Մեր վիզը թշնամիին սուրին տակ պէտք չէ դնենք

Խմբագրական, 24 Ապրիլ 2022

Փոթորկած են հայոց հոգիները աշխարհի չորս ծագերուն։ Թէեւ կան անտարբերներ, յուսալքուածներ, վտանգաւոր չէզոքներ եւ դժբախտաբար նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան մաս կազմելէն զատ ուրիշ ելքի չհաւատացողներ, սակայն մենք ՏԱԿԱՒԻՆ մեր պայքարի ջիղն ու վճռակամութիւնը չենք կորսնցուցած եւ միտք ալ չունինք դէպքերն ու իրադարձութիւնները փոթորիկներու քմահաճոյքին թողնելու։

Խռոված են հոգիները ՀՀ վարչապետի արտառոց, պարտուողական եւ հլու-հնազանդական ելոյթներէն, որոնք կը յատկանշուին մռայլութեամբ ու յանձնուողական ոգիով, թէեւ ինք այս ամբողջը կը ներկայացնէ որպէս միակ իրատեսականը։

Ցաւալին այն է, որ ՀՀ ընտրանիին միւս բարձրաստիճան անդամներն ալ հալած իւղի տեղ կ՚ընդունին վարչապետին անհեթեթ եւ խակ ելոյթները։ Անոնք նոյնպէս մեղսակից են պարտուողականութեան եւ «վերէն» պարտադրուած հրահանգներու կատարման։

Մենք կը դատապարտենք ՀՀ ներկայիս վարչախումբի նահանջն ու երկրի ճգնաժամէն դուրս գալու համար ընտրած իրենց քաղաքականութիւնը։ Ըստ բազմաթիւ կարծիքներու եւ ոչ-պետական վարչակազմին պատկանող վերլուծաբաններու, քաղաքագէտներու, նախկին դիւանագէտներու, առնուելիք որոշումը խաղաղութեան երթալու ուղղութեամբ՝ լի է անկանխատեսելի հետեւանքներով եւ բազմաթիւ նոր խոչընդոտներով, որոնք հայ ժողովուրդն ու յաջորդ համախոհական իշխանութիւնները պիտի մատնեն յաւելեալ դժուարութիւններու եւ հաւանաբար նաեւ տարբեր որակի կաշկանդումներու։

Մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի է որ ՀՀ-ի վարչապետը ինքզինքին իրաւունք տայ միանձնեայ որոշելու Արցախի ապագան եւ ՀՀ յարաբերութիւնները թշնամի, բռնագրաւող եւ աւերող Թուրքիոյ եւ Ատրպեճանի հետ։ Անընդունելի է, որովհետեւ թշնամին կանգ պիտի չառնէ «խաղաղութեան» եւ «տարածքային ամբողջականութեան» մեր կողմէ ճանչցուելէ ետքն անգամ, այլ անոր պիտի յաջորդեն նոր պահանջներ, որովհետեւ թշնամին մեզի կը մօտենայ յաղթողի եւ տարածաշրջանին մէջ դեռեւս գերուժ նկատուող Ռուսաստանի Դաշնութեան որդեգրած ՀՀ-ի եւ Արցախի նկատմամբ երկդիմի եւ կասկածելի կեցուածքէն քաջալերուած՝  յիշեցնելով անցեալ դարու քսանական թուականներու հողային զիջումները թուրք-ազերի զոյգինանշուշտ այդ կը կատարուի ՌԴի աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնած, որոնք սակայն չեն համապատասխաներ հայութեան պահանջներուն:

Մեր պատմական փորձը ցոյց տուած է որ Թուրքիան միշտ եւ ամէն առիթ օգտագործած է իր ծաւալողականութիւնը յառաջ մղելու համար տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ անդին դէպի հիւսիս եւ արեւելք։ Տակաւին չէ մեռած, այլ ճիշդ հակառակը՝ նոր թափով ու նոր երանգաւորումով հրապարակ նետուած է փանթուրանականութիւնը։

Մենք հաւատացած ենք որ ի վերջոյ՝

ա) Սփիւռքի քաղաքական եւ ազգային-հասարակական կազմակերպութիւնները (եթէ լուրջի առած են իրենց ներկայութիւնը) դուրս կու գան իրենց պատեաններէն եւ ինքնագոհ վիճակէն ու կը լծուին ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ սպառնացող այս վտանգին առաջքը առնելու ԳՈՐԾՕՆ եւ ՅԱՐՁԱԿՈՂԱԿԱՆ որոշումներով ու քայլերով։ Նոյնը նաեւ կը վերաբերի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ այլ յարանութիւններուն, որոնք կրնային շատ գործօն դեր կատարած ըլլալ, եթէ պահ մը պատկերացնէին օրհասական վիճակը։

բ) Հայրենի հողին վրայ ապրող, ստեղծագործող, տառապող եւ զոհեր տուող հայութիւնը հրաշքի համազօր քայլեր կ՚առնէ եւ Սարդարապատեան ոգիով մէկ մարդու պէս ոտքի կը կանգնի, փոխանակ ճակատագրին եւ այսօրուան անճարակ իշխանութիւններուն յանձնելու Հայրենիքի ապագան, այսինքն՝ իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն ապագան։

Կը հաւատանք նաեւ որ ԻՍԿԱԿԱՆ եւ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ընդդիմութիւնը, որ կախեալ չէ օտարներու հրահանգներէն ու կաշառք-խոստումներէն, կը միանայ ու կ՚առաջնորդէ մեր անղեկ ժողովուրդը։

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ՛ՆՆ Է։
Օ՛Ն, ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է։

4 comments
  1. Այսօրվա ընդդիմությունը փորձում է քայքայել Հայաստանը, նա սպասարկում է ռուսի շահերը, կատարում է արյունախում Պուտինի հրամանները, ոչ մի դեպքում չի կարելի հավատալ այս ծախված ընդդիմությանը, որն ամեն քայլի գնում է փրկելու պետությունից գողացած ավարը՝ (ձեզ հարց տվել ե՞ք, ո՞րտեղից այսօրվա ընդդիմությանը այդպիսի դղյակներ, ո՞րտեղից ահռելի կուտակած հարստություն իրենց ցածր աշխատավարձի դիմաց) առանց մտածելու հայ պետականությունը պահպանելու մասին, առանց մտածելու հայ ժողովրդի մասին։

    Բավական է դուք էլ ձեր հերթին հեռվից քայքայեք մեր երկիրը։

  2. Great editorial.
    Armenia needs an honest, nationalistic leader who will not sell Armenia to any country or bloc whether it be Russia, the CSTO, America, NATO, the EU, Turkey, or Azerbaijan.
    Armenia’s population must become active before it’s too late.

  3. “Ռուսաստանի Դաշնութեան մաս կազմելէն զատ ուրիշ ելքի չհաւատացողներ»-ուն ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել որ նախ ճշդեն այդ հաւանականութիւնը ՌԴ-ի հետ։ Ես կը կասկածիմ որ ՌԴ-ը ոչ մէկ շաh ունի ՌԴ-եան մէջ ընդունիլ Արցախը կամ Հայաստանը։ Նման պարագային ՌԴ-ը հարց պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ։ Այսօրուայ իրողութեամբ Ռուսերը կովկասի մէջ են ոչ թէ կողմնակցելու այլ «խաղաղութիւն» ապահովելու համար: Հայաստանի եւ կամ Արցախի դաշնակցութիւն ունենալը որպէս ՌԴ ոչ մէկ առաւելութիւն պիտի տայ Ռւսաստանին, այլ՝ գլխու ցաւ պիտի ըլլայ:

    Մենք մինակ ենք եւ մենք է որ պիտի կարգաւորենք մեր հարցերը։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like