ԻՐԱՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ «ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ»

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 23 Սեպտեմբեր 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին երկու վարչութիւններու քսանամեայ  իշխանութեան տարիներուն երկրի տնտեսա-քաղաքական դաշտը կառավարուեցաւ խմբիշխանութեան (օլիգարխիա) կողմէ: Բնակչութեան չնչին մէկ տոկոսը հանդիսացող մարդոց խումբ մը  յափշտակելով երկիրը տիրացաւ երկրի հսկայական հարստութեան, արտադրութեան միջոցներուն, հանքարդիւնաբերութեան, եկամտաբեր ձեռնարկութիւններուն, երկաթգծին, ճաշարանա-հիւրանոցային համակարգին, ջրային եւ ելեկտրական մատակարարման աղբիւրներուն: Կարճ ատենուան մէջ անոնց տիրապետութիւնը տարածուեցաւ նաեւ դատաիրաւական, ուժային եւ պետական պաշտօնէութեան ու ծառայողական ոլորտներէն ներս: Մեր երկիրը չունեցաւ արտադրող, ստեղծագործող եւ ծառայող միջին խաւ կամ դասակարգ մը: Ազգային հարստութեան այս զաւթման սերմերը զանազան պատճառներով եւ հանգամանքներու բերումով դրուեցան 1990-ական թուականներուն, երբ սեփականաշնորհման անուան տակ խումբ մը մարդիկ խիստ կամայականօրէն վերաբերեցան World Bank-ի կողմէ դրուած սեփականաշնորհման պայմաններուն հետ: Դժբախտաբար այս գործընթացը յառաջ գնաց թաւալգլոր եւ անհակակշռելի կերպով՝ օրուան վարչակազմին կողմէ:

Չքաւոր եւ ծայրայեղ հարուստ. այս էր պատկերը մեր հասարակութեան, իսկ ամէնէն շատ սպառնալից արդիւնքը այս կացութեան այն էր, որ նորահաս սերունդներուն մէջ գծուեցաւ «տիպար եւ յաջողած մարդու» այն կերպարը, որուն արտօնելի է դրամ  կուտակել ու հարստանալ՝ մեկնելով սեփական շահերու սկզբունքէն:

2008-ի Մարտ 1-ին Երեւանի սիրտին մէջ սկսած շարժումը շատ լուրջ փորձ մըն էր վերջ տալու ամէնէն քիչը տասը տարուան ընթացքին տիրող ապականած ու փտած իշխանութեան: Ժողովրդային խաղաղ ընդվզումը խեղդուեցաւ արեան մէջ եւ … հարցը փակուեցաւ (կամ կարծուեցաւ թէ փակուեցաւ), եւ մեռնողը մեռաւ: Այնուհետեւ Քոչարեանական աւազակային տարիներուն յաջորդեցին եւ աւելի մեծ թափ ստացան Սարգսեանական խմբակի հակաժողովրդական տարիները, այսինքն կատարուեցաւ անուանափոխութիւն մը միայն:  Այս ընթացքին շարունակուեցան ազգային հարստութեան կողոպուտը, թալանը, յափշտակութիւնը եւ պետական մարմիններու բարձր եւ միջին օղակներու պաշտօնեաներու  աստղաբաշխական  չափերու հասնող գումարներու կուտակումը (սեփական գրպաններու մէջ): Հայաստանեայց եկեղեցին նոյնպէս ետ չմնաց այս խօլ արշաւանքէն, որուն զոհը դարձաւ նախ եւ առաջ Հայաստանեայց Առաքելական դարաւոր պատմութիւն ունեցող եկեղեցւոյ հանդէպ խոր հաւատք ունեցող հայը: Անհրաժեշտ է նաեւ հոս յիշել թէ՝ սփիւռքի կարգ մը կազմակերպութիւններ լուռ անցան այս երեւոյթներու կողքէն՝ ելլելով զանազան կուսակցական եւ անձնական նախապատւութիւններէ կամ նկատառումներէ: Ատենն է ըսելու թէ՝ սփիւռքի կազմակերպութիւնները այլեւս մէկդի դնեն այս վնասակար քաղաքականութիւնը եւ հանդէս գան լոկ հայրենի ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութեան մտահոգութիւններէ:

2016-ին («Քառօրեայ պատերազմ»)  տեղի ունեցած ազրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ եկաւ ցոյց տալու Սարգսեանական վարչակարգի ամբողջ փտածութիւնն ու  ապիկարութիւնը: Արդիւնք՝ մենք կորսնցուցինք հողային տարածութիւններ եւ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող դիրքեր: Այս ամօթալի ելքէն ետք էր որ նախկին ազատամարտիկներ՝ «Սասնայ Ծռեր» անուանումով, որոշեցին ապստամբիլ եւ գրաւեցին ոստիկանութեան կեդրոն մը՝ պատանդներ վերցնելով: Անոնք դիմադրութեան օրերու ընթացքին պատասխանատուութեան հրաւիրելէ անդին անցնելով պահանջեցին նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը: Ժողովուրդին 38 % կողմանակից էր շարժման, մինչ ՝ դէմ էր 16%: Թէեւ շարժման հեղինակներէն ոմանք յայտնուեցան կալանավայրերու մէջ եւ ուրիշներ յաջողեցան թաքնուիլ, այսուամենայնիւ այս շարժումը իր կարեւոր հետքը թողուց եւ հողը պատրաստեց 2018 թ. «թաւշեայ յեղափոխութեան»: Պէտք է յիշել նաեւ երիտասարդութեան բողոքի արտայայտութիւններն ու քաջարի կեցուածքը Մաշտոցի անուան պուրակի եւ ելեկտրականութեան գիներու անհարկի բարձրացման առթիւ: Անվերապահօրէն պէտք է ընդգծել թէ՝ մեր արթուն երիտասարդութիւնը դրուատանքի գործ կատարեց այդ օրերուն:

«Թաւշեայ յեղափոխութենէն» կարճ ժամանակ անց եւ ուշացումով ազատ արձակուեցան «Սասնայ Ծռերու» մարտիկներէն միայն ոմանք: Կարճ ատեն մը ետք դէպքերը ցոյց տուին որ նախկին ուժերը, յատկապէս երկրորդ եւ երրորդ վարչախումբերն ու անոնց հետ հազար ու մէկ թելերով ու տնտեսական հաշիւներով կապուած ուժերը, իմա՝ խմբապետութիւնը (օլիգարխիա) կամաց կամաց աշխուժացաւ, դատական դաշտին մէջ բաւարար չափով առողջարար փոփոխութիւններ չկատարուեցան, վարչապետ Ն. Փաշինեան եւ «իմ քայլականները» չյաջողեցան կամ չցանկացան գործադրել խոստացուած հիմնական բարեփոխութիւնները ամբողջութեամբ: Նոր վարչակազմը թէեւ փորձեց կարգ մը բարեկարգութիւններ մտցնել, ինչպէս փտածութեան, հասարակական ապականութեան եւ կաշառակերութեան դէմ պայքար, նոր եւ երիտասարդ (թէեւ յաճախ անփորձ) մասնագէտներու, քաղաքական եւ պետական պաշտօնէութեան մէջ նորերու ընդգրկում, բայց ժամանակը եկաւ ցոյց տալու թէ նոր վարչախումբը «կը տառապի» ապիկարութենէ եւ «սեղմ շրջանակային» հիւանդութենէ: Արդար ըլլալու համար նշենք թէ՝ նոր վարչախումբը որոշ յոյսեր ներշնչեց հայութեան տարբեր խաւերու մէջ՝ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, հայոց բանակը հիմնովին վերականգնեց եւ անոր մարտունակութիւնը զգալիօրէն բարձրացուց:

Անցնող երկու տարիներուն նոր վարչախումբի կադրային քաղաքականութիւնը դարձաւ վիրաւոր: Չընդգրկուեցան կամ չընդելուզուեցան նախորդ վարչակարգերուն ժամամանակ իրենց մաքուր աշխատանքով յայտնի մասնագէտներ (նախարար, պաշտօնեայ եւ այլն), դուրս մնացին իրենց քննադատութիւններով ԻՍԿԱԿԱՆ ընդդիմադիր անձեր, որոնք Հայաստանն ու աշխարհը, Ռուսաստանն ու արեւմուտքը լաւ կը ճանչնային:

Պէտք է նշել թէ նոր վարչակազմի ծրագրած բարեփոխութիւնները դանդաղեցան եւ արգելքներու հանդիպեցան նաեւ թագաժահրի (Covid 19) տարածմամբ, բայց վերջինս արդարացուցիչ կամ «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» պէտք չէ ծառայէ բազմաթիւ ձախողութիւններու համար: Երկիրը տեղքայլի մէջ է հիմնական կառուցուածքային թերութիւններու, կադրային սխալ ընտրութեան եւ վճռակամութեան պակասի հետեւանքով, նկատելի է նաեւ իշխանութեան կողմէ իրաւ երկխօսութեան մը բացակայութիւնը յատկապէս այն ուժերու հետ, որոնք ոգի ի բռին սատարեցին «թաւշեայ յեղափոխութեան»: Նշուած կացութեան պայմաններուն խորքին վրայ հասարակութեան տարբեր խաւերու եւ կազմակերպութիւններու մէջ ծնունդ առին դժգոհութիւններու տարերային արտայայտութիւններ, որոնք հասան խուլ ականջներու եւ յամառ ու անբացատրելի ժխտումներու՝ հակառակ անոր որ վերջիններուս տրամադրութիւնները կառուցողական հիմք ունէին:

Եւ այսպէս 2019-ին կազմուեցաւ «Ազգային Ժողովրդական Բեւեռը» (այսուհետեւ՝ ԱԺԲ), որուն մասնակիցները խիստ քննադատական ոգի եւ կեցուածք ցոյց տուած էին նախկին ապականած  իշխանութիւններու հանդէպ, բայց անոնցմէ ոմանք վերջերս արգելափակուեցան զանազան շինծու մեղադրանքներով: ԱԺԲ-ի յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ կ’ըսուի. «Ստեղծել ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ եւ աւարտին հասցնել յեղափոխութիւնը: Ամփոփելով 2019 թուականը, ափսոսանքով ստիպուած ենք փաստել, որ յեղափոխութիւնը, կամ աւելի ստոյգ՝ համակարգային փոփոխութiւնների գործընթացը, ձախողման եզրին է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Արցախը ներառեալ) մնում է համակարգային ճգնաժամի մէջ»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Բեւեռ»ի առաջնորդներէն դիւանագէտ եւ պատմաբան Արա Պապեանի ելոյթի սղագրութիւնը: Ամբողջական յայտարարութեան ծանօթանալու համար սեղմեցէք Անցյալի գնահատականներ, ներկայի հիմնահարցեր եւ ապագայի հեռանկարներ կապը :

ՍՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Ազգային ժողովրդական բեւեռ»ի անունով դիւանագէտ Արա Պապեանի ելոյթին

1.- Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի մէջ նախանշուած նպատակներու զգալի մէկ մասը մնացած է անկատար կամ խորապէս թերի:

2.- Արտաքին միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ կը գերակայէ ետպատերազմեան տրամաբանութիւնը:

3.- Հայոց պետութիւնը անցնող ժամանակահատուածի ընթացքին զաւթուած է իրարայաջորդ վարչախումբերու կողմէ:

4.- Նորանկախ Հայաստանի հանրապետութեան առաջին վարչախումբը որդեգրեց Հռչակագրին հակասող իրաւաքաղաքական հայեցակարգ:

5.- 1990-ական թուականներու սկզբի ղեկավարութիւնը հանդէս եկաւ որպէս ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ վարչատարածքային միաւոր:

6.- 2008-ի Մարտ 1-ի Երեւանի կեդրոնին մէջ «գնդակահարուեցաւ» ժողովրդավարութիւնը:

7.- 2013 թուականին Եւրասիական տնտեսական միութեան ենթարկուիլը սահմանափակեց Հայաստանի ինքնիշխանութլիւնը:

8.- 2016-ի «Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը» ցնցեց հայ ժողովուրդը՝ տիրող իշխանութեան ապիկարութեան եւ դաւաճանութեան պատճառով:

9.- «Սասնայ Ծռերու» ապստամբութիւնը իր հիմքերէն ցնցեց բռնապետական իշխանութիւնը եւ հող պատրաստեց 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութեան»:

10.- Համակարգային ճգնաժամի յաղթահարումը կը պահանջէ համախմբում եւ հակաճգնաժամային կառավարումի արտակարգ լուծումներ:

11.- Առարկայական յոյսեր կը ներշնչեն Պելոռուսիայի եւ Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցող դեմոկրատականացման գործընթացները:

12.- Թուրքիոյ յարձակողականութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ ռուսական կողմի անյստակութիւնը մտահոգիչ է: Մեծ վտանգներով լի է այն պատկերը, երբ Ռուսաստան անսպասելիօրէն նահանջէ տարածաշրջանէն:

13.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է դատապարտել հայութեան համար առնուած ապօրինի համաձայնութիւնները, յատակպէս Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրները:

14.- Լուրջ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռը քաղաքական դաշտ մտցնելու գործընթացը:

15.- Նոր սահմանադրութեան ընդունումը պէտք է լուծել փոխպայնաւորուածութեամբ, իրարհասկացողութեամբ, երկխօսութեամբ՝ յարգելով բազմակարծութիւնը:

16.- Յատուկ վերաբերմունք եւ գործընթաց պէտք է մշակուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող հայութիւնը ներառնելու եւ հայրենադարձութեան հարցերը:

17.- Բացառել պետութեան ղեկը նախկին վարչակարգի կեղեքիչ եւ խամաճիկ արբանեակներէն եւ արդարութեան առջեւ բերել ԲՈԼՈՐ զաւթողներն ու աւազակները (ուր ալ գտնուին անոնք), որոնք աւարեցին Հայաստանի ժողովուրդին պատկանող հարստութիւնները:

18.- «Ազգային ժողովրդական բեւեռ»ը պիտի ձգտի հակաճգնաժամային անցումային կառավարութեան ձեւաւորման նպատակով համախմբման վերկուսակցական ձեւաչափով:

19.- Ապստամբութեան բնական իրաւունքի հիման վրայ չդատել «Սասնայ Ծռեր»ու զինեալ գործողութիւնները, որոնք առաջնորդուած են զաւթուած պետութիւնը ազատագրելու մղումով:

Նկարը կը ներկայացնէ «Ազգային ժողովրդական բեւեռ»ի 23 Սետեմբերի հաւաքոյթէն տեսարան մը:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like