Ընդդիմացող տերեւ ԳԵՂԱՐԴ-ը

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 26 նոյեմբեր 2024

Աշնան եղանակին ծառէն գետին չինկող տերեւը
ըստ իր տերեւ ընկերներուն… ԴԱՒԱՃԱՆ Է,
ըստ ծառին… ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ Է,
ըստ եղանակային պայմաններուն… ԸՄԲՈՍՏ Է:

Քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային գետնի վրայ դժուարութիւններ դիմագրաւող երկիրներու մէջ, ճգնաժամի ու վնասի ճիրանները կը հասնին նաեւ մամուլին ու կը խափանեն անոր ընթացքը: Այդ երեւոյթէն տառապած է նաեւ հայ մամուլը հայկական տարբեր գաղութներու մէջ: Տնտեսական տագնապալից իրավիճակին զուգահեռ, վերջին տասնամեակներուն շեշտուած է նաեւ այլ կործանարար գործօն մը՝ նոր սերունդին անտարբերութիւնը հայոց լեզուին, գիրին ու գրականութեան, մամուլին հանդէպ, նամանաւանդ գրեթէ ամբողջովին անտեսելով վերջինիս տպագիր տարբերակը: Այս հանգամանքներու լոյսին տակ, զանազան հայագաղութներու մէջ, շարք մը տպագիր թերթեր, հաշուարկելով ամէնօրեայ դրութեամբ լոյսին գալու ծախսին եւ պահանջարկի կրճատումին պատճառով եկամուտի նուազման բացը, սկզբնական շրջանին փորձած են անցնիլ «կիսադրոյք» վիճակի. ամէնօրեայ թերթերը սկսած են իրենց շաբաթական թիւերուն միայն մէկ մասը յանձնել տպագրութեան, իսկ միւս մասը տեղադրել կայքէջերու վրայ ու շրջանառել PDF տարբերակով, իսկ ուրիշներ, ելքի ճանապարհ չգտնելով, կա՛մ բոլորովին հրաժարած են այդ աշխատանքէն, կա՛մ ստիպողաբար անցած են առցանց (online) հանդէս գալու ընտրութեան:

Վերջին տարիներուն բազմիցս ականատես եղանք հայ մամուլի այսօրինակ տատանումներու. շարունակե՞լ լոյս ընծայել, թէ՞ տեղի տալ ներկայ ժամանակներու պարտադրող անձնատուութեան: Յարատեւել ու պայքարի՞լ՝ անորակ լրատուութեան եւ «հովանաւորուած» մամուլի ժամանակաշրջանին մէջ ըլլալու անկախ, բարձրորակ եւ հայամէտ հարթա՞կ մը, թէ՞ միանալ աժան ու դեղին մամուլի վերածուածներու շարքին, թէ՞ ընդհանրապէս վար դնել «զէնքերը», հեռանալ ու անտարբեր գտնուիլ հայրենի թէ սփիւռքահայ կեանքին մէջ ազգային, քաղաքական, մշակութային իրադարձութիւններուն նկատմամբ:

Իր հիմնադրման առաջին օրէն համացանցային հարթակ եղած ԳԵՂԱՐԴ իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին յանձնառու եւ գիտակից մնացած է իր ազգային առաքելութեան եւ անշեղ քալած է ի՛ր իսկ ակօսած ճանապարհէն: Կայքը, առաջնորդութեամբ իր հիմնադիրին եւ հրատարակիչին, եւ համագործակցութեամբ խմբագրական ու խորհրդատուական կազմի անդամներուն հետ, զանազան գրիչներու տէր յօդուածագիրներու վերլուծումներով եւ համահայկական նպաստ բերող առաջարկութիւններով իր լուման բերած է այս անդաստանին մէջ եւ ժամանակի բոլոր վերիվայրումներն ու քննութիւնները յաղթահարելով դարձած է աշնան եղանակին գետին չինկող տերեւը: Արդարեւ.

ԳԵՂԱՐԴ այն «դաւաճան» տերեւն է, որ մերժեց ըլլալ մէկը անոնցմէ, որոնք չկրցան քամիներուն ու հողմերուն դէմ տոկալ ու ծառէն իյնալով խառնուեցան ամենակուլ յորձանքին:

ԳԵՂԱՐԴ այն հաւատարիմ տերեւն է, որ 18 տարիէ ի վեր կառչած մնացած է ու պիտի շարունակէ կառչած մնալ իր հաստաբուն ծառին՝ ապրելով Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ ազգին անցեալով, ներկայով ու ապագայո՛վ, ուրախանալով անոնց յաջողութիւններով եւ տագնապելով անոնց ձախողութիւններով:

ԳԵՂԱՐԴ այն ըմբոստ ու ընդդիմացող տերեւն է, որ, դէմ դնելով իր գոյերթին սպառնացող ամէն տեսակ խոչընդոտներու եւ մարտահրաւէրներու, կը շարունակէ լուսարձակի տակ առնել հայ ազգին ու Հայրենիքին առնչուող հրատապ թեմաները, միշտ փորձելով շինիչ ու օգտաշատ առաջարկութիւններով բարելաւել ներհայկական միջավայրը եւ օգուտ բերել թէ՛ մեր Հայրենիքի ու թէ՛ հայ ժողովուրդի ներկային ու ապագային:

***

Նոյեմբեր ամսուան թողարկումով ԳԵՂԱՐԴ իր յարգելի ընթերցողներուն հաւաստիացուց, որ պիտի շարունակէ իր երթը: Այսու կը վերահաստատենք, որ հրատարակիչի՝ սերնդափոխութեան հիմունքներով կատարուած փոփոխութենէն ետք, ԳԵՂԱՐԴ պիտի յարատեւէ՝ ընթանալով հայրենասէրի եւ հայրենատէրի իր որդեգրած ուղիով՝ միշտ եւ անվերապահօրէն աջակցելով Հայաստանի Հանրապետութեան, մնալով պետականամէտ ու հայրենամէտ, քաջալերելով ազգայինն ու հայրենականը, միշտ զգօն ըլլալով եւ մերժելով ազգակործան երեւոյթները, մա՛նաւանդ օտարամոլութեան ախտը:

Յոյսով եմ, որ ԳԵՂԱՐԴ պիտի մնայ հայերը դէպի իրենց համայնական տունը կանչող կոչնակը, եւ իր անուան տէրը մնալով՝ իր երկաթեայ նիզակով արմատախիլ պիտի ընէ ազգակործան ու հայրենադաւ միտքերն ու նպատակները, պիտի սփռէ ազգապահպան ու հայրենապաշտ գաղափարախօսութիւն եւ իր գրիչներով անվերջ պիտի օրհնէ Հայաստան, հայ ազգ ու հայկական արժէքներ սրբազան եռամիասնութիւնը:

2 comments
  1. Անսահմանօրէն կը գնահատեմ ձեր գրութիւնը եւ Գեղարդի կեցուացքը:
    Ցոլակ Ապտալեան

  2. Թէ որքան էլ խաւար է շուրջ բոլոր, նման կեցուածք ու մարտաւարութիւն որդեգրած «ԳԵՂԱՐԴ»-ի այս քայլը պիտի խրախոսել, օգնել, թիկունք կանգնել:
    Կեցցես ԳԵՂԱՐԴ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like