Տը Կոլ եւ Վազգէն Մանուկեան

Վազգէն Մանուկեան 1991-ին Փարիզի մէջ կայացած իրեն ի պատիւ հաւաքի մը ժամանակ կրկնած է Ֆրանսայի զինուորական եւ քաղաքական մեծագոյն դէմքերէն Զօր. Շարլ Տը Կոլի «”Je vous ai compris” – Ձեզ հասկցայ» նախադասութիւնը, արտասանուած 1958-ին:

Ֆրանսա-Ալճերիա ճգնաժամային օրերուն ան այս խոստումով կը հանգստացնէր  հազարաւոր ալճերիածին ֆրանսացիները, որոնց փափաքն էր Ալճերիան (որ ֆրանսայի կողմէ գաղութացուած էր) միացնել Ֆրանսայի: Մեծ յոյսեր ներշնչող Տը Կոլ թեւերը տարածած կը հաւաստիացնէր թէ իրենց իղձը պիտի կատարոէր: Յետագայ տարիներուն քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ, Տը Կոլ համաձայն եղաւ Ալճերիոյ անկախութեան եւ Ալճերիոյ բնիկ ֆրանսացիները ստիպուեցան զանգուածաբար  ձգել երկիրը եւ ապաստան փնտռել Ֆրանսայի մէջ։ Անոնք մոլորուած էին վարչապետական սին խոստումով։ Քաղաքագէտ Տը Կոլ, որ Ֆրանսայի նախագահը դարձած էր, պարզապէս  խաբած էր զիրենք։

Այս երգիծանկարին մէջ երիտասարդ Վազգէն Մանուկեանն է,  որ 1991-ին Օփերայի առջեւ ելոյթ կ’ունենար, որպէս Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամ: Վերջերս անոր ելոյթը…հարիւրաւոր բողոքաւորներու առջեւ, կը յիշեցնէր ֆրանսացի զօրավարին սին խոստումը:

Գրիգոր Քէօսէեան հայ մեծագոյն երգիծանկարիչներէն մէկն է: Ան շարունակած է մեծ ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի ընկերային եւ քաղաքական ուղղութիւնը: Հեղինակ է քանի մը ուշագրաւ աշխատութիւններու: Ատեն մը ձեռնհասօրէն վարած է «Պայքար»ի   խմբագրապետութեան պաշտօնը: Այժմ կ’ապրի Պոսթըն, ԱՄՆ: Խմբ.

1 comment
  1. Amazing, by this article you are not bringing any solutions other than supporting Pashinyan. Are we going back to 70 years to communist times when it caused division of the diaspora?

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like

Ս Ե Վ Ա Դ Ա Ր

Նվիրում  եմ Ծնողներիս հիշատակին Վարդան Գրիգորյան, Երևան Արցունքը թախիծ ու վիշտ է ծնում, Ուժը իրավունք ու հպարտություն, Բռունց…
Read More