ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԱՅԻՆ ՀԱՏՈՐ ՄԸ

«Հայկական Մարզադարան», հեղ. Աւետիս Բայրամեան, Լոս Անճելըս, 2020

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 6 Յունուար 2021

860 մեծադիր էջնոց գիրք մը՝ նուիրուած հայկական մարզաշխարհի բոլոր հերոսներուն եւ հերոսուհիներուն, լոյս տեսաւ Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր Արցախեան պատեազմի թէժ օրերուն: Հերոսական արարքներու, սխրագործումներու, նահանջներու եւ ողբերգական բուռն դէպքերու օրերուն մխիթարանքի մը պէս եկաւ Աւետիս Բայրամեանի վիթխարի աշխատութիւնը:

Հեղինակը մասնագիտութեամբ քիմիական արտադրութեան մեքենաներու  եւ սարքերու մասնագէտ է, նախքան Հայաստանէն ԱՄՆ փոխադրուիլը եղած է դասախօս գիտական զանազան հաստատութիւններէ ներս: Մասնագիտութեան կողքին, որպէս ծնած օրէն մարզասէր, եղած է Հայաստանի ամէնէն տարածուն՝ «Հայաստանի ֆիկուլտուրնիկ» (Հայաստանի մարմնամարզիկ) թերթի ֆութպոլային վիճակագիրը (statistician): Լոս Անճելըս փոխադրուելէ ետք ստանձնած է ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի «Նոր Օր» պաշտօնաթերթի մարզական բաժնի գլխաւոր թղթակցի պարտականութիւնը: 2005-ին հրատարակած է «Մարզաշխարհի անուանի հայերը», ապա   2012-ին «Հայկական մարզադարան, Ա.» գիրքերը, իսկ 2008-էն սկսեալ պարբերաբար ելոյթներ կ’ունենայ Լոս Անճելըսի «Կարօ սպոր շօ» մարզական հեռուստաժամէն:

80-ը բոլորած Աւետիս Բայրամեանին մէջ կ’ապրի երիտասարդ մարզիկի մը սիրտը եւ մարզաշխարհի տարերքով ապրող խանդավառ մարդու մը հոգին: Արդարեւ, հեղինակը հանրագիտարանային մօտեցումով աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ փայլած ու փայլող հայ երկսեռ մարզիկներու անցած կեանքին իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մասին կուտակած է վիթխարի տեղեկութիւններ: Ապշիլ կարելի է պարզապէս, երբ կը հանդիպիս մարզիկներու, որոնց մասին հայ մամուլը գրեթէ ոչինչ ըսած է, բայց յանկարծ կը պարզուի որ իր ատենին հայ մարզիկը հպարտութիւնը եղած է իր բնակած երկրի ժողովուրդին:

Այսպէս օրինակ, հեծանիւի մարզաձեւին մէջ Բուլ Քրիստոֆ (մօր կողմէ հայ), ծնած՝ Լիոն, 1967-ին հինգ անգամ եղած է Ֆրանսայի երիտասարդներու ախոյեան,  1993-ին աշխարհի ախոյեան (Էյնտհովէն),  1999-ին աշխարհի առաջնութեան մէջ գրաւած է 4-րդ տեղը:

Թերթատելով բազմահատոր այս գիրքը սրտի կսկիծով աչքիդ կը զարնեն անուանի մարզիկներ, որոնք միջազգային մրցազպարէզներու ժամանակ բարձրացուցած են թշնամի երկիրներու Թուրքիայի (Օսմանեան եւ հանրապետական) եւ Ազրպէյճանի դրօշները, մարզիկներ, որոնց մասին այդ անշնորհակալ երկիրներու պատկան մարմինները կա՛մ չեն նշած անոնց հայկական ծագումը կամ առհասարակ ուրացած են անոնց գոյութիւնը…

Հայու դժխեմ ճակատագրի բերումով հայ մարզիկներ թէ՛ իրենց ծնած եւ կամ ապրած երկիրներու մէջ դարձած են պանծալի անուններ, հերոսներ, մարզաշխարհի դէմքեր, որոնք բարձր պահած են հայու անունը: Այս իմաստով կարելի է հաստատ կերպով ըսել թէ մենք երախտապարտ կը մնանք Աւետիս Բայրամեանի կատարած անգնահատելի գործին հանդէպ: Երանի՜ մեր մարզական կազմակերպութիւնները կամ մարզաշխարհով հետաքրքրուող ունեւոր հայորդիները քաջալերէին հեղինակը, որպէսզի այս գիրքը թարգմանուէր գոնէ անգլերէնի, այդպիսով կարելի կը դառնար մեր ազգի ախոյեան զաւակներու անունները տարածել նաեւ համացանցէն ներս:

(*) Գիրքէն ունենալու համար դիմել հետեւեալ հասցէին եւ հեռաձայններուն.

Avetis Bayramian
11719 Riverside Dr. # B
Valley Village, CA 91607
Tel. 1(818) 281-6549 cell.
1(818) 762-6249
[email protected]

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like