Ի՞նչ կը սպասուի հատուածականացուած սփիւռքէն

Keghart.org-ի խմբագրական կազմի անդամներէն Դոկտ. Մինաս Գոճայեան մեկնարկած է նոր հաղորդաշար մը «ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ» անունով, որուն նպատակն է հանրութիւնը իրազեկել հայրենիքի թէ արտերկրի հայութեան մէջ ծաւալուող անցուդարձերուն եւ երեւոյթներուն: Ընթացքին՝ հարցազրոյցներով եւ հաղորդումներով պիտի աշխատի լուսաբանել ազգային, քաղաքական եւ հասարակական իրադարձութիւններ։ Մեկնարկուածը անկուսակցական ծրագիր մըն է, կը հաւատայ ազատական ու ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ ազատ խօսքի իրաւունքի։

Սկիզբ՝ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ հաղորդաշարի  (13 Մարտ 2021)

Յարութ Տէր Դաւիթեան կ’ապրի Լոս Անճելըս, պատմաբան է, ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակագիր, «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» ղեկավար մարմնի անդամ եւ «Մասիս» շաբաթաթերթի (Լոս Անճելըս) աշխատակից: Շահեկան եւ ընթացիկ հարցերու մասին իր գրութիւններով յաճախ հանդէս եկած է նաեւ keghart.org-ի մէջ: Այս հարցազրոյցին մէջ ան կ’անդրադառնայ մեր հայրենիքն ու սփիւռքը յուզող կարեւոր խնդիրներուն, անցեալի մասին կ’ընէ իր քննադատութիւնները եւ կը յայտնէ իր թելադրութիւններն ու առաջարկութիւնները, որպէսզի մենք համապատասխան դասեր քաղենք պատմութենէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք  նաեւ Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռի հիմնադիր կազմի անդամ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Բժ. ՎԱՀԷ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ հետ իր հարցազրոյցը: Կը յուսանք մեր ընթերցողները պիտի ծանօթանան ո՛չ նախկին եւ ո՛չ ներկայ իշխանական համակարգին պատկանող թեկնածուին  քաղաքական, ընկերային եւ ազգային քաղաքականութեան դրոյթներուն հետ: Ան տեղ-տեղ յատուկ կերպով կը դիմէ սփիւռքահայութեան լայն հատուածներուն:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like