումներով եւ Րէկընի, Թաչըրի, Պուշի, Հարփըրի, Տանըլտ Թրամփի ու Սառա Փէյլընի նման անձերու մտայնութիւններով պէտք է ճանչցուին որպէս մերժողներ նորութեան ու փոփոխութեան` ըստ անգլերէն լեզուի զանազան բառարաններու, որոնք բնականաբար ներքնապէս, եթէ ոչ երեւութապէս, դէմ ըլլան այն բոլոր նորութիւններուն ու փոփոխութիւններուն զոր այս երկիրը կը բերեն մեզի պէս ներգաղթողները: 

Հայկական առածը կ'ըսէ` «հասկցողին հազար բարեւ»:

You May Also Like