Երբ չաստուածները կը մենամարտին

Keghart.org Խմբագրական, 25 Մայիս 2022

Ռուսական Դաշնութեան (ՌԴ) ջոջերու կանխատեսումներով 10-15 օրէն պիտի աւարտէր Ուկրանիոյ գործողութիւնը (օպերացիա)…Այսօր արդէն երեք ամիսը անցած է եւ աւարտի նշոյլ իսկ չկայ: Միջազգային լրատուական կայաններու հաղորդումներ կը սկսին Ուկրանիայով եւ կ’աւարտին Ուկրանիայով: Արեւմտեան, յատկապէս Ամերիկեան եւ անգլիական հաղորդումները շեշտուած գոյներով ու ծիծաղելի ըլլալու աստիճան չափազանցութիւններով կ’արտայայտուին հակառակորդին «անմարդկային ու ցեղասպանատիպ» վայրագութիւններու մասին: Հակառակորդն ալ պակաս չի մնար անշուշտ իր չափազանցութիւններուն եւ նենգափոխութիւններուն մէջ (բարի եկաք պաղ պատերազմի օրեր): Եւրոպան երկու գերհզօր ուժերու միջեւ կը փորձէ «պատուաւոր ելք մը» գտնել, որովհետեւ վառելանիւթի գիները գլուխը առած կը բարձրանան:

Ի՞նչ ընել, կամ ի՞նչ կարելի է ընել դէպքերու այս խորութեամբ ծաւալումին մէջ: Կը մնայ լուրջի առնել այն իրականութիւնը, որ երբ երկու չաստուածները իրենց կայծակներով ու շանթերով կը պատերազմին իրենց երկնակամարին վրայ, հարկաւոր է «սեփական տունը կարգի բերել», ապահով տանիք ընտրել, հեռու մնալ հրդեհներ բորբոքող կայծերէն:

Ո՞ւր ենք մենք այս կործանարար եւ աշխարհատիրական նոր բախումներուն կամ կայսերական ծաւալումներուն մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) եւ հայկական զանազան միջավայրերու մէջ կը նկատենք զսպուածութեան եւ սպասողականութեան կողքին անհարկի, անպատասխանատու , խափանարարական եւ ջղագրգիռ  զանգուածային արտայայտութիւններ ու պոռթկումներ:

Աղմկարար ցոյցերու եւ անհնազանդութեան երեւոյթներու մէջ բացայայտօրէն կ’երեւան ներկայ իշխանութիւններուն եւ անոր վարչակարգին դէմ թունալից արտայայտութիւններ, հայհոյանքներ, հասարակական կարգի խախտումներ՝ յատկապէս ՀՀ-ի մէջ, իսկ սփիւռքահայ կարգ մը «աշխոյժ» համայնքներու մէջ՝ հայրենիքի եւ Արցախի փրկութեան կոչեր, որոնց մէջ «կը փայլատակին» դաւաճան, հողատու, թուրք եւ այլ կոչեր:

Գո՞հ ենք այսօրուան իշխանութիւններէն. Ո՛Չ եւ ամենեւին ՈՉ: Կ’ուզենք կամ կ’երազենք նախկիննե՞րը,  երբե՛ք, նախկիններ, որոնք ոչ մէկ լումայ եւ լծակ կը խնայեն իրենց վերադարձին համար: Պահ մը ենթադրենք թէ ներկաներէն դժգոհները «բերին» նախկինները, ապա ի՞նչ քաղաքական լուծումներ կ’առաջարկեն մեր ազգը յուզող ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար: Վերջերս հրապարակի վրայ շատ յաճախ երեւացող Իշխան Սաղաթելեան կը խօսէր  «ազգային համաձայնական ժամանակաւոր կառավարութիւն»  ստեղծելու մասին (“national consensus temporary government“),  գաղափար մը, որ արդէն բարձրաձայնած էր այլ խմբաւորում մը:  Ան նոր ձայներանգ մըն ալ աւելցնելով կը խօսի «օլիգարխիա»ի դէմ պայքարի մասին…(ո՞ր «օլիգարխիա»յի): Ու՞ր էր ան մինչեւ հիմա: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ինք (եւ իր հովանաւորները) այսպիսի կոչով մը՝ սիրաշահիլ զանգուածնե՞րը…

Մէջտեղ մնացած են օրուան ապրուստը ապահովելու ծանր մտահոգութեան տակ գտնուող զանգուածները, որոնք կը թուի թէ անտարբեր են, թերահաւատ եւ յուսալքուած: Հետեւած ենք ցոյցերու նկարահանումներու, երբ կողմնակի փողոցներէն անցնող հայրենակիցներ պարզապէս դիտած են ու շարունակած իրենց վազքը հացի ետեւէն: Թերեւս կան նաեւ կատարուած ցոյցերու դէմ լուրջ առարկութիւն եւ տարակարծութիւն ունեցող մարդիկ. այդ մասին պաշտօնական մամուլէն կամ հեռատեսիլէն չէ որ կ’իմանանք, այլ յաճախ կողմնակի աղբիւրներէ, որովհետեւ ի վերայ այսր ամենայնի կայ նաեւ լրատուական ծրագրուած շրջափակում:

Ասդին, պէտք է նշենք թէ ՀՀ-ի տիրող վարչակարգին մօտ կը նկատենք աւելի զգուշաւոր կեցուածք եւ «դանդաղկոտութիւն» կարգ մը էական որոշումներ առնելու ծիրին մէջ, ինչպէս ՀՀ-Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններ, ՀՀ-ՌԴ-Իրան-ԱՄՆ-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններ եւ այլն:

Բարդ է վիճակը ոչ միայն մեզի համար, այլեւ մեզմէ շատ աւելի հզօր պետութիւններու: Գրեթէ բոլորը սպասողական վիճակի մէջ են, բայց այս կացութեան մէջ կը ջանան պոկել ինչ որ հնարաւոր է իրենց սեփական շահերուն համար, ինչպէս օրինակ Թուրքիա-Իզրայէլ կազամատակարարման եւ նավթահորերու շահագործման պարագան:

Գալով մեր կացութեան, որքանո՞վ ճիշդ է արդեօք երկրին մէջ շարունակ պահել գրգռուած վիճակ եւ ՀՀ ներկայացուցիչներու անուանարկումներով հանդէս գալ հոս ու հոն: Մնա՛նք քննադատական, բայց չվերածուինք անհանդուրժող ամբոխի: Պերճանք մըն է այդ, որ այս փորձանաւոր օրերուն կրնայ ետնահարուած տալ: Դեռ աւելին, ո՞րն է առաջնայինը՝ սահմաններու եւ Արցախի պաշտպանութիւ՞նը, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սադրանքնե՞րը, արտագա՞ղթը, ժողովուրդին տնտեսական կեանքը բարելաւե՞լը, թէ յայտնի ուժերու կողմէ դրդուած ցոյցերուն շատ մարդ բերելով իշխանութիւն փոխելը:

«Գեղարդ» սոյն թիւով կ’արծարծէ եւ ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնէ անհարկի ու աննպատակ ցոյցերով մեր ուժերու վատնումի այս պարագան, յուսալով, որ մեր առողջ ուժերը ի վերջոյ կը յաջողին զանազանել գլխաւորը երկրորդականէն: Վերջին ցոյցերն ու ծայրահեղ արտայայտութիւններով ելոյթները կը կլանեն ժողովուրդին ուշադրութիւնը եւ կը շեղեն  հիմնախնդիրներէն, առիթ տալով նաեւ ներկայ իշխանութիւններուն առաջ տանիլ իրենց նախագիծերը, որոնք կը մնան գողածածկոյթի տակ:

Դարձեալ պահն է զգաստութեան եւ պաղ դատողութեան, փոխհասկացողութեան, փոխադարձ զիջումներով առաւելագոյն շահով կամ նուազագոյն վնասով դուրս գալ համաշխարհային մեծ բախումներու արհաւիրքէն, որովհետեւ կը մենամարտին պատերազմի չաստուածները…

6 comments
  1. Շատ հաւասարակշռուած եւ արդար սերտողութիւն՝ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին՝ Հայաստանէն ներս եւ դուրս: Ոեւէ ժամանակէ աւելի պայմանները կը թելադրեն մեզի խոհեմութիւն, միասնականութիւն… յանուն հայրենիքին եւ ոչ թէ ի նպաստ «խմբակներու շահերուն»:

  2. Շատ խոր ու ճշգրիտ վերլուծում մըն է։
    Մաղթենք որ հայրենիքի գոյատեւման եւ արտագաղթը կանխելու համար կիրակուին քայլեր երբ տակաւին հայրենիք Կայ։

  3. Why do you think the old will come when the current one is the worse of all. Need to minimize further damage by giving up Artsakh, Syunik, etc..
    The current Government does have a mandate to negotiate on behalf of Artsakh?

  4. Dear Mr. Vahe Hayrikian,
    You question whether “The current Government does have a mandate to negotiate on behalf of Artsakh?”
    To my knowledge there are two options: a) direct negotiations between Artsakh representatives and Azeri authorities, b) through OSCE (Organization for Security and Co-operation in Europe) Minsk Group. The first option is precluded, because Azerbaijan will not sit down with Artsakh representatives at the same table as it considers Artsakh an occupied territory of Azerbaijan. That leaves the second option.
    People seem not to remember that the government of Republic of Armenia (RoA) took upon itself to negotiate on behalf of Artsakh during the Kocharian administration and Artsakh was left out of negotiations. Since then RoA is recognized to represent the interests of Artsakh in international negotiations, including deliberations at OSCE. In this context Pashinyan as the prime minister of RoA is obligated to represent Artsakh and the issue is not a matter of having a mandate or not. Kocharian and his ilk, including Serzh Sargsyan and the ARF bureau are well aware of this matter, yet they mislead the public raising questions whether Pashinyan has a mandate or not.

  5. Dear Mr. Joseph,
    Pashinyan declared early on that he can’t negotiate on behalf of Artsakh residents?
    Where is this obligation when he gave 75% of Artsakh land and now in his weak situation still wants to negotiate when the enemy is occupying some of Armenia land?

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like