Չորեքշաբթի, 9 Մարտ 2022-ին , ժամը 9:00-ին, Հայ Կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Long-Term Care-ի նախարար Փոլ Քալանտրայի, երեսփոխաններ՝ Վենսենթ Քըի (Don Valley North), Ռապին Մարթինի (Eglinton-Lawrence) և Արիս Պապիկեանի (Scarborough-Agincourt), մեծ ուրախութեամբ յայտարարուեցաւ աննախընթաց ծրագիրը՝ կառուցելու և արդիականացնելու երկարաժամկէտ խնամքի ծառայող մահճակալներ (1,328 նոր և 641 բարելաւուած) եւ Թորոնթոյի մէջ ոչ-շահութաբեր ինը խնամքի տուներ:
Սոյն յատկացումէն Հայ Կեդրոնին կը տրամադրուին 256 նոր մահճակալներ Hallcrown տարեցներու նոր տան համար:
Այս առիթով երեսփոխան Պապիկեան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտին, նախարար՝ Փոլ Քալանտրային և նախկին նախարար Ատ Ֆիլիփսին, որովհետեւ իրենց զօրակցութեամբ եւ անսակարկ ներդրումով Թորոնթոհայերը պիտի ունենան իրենց սեփական ծերանոցը ։ Աւելին՝ վերոյիշեալ ծրագիրը իրականացաւ Հայ Կեդրոնի եւ նահանգային կառավարութեան համատեղ գործակցութեամբ:
«Մեր կառավարութիւնը երկարաժամկէտ խնամքը բարելաւելու ծրագիր ունի, և այդ ծրագրի հիմնական մասը մեր տարեցներուն համար ժամանակակից, ապահով և յարմար տուներ կառուցելն է», արտայայտուեցաւ Փոլ Քալանտրան՝ երկարաժամկէտ խնամքի նախարարը: «Երբ Թորոնթոյի այս ինը տուները կառուցուին, 1,969 բնակիչներ կ՚ունենան նոր վայր, զոր կարող են տուն համարել՝ իրենց ընտանիքներուն և ընկերներուն մօտ»:
Հայ Կեդրոնի Ներկայացուցիչ Սեւակ Խօշեան իր խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ ըսելով, «Հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ պիտի մատուցենք մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն, իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ անզուգական ծառայութիւններ, մեր միութիւններով և կազմակերպութիւններով»։
«Հայ Ծերանոցի ծրագրի իրականացումով Թորոնթոհայերը ընդհանրապէս և հարաւային Օնթարիոյի Հայ գաղութը մասնաւորապէս՝ պիտի ունենան յաւելեալ բարեացակամ եւ բարգաւաճ կեանք, ի մասնաւորի մեր երէցները, որոնք արժանի են արդիական եւ արժանավայել խնամքի, որուն ծառայութիւններէն առանց խտրութեան պիտի օգտուի հայութիւնը»:
«Եւ ի՞նչ պիտի ուզէր ալեհեր ծերունի մը՝ բացի լաւ սնունդէ, հոգատար բժիշկի մը հսկողութենէ, կաթիլ մը հետաքրքրութենէ, պտղունց մը ժպիտէ եւ վերջապէս իրեն հետ պարբերաբար զրուցող այցելուէ մը»:
«ԳԵՂԱՐԴ»Ի ԽՕՍՔԸ ԱՅՍ ԱՌԹԻՒ
Keghart.org ի սրտէ կը շնորհաւորէ այս ծրագիրը անցեալին եւ ներկայիս հետապնդած բոլոր հայրենակիցներն ու միութիւնները, ի մասնաւորի Հայ Կեդրոնի վարչութիւնը, որ կրցաւ իրականացնել վաղուց սպասուած Հայ Ծերանոցի ծրագիրը։ Փափաքելի պիտի ըլլայ որ խնամակալ մարմինը բաղկացած ըլլայ տարբեր հոսանքներէ եւ յարանուանութիւններէ նշանակուած հայրենակիցներէ՝ խուսափելու համար ապագայ ըսի-ըսաւներէ եւ բարդութիւններէ։