Սիրելի ընթերցող,
Տարեվերջ է, տարուան հաշուեկշիռը կարգի դնելու ժամանակը: Ինչպէս նախորդ տարիներուն «Գեղարդ»ի խմբագրական կազմը կը ներկայացնէ իր յայտնի «Տարուան չարագործներն ու հերոսները – 2023» (Villains and Heroes 2023) փաստաթուղթը, զոր ոմանք վիճելի կրնան նկատել:
Յառաջիկայ տօնական օրերուն առթիւ մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ երջանկութիւն: Ճնշումներու տակ ապրող եւ անարդարութեան ենթարկուած հաւաքականութիւններուն, ինչպիսիք են Արցախի հայերն ու Պաղեստինի ժողովուրդը, կը ցանկանք իրենց հայրենիքներու ազատագրում եւ իրենց պատմական իրաւունքներու վերատիրացում:
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:
«Գեղարդ»ի խմբագրական կազմ