Տիգրան Աբրահամեան, Գէորգ Նաթալի, Գանատա – Երեւան, 27 յուլիս 2025
Կ’ենթադրենք, թէ ընթացիկ եղելութիւններուն հետեւող հասարակութիւնը տեղեակ է Փաշինեանի ու Գարեգին Բ.ի միջեւ ծաւալուած ցեխարձակումներէն: Ոչ միայն հայկական մամուլը, այլ նաեւ միջազգային լրատուական միջոցներ օրնիբուն, ինչ-ինչ անպարկեշտ նպատակներով, կ’անդրադառնան այս աննախադէպ սակայն տխուր երեւոյթին: Դժբախտաբար առաջին հերթին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնն է, որ կ’ոտնակոխուի ու չարաչար կը շահագործուի քաղաքական միտումներով:
Եթե Փաշինեանի դիտաւորութիւնները Գարեգին Բ.-ի նկատմամբ անկեղծ էին, ապա ան ինչո՞ւ չգործեց 2018 թուականին երբ իր ժողովրդականութիւնը գագաթնակէտին էր, իսկ Մայր աթոռին գահակալը՝ հայրենաբնակ – եւ ոչ միայն հայրենաբնակ – ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ անբաղձալի անձ: Փաշինեան ինքն էր, որ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի բազմաբիւրանոց հանրահաւաքներուն ժամանակ կը հրահանգէր վար առնել այն պաստառները, որոնց վրայ կողք-կողքի պատկերուած էին Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժիկ Սարգսեանը եւ Գարեգին Բ.ը՝ երեքին վրայ ալ X քաշուած՝ իբրեւ անբաղձալի անձեր ժողովուրդին համար։ Աւելին. ի՛նք էր որ կոծկել տուաւ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումի անդամներուն դէմ Գարեգինի ու գարեգինականներու սարքած ապօրինութիւնները, որոնք սկսած է յիշել եօթը տարի ետք…։
Գարեգին Բ-ի թերությունները վաղուց յայտնի էին շատ-շատերու, վստահաբար՝ նաեւ Փաշինեանին։ «Գեղարդ» իր մէկ հրապարակումով 2013 թուականին անոր դէմ 23 մեղադրանք նշած էր, որոնց պատասխան չտրուեցաւ առ այսօր: Հաւանական է, որ Փաշինեանը ամբաստանութիւններու պարկը բացաւ այս օրերուն յոյս ունենալով 1) շեղել ՀՀ քաղաքացիներու ուշադրութիւնը այլ կենսական հարցերէ, օրինակ Սիւնիքի ապագան, 2) ձեռնադրել իրեն ենթակայ նոր կաթողիկոս մը, և 3) չէզոքացնել այն հաստատութիւնը (իմա՝ Եկեղեցին), որ կրնայ ազդել ներքաղաքական հաւասարակշռութեան վրայ, մանաւանդ որ գրեթէ 10 ամիս ետք պիտի կայանան ՀՀ-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, իսկ Մայր աթոռի նուիրապետութեան բարձրաստիճան անդամներէն շատերը չեն թաքցներ իրենց ջերմ համակրանքը հակափաշինեանական ընդդիմութեան (աւելի ստոյգ՝ ընդդիմութիւններուն)։
Փաշինեանի փորձը արժանացաւ հակառակ արդիւնքին․ շարք մը անհատներ եւ կառոյցներ, որոնք այլապէս «չէզոք» էին և ուշադիր չէին հետեւեր իրադարձութիւններուն, ՀՀ-ի իրաւապահներու «ոտնձգութիւն»ներուն վերաբերեցան կասկածանքով եւ յարեցան գարեգինականներու յօրինած «Եկեղեցին վտանգուած է» նշանախօսքին: Հաւանական է, որ նաեւ այս պատճառով Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը ունեցաւ յաւելեալ անկում:
Միւս կողմէ, Գարեգին Բ․ պաշտպանեց և աջակցեցաւ այնպիսի հոգևորականներու, որոնք կատարեցին Փաշինեանի բռնի հեռացումը պահանջող հրապարակային յայտարարութիւններ: Բաց աստի, կը դժուարանանք հաւատք չընծայելու ՀՀ-ի իրաւապահ մարմիններու բացայայտումներուն՝ ձայնագրութիւններ, ուր արքեպիսկոպոս մը խափանարարութեան ու ահաբեկչութեան պատուէրներ կ’իջեցնէ իր շրջապատին, բան մը, որ խստօրէն դատապարտելի ու պատժելի է թէ՛ եկեղեցական («մի՛ սպանաներ») եւ թէ՛ աշխարհիկ օրէնսդրութիւններով:
Այն, որ Եկեղեցին բարեկարգումներու կարիքն ունի՝ կասկածէ դուրս է, սակայն այդպիսիք անոր պարտադրելու փաշինեանական քայլերը շատ խոցելի են։
Իրաւունք չունի՞նք հրապարակային հարցում ուղղելու՝ ինչո՞ւ գրեթէ 26 տարիէ ի վեր Գարեգին Բ․ Ազգային-եկեղեցական ժողով չի հրաւիրեր։ Ինչպէս գիտենք, այդ ժողովը իրաւասու է ոչ միայն քննելու Մայր աթոռի, ներառեալ գահակալին գործունէութիւնը, այլեւ վերջինս նոյնիսկ գահընկեց ընելու։ Գարեգին Բ․ երեւի ճիշդ ատկէ կը վախնայ, ուստի կը շարունակէ սանձարձակ գործել, առանց հաշուետուութեան, յենելով Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) իր իսկ նշանակած անդամներուն վրայ, մինչդեռ ԳՀԽ-ի անդամները ԸՆՏՐԵԼՈՒ բացառիկ իրաւունքը կը պատկանի Ազգային-եկեղեցական ժողովին։ Փաստօրէն, Գարեգին Բ․ կը շարունակէ կատարել ապօրինութիւններ՝ ամէն կերպ բացառելու համար իր գործունէութեան վերաքննութիւնը ըստ մեր Եկեղեցւոյ կանոններուն եւ աւանդութեան։ Ահա՛ այս իրականութենէն ալ կ’օգտուի Փաշինեան՝ Գարեգին Բ․ը վար առնելու համար Գրիգոր Լուսաւորիչի գահէն։
Սխալները երկուստեք են, իսկ տուժողը հայութիւնն է, հայրենական պետութիւնն ու, մանաւանդ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին են։
Սթափելու ժամանակն է, այս տուրուտմփոցին պատճառ եղած եւ զայն շահագործելու ելած աշխարհականնե՛ր եւ “հոգեւորականնե՛ր”։ Հերի՛ք եղաւ։ Մեր ազգին ու պետութեան դիմագրաւած գոյութենական սպառնալիքներուն դէմ յանդիման, այս վիճակին շարունակումը հիմնովին անընդունելի է։
Վերը նշեցինք, թէ հակագարեգինեան արշաւի յարուցումը համընկեցաւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի շուրջ միջազգային մեծ խաղացողներու աննախընթաց աշխուժացման հետ։ Քաղաքականութեան մէջ այսպիսի «պատահականութիւն»ներ չեն ըլլար։ «Միջանցք»ը 100 տարի վարձակալելու ամերիկեան առաջարկը (հասկնալ՝ պարտադրանք), «արտապատուիրակում» հնարովի բառով այդ տարածքին ինքնիշխանութեան զիջման քօղարկումը, «միջանցք»ին նկատմամբ հայկական զերոյական վերահսկողութեան թրքական բացայայտ պահանջները, մեծ տէրութիւններու՝ ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու յաճախակի այցերը Սիւնիք, Իրանի, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ՝ Կապանի մէջ հիւպատոսութեանց հաստատումը, Թրամփի յայտարարութիւնը ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շատ մօտ ըլլալուն մասին եւ այլ փաստերու գրեթէ համաժամանակեայ երեւան գալը կասկած չեն ձգեր, որ յիշեալ տարածքին նկատմամբ սրած են միջազգային բորենիներուն ախորժակները եւ կարծես անոնք անցած են հարցը վերջնականապէս լուծելու փուլին, անշուշտ՝ ի վնաս հայկական գերիշխանութեան։ Այս պայմաններուն մէջ, ՀՀ-ի հասարակական անդորրութեան որեւէ սրացում միայն եւ միայն կը նուազեցնէ ՀՀ-ի՝ իբրեւ պետութեան խուսանաւելու հնարաւորութիւնները։ Ցաւօք, այս տարրական ճշմարտութիւնը չեն գիտակցիր ո՛չ ՀՀ-ի այսօրուան իշխանաւորները, ո՛չ ալ Մայր աթոռի բարձրաստիճան եկեղեցականները՝ գահակալին գլխաւորութեամբ։
Կ’առաջարկենք հետեւեալ հանգուցալուծումը՝ ստիպել Գարեգին Բ․ին այս տարուան հոկտեմբեր-նոյեմբերին հրաւիրել Ազգային-եկեղեցական ժողով, ուր քննուին այս բոլոր հարցերը, ներառեալ նոյն ինքն գահակալին վարքը անցնող 26 տարիներուն, ընտրել իսկապէ՛ս արժանի, անբասիր հոգեւորական մը իբրեւ աթոռակից կաթողիկոս ու անոր յանձնել Մայր աթոռի բարեկարգութեան ամբողջ գործը, լաւագոյն պարագային Գարեգին Բ․ին վերապահելով «անգլիական թագաւոր»ի ձեւական իշխանութիւն մը միայն։ 26 տարիներու իր կաթողիկոսական գործունէութեամբ, Գարեգին Բ. ի՛նքը ապացուցեց, որ աւելիին արժանի չէ։
3 comments
Յարգելի հայրենակից,
Ծանրութեան նժարը ուղղեր էք հոգեւորական դասին ուղղութեամբ, առաւելապէս կաթողիկոսին, որ իր գործունէութեան համար հաշուետու է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին {ԳՀԽ} եւ ոչ թէ ամէն մէկու, այս պարագային՝ փ-ին ու անոր մանկլաւիկներուն:
ՈՉ ՄԷԿ ԲԱՌ արտայայտած էք երկիրը կործանող, հայկական ինքնութիւնը ջնջող, Հայաստան աշխարհը վիլայէթի վերածողի մասին։ Անոր նկատմամբ «բարեհոգի» գտնուելու Ձեր մոտեցումը ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է:
Երբ Հայաստանը կորսնցնենք (ինչը կանխատեսելի է) ոչ միայն կաթողիկոս չի մնար, այլեւ մէկ հոգեւորական (ոչ սքեմով, այլ միս ու արիւնով): Այնպէս, որ կը յորդորէի, որ կռիւ տանք անոր եւ իր խմբակին դէմ՝ այդ ղեկավար յորջորջուողէն ազատուելու, հայասէր ու հայրենասէր ղեկավար մը ընտրելու եւ այնուհետեւ ԳՀԽ-ի որոշիչ ու աներկբայ խօսքը գործի վերածելու, աշխատանքը իր վերջակէտին հասցնելու համար:
Յարգանօք՝
Յակոբ Յովհաննէսեան
[This comment is edited. Unsubstantiated, partisan allegations and pejorative expressions are deleted in accordance to Keghart.org’s policy.]
Յարգելի պարոն Յովհաննէսեան,
1․ Մեզ կ՛ամբաստանէք ՀՀ-ի վարչապետին նկատմամբ «բարեհոգի» գտնուելու համար։ Մեր հրապարակման հարցը կը վերաբերէր առաւելաբար Մայր Աթոռի գահակալին, նուազ չափով՝ անոր մերձակայ ու համախոհ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ վարչապետի հակառակութեան։ ԳԵՂԱՐԴ-ը իր բազմաթիւ հրապարակումներով յաճախ խիստ քննադատութեան ենթարկած է նոյն անձի ՀՀ-ի ներքին եւ մանաւանդ՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ սխալ, մեղմ արտայայտած՝ ոչ-հայանպաստ քայլերը։
2․ Կաթողիկոսը իր գործունէութեան համար առաջին հերթին հաշուետու է Հայ Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն, ապա նոր միայն՝ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովին ու անոր ԸՆՏՐԱԾ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին, բան մը որ բնաւ չէ կատարուած 26 տարիներու ընթացքին։
3․ Չկրցանք հասկնալ, թէ ի՞նչ նկատի ունեցած էք Ձեր մեկնաբանութեան վերջաւորութեան գրելով «աշխատանքը վերջակէտին հասցնելու» մասին։ Ի՞նչ աշխատանքի մասին է խօսքը՝ յստակ չէ։
Բժիշկ Աբրահամեան,
Հետաքրքրեւթեամբ կարդացի ձեր “վերլուծումը” մեր Ազգին ներկայ Խեղճ վիճակի մասին: ժպտի՞մ անհոգութեամբ, թէ յուզուիմ: Յստակ եւ անկողմնակալ էք, յիշելեվ մեր Կաթողիկոսին պարտականութիւնները: եթէ փաստացի սխալներ կան, վերանորոգութեան կարիքը կայ:
Կը հաւատամ նաև որ կղերականները զինուորներ են հոգեկան, եւ պատրաստ են Հայ ազգին ու Հայրենիքին բարելաւման համար զոհուելու, ինչ որ ցաւօք բացակայ է ներկայիս, անհեռատես՝ աւելին չըսելու, ազգին քաղաքական պատասխանատու պաշտօնեաներուն մօտ: Զարթօնք: