Պաշտպանենք Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կենսական շահերը

Յակոբ Անդրէասեան, Երուսաղէմ, Մայիս 2020

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Մայիսի «Յայտարարութիւն»ը՝ «Ի Խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պայծառութեան», կը միտի միմիայն  պաշտպանել Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կենսական շահերը։ Եթէ ինչ որ մարդիկ, խմբակցութիւններ կամ զանազան հաշիւներ ունեցող բախտախնդիրներ կը չարաշահեն եւ կամ կը փափաքին իրենց հաշիւներուն ծառայեցնել ՌԱԿ-ի յայտարարութիւնը, ես անոնց անդրադարձումներուն մէջ կը տեսնեմ միայն պատեհապաշտութիւն։ ՌԱԿ-ը կապ չունի այս յելուզակներուն հետ։

Գալով Աբօ Չափարեանի վերջերս հեռասփռուած հաղորդման՝ իմ տպաւորութիւնս այն է որ եթէ ինք ինչ ինչ խնդիրներ կամ տարակարծութիւններ ունի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ. Առաք. Եկեղեցւոյ առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ, պիտի ըսեմ թէ ՌԱԿ-ի յայտարարութիւնը բնա՛ւ ուղղուած չէ Առաջնորդ Սրբազանին դէմ։ Իսկ Տիար Ոսկան Մխիթարեանին բարեկամաբար պիտի յիշեցնեմ թէ ՌԱԿ-ի յայտարարութիւնը օգտագործելով յարձակումներ չկատարէ ՌԱԿ-ի դէմ, այնուհետեւ պիտի ուզէի ըսել թէ՝ Կիլիկիոյ եղերաբախտ Զարեհ Կաթողիկոսին վրայ շատ ծանր նստեցաւ բազմիցս ոճրագործ Մովսէս Տէր Գալուստեանի ապտակը… եւ ոչ թէ ՌԱԿ-ի այն ատենուան ղեկավարութեան մղած պայքարը։

Շատ յստակ է մեր յայտարարութիւնը, զոր ուշադիր կարդալու պարագային պիտի տեսնուի թէ ՌԱԿ-ը ի՛նչ մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ  մեր սրբազնագոյն եւ ամէնէն նուիրական հաստատութեան։ Շա՛տ յստակ,  թափանցիկ ու խիտ կերպով  ընդգծուած է դերը հազար եօթը հարիւրամեայ մեր ազգակերտիչ եկեղեցւոյ։ Հետեւաբար, ՌԱԿ-ի նշուած յայտարարութեան դէմ արտայայտուողները ո՛չ մէկ նորութիւն կ’ըսեն բացի յայտարարութեան բառերը կրկնելէ իրենց գրութիւններուն մէջ։

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ՀԻՄՆԱԿԱՆ նպատակն է ՄԻՇՏ  իր պատմական բարձրութեան պատուանդանին վրայ տեսնել մեր եկեղեցին, այսինքն՝ զայն չծառայեցնել կարգ մը աշխարհիկ եւ յատկապէս կարգ մը բարձրաստիճան եւ թիւրիմացաբար հոգեւորականի սքեմ հագած սեւազգեստ անձերու շահատակութեանց։

Այն փորձերը, որոնց միջոցով կը փափաքին միամիտ կամ պատեհապաշտ մարդիկը համոզել թէ «վեհին» կամ «վեհափառին» (Գարեգին Բ.ին) «դպնալը» նոյն է թէ մեր Սուրբ Հաստատութիւնը հարուածել, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ միտումնային, կանխակալ եւ իրականութիւնը թաքցնելու խղճուկ փորձեր են։ Ո՛Չ եւ հազար անգամ Ո՛Չ, որովհետեւ առնուազն տգիտութիւն է  եւ պատմութեան տրամաբանութենէն անտեղեակ անճարակ փորձեր։

Այո՛, մեր պատմութեան մէջ եղած են դէպքեր, երբ երանելի կաթողիկոսներ հալածելը հաւասար եղած է Սուրբ Հաստատութիւնը հարուածելուն, բայց եղած են նաեւ պարագաներ, երբ գերագոյն անձը՝ կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսներն ու հակաթոռ կաթողիկոսներ քննադատուած են ԱՌՈՂՋ մարդոց կողմէ՝ փրկելու համար Ս. Էջմիածնի պատիւը։ Օրինակ մը տալու համար պարզապէս՝ եթէ իր ատենին եւ անկէ ետք (ԺԱ. դար) Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջին տարիներուն, երբ քննադատած կամ նզոված են Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս մը, որ Անի մայրաքաղաքը «ծախեց», ապա այդ կատարուած է ՓՐԿԵԼՈՒ նպատակով Լուսաւորչակերտ հաստատութեան պատիւը։

Հայրենի մեր ժողովուրդին մէջ քիչ չէ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք ընդվզած էին եւ են ոչ միայն նախկին իշխանութիւններու ապականած վարչակազմին դէմ, այլեւ Ս. Էջմիածնի այսօրուան գահակալին, անոր եղբօր եւ այլ «միլիոնատէր» ու պիզնեսմէն մանկլաւիկներուն դէմ։ Եւ այս բոլորը հակառակ մեր ժողովուրդի ապրած անձուկ եւ ճգնաժամային օրերուն։

Հեռու չէ այն օրը, երբ պիտի յաղթէ զանգուածներու կամքը։

Նկարը՝ Երուսաղէմ, քրիստոնէական թաղերը

1 comment
  1. Պատասխան Յակոբ Անդրէասեանին

    Յարգելի տոքթ. Աբրահամեան,

    Այսօր ստացայ «ԳԵՂԱՐԴ»ի նորագոյն ե-հրատարակութիւնը թուարկուած՝ 31 Մայիս 2020:

    Այնտեղ նշմարեցի թէ Ձեր խմբագրակազմը հրատարակած է Եռուսաղէմէն պր. Յակոբ Անդրէասեանի նամակը՝ գրուած 24 Մայիսին: Նոյն օրը այդ նամակը բարեկամի մը միջոցով ինծի փոխանցուած էր: Կարդալէս ետք, նոյն օրն իսկ պատասխան նամակ մը գրեցի ու ղրկեցի պր. Անդրէասեանին:
    Նամակիս մէջ, պր. Անդրէասեանի կողմէ ազատ մտածող եւ գործող լրագրողներուս հասցէին կատարուած անհիմն ամբաստանութիւններուն եւ ցեխարձակումներուն առթիւ ծագած շարք մը հարցումներ ներկայացուցած էի իրեն: Բայց աւա՜ղ, մինչեւ հիմա՝ 31 Մայիս, այդ հարցումները կը շարունակեն մնալ անպատասխան: Ինչ լաւ կ’ըլլար, ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԵԱՆ սիրոյն, պր. Անդրէասեան այդ հարցումներուն անկեղծօրէն պատասխանած ըլլար որպէսզի բոլորս ալ քիչ մը աւելի լուսաբանուէինք:
    Ստորեւ՝ 24 Մայիս թուակիր պատասխան-նամակը: Շնորհակալ կ’ըլլամ եթէ այս մէկն ալ ներկայացնէիք «ԳԵՂԱՐԴ»ի ընթերցողներուն:

    Յարգանօք՝
    Աբօ Չափարեան
    Գլխ. Խմբագիր «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթի եւ USA Armenian Life Magazine-ի

    24 Մայիս 2020
    Լոս Անճելոս

    Յարգելի պր. Յակոբ Անդրէասեան,

    Նախքան պատասխանելս Ձեր անհիմն ցեխարձակումներուն՝ ուղղուած ազատ մտածող եւ անկախաբար գործող հետազօտող լրագրողներուս, պիտի խնդրէի որ պատասխանէիք հետեւեալ հարցումներուն.

    – Ըստ Ձեր տեղեկութեան կամ գիտութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Մայիսի «Յայտարարութիւն»ը՝ «Ի Խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պայծառութեան», որո՞ւ կամ որո՞նց հասցէին ուղղուած է: Կամ՝ կը խորհի՞ք որ, բացի Գարեգին Բըըը-էն, ուրիշ որեւէ յստակ անձերու կամ դերակատարներու չէ ուղղուած:

    – Տեղեա՞կ էք որ Գարեգին Բըըը-ն ունի տարբեր թեմերէ ներս կլանակիցներ ինչպիսիք են Լոս Անճելոսի Յովնան Տէրտէրեանը, Մոսկուայի Եզրասը, եւ այլք:

    – Ձեր եւ Ձեր նմաններուն «ջայլամի քաղաքականութիւն»ը չէ՞ որ մեր ժողովուրդը մինչեւ հոս հասցուց:

    – Դուք Տէրտէրեանը կը պաշտպանէք որովհետեւ վերջինս տարին քանի մը հազար տոլա՞ր կը հանգանակէ ձեր տեղական կարիքներուն համար: (Ի միջի այլոց, անցեալ՝ 2019-ի աշնան Ձեր շրջանին համար անոր կազմակերպած հանգանակութիւնն ալ խոշոր ձախողութիւն մը եղաւ, որովհետեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները ի Լոս Անճելոս՝ սկսած են ետ կանգնիլ որեւէ աջակցութիւն տալէ այն գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն որտեղ Տէրտէրեանի նախաձեռնութիւնը կամ մատը կայ):

    Ինչ լաւ է, որ Դուք ալ – թէկուզ կէսկատար – քաջութիւնն ունեցաք Ձեր դիրքը ճշդելու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տիրող անփառունակ վիճակին եւ լայնատարած փտախտին հանդէպ:
    Անկեղծութիւնն ու ողջմտութիւնը կը պահանջեն որ իւրաքանչիւրս ամբողջական քաջութիւնն ունենանք անուններն ու իրերը կոչելու իրենց իսկական բնութագրութեամբ, նշելով այն բոլոր պարագլուխները, սկսած Գարեգին Բըըը-էն մինչեւ Մոսկուայի Եզրասը, մինչեւ Արեւմտեան թեմի Յովնան Տէրտէրեանը, նոյնպէս՝ անունները ջոկատ մը աշխարհականներու, որոնք մեղսակից են օրուայ դերակատարներու արարքներուն:
    Հայ. Առաք. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան գահը զբաղցնող Գարեգին Բըըը-ն իմ հանդէպ միշտ ալ լաւ վերաբերմունք ունեցած են: Բայց ըլլալով անկախ եւ ազատ մտածող, ես նախընտրած եմ անոնց ու անոնց նմաններուն իմ հանդէպ լաւ վարուելակերպը ՉԸՆԴՈՒՆԻԼ որպէս կաշառք:
    Բոլոր հետազօտող լրագրողներուն պարտականութիւնն է իրողութիւններն ու դերակատարները ներկայացնել հարազատօրէն եւ անկեղծօրէն:
    Ուրախալի պիտի ըլլար Ձեր պատասխանները ստանալ վերեւը նշուած հարցումներուն:

    Լաւագոյնս՝
    Աբօ Չափարեան

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like