ԳԱՐԵԳԻՆ Բ-Ի 14 ԱՊՐԻԼԻ ԵԼՈՅԹԻ ՄՈՒԹ ԾԱԼՔԵՐԸ

Լուսարձակի տակ

ԳԵՂԱՐԴ, 10 Մայիս  2020

Ապրիլ ամսի կէսէն աշխարհասփիւռ հայութեան քննարկած նիւթերէն է Մայր Աթոռի գահակալ Գարեգին Բ-ի 14 Ապրիլի ելոյթը: Ան կը դիմէր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ պսակաձեւ ժահրի այս պայմաններուն մէջ «մարդկայնութիւն» ցուցաբերել քրէական ծանր մեղադրանքներով ամբաստանուած Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ եւ անոր կալանքը փոխել, այսինքն՝ զայն փաստօրէն ազատ արձակել:

Յաջորդ օրը, Հ. Հ.ի իրաւապահ մարմինները յայտարարեցին Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ «արքեպիսկոպոս» Կճոյեանի նկատմամբ քրէական գործ յարուցելու մասին: Յաջորդ օրերուն ու մինչեւ այսօր, Մայր Աթոռի Տեղեկատուական Համակարգը եւ Գարեգին Բ.ի գլխաւորած հակայեղափոխական ճամբարի տեղական ու սփիւռքեան բաղադրիչները՝ քոչարեանականներ, ՀՀԿ, ՀՅԴ, թեմակալ առաջնորդներ, թեմերու հոգեւորականաց դասերուն անունով Մայր Աթոռին մէջ թխուած կիսաարեւելահայերէն-կիսաարեւմտահայերէն խառնալեզու յայտարարութիւններ, զանազան մեծ ու փոքր չափի արարածներ հաւար փրցուցին, թէ «Հասէ՜ք, սորոսականները նորէն սկսան Հայ Եկեղեցին հարուածել»:

Նախ՝ յոյժ կարեւոր պարզաբանում մը. Հայ Եկեղեցին միայն Մայր Աթոռը չէ, այլեւ նուիրապետական միւս երեք Աթոռները, իսկ Մայր Աթոռը հաւասար չէ անոր գահակալին. Մայր Աթոռը կ’ընդգրկէ ամբողջ միաբանութիւնը, քահանայից, դպրաց ու սարկաւագաց դասերը, թեմերը, եւ, ի վերջոյ, Մայր Աթոռի հովանիին տակ գտնուող հաւատացեալներու ամբողջ հանրոյթը:

Ի դէպ, վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ հայութեան առնուազն 80 տոկոսը դէմ էր Գարեգին Բ.ի գահակալութեան շարունակութեան ու կը պահանջէր անոր անյապաղ հրաժարականը կամ հրաժարեցումը, մինչեւ իսկ արտաքսումը Եկեղեցիէն: Այդ ցուցանիշը 14 Ապրիլի ելոյթէն ետք բարձրացած է շուրջ 10 տոկոսով, այսինքն՝ Գարեգին Բ.ը մերժելի է հայ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ:

Իսկ ինչո՞ւ Գարեգին Բ.ը ելոյթ ունեցաւ 14 Ապրիլի օրը եւ ոչ թէ նախորդ կամ յաջորդ օրերուն: Չենք կարծեր, թէ ան այնքան անմիտ էր չհասկնալու, որ իր ելոյթը իր դէմ կատաղի հակազդեցութիւն պիտի յառաջացնէ՝ նկատի ունենալով Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ համահայկական ատելութիւնը: Մեր համոզումով, Գարեգին Բ.ը ՇԱՏ ԼԱՒ ԳԻՏԷՐ, թէ իր ելոյթը պիտի բորբոքէր ժողովրդային ատելութիւնը իր հանդէպ: Բայց … ուզուածը ճի՛շդ այդ էր, որպէսզի այդ ժողովրդային վրդովմունքը օգտագործուի բարձրաձայնելու Եկեղեցւոյ դէմ իբր նոր արշաւի մասին: Մէկ խօսքով, դիմուած էր «լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է» մարտավարական հնարքին: Այլ խօսք, որ այդ ատելութիւնը բորբոքելու «առարկան»՝ Ռոպերթ Քոչարեանը, Մայր Աթոռի անարժան գահակալին յուշած կրնան ըլլալ անոր փչացած շրջանակի քոչարեանապաշտ դէմքերէն կարկառուն Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ «արքեպիսկոպոս» Մարտիրոսեանն ու Մայր Աթոռի դիւանապետ, Գարեգին Բ.ի համագիւղացի, խարդաւանքներու անզուգական մասնագէտ Արշակ «եպիսկոպոս» Խաչատրեանը:

Շան գլուխը թաղուած է մէկ ուրիշ տեղ եւ ոչ թէ Քոչարեանի անձին մէջ: Արդարեւ, 13 Ապրիլին արդէն յայտնի էր, որ Նաւասարդ «արքեպիսկոպոս»ը մեղադրուելու է դրամի իւրացումներու եւ լուացումներու համար եւ անոր շահատակութիւնները օֆշորներէն պիտի հասնին Մայր Աթոռ, անձնապէս նաեւ Գարեգին Բ.ին: Վերջինիս դրամական ու այլ շահատակութեանց մասին զանգուածային լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը հեղեղուած են ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ փաստերով, որոնց դիմաց Մայր Աթոռը կը նախընտրէ լռել: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս խօսին, եթէ այդ համակարգի շատ դէմքեր, մասնաւորաբար «սրբազան»ներ խրուած են սեռային, դրամական եւ այլ գայթակղութիւններու մէջ:

Հասկնալի է, որ այս վոհմակը պիտի դիմէր ինքնապաշտպանութեան: Զգալով մօտալուտ փոթորիկը՝ Հ. Հ.ի իշխանութեանց կողմէ «եկեղեցական»ներու՝ պետական օրէնքները խախտելու համար պատասխանատուութեան կանչուիլը, ան հարայ-հրոց բարձրացուց ԿԱՆԽԱՒ, որպէսզի երբ Փաշինեանը, փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ հասնի նաեւ այս սքեմաւոր անոպաներուն, սկիզբէն իսկ իրենք զիրենք ապահովագրած ըլլան՝ Հայ Եկեղեցւոյ դէմ սորոսականներու, աղանդաւորներու ու նմաններու կողմէ հալածանքը վերսկսելու պաշտպանիչ վահանով:

Սակայն, ինչ հնարքի ալ դիմեն, պիտի ձախողին, քանզի Հ. Հ.ի իշխանութիւնները եւ հայ ժողովուրդը ՎՃՌԱԾ ԵՆ Մայր Աթոռը մաքրել ամէն տեսակի աղտեղութիւններէն՝ անոր վերադարձնելու իր հմայքն ու սրբութիւնը:

Catholicos Karekin II Stands Accused

2 comments
  1. Le haut clerge pourri , en Armenie et dans la diaspora, n’est plus un remede au virus qu’il a rependu dans l’Eglise.
    C’est au peuple d’agir en l’absence d’un soi disant parti politique qui sans soutien populaire sauf
    ses quelques centaines de membres et qui a porte a la tete de l’Eglise un malfaiteur pour pouvoir dominer
    au moins un segment de la diaspora afin de justifier son existence.
    Un autre parti qui combat le Saint Siege depuis plus d’un demi siecle entre en jeu dans ses propres interets
    politiques et financiers pour condamner la juste revolte du peuple(exclant ses partisans).
    Un boycott financier peut etre envisage pour montrer que l’Eglise est le peuple et sans lui Catholcos,
    Primats et Eveques sont condamnes au Bien Etre Social (Well fare) Ils.rependent l’idee que le catholikos est le chef
    de l’Eglise alors que le Chef est le Jesus-Christ. Est-ce leur niveau en theologie/

  2. ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ

    Առիթով մը, հրատարակիչ, հրապարակախօս Անդրանիկ Ծառուկեան Երուսաղէմ կ՛այցելէ ու հանդիպում կ՛ունենայ այդ օրերու Հայոց պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ։

    Ջերմ զրոյցի ընթացքին, Ծառուկեան դիմելով Սրբազան պատրիարքին հարց կու տայ․ — Սրբազա’ն, կ՛ըսուի թէ կին ու զաւակ ունիք։

    Առանց պատասխանելու, պատրիարքը ներս կը կանչէ կին մը ու պատանի մը, որոնք ներս գալէ ետք, պատրիարքը զիրենք կը ներկայացնէ հիւրին։
    — Պարո՛ն Ծառուկեան , ահա՛ կինս ու զաւակս։

    Անդրադառնալով լուսահոգի Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեանի արկածախնդրութիւններուն, կը յիշեմ այլ դրուագ մը, որուն ծանօթ են 1956-ին Անթիլիասի մայրավանքը լքող դասալիք հոգեւորականները։

    Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա․ը, վրդոված՝ (շնորհիւ Քա Քէ Պէյի) Անթիլիասի մէջ առնուած որոշումէն, իրեն ընկերակցող հայաստանեան պատուիրակութեան ու դասալիք հոգեւորականներուն հետ կը մեկնի Երուսաղէմ՝ նախագահելու եպիսկոպոսական արտահերթ ժողովին։

    Ժողովի ընթացքին, երբ ըստ օրակարգին պիտի քննարկուէր կուսակրօն հոգեւորականներու ամուսնութեան հարցը, ժողովի ատենապետ Եղիշէ պատրիարք անմիջապէս կը միջամտէ ու դառնալով Վեհափառին՝ կ՛ըսէ․
    — Վեհափա՛ռ, մենք այդ հարցին լուծում գտած ենք։ Ու՝ վե՛րջ։

    Հիմա, այս տողերը կարդացող անձինք, որոնց համար գրուածը նորութիւն է, ինչ կ՛ուզեն թող մտածեն։ Փաստը կը մնայ փաստ։

    Կան նաեւ օրինակներ Ս․ Էջմիածինէն։ Երջանկայիշատակ Գէորգ Զ․ կաթողիկոսին, այդ օրերուն դեռ վարդապետ, երբ կ՛առաջարկուի եպիսկոպոսութիւն, կը տեղեկացնէ այդ օրերու կաթողիկոսին՝ իր սիրահար ու զաւակներ ունենալու մասին։

    Տիրան արքեպիսկոպոս Կիւրեղեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ձգձգուեցաւ սիրահար ու զաւակներ ունենալուն պատճառաւ։

    Ինչ կը վերաբերի ներկայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, վերեւը նշուած հոգեւորականներուն քաջութիւնը չունի, հրապարակաւ յայտարարելու իր սիրահարի ու իր սիրուհիին հետ իր կապէն ծնունդ առած իրենց դստեր մասին։

    Քաջութիւնը չունի յայտարարելու, որ հանգուցեալ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի հետ իր յարաբերութիւնը երբէք կապ չունէր «մօր եւ զաւակի» միջեւ եղող յարաբերութեան հետ։

    Քաջութիւնը չունի այպանելու ու կարգալոյծ հռչակելու Մայր Աթոռի «ծառայութեան լծուած» միասեռական, մանկապիղծ (առաջին հերթին իր աղբ-երը՝ Եզրասը) ու տնաքանդ հոգեւորականները։

    Այս բոլորէն ետք, իր քաջութիւնը կը կայանայ դրամաշորթութեան մէջ՝ «գերի դարձնելով մարդկանց իր աշխարհիկ փիլիսոփայութեան ու փուճ խաբէութեան, ․․․» (Կողոսացիս 2.8 ):

    Կը կայանայ նաեւ այն բանին մէջ, որ կարգալոյց կը հռչակէ անբասիր նկարագրով հոգեւորականներուն, որոնք ցոյց կուտան իր աչքին գերանը։

    Այս օրերու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դատարկամտութեամբ զբաղած է։ Ան լծուած է մօտիկ անցեալի իր գործընկերները՝ Ռոպերթը, Սերժիկը եւ միւսները պաշտպանելու աշխատանքին, այն մտահոգութեամբ, որ հերթը իրեն է հասնելու։

    Այս հարցին մէջ ան սխալած չէ, շատ ճիշդ է։

    Յարգանքներով՝
    ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

    Յ․Գ․
    Անհատը արժէք է՝ երբ իր անձէն վեր ընդհանրականին մէջ կը տեսնէ գերագոյն արժէքը: Հաւաքականութիւն մը նահանջի ճամբան կը բռնէ, եթէ զինք բաղկացնող անհատները իրենց անհատական շահերը գերիվեր դասեն ընդհանրական շահերէն:

    Արամ Ա. Կաթողիկոս

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like