Վիգէն Տարաքճեան, Մոնթրէալ, 13 Դեկտեմբեր 2022
Անգլերէն բնագիրը ընթերցելու համար սեղմեցէք այստեղ Urgent Appeal
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ինչպէս գիտէք, շուրջ երկու տարի առաջ նախաձեռնեցի ծրագիր մը, զոր կը շարունակեմ հսկայական ջանքերով: Մեր կամաւորականներու բանակը այս ընթացքին մեծցաւ թէ՛ քանակով, թէ՛ մարտական պատրաստուածութեան մակարդակով եւ թէ՛ թաքթիքի որակներով: Այս բոլորը իմ ուսերուս կը դնեն այս գործին օժանդակելու շատ ծանր բեռ մը:
Մեր թշնամին կը պատրաստուի նոր ցեղասպանութիւն իրականացնել Արցախի մէջ: Շուրջ 120 հազար հայութիւն այսօր կը գտնուի ամբողջական շրջափակման մէջ, եւ մարդկային աղէտն արդէն սկսած է: Մի՛ արհամարհէք այս շրջափակումը. ասիկա բոլորիս համար սթափելու լուրջ ահազանգ է: Ցեղասպանութիւնը ծրագրուած է եւ կրնայ որեւէ պահու սկսիլ: Եթէ առաջքը չառնենք, յետոյ շատ ուշ պիտի ըլլայ անիմաստ ողբալու համար: Եթէ աշխարհը այսօր իսկ չի լսեր մեր օգնութեան կոչերը, վաղը աւելի՛ պիտի չլսէ, լաւագոյն պարագային՝ կարեկցանքի ու դատապարտութեան խօսքերով պիտի բաւարարուի (յիշեցէ՛ք Կիպրոսի թրքական ներխուժումն ու կղզիի 40 տոկոսին առ այսօր շարունակուուղ գրաւումը, Ռուանտայի, Տարֆուրի եւ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ Սինճարի եզիտիներուն ցեղասպանութիւնները աշխարհի անտարբեր աչքերուն առաջ):
Հայութեան նոր ցեղասպանութիւնը պէտք է կանխենք ՄԵ՛ՆՔ: Այդ՝ մեր բոլորէն կը պահանջէ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ յանձնառութիւն եւ նուիրում: Այդ կանխումը չ՛ըլլար անտարբերութեամբ, մէկս միւսը դատապարտող ու վիրաւորող խօսքերով, օտար երկիրներու կառոյցներու դիմումներ ներկայացնելով, ցոյցերով եւ «թուղթէ շերեփ»ային վարուելակերպով:
Կը հաւատանք, որ մեր այսօրուան առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդը, մեր կանոնաւոր բանակն ու կամաւորականներու բանակը (աշխարհազօրը) մեզ ու մեր հայրենիքը պաշտպանելուն պատշաճ մակարդակով պատրաստելն է: Ժամանակը չէ վիճելու, թէ ով ճիշդ է, ով սխալ: Պատերազմը պիտի շարունակուի ուշ կամ կանուխ: Ուստի, ժամանակի՛ն պատրաստենք մեր աշխարհազօրը մարտական վերջին թաքթիքներով, զայն օժտենք արդիական զէնքերով եւ օժանդակ սարքերով:
Նախորդ ժամանակաշրջանին սորվեցանք, որ մենք ոչ մէկ իրական դաշնակից ունինք եւ թէ մեր միակ դաշնակիցը մե՛նք ենք՝ աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Միայն մե՛նք պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր նախնիներու՝ մեզի ժառանգ ձգած դրախտային հայրենիքը մեր կեանքին իսկ գինով:
Սուրբ Ծնունդը առիթ է սրտաբուխ նուէրներ կատարելու մեր սիրելիներուն: Հետեւաբար, կը դիմենք Ձեզի օժանդակելու մեր ծրագրին՝ բոլորիս համար այս սուրբ գործին: Մի՛ մոռնաք, որ երբ Դուք այս գրութիւնը կը կարդաք, մեր բանակին ու աշխարհազօրին հերոսական տղաքը, աղջիկներն ու կիները ամուր կանգնած են բարձրաբերձ լեռներու ցուրտ խրամատներու, վրաններու եւ ապաստարաններու մէջ՝ իրենց կեանքով պաշտպանելով մեր ներկայի սահմանները, մեր կեանքն ու անձնական եւ ազգային արժանապատուութիւնը:
Աստուած պահապան ըլլայ մեր զինուորներուն եւ պաշտպանէ զանոնք մէկ առ մէկ։
Կը խնդրենք չանտեսել մեր կոչը եւ հեռաձայնել ինծի, որպէսզի յաւելեալ բացատրութիւններ տամ մեր ծրագիրներու մասին։
Վիգէն Տարաքճեան, Մոնթրէալ
«Ազգային Լեգէոն» կամաւորականներու աշխարհազօրի համահիմնադիր
514 889-8100
[email protected]