Բարի Երթ Ճատրակի Հայազգի Հերոսներուն

Կայծակ Մագտասեան, Լուկանոյ, Զուիցերեայ, 24 Յուլիս 2011

Կ՝ուզէի պահ մը մոռնալ մեր Զուիցերիոյ եկեղեցական տխուր դէպքերը, Հայաստանի Սանահին վանքին շուրջ վիճաբանութիւնները, Մայր Հայրենիքի տնտեսական մտահոգիչ վիճակը և ցաւալի արտագաղթը: «Գեղարդ»ի յարգելի ընթերցողներուն հետ պիտի փափաքէի բաժնել իմ հոգեկան ապրումներս այս օրերուն հեռաւոր Չինաստանի Նինկպո քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի առաջնութեան կապակցութեամբ, մասնակցութեամբ 10 առաջնակարգ երկիրներու ազգային հաւաքականներու ընդ որս Մայր Հայրենիքի 5 ներկայացուցիչներու գլխաւորութեամբ՝ անկրկնելի Լեւոն Արոնեանի:
 

Ցարդ մեր անզուգական հայրենակիցներու փայլուն յաղթանակներուն մասին հիացմունքով կ՛արտայայտուին աշխարհի ճատրակի մասնագէտները: Բոլորիս մաղթանքն է որ Ողիմպիական ճատրակի կրկնակի բարձունքին հասած մեր հայորդիները հասնին լաւագոյն արդիւնքներու: Խաղերուն կարելի է հետեւիլ www.armchess.am կայքէջով:

Courtesy www.armchess.am

Երբ այս տողերը կը գրեմ իմ մտածումները դէպի ետ կը սաւառնին ուղիղ 48 տարիներ՝ Հայաստան: 1963 թուականին Մոսկուայի մէջ տեղի կ՝ունենար աշխարհի ճատրակի մրցումը հայազգի Տիգրան Պետրոսեանի և Միխայել Բոթվինիքի միջև: Երեւանի «Մոսկուայ» սինեմասրահի փողոցը խուռներամ ժողովուրդը ամէն օր ներկայ կը գտնուէր և ժամերով համբերութեամբ կը հետեւէր հսկայ ցուցատախտակին վրայ զետեղուած խաղերուն:

Սբ. Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանի հայ ժողովուրդի պատմութեան դասախօս Պրն. Յովաննիսեանի խօսքերը անկարելի է մոռնալ, «Տիգրան Պետրոսեան իր այս յաղթանակով այնպիսի հայկական պրոպականդ արեց թէ՛ դա լինի Սովետական տարբեր երկիրների ինչպես նա՛եւ արտասահմանի մէջ ապրող հայերուն քան Հայաստանի կառավարութիւնը իր 40 տարուայ ընթացքում»:

Բարի Երթ Ճատրակի Հայազգի Հերոսներուն:

Toronto, 26 July 2010

We are very pleased to inform you that at Ningbo, China, Team Armenia, with 14 points, amongst Top-10 chess countries, won the WORLD CHESS TEAM CHAMPIONSHIPS.

 
5 Wins, 4 Draws and NO Losses = 14 Points. 
 

Congratulations to Levon Aronian, Sergei Movsessian, Vladimir Akopian and Gabriel Sargissian !!!

To view results and other details click on World Chess Team Championship

6 comments
  1. Ճատրակը Եւ Էջմիածինը

    Բարեւ Կայծակ,

    Լաւ եւ հաճելի տեղեկութիւն մըն է տուածդ:   Բարի երթ եւ բարի վերադարձ Յաղթանակի դափնեպսակներով մեր երիտասարդներուն: Այս առիթ մըն է մտածումով արձակուրդ ապրերու՝ հետեւելով մեր տղոց մրցանակներուն.

    Անցեալի Էջմիածինը կը յիշես: Արդեօք այսօրուայ Էջմիածինը լուր ունի՞ մեր ազգին ընտրեալ խումբին մեկնումէն. Կը կասկածիմ. որովհետեւ այս օրերուս, Էջմիածնի տէրերը, մութի մէջ, Զուիցերիոյ մէջ անծանօթ Եկեղեցական Խորհուրդ մը կազմած տուն տուն կը խաղան, կը փորձեն տանտէր ըլլալ եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիին տիրանալ:

    Էջմիածինը իր ապօրէն յաջողութիւններուն մասին աւելի կը մտածէ քան թէ մեր երիտասարդներուն միջազգային յաղթանակներուն: Էջմիածինը մեր ներքին հարցն է: Առայժմ մտածենք մեր տղոց միջազգային յաջողութիւններուն մասին:

  2. Jadrage yev Echmiadzine

    Ge parehajik Echmiadzine perni dzamots ch’enel? Sourp Echmiadzine shad ge hedakrkrvi Hay yeridasartoutyamp, yev vsdah em teh ayndegh shad lav deghyag en te inch gantsni ge tarna mitchazkayin kedni vra, yev manavant Hay yeridasartoutyan hed.

    Hajetsek hrabarag azke yev mer Mayr av kaytakghoutyoun che haroutsanel mer Azkayin Yegeghetsagan hartserou shourch. Touyl dvek vor mer hokevoragannere irenk irents michev loudzen mer yegeghetsagan hartsere.

    Ays doghere ouzetsi Hayeren krel, nakh vorovhedev, tjpaghdapar, Haygagan "fonts"er chounim, kani vor tjvaroutyoune ounetsadz em zanonk download enelou, yev hedo, cheyi ouzer Anklerenov krel eem poghokis masin, vorbes zi odarneroun artchev dzaghr ou dzanak ch’ellank. Chanank mishd mer Azke yev mer Mayr Yegeghetsin partsr prnenk.

  3. World Team Chess Champonship

    I would like to add the fifth hero’s name, Robert Hovhanessian, as well as Arshak Petrossian the evergreen coach of the Armenian Team!

    Gaidzag

  4. Hpart em, vor hay em

    Sireli Kayzak, urax em, irok shat urax, vor mer eritasartutan mej kan mardik, vor der chen varakvel antarberutun kochuaz hivanduteamb, vore shat varakich e ev bujum chuni, shnorhavorum em mer txanerin ev irok bari erttttttttttttt. 

    Kohar- Beirut

  5. Congratulations, Bravo!

    Congratulations! Bravo, Bravo, Bravo.

    God bless all of you and your deal families all the times, Amen.

    With Great Love,

    Bedros Zerdelian

    Flushing, New York

Comments are closed.

You May Also Like