Վեր. Միթրի Ռահեպ հայ շրջանակին հետ, Լոս Անճելըս

Ձախէն աջ՝ Դաւիթ Սամուէլեան, Վեր. Մ. Ռահեպ, Մ. Գոճայեան

Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յոյժ կարեւոր հանդիպում մը պաղեստինցի Վեր. Միթրի Ռահեպի (*) եւ հայ հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ։ Հանդիպումը կազմակերպուած էր ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ARCA) նախաձեռնութեամբ։ Ներկայ էին Վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան (Հայ Աւետ. Համայնք), վաստակաւոր լրագրող, նախկին երուսաղիմահայ, ԹՄՄ երկարատեւ եւ վաստաւոր ղեկավար եւ “Armenian Observer” շաբաթաթերթի տէր եւ խմբագիր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, ազգային-հասարակական գործիչ Բժ. Սարգիս Մեսրոպեան, յայտնի հարապարակագիր Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըսահայ հասարարական գործիչ Յովսէփ Ֆիտանեան, ամերիկահայ հաս. գործիչ Արա Մանուկեան (Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի քրոջ որդին եւ Շահան Նաթալիի թոռը) եւ այլ յարգարժան հիւրեր։

Բացումը կատարեց Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ARCA) Ատենապետուհի Շուշան Պալպուտաղեան (նախկին երուսաղիմահայ), որ սոյն հանդիպման ազգային-կրօնական կարեւորութիւնը ընգծելէ ետք ջերմագոյն խօսքեր ըսաւ  Վեր. Միթրի Ռահեպի ստանձնած առաքելութեան այժմէականութեան մասին։ Օրուան հիւրը ներկայացուց Դոկտ. Մինաս Գոճայեան՝ իր կողմէն շեշտելով այն ընկերային-քաղաքական անհանդուրժելի կացութիւնը, որուն ենթարկուած են պաղեստինի ժողովուրդը եւ մեր հայ համայնքը։

Ատենապետուհի Շուշան Պալպուտաղեան 

Վեր. Դոկտ. Մ. Ռահեպ հանգամանօրէն ներկայացուց քրիստոնէապատկան դարաւոր սրբատեղիներու եւ յատկապէս Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան կալուածներուն սպասուած լուրջ մարտահրաւէրները՝ չըսելու համար հետզհետէ կորուստը։ Ան շեշտեց կարեւորութիւնը թէ՛ պաղեստինեան, թէ՛ համաշխարհային քրիստոնէական համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու եւ թէ՛ յատկապէս աշխարհատարած հայութեան գործօն ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը, այլապէս, ըսաւ ան,  յառաջիկայ տարիներուն քրիստոնէական ստացուածքներուն եւ համայնքներուն կը սպասուի դառն ճակատագիր, այսինքն՝ շիջում։

Վերապատուելին մեծ յարգանքով եւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ իր անմիջական գործակցին՝ Դոկտ. Վարսէն Աղաբեկեանի անփոխարինելի նուիրուածութեան մասին՝ յօգուտ սրբատեղիներու պահպանութեան աշխատանքներուն։ Ան յիշեց նաեւ երուսաղիմահայ մտաւորականներէն Ալբերթ Աղազարեանի եւ Գէորգ (Ճորճ) Հինդլեանի ներդրումը։ Ան մէջբերումներ կատարեց Դոկտ. Վ. Աղաբեկեանի վերջերս լոյս տեսած A Palestinian Armenian հատորէն։ Վերպատուելին շատ յստակ պատգամ մը տուաւ ներկաներուն, որպէսզի տարածեն իրենց շրջանակներէն ներս եւ պէտք եղած բացատրական աշխատանքը տանին իրենց պատկանած հայկական թէ ամերիկեան քաղաքական գործիչներուն շրջանակին մէջ։

Այնուհետեւ ներկաները շուրջ մէկ ժամ առիթ ունեցան հարցումներ տալու եւ ստանալու սպառիչ պատասխաններ։ Փակումէն առաջ, նոյնպէս երուսաղիմահայ Դաւիթ Սամուէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց  հրաւէրը ընդառաջելու համար եւ զօրակցութիւն յայտնեց իր հայրենակիցներուն եւ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից միութեան անունէն՝ այն համարձակ քայլերուն համար, որոնց լծուած է Վեր. Մ. Ռահեպ եւ իր ամբողջ անձնակազմը։

Ցաւով պիտի արձանագրենք որ ոչ մէկ ներկայացուցիչ կը մասնակցէր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն։ Կը յուսանք յետագային չեն կրկնուիր նման բացթողումներ։

Մ. Գ.

(*) Rev. Mitri Raheb is the founder and president of Dar al-Kalima University College of Arts and Culture in Bethlehem. He is a co-founder of Bright Stars of Bethlehem, the pastor of the Evangelical Lutheran Christmas Church in Bethlehem, and the founder and president of the Diyar Consortium, a group of Lutheran-based, ecumenically-oriented institutions serving the Bethlehem area. 

Յիշեցնենք որ keghart.org առաջամարտիկը եղաւ եւ պիտի շարունակէ ըլլալ վտանգուած կալուածներու պաշտպանութեան եւ անոնց առուծախով զբաղող հոգեւորականներու անօրինական քայլերու խնդրով։ Յետագային աւելի մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք այս հանդիպման:

Save the Lands

 

1 comment
  1. Մեր “հոգեւորականներ”ը ասանկ պարապ բաներով զբաղելու ժամանակ չունին։ Անոնք օրը ինը անգամ ժամերգութիւն կ՛ընեն, հիւանդներու եւ բանտարկեալներու կ՛այցելեն, մշտապէս կ՛աղօթեն մեր բարօրութեան համար եւ նման բարի գործեր։ Անոնք մէկական հրեշտակներ են, միայն թէ իրենց թեւերը անտեսանելի են

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like