Խօսք Ցեղասպանութեան 95-ամեակի Ոգեկոչման

Վիգէն Լ. Ադդարեան, 25 Ապրիլ 2010
 
Արտասանուած Մոնթրէալի Եղեռնի Յուշարձանի Առջեւ Միացեալ Հաւաքին


Հանճարեղ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ»ի ամենայիշուած տողերն են .

« – Ողբամ Մեռելո՜ց …
– Բեկանեմ Շանթե՜ր …
– Կոչեմ Ապրողա՜ց »

Վիգէն Լ. Ադդարեան, 25 Ապրիլ 2010
 
Արտասանուած Մոնթրէալի Եղեռնի Յուշարձանի Առջեւ Միացեալ Հաւաքին


Հանճարեղ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ»ի ամենայիշուած տողերն են .

« – Ողբամ Մեռելո՜ց …
– Բեկանեմ Շանթե՜ր …
– Կոչեմ Ապրողա՜ց »

Սեւակ, դեռ վաթսունական թուականներուն, մարգարէական յստակատեսութեամբ մը, փաստօրէն պատմութեան դաս մը կը կտակէր մեզի: Ողբացի’նք մեր մեռելները գրեթէ յիսնամեակ մը: Յետոյ բեկանեցի’նք շանթեր մեր բարկաճայթ ահաբեկչութեամբ, երբեմն նոյնիսկ ինքնաբաժան ատելութիւններով, ապա Արցախեան գօտեմարտով: Բայց՝ լուսաւոր ապագան կրնայ միմիայն իրականանալ ապրողներուն ուղղուած եւ իրագործուած կոչով:

Այդ ապրողները, բոլոր ժամանակներուն մէջ եղած են եւ պիտի ըլլան նորահասակները: Երիտասարդութիւնը՝ խանդավառ կենսունակութեան եւ կեանքին դէպի աւելի լաւը վերափոխման միակ երաշխաւորումն է:

Այսօր, հպարտ ըլլալու օր է, ո’չ միայն մեր վերապրումով, մեր անկախ հայրենիքով, մեր ազատագրուած Արցախով: Այսօր, այստե’ղ մանաւանդ, հպարտութեան օր է Գանատայի համար: Որովհետեւ, hայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով, Գանատան, մեր արդեն իսկ քանի՜երորդ հայրենիքը, իրաւունք կը ստանայ դասուելու իսկակա’ն քաղաքակիրթ երկիրներու շարքին: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը համամարդկային արդարութեան եւ իրաւունքներու պայքար մըն է, որուն ճանաչմամբ, Մոնթրէալը, Քեպէքն ու Գանատան յաղթական մուտք կը գործեն մարդկային զարգացման բարձրագոյն դասակարգին պատկանող հաւաքականութիւններու խումբին մէջ: Մեր ցեղասպանութեան ճանաչումը ուրեմն նուէր մը չէ մեզի’: Ընդհակառակը, այդ մե’ր իսկ քաղաքացիի պարգեւն է ա’յս երկրին:

Մեր արդար դատին ճանաչումով, կը բարձրադասուին իրենք, ճանաչողնե’րը:

Այդ ճանաչման պայքարի ճամբան եղած է բարդ ու երկար: Անոր մարտիկներէն բազմաթիւներ հոս են այսօր: Ողջո’յն ու պատի’ւ իւրաքանչիւրին, ըլլան անոնք ծանօ’թ թէ ա’նծանօթ, որովհետեւ բոլոր պայքարներուն նման, միշտ կան բազում կորովի անծանօթներ որոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանի է մեր սիրտերուն մէջ բարձրացող յուշակոթողի մը: Բոլորն ալ սակայն պիտի անկասկածօրէն վկայեն թէ Գանատայի համար իսկ տարուած այս յաղթանակը արդիւնքն է միայն ու միմիայն միասնակա’ն ճիգերով տարուած աշխատանքին:

Հպարտութեան օր է այսօր, որովհետեւ, ամէն բանէ աւելի, երիտասարդութիւնը այդ մարտահրաւէրը ընդունած է եւ անոր փաստերը կը տեսնէք նայելով ձեր շուրջը:

Հպարտութեան հետ սակայն նոյնպէս պահանջատէր ըլլալու եւ նորոգուելու օր է այսօր:

Ի գին այդ վերանորոգման եւ վերածնունդին, ի գին նոր Պարոյր Սեւակներուն որոնց անհրաժեշտութիւնը զգալի է աւելի քան երբեք, այսօր ուրեմն կը կոչեմ «Ապրողա’ց»:

Կոչ կ’ուղղեմ գանատահայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն որպէսզի որդեգրեն «հարիւր առ հարիւր համալսարանաւարտներու» բարձրանպատակ լոզունգ մը եւ գործնական ծրագիրներ մշակեն այդ գծով, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ կարողանայ հասնիլ բարձրագոյն ուսման, ինչ մասնագիտութեան գծով ալ ըլլայ այդ: Որովհետեւ մեր դատի պայքարի դաշտին մէջ, մեր յաջողութիւնը չկրնար կապուած ըլլալ մեր թիւին հետ, այլ միմիայն մեր մտաւորական գերակշռութեան հետ:

Կոչ կ’ուղղեմ մեր ազգաշէն բոլոր բարերարներուն որպէսզի իրենց նուիրատւութիւնները կեդրոնացնեն ի նպաստ մեր մտաւորական հզօրացման ծրագիրներուն առաջնահերթութեան:

Կոչ կ’ուղղեմ այս պայքարը Գանատայի մէջ աւարտած չհամարելու, այլ Քեպէքի Նահանգին նման, օրէնքին մէջ իսկ ամրապնդելու ցեղասպանութեան ճանաչումը Գանատայի բոլոր նահանգներուն եւ տարածքաշրջաններուն մէջ, նաեւ Առաջին եւ Բնիկ Ազգերու Խորհուրդին մօտ: Նոյնպէս բոլոր ցեղասպանութիւններու ուսուցումը պարտադիր նիւթ դարձնելով Գանատայի տարածքին երկրորդականի ուսուցման բոլոր նիւթերու կողքին: Եւ վերջապէս, օրինական գծով հետապնդելու համար Գանատայի մէջ բոլոր հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողները:

Կոչ կ’ուղղեմ գլխաւորաբար երիտասարդներուն որպէսզի զրահուին ժողովրդավարութեան սկզբունքներով եւ արժեւորեն առողջ տարակարծութիւններն ու շինիչ ընդդիմութիւնը որպէսզի մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ու ազգային կառոյցները մնան շարունակական եւ յարաճուն բարեփոխման ճանապարհի մը վրայ:

Կոչ կ’ուղղեմ բոլորին որպէսզի ընդունինք մեր պատմութիւնը իր ամբողջութեամբ եւ մօտենանք անոր քննական միտքով, որովհետեւ այդ պատմութիւնը կը պատկանի մեզի բոլորիս եւ մեր ազգային ինքնութեան մեզի թողած ժառանգութիւնն է:

Կոչ կ’ուղղեմ երիտասարդ եւ մանաւանդ համալսարանական սերունդին որպէսզի կազմակերպեալ զօրաշարժի ենթարկուի ամենուրէք եւ մանաւանդ Համացանցի պայքարի թեժ ճակատամարտին մէջ պահակ դառնայ ընդդէմ հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան նոյնպիսի կազմակերպուած խեղաթիւրման:

Կոչ կ’ուղղեմ ամէն հայու, ձեռնամուխ ըլլալու անկեղծօրէն եւ գործնականօրէն մասնակցելու Գանատայի քաղաքական կեանքին, իրենց անձնական քաղաքական թեքումներուն համաձայն: Որովհետեւ քաղաքական աշխատանքը կը տարուի ամէն օր, ի նպաստ մեր հաւաքականութեան բարելաւման: Հոն են որ կը ստեղծուին մնայուն կապերը, խմբաւորումներն ու դիրքորոշումները եւ ապագային համար կը ցանուին մեր արդար դատը պաշտպանող ամենէն պտղատու ծառերուն հունտերը:

Կոչ կ’ուղղեմ կրկին երիտասարդներուն որպէսզի ընդդիմանան բոլոր մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման արարքներուն դէմ, ըլլա’ն անոնք Թիպեթի թէ Ռուանտայի մէջ, ըլլա’ն անոնք Լատին Ամերիկայի թէ Հարաւային Ասիոյ մէջ, ըլլա’ն անոնք Թուրքիոյ թէ նոյնիսկ Գանատայի կամ Հայաստանի մէջ ալ: Մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը, իր յոռեգոյն դրսեւորումով, կը տանի դէպի մեծագոյն ոճիրը, ցեղասպանութիւնը: Մեր միլիոնաւոր նահատակներուն հոգիները ուրեմն այդ կը պահանջեն մեզմէ:

Եւ այդ միասնական եւ համահայկական պահանջատիրութեան յաջողութեան ի խնդիր, կոչ կ’ուղղեմ անհատներուն թէ’ կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն թէ’ միութիւններուն սատարել նոր համահայկական կառոյցի մը կազմաւորման որ անհրաժեշտ է որ գլխաւորէ այդ աշխատանքը Համասփիւռքեան չափանիշով:

Կոչ կ’ուղղեմ մեզի բոլորիս չվհատելու, մանաւանդ անկեղծօրէն վստահելու իրարու եւ մեր ստեղծագործ ժողովուրդին կարողութիւններուն:

Կոչ կ’ուղղեմ դարձեալ ու նորեն երիտասարդութեան, որ փաստած է արդեն թէ մեր դատին ջահը վառ ու բարձր կրնայ պահել, գրաւելու համար իր բնատուր դիրքը: Այսինքն ըլլալու առաջնորդողը: Եւ նոյնաժամանակ, կոչ կ’ուղղեմ մեր բոլոր ղեկավարներուն ըլլան անոնք ալեհեր թէ միջահասակ, ի’նչ կազմակերպչական ալ դիրքի վրայ, որպէսզի վերանորոգեն իրենց ղեկավարական շարքերը երիտասարդներով: Չվախնանք անոնց գործելիք սխալներէն, որովհետեւ վախը ինքն է մեր մեծագոյն թշնամին: Իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է որ գործէ ի’ր սխալները որպէսզի սորվի անոնցմէ: Մեզի կը մնայ ըլլալ նոր սերունդին արժանի ուսուցիչն ու խորհրդատուն որպէսզի անոնք պարզապէս չկրկնեն իրենց նախորդներուն սայթաքումները: Այդ իսկ արդեն պատմութեան դասն է:

Այսօր ուրեմն, անվարանօրէն կը կոչեմ «Ապրողա’ց», մեզի բոլորի’ս, հետեւելու երիտասարդութեան:

Շնորհակալութիւն:

 

6 comments
  1. This is an exellent speech
    This is an exellent speech with very practical message to our youth. Congratulations.

  2. April 24 Monument in Montreal
    Dear Compatriots;

    I read the above message cammemorating the 95th anniversary of the Armenian Genocide of 1915.

    I noticed on the top of the message saying at (the MONUMENT of the Armenia GENOCIDE).  This gives the impression that the monument is erected especially for the Armenians who lost their lives during the 1915 Turkish Massacre.

    Unfotunately this monument dose not belong to Armenians only, it belongs to all nations who had massacres, including the Armenias. The Armenian community (Hay Tad) of Montreal spent about $140.000.00 to $160.000.00 thousand dollars out of pocket to erect this monument. There are the names of 22 different nations who did not participate in the cost of this monument, and some of them they even don’t know that their names are  written on that monument.

    I do respect the monument as a humanitarian monument but not as the Armenian Genocide Monument. Let us make it clear to all that we could have erected this only for the Armenians, like the ones in Montevideo, Uruguay, specially when we had the number two 2 person after the Mayor in the city hall who could have lobbied the city not to charge the Armenian community that huge amount of money and dedicated it to the Armenias only.

    The other communities who paid nothing and still have their names appear on the monument.

    Hagop Karlozian

  3. We should all change course !

    1.The speech is to the point and directed rightfully to the Youth.

    2.We need to send emails thanking Obama for using Medz Yegehrn as the word is the equivalent of genocide for us Armenians.

    3. We need to change course. Together with the traditional commemorations we should get engaged in political activism — using today’s technology flood world leaders’ and senators’ with our messages and cripple their mailboxes.

     

  4. Attarian’s speech

    As a long time instructor of Armenian language, history and culture in Cyprus and California at high school and college levels, I’d like to congratulate Viken specially for stressing  the importance and commitment of the new generation that will form the backbone of our future Armenians.

    M.K.

  5. Vogekochum gortsov

    Dzer kochn hianali e, bayc lur chka, vor Paruyr Sevaki  spanutyunn kazmakerpognern u spanognern satkecvel en:

     Erb ayd karvi, koch lsog el klini:

     Ushadir kardaceq hanchareg mtatsog  Atabek Xnkoyani "Mkneri jogovn" u  gekavarel sovoreq, gorts areq, te che  parkov strategner kan, voronq irenc kananc hamar el strateg chen u aynqan en haskanum azgi hamar aysor strategiakan paterazm anelu gortsic mtqi u  lezvi  ognutyamb  , inchqan es Taiti  kgzu lezvi qerakanutyunic:

     Hajog payqar Dzez Hayoc  jogovrdi u mardkutyan pshnamineri  vochnchacman gortsum:

  6. Aproganc kochin

    * * *

    Chanpic ekats hognats quyrik

    hangist qich ar mer motin,

    snund ara qo poqrikin

    u qund ar mer mahchin:

     

    Ashxarhn mets, mardiq el shat

    qez pes paxats xur kyanqic,

    mez inch mi neg` qeznov ekats

    ays len u bol ashxarhin:

     

    Qnir hangist, du, mer mahchin,

    mer tunn el halal lini,

    guce kyanqid, balid chanpen

    mer tanic noren kelni:

    140508

Comments are closed.

You May Also Like