Հայկական այլընտրանքային հարթակի գոյութեան իմաստը

Հայաստանեան քաղաքական դաշտը կը յատկանշուի մեծ ու փոքր կուսակցութիւններով, որոնք յաճախ իրարամեrժ են կամ մազաչափ տարբերութիւններ ունին իրարմէ։ Այդ կուսակցութիւններէն ոմանք կը բաղկանան երկոտասնեակ մը անդամներէ եւ կը յայտնուին հրապարակին վրայ, երբոր կը մօտենան  զանազան ընտրութիւններ, որոնցմէ ետք կ՚անհետանան։

Յատկանշական է նաեւ այն, որ ատոնցմէ ոմանք յառաջացած են այլ կուսակցութիւններէ։ Կռուազանութիւնը առօրեայ գործունէութիւն մըն է անոնց համար։ Այս բազմաբղետութիւնը առողջ երեւոյթ մը չէ ի հարկէ, որովհետեւ կ՚իշխեն անձնական կամ խմբակային շահերը։ Անոնց գոյութեան կը նպաստեն նաեւ «դուրսէն» եղած հովանաւորութիւններն ու պարգեւաշնորհները։ Մասնատուածութիւն յառաջացնող այս իրականութիւնը ջլատած է մեր միասնականութիւնը եւ ծառայած է «բաժնէ որ տիրես» կայսերական նպատակներու։

Հայկական Այլընտրանքային Հարթակը (այսուհետեւ՝ ՀԱՀ) բոլորովին հեռու է կուսակցութիւն մը ըլլալու հաւակնութիւններէ, այլ ընդհակառակը ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ մը ստեղծելն է մեր ազգին մէջ, քանի ՄԵԾ ՎՏԱՆԳԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԲՈԼՈՐԻՆ։

ՀԱՀ-ը յղացողներս անցած ենք ազգային-քաղաքական եւ հասարակական մի քանի տասնամեակներու փորձառութենէ մը եւ մեր յոյսը դնելով մեր ազգի առողջ դատողութեան վրայ՝ նպատակ դրած ենք ի մի բերել այլազան գաղափարներու հաւատացող մեր հայրենակիցները եւ  գտնել ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ եզրեր։

ՀԱՀ-ը չէ նպատակադրուած պայքարի դուրս գալու աւանդական կուսակցութիւններու դէմ, այլ կը յարգէ բոլորը եւ կը փափաքի համագործակցիլ ընդհանուր կենսական շահերու շուրջ։ Յառաջիկայ հանդիպումներուն ընթացքին մեր գլխաւոր հիւրերը պիտի ըլլան զանազան քաղաքական տեսութիւններու հաւատացող մասնագէտներ, որոնք կ՚ընդունին մեր վերոյիշեալ գաղափարները։

ՀԱՀ-ը կը հաւատայ որ Հայաստանի քաղաքական դաշտը վերաիմաստաւորման եւ նոր գործելաոճի, նոր մօտեցումներու կարիքը ունի։ Պէտք է վերանան նախկին համակարգէն մնացած կարծրատիպերը եւ սովետական մտածելակերպը, ինչպէս նաեւ անոր պարտադրած քաղաքական բարքերը։ Այս իմաստով անհրաժեշտ կը համարենք  իր նախադէպը չունեցող  3-րդ քաղաքական ուժի ներգրաւումը քաղաքական դաշտ, որ իր որակով ,  աշխարհայեացքով, բովանդակութեամբ եւ գործելաոճով պէտք է տարբերի մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցող քաղաքական «համակարգ»էն։ ՀԱՀ-ը կը հաւատայ որ երկրի անվտանգութեան եւ զարգացման համար կարեոր է ունենալ  համակարգուած կառուցողական ընդդիմութիւն ։

Կը հաւատանք,  որ վտանգներու (ռիսքերու) չեզոքացման ամէնէն արդիւնաւէտ  գործելաոճը կը հանդիսանայ պետական յուսալի կառավարման հասնելու համար ստեղծել ուղեղային կեդրոնները (Think Tank), որոնք պիտի մշակեն միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրվածքով  պետութեան արտաքին ռազմավարութիւնը, բան մը որ այսօր կը բացակայի մեր պետական մտածողութենէն։

Ուրեմն հրամմեցէք մեր առաջին հաւաքին, որպէսզի ոչ միայն ըլլաք ունկնդիր, այլ մասնակից։ Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր  2024,  Ժամը 7:30-ին։

Հասցէ՝  Իրանահայ Մշակութային Միութիւն,  117 S. Louis Str. Glendale,CA 91205

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

411:1

Editorial, 31 December 2014 “Turks and Armenians were living together harmoniously for centuries. Then the ungrateful Armenians decided…
Read More