Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 14 Օգոստոս 2020
Հետեւեցայ Վրչ. Փաշինեանի եւ BBC կոչուած իբր թէ անաչառ Բրիտանական «կայսերական» կայանի մեկնաբանի հարցազրոյցին։ Պրն. BBC-ն ես լաւ ճանչցած եմ դեռ 1960-ականներէն։ Այս կայանը Միացեալ Թագաւորութեան (իմա՝ Անգլիոյ) իշխող վերնախաւի խօսնակն է։ Խօսնակներն ու պաշտօնեաները արհեստավարժներ են եւ լաւ պատրաստուած, կը խօսին «դասական» յղկուած անգլերէնով։ Այս լեզուն սորվիլ ուզողը պէտք է հետեւի BBC-ին։ Բայց այս քայլը գին մը ունի։
Անիկա տիրացած է ուղեղալուացում կոչուած արուեստին (անգլիացին խորամանկ է, կ՚ըսէին մեր մեծերը, կամ՝ «ասոր մէջ «ինկիլիզին մատը կայ» կը հաւատային մերոնք)։
Եւ այսպէս խորամանկ ու լաւ պատրաստուած թղթակիցը այս տարուան մէջ երկու անգամ հարցազրոյց կ՚ունենայ նախ մեր արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ ապա մեր վարչապետին եւ միշտ կը փորձէ “անկիւնը բերել”, կամ անկիւն բերելու փորձ կատարել՝ երբեմն ճարպիկօրէն, երբեմն կը յաջողի, երբեմն ալ բերանը կը գոցէ եւ իր զայրոյթը կ՚արտայայտէ դառն բազմանշանակ քմծիծաղով։ Ով որ կը ճանչնայ Անգլիան, ան կը հասկնայ այդ ծիծաղին ետին պահուած զայրոյթը։
Նկատած ենք որ ան յաճախ բնագիրէն դուրս գալով գրգռիչ հարցումներով կը փորձէ նեղի մատնել իր «զոհը»։ Պրն Փաշինեանին հետ հարցազրոյցին ատեն նոյնպէս ան «անգլիական» այդ խաղին դիմեց, բայց պէտք է ըսեմ թէ մեր վարչապետը բերանը չգոցեց եւ ատիկա «դուր չեկաւ» Պնր. խօսնակին…
Մեզի համար յստակ է՝ Անգլիոյ քարիւղային հետաքրքրութիւնը տարածաշրջանին մէջ զինք հետաքրքրող գլխաւոր խնդիրն է։ Այս միեւնոյն Անգլիան չէ՞ր որ օգնեց Պաքուի կոմունայի անկումին եւ որուն զոհ գնաց մեր ազնուագոյն քաղաքական առաջնորդներէն Ստեփան Շահումեանը։ Այս նոյն Անգլիան չէ՞ր որ խանգարեց Անդրանիկին։ Եւ նման բաներ։ Մենք պատմութիւնը չենք մոռցած։ Այս խօսնակին միակ «տէրտն» էր հայերն ալ մեղաւոր (եւ այն ալ ի՜նչ մեղաւոր) ցոյց տալ եւ կամ «իրանամէտ կամ ռուսամէտ» յորջորջել։
Եթէ ես ըլլամ յաջորդը «հարցաքննուելու», նախ կը մերժէի, իսկ եթէ պէտք է ընդունէի առաջարկը, կը պահանջէի որ նախօրօք ուղղէր հարցումները։ Այս մարդուն ետեւ հարիւրաւոր մասնագէտներ կ՚աշխատին որպէս վերլուծաբան եւ լրտես։
Պրն. խօսնա՛կ, քիթդ մի՛ խոթեր այս գործերուն մէջ, ա՛յ մեծամիտ ու ծախուած անգլիացի։
9 comments
Ըստ իս, ամբողջ նպատակը այս հարցազրույցին՝ Անգլիան մտահոգող վերջին հարցումներն էին, այսինքն հասկնալ ներկայ – հետ հեղափոխական Հայաստանի դիրքը Ռուսիա-էն եւ Իրան-էն: Ան ստացաւ իր պատասխանը:
Ան նաեւ լկտիաբար երկու անգամ փորձեց վարչապետէն ներողութիւն կորզել, երբ Անգլիան տակաւին մեր ցեղասպանութիւնը չէ ճանցած …
Pinocchio ներու հետ գործ մի ունենաք։
Even before starting the interview, Stephen Sackur showed his colors when he headlined the interview with the question “Is Armenia preoccupied by old battles?” That set the tone of Sackur’s stage show.
That sentence said to the viewer that:
1. Armenia is reactionary
2. Armenia is backward
3. Armenia is violent
4. Armenia indulges in feuds
5. Armenia must have started the recent fighting
6. Armenians are troublemakers
7. Armenians are revanchists
Sackur also cut off Pashinyan when the Armenian leader started to explain the cause of the Artsakh conflict.
Մինասը շատ լաւ եւ ճիշդ բնորոշեր է անգլիական վերնախաւային ստորութիւնը, ուր յուդաեասիոնականութիւնը իր ծանրակշիռ ներկայութիւնը ունի:
You have an example in front of you [through BBC] of the most dirty people in the world. I think our Prime Minister knew what he was going into. He did very good. I am so proud of him.
Stephen Sackur is a bully who tries to control the show. He is a poor example of a journalist. In fact, he behaves like a THUG and lacks etiquette. In this interview, although PM Pashinyan was interrupted constantly, the PM of Armenia performed very well.
Sackur sounds like a paid Azeri spokesperson.
I watched the BBC interview of prime minister Nikol Pashinian after I read Mr. Tutunjian’s article,
I agree that Mr S was arrogant and hostile but Mr. Pashinian did a good job in responding to all the accusations by the Azeris and the corrupt RP of Armenia in spite of Mr. S’s interruptions.
Երկիրը ներկայացնող գերագույն պաշտոնյան առավել ևս պետք էր իրազեկված ու պատրաստ լիներ նման հարցազրույցի և նույնիսկ քմծիծաղի տակ թաքնված միտումներին, հային ու Հայաստանին ոչ հատուկ բնորոշումներ պարունակող հարցերին ու ապատեղեկատվություններին տար հերքող պատասխաններ, իսկ իր իսկ երկիրը ներկայացներ միայն արժանապատիվ դիրքերից: Բայց մարդը ինքն է իրարից տարանջատում, նույն հարթության վրա իրարից օտար ներկայացնում Ադրբեջանի, Հայաստանի և Արցախի ժողովուրդներին, երբ արցախցին դեռևս հայ է և Հայաստանի քաղաքացի է: