Կը վախնա՞նք խաղաղութենէն

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 27 յունուար 2025

Աշխարհի վրայ կան երկիրներ եւ ժողովուրդներ, որոնք ճակատագրի բերումով եղած են ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ եւ իրենց պատմութեան տարբեր փուլերուն անցած են բազմաբնոյթ պատերազմներու միջով: Շատեր կը շարունակեն մնալ այդ նոյն իրավիճակին մէջ, պատերազմներու յառաջացուցած քաղաքական մտածողութեամբ ու հոգեբանական զգացողութեամբ:

Ես քաղաքագէտ չեմ ու չեմ մտադրեր այս յօդուածով լուսարձակի տակ առնել պատերազմներու ճարտարապետութիւնը կամ զանոնք դիտարկել քաղաքագիտական ակնոցով: Ուղղակի ես կը պատկանիմ այն տեսակի մարդոց, որ, թէ՛ որպէս լիբանանցի, թէ՛ որպէս հայ ապրած ըլլալով պատերազմի սարսափն ու տագնապը, բնականաբար բարդոյթ ունին պատերազմի ուրուականէն, ռումբերու որոտներէն եւ ռազմական օդանաւերու հռնդիւններէն, արնաթաթախ եւ անշնչացած մարմիններու տեսարաններէն:

Համոզուած եմ այն խօսքին, որ կ’ըսէ. «Պատերազմը կրնայ երբեմն անհրաժեշտ չարիք մը ըլլալ: Բայց ինչքան ալ անհրաժեշտ ըլլայ, միշտ չարիք է, եւ երբեք՝ բարիք»: Իսկապէս որ պատերազմը չարիք է: Երկիրներ եւ բանակներ ինչքան ալ լաւ պատրաստուած ըլլան, ինչքան ալ անոնց զօրակցող արտաքին կողմեր ըլլան, անոնց զէնք ու զինամթերք տրամադրողներ ըլլան, պատերազմողները վերջաւորութեան յաղթեն կամ պարտուին, բոլորն ալ տեղ մը պարտուած են: Ահաւասիկ Ուքրաինան երեք տարիէ կը պատերազմի գերտէրութիւն Ռուսաստանի Դաշնութեան դէմ՝ ունենալով հաւաքական Արեւմուտքի անվերապահ աջակցութիւնը: Անկախ այն հակասական համոզումներէն, թէ անոնցմէ ո՞վ աւելի ուժեղ է, աւելի իրաւացի, ո՞վ եւ ինչո՞ւ դեռ չկրցաւ յաղթել միւսին, եւ առանց պատերազմի աւարտին վերաբերեալ գուշակութիւն ընել փորձելու, երկու կողմերն ալ հաւասարապէս պարտուած կը համարեմ իրենց մարդկային թէ նիւթական հսկայական կորուստներով:

Նման պարագայ է նաեւ Կազայի մէջ: Այս տողերուն մէջ երբեք կասկածի ու սակարկութեան չեմ դներ պաղեստինցի անիրաւուած ու իրաւազրկուած ժողովուրդին արդարացի դատը, անոր՝ իր հողերուն վրայ ապրելու եւ արարելու անհերքելի իրաւունքը: Ահաւասիկ «անպարտելի բանակ» ունենալով յոխորտացող Իսրայէլը, որ կը վայելէ աշխարհի գերտէրութիւններուն անվերապահ աջակցութիւնը թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս, եւ իր իրաւունքներուն համար կեանքի գնով պայքարող Կազայի ժողովուրդը: 15 ամիս երկարած աւերիչ հակամարտութիւններէ, մահասփիւռ ռմբակոծումներէ, մեծաքանակ մահեր եւ վիրաւորներ ունենալէ ետք անոնք համաձայնեցան զինադադար կնքել։ Երկուստեք սարսափելի կորուստներ չունի՞ն:

Երբ կը խօսինք պատերազմի համատարած չարիքներուն մասին, ԵՐԲԵՔ ի մտի չունինք նսեմացնել ազգերու տարած պայքարը յանուն ազատութեան, արդարութեան, յանուն ինքնիշխանութեան ու գերիշխանութեան, ի մտի չունինք չպատերազմիլ՝ երբ պատերազմը վրայ հասնի ու անոր մէջ ներքաշուինք: Բայց սխա՞լ կ’ընենք եթէ խուսափինք պատերազմէ:

Ահաւասիկ քանի մը հարցադրումներ, որոնք ինքնաբերաբար կրնան տալ պատասխանը.

* Եթէ պատերազմը հանդուրժելի երեւոյթ է, ինչո՞ւ մարդիկ ընդհանրապէս կ’արտագաղթեն պատերազմող երկիրներէ: Վկայ, օրինակ, Լիբանանէն ու Սուրիայէն դուրս ելած մարդիկ, որոնք հիմնականին մէջ կը ձգտին ապրելու խաղաղ ու ապահով ափերու մէջ:

* Ամերիկաներ, Եւրոպա, Աւստրալիա կամ այլ վայրեր իրենց ուղղութիւնը ընտրած այս գաղթողները պիտի նախընտրե՞ն երթալ պատերազմող կամ ռազմական գործողութիւններու երկիրներ: Անտարակոյս՝ ՈՉ:

* Եթէ պատերազմը տանելի վիճակ է, ինչո՞ւ Հայաստանէն արտագաղթողներուն կամ Հայաստան վերադառնալ մերժողներուն մէկ կարեւոր մասը որպէս պատճառ կը նշէ անվտանգութիւնը/անկայունութիւնը:

* Եթէ պատերազմը անդառնալի վնասներով «խաղ» մը չըլլար, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի երիտասարդ տղաքը եւ անոնց ծնողները պիտի չվախնային զինուորական ծառայութենէն ու հազարումէկ պատճառաբանութիւններ պիտի չյօրինէին խուսափելու այդ յոյժ կարեւոր պարտաւորութենէն, մինչեւ իսկ երկրէն փախուստ տալով եւ այդպիսով պատճառ դառնալով երկրի երիտաասարդ արու տարրի քանակի նուազման:

* Հայրենաբնակ կամ սփիւռքաբնակ հայոց քանի՞ տոկոսը պատրաստ է պատերազմելով վերատիրանալու մեր կորսնցուցած հողերուն: Այս բոլորը միայն ցանկութիւններով եւ բաժակաճառերով չեն իրականանար։ Անկեղծօրէն, հայ երիտասարդներու քանի՞ տոկոսը պատրաստ է իր կեանքը զոհաբերելու վասն Հայրենեաց:

Այո՛, բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համար խաղաղութիւնը առաջնահերթութիւն է: Հայաստանի Հանրապետութեան ալ խաղաղութիւն է պէտք: Այո՛, պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմելու, բայց ինչո՞ւ խաղաղութիւն չտենչալ: Բոլոր երկիրները կը զինուին, նոյնիսկ անոնք որ քիչ հաւանականութիւն ունին զինեալ մարտերու մէջ մտնելու, քանի որ կան թելադրող պետութիւններ: Ճիշդ է, որ մեր երկրին անվտանգութիւնը նախեւառաջ մենք պէտք է ապահովենք, բայց ներկայ աշխարհաքաղաքական խաղականոններուն մէջ կարելի՞ է անտեսել արտաքին գործօնները։ Դիւանագիտութիւնը որեւէ դեր չունի՞ հակամարտութիւններուն մէջ, երկիրներու փոխադարձ շահերը գերակշռող չե՞ն: Միջպետական յարաբերութիւններէն կախեալ չէ՞ նաեւ զինումը: Ուրեմն անվտանգութեան հոլովոյթը զիրար ամբողջացնող շղթայ է:

Խորապէս համոզուած եմ, թէ որպէս Հայաստանի Հանրապետութիւն մենք պէտք չէ մտահան ընենք «բայց երանի որ իւր ազգին ազատութեան կը զոհուի» խօսքը, բայցեւայնպէս պէտք չէ վախնանք նաեւ խաղաղութեան ձգտելէ: Մենք չենք կրնար ըլլալ մահուան «մշակոյթը» տարածող, որովհետեւ կեանքի զինուորագրեալներ ենք եւ այդ ձգտումը կը մարմնաւորուի թէ՛ զինուելով (ինչի ուղղութեամբ քայլերը կան), թէ՛ բարեփոխելով ու հզօրացնելով պաշտպանական կարողութիւնները, թէ՛ բազմազանեցնելով արտաքին յարաբերութիւնները: 100-տոկոսանոց երաշխիքներ պիտի չբերեն այլ պետութիւններու հետ կնքուած պայմանագիրները․ անոնք գործընկերութեան դրսեւորումներ են, որոնք անպայման դեր կը խաղան որոշ փակ դռներ ու անել ճանապարհներ բանալու մէջ:

Երեք միլիոննոց Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարողութիւնն ունի՞ այլ երկիրներու նման տասնեակ հազարաւոր զոհերով, հարիւր հազարաւոր վիրաւորներով եւ մեծաքանակ արտագաղթողներով ափսոսալով ապրելու միայն:

Պատերազմելու ամէն վայրկեան պատրաստ ըլլանք, բայց չվախնանք խաղաղութեան քարտերով խաղալէ:

Ես կը գերադասեմ պատերազմի պատրաստուած ըլլալ, բայց նաեւ կասկածով չմօտենալ ու հաւատք ընծայել խաղաղութեան: Եւ, վստահ եմ, միակը չեմ:

6 comments
  1. Ճրագ խաւարին մէջ

    Ըստ գրողին «խաղաղութիւն»ը ի՞նչ է եւ ե՞րբ կամ ո՞ւր այս «խաղաղութիւն»ը եղած է աշխարհի պատմութեան մէջ։

    Մենք մէկ երկրագունդի վրայ կ՚ապրինք ուր կրնայ ըլլալ հիմա մեր ապրած վայրը համարուի, որ «խաղաղ» է՝ սակայն այդ «խաղաղութիւնը» անկասկած ի հաշիւ է բոլոր անոնց որոնք «խաղաղ» չեն ապրիր։

    Միշտ «խաղաղ» պայմաներու մէջ ապրած են այն ազգերը որ զայն ձեռք բերած են ուրիշին հաշւոյն։

    Յառաջադեմ պետութեան նպատակը «խաղաղ» պայման ապահովել է եւ զայն ձեռք կը բերէ ամեն քնով՝ բայց ո՛չ խնդրելով, ո՛չ մուրալով, ո՛չ ուրիշներ մեղադրելով, ո՛չ ալ գանգատելով։

    «Խաղաղ» ապրելու կոչուած է այն պետութիւնը որ կը ճանչնայ թէ աշխարհը պատերազմներու դատերաբեմ եղած է միշտ, եւ ամեն միջոց կ’որդեգրէ (ռազմական, դիւանագիտական, տնտեսական կամ բարոյական/գիտական/մշակութային) աշխատելով այդ պատրեազմը հեռու պահել իր սահմաններէն եւ «խաղաղ» պայման ապահովել ի՛ր պետութեան համար։

    «Խաղաղութիւն» կը նշանակէ այս պարագային ոչ թէ պատերազմի «չգոյութիւն» այլ պատերազմի հեռացում պարզապես։ Երբեք ու երբեք այս աշխարհի որեւէ պատմագրութեան մէջ, որեւէ ժամանակաշրջանին, մարդկային քաղաքակրթութեան
    կազմաւորումէն ալ առաջ կամ ետք, գոյութիւն չէ ունեցած «խաղաղութիւն»։

  2. Պատերազմը չարիք է՝ տկարին ու պարտուողին համար: Բայց այդ ճամբով է, որ Մեծ Հայք ու Փոքր Հայք դարձած են Թուրքիա: Դուք յաղթողին հարցուցէք, թէ ի՞նչ չարիք կը բերէ պատերազմը։

  3. It hurts to say this, but see if it’s not true: Hypothetically speaking, a Jewish friend tells me, that resist sharing the fate of Armenians, Assyrians, Chaldeans… that if the shoe was on the other foot, and wherever it was, see the results of what the “others” do and will do! My friends, over a millennium, we’ve witnessed the shoe being on the other foot. Jews resist the same finale. Will they succeed? I don’t think they will, over coming centuries. But they want to pass honorably.

  4. Խադադութիւնը աղերսելով չի հաստատոուիր, այլ՝ պարտադրելով: Դժբախտաբար այդ մակարդակին վրայ չենք:

  5. « Կը վախնա՞նք խաղաղութենէն»

    Չեմ հասկնար այս անկեղծ եւ շատ լաւ գրուած գրութեան տուն տուող մղումը: Կա՞յ որեւէ մարդ, որեւէ հայ որ չձգտի խաղաղութեան, չեմ կարծեր: Ի վերջոյ երեխաներ չենք, որոնք իրենց տան բակին մէջ պատերազմ-պատերազմ, ֆետայի-ֆետայի կը խաղան. ուրեմն հարցը տեսական «պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն»ը չէ այլ ա՛յն, թէ իր ազգի հազարամեայ պատմութեան եւ իր հայրենիքի աշխարհագրական դիրքին քաջածանօթ հայը կը կարծէ՞, թէ ներկայիս իր անկախ հայրենիքին մէջ հայ ազգի յարատեւ գոյութիւնը վտանգուա՛ծ է. եթէ՝ «այո՛», կը մտածէ՞ ան այդ կացութեան պատճառները գտնելու, դիրքորոշուելու եւ ազգի գոյապայքարին աջակցելու մասին:
    Յարգանօք՝
    Շաղիկ Մկրտիչեան
    Աթէնք, 3 փետրուար 2025

    Chaghig Mikirditsian
    [email protected]

  6. Մարդկային քաղաքակրթութիւնը , ի սկզբանէ ենթարկուած է պատերազմելու իր գոյութիւնը պահպանելու, խաղաղութիւն ստեղծելու ու պարտադրելու իր շրջակայ տարածաշրջանին։ Ուստի, մարդ արարածը ի ծնունդէ պատրաստ է պատերազմելու իր աճումը ապահովելու համար, մինչեւ որ հասկնայ խաղաղութեան արժէքին իսկական իմաստը ու զայն դարձնէ սեփականաշնորհուած այլ ոչ թէ գնուած այլ աղբիւրներէ։
    Պիտի Գայ այն պահը երբ հայը պիտի կազմէ իր “անկախ խաղաղութիւնը”։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Խ Ո Հ Ե Ր

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 14 Դեկտեմբեր 2020 – Ա – Յարգելի հայրենակից, Վերջին մէկ ամսուան ահաւոր իրադարձութիւնները,…
Read More