Հ. Հ.ի քաղաքացի հրեաները ո՞ւր են, ի՞նչ կ’ընեն…

Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 13 Հոկտեմբեր 2020

Թուրքիա-Ատրպէյճան- Իսրայէլ-ահաբեկիչ վարձկաններ եւ այլք (Փաքիստան, Աֆղանիստան…) դաշինքին դէմ հայ ազգի գոյամարտը Արցախեան (եւ ոչ միայն) ճակատներուն վրայ արդէն մտաւ իր երրորդ շաբաթը: Հ. Հ.ի ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններէն եզիտիները, քիւրտերն ու ասորիները յստակօրէն յայտարարեցին իրենց դիրքորոշումը զիրենք հիւրընկալած ու քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները շնորհած պետութեան նկատմամբ: Եզիտիները նոյնիսկ առանձին կամաւորական ջոկատով կը մասնակցին գոյամարտին, քիւրտերը վերջին օրերուն արդէն տուին նահատակ մը՝ ռազմաճակատ կամաւոր մեկնած ոստիկան մը: Եզիտիներն ու քիւրտերը Արցախեան ազատամարտին տասնեակներով նահատակ տուած են առ այսօր: Փոքրամասնութիւններուն մէջէն միայն հրեաներն են, որ քար լռութիւն կը պահեն: Հրեաներուն եւ Իսրայէլին վերաբերող ամէն աննշան հարցի վերաբերեալ հանդէս եկող տիկին Ռիմա Վարժապետեան-Ֆելլերը՝ «Հայաստանի հրէական համայնք» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարը շոգիացած է մէջտեղէն: Կը յուսանք, թէ պսակաձեւ ժահրի համավարակը չէ անոր անհետացման/մեկուսացման պատճառը…

Իսկ ահա, թէ ինչ կը կարդանք ատրպէյճանական oxu.az ռուսալեզու կայքի 8 Հոկտեմբերի լուրերուն մէջ՝ «Ատրպէյճանի մէջ ապրող աշքենազի հրեաները կ’աղօթեն յաղթանակի համար» վերնագիրին տակ:

«Ատրպէյճանի մէջ ապրող աշքենազի հրեաները այսօր (ընդգծումը ինձմէ է, պատճառը կը հասկնաք ամենէն վերջը – Գ. Ե.) հաւաքուեցան Պաքուի սինակոկին մէջ եւ աղօթք մատուցեցին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու պայքարը շարունակող մեր քաջարի բանակի յաղթանակին համար:»

«Մեր հայրենակից հրեաները Աստուծմէ մեծ յարգանքով ու անկեղծութեամբ խնդրեցին պատերազմի շուտափոյթ դադրեցումը, մեր հողերուն ազատագրութիւնը, մեր զինուորներուն ողջ-առողջ տուն վերադարձը, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան լիարժէք ապահովումը, եւ ցանկացան խաղաղութեան հաստատում մեր երկրին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ:»

Աղօթքի արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունենալով, Ատրպէյճանի աշքենազիներու գլխաւոր ռապպի Շնէոր Սեկալը նշեց, որ մեր երկրի հրէական համայնքը միշտ զօրակցած է ատրպէյճանցի ժողովուրդին:

«Մենք շատ կը սիրենք մեր հայրենիքը՝ Ատրպէյճանը: Զայն պաշտպանելը մեզի համար մեծ պատիւ է: Մենք՝ տարբեր ազգութիւններու եւ կրօններու ներկայացուցիչներս, կրնանք հանգիստ կեանք վարել եւ մեր մշակոյթն ու կրօնը ներկայացնել [այս երկրին մէջ]:

Կ’աղօթենք Հայրենիքին համար մարտնչող իւրաքանչիւր զինուորի եւ ամբողջ բանակին համար: Առանց մեծ կորուստներու յաղթանակ կը խնդրենք Աստուծմէ: Կը հաւատանք, որ յաջորդ արարողութիւնը պիտի կատարենք ուղղակի Շուշիի մէջ» (բնագիրին մէջ՝ Շուշա է. ընդգծումը ինձմէ է – Գ. Ե.),– ըսաւ ան:

Յիշեցնեմ, որ Պաքուի մէջ հրեաներու այս ձեռնարկին օրը, թերեւս ալ նոյն ժամերուն, մեր սրբարանը՝ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) հիասքանչ եկեղեցին քարուքանդ եղաւ ատրպէյճանական բանակի հարուածէն, շատ հաւանաբար Իսրայէլէն մատակարարուած անօդաչու թռչող սարքով կամ մէկ ուրիշ զէնքով:

Մեկնաբանութիւնները կը ձգեմ ընթերցողներուն:

Ռուսերէնէ թարգմանեց եւ նիւթը հրապարակման պատրաստեց  Գէորգ Եազըճեան

Յ. Գ. Նիւթը պատրաստ էր հրապարակման երբ Համացանցի ընկերէ մը ստացայ «Հայաստանի հրէական համայնք» հասարակական կազմակերպութեան 6 Հոկտեմբերի թուականը կրող յայտարարութիւնը՝ ուղղուած Իսրայէլի կառավարութեան՝ Ատրպէյճանի զինումը դադրեցնելու կոչով: Մեր համոզմամբ, այսքանը շա՜տ քիչ է… Տեսանիւթեր կան, ուր կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանի հրեաներ կը կռուին ատրպէյճանական բանակ կչուող խաժամուժի շարքերուն մէջ: Առ այսօր չեմ լսած Հ. Հ.ի Զինուած Ուժերուն կամ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակին մէջ թշնամիին դէմ կռուող հրեայի մը, ուր մնաց հրեայ նահատակի մը մասին:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like