Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 25 Յուլիս 2015
Նախագահ Պարաք Օպաման ամերիկացի չորրորդ նախագահն էր որուն տրուած էր Նոպէլեան Խաղաղութեան Մրցանակը: Իրմէ առաջ այդ մրցանակին արժանացած էին նախագահ Թէոտոր Ռուզըվէլթ՝ 1906-ին, հայու բարեկամ՝ նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն` 1919-ին, եւ Ճիմի Քարթըր` 2002 թուականին:
2009 թուականի Հոկտեմբեր ամսուն մէջ, երբ Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակը կը տրուէր նախագահ Օպամային, տակաւին միայն ինը ամիս առաջ ան իշխանութեան գլուխ անցած էր եւ իր այդ մրցանակին արժանանալը պատճառ դարձած էր որ թեր ու դէմ գրութիւններ տպուին աշխարհի զանազան լրատուամիջոցներու խմբագրական կազմերուն կողմէ, նամանաւանդ ամերիկեան լրատուամիջոցներու էջերուն վրայ:
Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 25 Յուլիս 2015
Նախագահ Պարաք Օպաման ամերիկացի չորրորդ նախագահն էր որուն տրուած էր Նոպէլեան Խաղաղութեան Մրցանակը: Իրմէ առաջ այդ մրցանակին արժանացած էին նախագահ Թէոտոր Ռուզըվէլթ՝ 1906-ին, հայու բարեկամ՝ նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն` 1919-ին, եւ Ճիմի Քարթըր` 2002 թուականին:
2009 թուականի Հոկտեմբեր ամսուն մէջ, երբ Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակը կը տրուէր նախագահ Օպամային, տակաւին միայն ինը ամիս առաջ ան իշխանութեան գլուխ անցած էր եւ իր այդ մրցանակին արժանանալը պատճառ դարձած էր որ թեր ու դէմ գրութիւններ տպուին աշխարհի զանազան լրատուամիջոցներու խմբագրական կազմերուն կողմէ, նամանաւանդ ամերիկեան լրատուամիջոցներու էջերուն վրայ:
Ամերիկեան հռչակաւոր թերթերէն The New York Times, The Los Angeles Times, The Washington Post, The Wall Street Journal, բոլորն ալ այդ համբաւաւոր մրցանակին Օպամային տրուիլը նկատեցին լռելեայն դատապարտութիւն կամ` ծածուկ քննադատութիւն նախորդ նախագահ Ճորճ Պուշի ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ անոր նախագահութեան իշխանաձեւին չարակամ (ill-will) ըլլալու բնոյթը խարանող արտայայտութիւն: Միւս կողմէ, National Review թերթի սիւնակագիրներէն Jonah Goldberg գրած էր թէ «վստահաբար մէկը Իրանի մէջ աւելի շահ ունեցաւ Օպամային ստացած մրցանակէն», իսկ Washington Post-ի սիւնակագիրներէն Michael Gerson գրած էր թէ մրցանակը տալով Օպամային, Նոպէլեան յանձնախումբը փոխանակ զայն մեծարելու, զինք նեղը դրած էր (embarrassed him): Անդին, Քուպայի նախագահ Ֆիտէլ Քասթրօն Օպամայի տրուած մրցանակը նկատած էր դրական երեւոյթ, ըսելով որ ան պէտք է դիտուի եւ բացատրուի որպէս քննադատութիւն այն մահասփիւռ քաղաքականութեան, որ կը գործադրուէր ու կը կիրարկուէր ամերիկացի նախկին նախագահներուն կողմէ:
Նոպէլեան Մրցանակի յանձնախումբի նախագահ Thorbjam Jaglad այն ատեն յայտարարած էր թէ Օպամայի տալով այդ մրցանակը, «կը յուսացուի որ այդ գուցէ քիչ մը կը նպաստէ որ ան ընէ այն ինչ որ պիտի փորձէ կատարել», որուն որպէս պատասխան` նախագահ Օպամա իր մրցանակի տուչութեան արարողութեան ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ ըսած էր թէ ինք «կ’ընդունի այդ մրցանակը որպէս մարտահրաւէր գործի անցնելու»:
Վերի նախաբանը տուինք, որպէսզի ըմբռնենք թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս խաղաղասէր նախագահ Օպաման, որ ամերիկեան երկու պատերազմներու վերջ դրաւ (Իրաք եւ Աֆղանիստան) եւ աննախընթաց ընթացքով չենթարկուեցաւ Ամերիկայի քաղաքական հզօր աղմուկ ստեղծող լոպիներուն եւ մարդոց ճնշումներուն, քաջաբար կատարեց այն ինչ որ կը յուսացուէր իրմէ Նոպէլեան Մրցանակի յանձնախումբին կողմէ եւ այն ինչ որ ինք խոստացաւ ընել որպէս մարտահրաւէր գործի անցնելու:
Արդարեւ, Իսրայէլի Նեթանիահուին Իրանի հարուած տալու խրատները եւ անոր ամերիկեան Քոնկրէսին ու Ծերակոյտին առջեւ տրուած ելոյթին կազմակերպիչները, որոնք կը սպառնային աքցանի մէջ առնել Օպաման կամ կը փորձէին անկարող դարձնել զինք, որ Ամերիկայի եւ մարդկութեան շահերէն մեկնած` խաղաղ միջոցներով եւ բանակցութիւններու ճամբով կ’ուզէր լուծել Իրանի հիւլէական ուժի արտադրութեան հարցը, ձախողեցան իրենց ռազմատենչ նպատակներու իրագործման մէջ, շնորհիւ նախագահ Օպամայի խաղաղասէր կամքին եւ անոր մարդասէր նկարագրին: Պահ մը մարդ պէտք է մտածէ թէ ի՜նչ աւեր ու կոտորած, արիւն ու տնտեսական բացարձակ քաոս պիտի ստեղծուէր աշխարհի մէջ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի մէջ, եթէ Նեթանիահուի եւ իր նմաններու փափաքը գործադրուէր եւ ռազմատենչութիւնը յաղթանակէր:
Իսկ Քուպայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատելու խիզախ քայլը Օպամայի, կարելի է նկատել նաեւ իրականացում այն գործի անցնելու մարտահրաւէրին, զոր ան խոստացած էր 2009-ին Նոպէլեան Մրցանակի ստանձման ժամանակ: Հոս ալ պահ մը աչք նետենք 2016 թուականի Հանրապետական խեղճուկրակ նախագահական թեկնածուներուն վրայ, որոնք ծիծաղելի յայտարարութիւններով եւ քաղաքական տհաս կեցուածքներով կը փորձեն քննադատել Օպամայի բարենպատակ քաղաքականութիւնը՝ ընդունելու հակառակ գաղափարի եւ համոզումի աշխարհը:
Արիւն լացող եւ հացի կարօտ աշխարհի բերնով կարելի է ըսել. «Քուպայէն՝ Իրան, կեցցէ՛ Օպաման»:
3 comments
Bravo Obama?
Are you crazy calling him bravo? What has he done for America, for Armenian Genocide, for affordable care, for Iraq or Afghanistan or Middle East? Why don't you open your eyes? Are you better off today than 8 years ago?
You must have your head buried in the sand.
Re: Simeon Quizzing
When people raise a barrage of questions about President Obama in this case, they basically mean to convey that they do not support the President on the very same issues they quiz others. But by doing so, they also come across not having formulated a well thought rationale themselves for opposing.
You would do greater service to readers by explaining the rationalization of your opposition to Barkev Tavitian's evaluation. Frankly speaking, telling him that he "must have buried his head in sand" does not shed much light about your opposition.
Ցեղասպանութեան զոհերն ալ կը
Ցեղասպանութեան զոհերն ալ կը գոչեն՝ կեցցէ Օպաման : Այդպիսի կտրուկ գովազդային խօսքեր արտասանելէ առաջ մտածէք որ հարիւր տարիէ ի վեր Օպաման մեղսակից կը մնայ Թալեաթներու հետ : Եւ պարզապէս միամտութիւն է մտածել որ Օպամայի ըրածը Պարսկաստանի եւ Քուպայի հետ՝ եթէ ողջունելի են՝ սոսկ մարդասիրական արարք են:
Comments are closed.