Հանդէս փառասիրութեան՝ երեք արարով

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Լուսաբաց, Թորոնթօ, 18 հոկտեմբեր 2025

Նախագահ Տանըլտ Թրամփի փառասիրութեան եւ ինքնահաւանութեան առջեւ խնկարկուները բազմաթիւ են: Անոր ոսկեզօծ երեւոյթներուն վրայ հիացող, ցեղապաշտ  դիրքորոշումները հաւնող եւ զայն շրջապատող միլիառատէրերու շքեղութենէ հարբող երկրպագուները կազմած են Ամերիկայի լայնքին ու երկայնքին տարածուող բանակ մը, որ կուրօրէն հետեւելով անոր զայն դարձուցած են բացարձակ մենատէր Ամերիկայի պէս ժողովրդավար երկրի մը մէջ:

Այդ բանակի առաջին շարքերուն վրայ կանգնած են բարձրաստիճան պետական մարդիկ, որոնց տրուած են պաշտօններ ոչ թէ կարողութիւններու չափն ու մակարդակը նկատի առնելով, այլ Թրամփի հանդէպ անոնց կոյր հաւատարմութիւնը քննարկելով:

Այդպիսի մարդիկ ստեղծած են վախի մթնոլորտ մը Ամերիկայի մէջ, ուր քինախնդրութիւն եւ վրէժխնդրութիւն կը տիրեն, եւ սարսափահար, խեղճ մարդիկ, որոնք Ամերիկայի մէջ նոր կեանք մը ապրելու տենչով ու երազով Ամերիկացիի քթին չդրած գործերը (dirty work) կ՚ընեն, ստալինեան բռնութեան օրերը յիշեցնող օրինակով կը ձերբակալուին ու կը խոշտանգուին:

Թրամփեան յոխորտանքն ու հրմշտուկը (bullying) անցած է Ամերիկայի սահմանները եւ միջազգային բեմին վրայ նաեւ ունի իր փառասիրութեան ենթարկուող դերակատարները:

Փառասիրութեան հանդէսը Թրամփի վերջերս ունեցաւ երեք արար.-

Առաջին արարը Թրամփի փառասիրութեան խաղցուեցաւ 8 Օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ՝ Թրամփի կողքին դերակատար ունենալով Ազրպէյճանի Ալիեւն ու Հայաստանի Փաշինեանը; Դերակատարները փայփայեցին եւ մեծարեցին Թրամփը անոր անունով կոչելու Հայաստանի հարաւով ապագային անցնող  ճամբան որպէս TRIPP (Trump Route for International Peace and Prosperity): Փութինէն լքուած անզօր Փաշինեանը նստաւ Թրամփի գիրկը: Տայ Աստուած որ այդ արարով իրականանայ Հայաստանի ապահովութիւնը եւ այդ չդառնայ միայն նախագահ Տանըլտ Թրամփի փառասիրութեան ծառայող դէպք մը:

Երկրորդ արարը Թրամփի փառասիրութեան խաղցուեցաւ 15 Օգոստոս 2025-ին Ալասքայի մէջ, ուր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եղաւ դերակատարը իր բարեկամ նախագահ Թրամփի կողմէ սարքուած հոլիուուտեան ցուցադրութեան կամ հանդէսին (Hollywood show): Ոչինչ կատարուեցաւ այդ հանդիպումէն ետք, բացի Թրամփի Նոպէլեան մրցանակ ստանալու իղձը գոհացնելու քայլ մը ըլլալէ:

Երրորդ արարը Թրամփի փառասիրութեան եւ ցայտուն վերջանուագը (finale) կատարուեցաւ 13 Հոկտեմբեր 2025-ին Եգիպտոսի Շարմ էլ Շէյխ կոչուող ծովեզերեայ հանգստավայրին մէջ, որու դերակատարները շատ էին: Բոլորն ալ նախագահ Թրամփի պահանջին ենթարկուելով ներկայ էին այդ հաւաքին: Հոն էին այդ հանդիպումին հետ առնչուող եւ չառնչուող մարդիկ, որպէսզի Թրամփի ետին նստածխ անոր փառասիրութիւնը շոյէին: Ի՞նչ գործ ունէին հոն եւ ինչո՞վ առնչուած էին այդ խաղաղութեան ստորագրման արարողութեան հետ նախագահը Ազրպէյճանի, վարչապետները Հունգարիոյ, Հայաստանի, Փաքիստանի եւ շատ մը միւս ղեկավարները ոչ-արաբական կամ ոչ-միջինարեւելեան երկիրներու: Աշխարհի առաջ այդպիսի չառնչուող երկիրներու  ներկայութիւնը պահանջելով՝ նախագահ Թրամփ ուզեց ցոյց տալ, որ ինքն է բացարձակ տէրն ու տիրակալը աշխարհի: Հոս ալ Թրամփ յոխորտաց, որ վերջ դրած է Միջին Արեւելքի մէջ մղուող պատերազմներուն, առանց բացատրելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր վերջ տալ այդ հակամարտութեանց՝ առանց ճանչնալու պետութիւն մը ունենալու իրաւունքը պաղեստինցիներուն:

Իսրայէլի Քնեսեթին մէջ նախագահ Թրամփ իր հիացմունքն ու հաւատարմութիւնը յայտնելէ ետք հոն նստող ամերիկացի հրեայ միլիառատէր Ատիլսըն այրիին եւ ոճրագործ Նեթանիահուին, գնաց Եգիպտոս որպէս պաշտպանը Իսրայէլի շահերուն, անտեսելով ՄԱԿ-ի մէջ վերջերս 142 երկիրներու թեր քուէարկութեամբ վաւերացուած պաղեստինեան պետութիւն մը ստեղծումին կարեւորութիւնը: Կազայի մէջ պատերազմին վերջ դնող անոր դրական մասնակցութիւնը մակերեսային յաջողութիւն մը կարելի է սեպել՝ նկատի առնելով պաղեստինեան պետութիւն մը հիմնելու անոր բացասական կեցուածքը:

Երեք արարով կատարուող հանդէսը Թրամփի փառասիրութեան գուցէ ծառայեց իրեն հետեւող կամ իրմով հիացող մարդոց նպատակներուն, սակայն այդ հանդէսը երբեք ազդեցութիւն չունեցաւ Նոպէլեան մրցանակ բաշխողներու որոշումին վրայ, որոնք անտեսելով անոր կողմէ այդքա՜ն ֆանֆառով ծրագրուած միջոցառումները ստանալու խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը՝ զայն շնորհեցին ուրիշի մը:

Ազնիւ ամերիկացիներն ու աշխարհը միասին, շունչերնին բռնած, պիտի տառապին երեք տարի եւս՝ ականատես դառնալով նման փառասիրական հանդէսներու, եւ պիտի ապրին շրջան մը, որ տարօրինակութիւններով լի պիտի ըլլայ նախագահ Թդամփի նախագահութեան ժամանակ:

Յուսանք ու մաղթենք որ յաջորդ նախագահական ընտրութիւնները Ամերիկայի մէջ վերջ դնեն անոր բաժնող ու քանդող քաղաքականութեան եւ անոր վարչախուշբը դուրս դրուի Սպիտակ Տունէն եւ աշխարհի բեմէն:

 

 

1 comment
  1. Պր. Դաւիթեան,
    հետաքրքրութեամբ կարդացի ձեր յօդուածը Նախագահ Թրամփի փառասիրութեան մասին:
    Յիշուածները ծանօթ են ոչ միայն միջազգային հանրութեան, այլ նաեւ զինքը շոյողներուն: Որոնց մէջ են մեծաքանակ նուիրատուութիւն ընողները շահելով միջազգային աշխարհագրական ամպիոնի վրայ, Պաքուի քարիւղէն շահած նուիրատուները, Թուրքիոյ խաբեբայ դիւանագիտութիւնը, իր շուրջի կառավարական աշխատակիցները, եւ աշխարհի մուրացկան նախագահները/վարչապետները: Բոլորն ալ շահեցան եւ կը շահին Թրամփին առջեւ ծունկի գալով:
    Դժբախտութիւնը այն է որ աշխարհի ժողովուդները եղած են գազանային փառասէր: Վերադարձ չկայ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

«ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ»

Keghart.org-ի խմբագրական կազմի անդամներէն Դոկտ. Մինաս Գոճայեան մեկնարկած է նոր հաղորդաշար մը «ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ» անունով, որուն նպատակն է հանրութիւնը…
Read More
Read More

Կապհարնաում

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել (Ֆրանսիա), 12 նոյեմբեր 2022 «Կրօնի ազատութիւնը ստրկացման ազատութիւն է, մանուկներուն ուղեղները լուալու ազատութիւնը՝ մարդկութեան…
Read More