Մշակութային ոսկէ աշուն

Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 15 Նոյեմբեր 2022

Գրիգոր Սաթամեան. «Թատերական ուղեւորութիւնս»
My Theatrical Journey: A memoir գիրքի շնորհանդէս

Պէյրութի համեստ թաղերէն ելած Գրիգոր կը յաճախէ ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, ուր աշակերտական տարիներէն կը հիացնէ ուսանողութիւնն ու ուսուցչական կազմը իր դերասանական բնածին տաղանդով։ Ի վերուստ շնորհուած ունակութիւնը կը ցուցադրէ ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբէն ներս՝ միաժամանակ հետեւելով  Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Տնտեսագիտութեան ճիւղին, սակայն Գրիգոր Սաթամեանին տրուած էր առիթ եւ ոսկի պատեհութիւն ծառայելու սփիւռքահայ բեմին։

Եւ այսպէս՝ 1964-ին,  ՀԲԸ Միութեան կրթաթոշակով  կը մեկնի Անգլիա եւ կը յաճախէ Լոնտոնի շարժանկարի արուեստի դպրոցը (London School of Film Technique)։ Անկէ ետք մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Old Vic Theatre School-էն ներս։ Ծննդավայր վերադառնալէն ետք  Գրիգոր կը դառնայ լիբանանհայ բեմարուեստի փնտռուած աստղերէն մէկը։ Գիրքին մէջ Գ. Սաթամեան յատուկ երկիւղածութեամբ կ՚արտայայտուի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի երախտաւորներէն Պերճ Ֆազլեանի եւ միւս գործակից դերասան ընկեր-ընկերուհիներու մասին։

Անմոռանալի օրեր էին Հայաստանեան հիւրախաղերը 1972-ին, երբ թատերախումբը հանդէս եկաւ բազմաթիւ բեմադրութիւններով եւ հայրենի թատերասէրները մեծ ընդունելութեամբ արտայայտեցին իրենց գնահատանքը։ Անձնապէս կրնամ վկայել, որովհետեւ այդ տարիներուն ես կ՚ուսանէի Երեւանի մէջ եւ ներկայ կ՚ըլլայի թատերախումբի ելոյթներուն։ Այդ օրերուն «մեր Գրիգորն է, Սարգիս Մինասեանը, Թորոս Սարգիսեանը…» ըսելով կը հպարտանայինք համալսարանին մէջ եւ մեր ընկերական շրջանակէն ներս։

Ներկայացուած «Թատերական ուղեւորութիւնս» գեղատիպ պատկերազարդ գիրքը հարազատ կերպով կը ներկայացնէ ոչ միայն բեմի վարպետ Գրիգոր Սաթամեանի ոդիսականը, այլեւ ամբողջ շրջանի մը գեղարուեստական կեանքի պատկերը, սկսելով Պէյրութէն, շարունակելով ԱՄՆ Արեւելեան Ափ, Հարաւային Ամերիկա եւ հուսկ ապա՝ Լոս Անճելոս։ Այս ափերուն Գրիգոր բեմ հանեց գերազանցօրէն արեւմտահերէնով գրուած դասական եւ թարգմանական ստեղծագործութիւններ՝ ներշնչելով աւելի երիտասարդ ուժեր։ Գրիգոր կրնար աւելի փայլիլ հոլիվուտեան աշխարհէն ներս, ուր կարճ, բայց դիպուկ դերեր ստանձնեց 1990-2000-ական թուականներուն մեծ ժողովրդականութիւն վայելող աստղ՝ Պրուք Շիլծի հետ (Brook Shields), բայց նախընտրեց ծառայել ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ։ Ան հետեւեալ խօսքով կը ներկայացնէ իր որոշումը. «Հոլիվուտի մէջ՝ հայ մը աւելի մեծ տարբերութիւն պիտի չընէ, սակայն անձ մը աւելի հայ թատրոնի եւ մշակոյթի մէջ հսկայ տարբերութիւն պիտի ընէ։ Ես տակաւին իմ յարաբերութիւններս չեմ խզած իրենց հետ, այն իմաստով որ, երբ պէտք ունենան, կը կանչեն զիս։ Ես կ՛ուզեմ որ նոր սերունդը հետաքրքրուի մուտք գործելու՝ արհեստավարժ այդ ասպարէզին մէջ եւ եթէ հարկը պահանջէ, պատրաստ եմ օգնելու անոնց»։

Կիրակի, 13  Նոյեմբերին, ՀԲԸՄ-ի «Պոյաճեան» սրահին մէջ կատարուածը սոսկ գիրքի շնորհանդէս չէր, այլ յաւուր պատշաճի հանդիսութիւն մը, ուր մեծարուեցաւ դերասանապետ, բեմադրիչ, մշակոյթի գործիչ Գրիգոր Սաթամեանը։ Բացման խօսքով Պրն.  Գէորգ Քէօշկերեան դիտել տուաւ այս հանգամանքը եւ, որպէս Գրիգոր Սաթամեանի ղեկավարած «Արտաւազդ» թատերախումբի երկար տարիներու դերասան, շեշտը դրաւ «օրուան հերոսին» ոչ միայն տաղանդին, այլեւ որպէս մշակոյթի մարդու վրայ, մարդ մը, որ կրնայ հրամանատարի մը նման խանդավառել գործակիցները։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան՝ թատերախումբի վարչական կազմի ատենապետը։ Ան կենսագրական կարեւոր հանգրուաններու ընդմէջէն ներկայացուց Գրիգոր Սաթամեանի մեծ ծառայութիւնը սփիւռքահայ թատրոնի կեանքէն ներս իբրեւ ներշնչող դէմք։ Յուշապատումով հանդէս եկաւ նաեւ Գրիգոր Սաթամեանի ուսանողական ընկեր եւ դերասան Պրն. Տիգրան Էքիզեան, որ իրեն յատուկ համով-հոտով պատումով արժեւորեց եօթանասուն տարուայ ընկերն ու արուեստագէտ գործիչը։

Կ՚արժէ յիշել եւ շնորհակալութիւն յայտնել ներկայացուած գիրքի մեկենաս, մշակութասէր եւ լայն սրտի տէր հայ Պրն. Նազարէթ Գեւոնեանին, ինչպէս նաեւ գիրքի ձեւաւորող Հերրի Մեսրոպեանին, որուն գեղագէտի հպումներուն շնորհիւ թատերասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրուած է  My Theatrical Journey: A memoir պատկերազարդ գիրքը։

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան (Քանոկա փարք, Քալիֆորնիա)

Հանգստեան կոչուած ուսուցիչի մը համար ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթներ են, երբ ան կը հանդիպի իր սաներուն՝ արդէն մեծցած, հասուն երիտասարդներ դարձած, մասնագիտութեան տիրացած, տուն-տեղ կազմած եւ իրենց հերթին իրենց զաւակները նոյն դպրոցի խնամքին յանձնած հասուն քաղաքացիներու։

Տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ

Այս զգացումը ունեցանք մենք Շաբաթ, Նոյեմբերի 5-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի (ՄՏՎ) հիւրընկալ բակին մէջ, երբ գիրկընդխառնումներով զիրար ողջունեցինք՝ թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ յուզումնախառն արցունքներով։

Երկրորդ տարին է որ վարժարանի Շրջանաւարտից կապերու բաժանմունքը լուրջ գործի անցած է եւ կը հետաքրքրուի ՄՏՎ-ի սեմէն անցած աշակերտներով։ Շնորհաւորանքի եւ երախտագիտական խօսքերու արժանի է պատասխանատուն Տիկ.  Վերոնիկա Գարատանայեանը, որ արհեստավարժօրէն կը հետեւի շրջանաւարտներուն՝ նպատակ ունենալով զօրացնել շրջանաւարտ-ՄՏՎ յարաբերութիւնը, որմէ միայն բարիք կը ծնի եւ վարժարանի կենսունակութիւնն ու բարգաւաճումը կ՚ապահովուի։ Կ՚ընդգծեմ նաեւ Տնօրէնուհի, երկարամեայ ուսուցչուհի Անահիտ Նալբանդեանի ջանքերը՝ ի մի հաւաքելու մեր սան-սանուհիները։ Այս օրերուն եւ այս ափերուն վրայ հայ վարժարանը ամրոց մըն է, իւրայատուկ ապաստարան մը, ուր կարելի եղած թափով կը ջամբուի հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն եւ անշուշտ՝ ժամանակակից ուսում։

Ինծի համար հոգեպարար երեւոյթ էր տեսնել, խօսիլ, զրուցել, հետաքրքրուիլ սաներուս անձնական կեանքով, ընտանիքով եւ այս բոլորը բացառաբար ՀԱՅԵՐԷՆ լեզուով։ Ուրեմն մեր ջանքերը ի զուր չեն անցած եւ մենք ստացած ենք մեր տուածին դիմաց՝ աւելի անուշցած։ Երկու առիթներով ալ իմ հակիրճ կոչիս մէջ շրջանաւարտներուն դիմելով ըսի.

-Այս դպրոցը ամենէն առաջ ձե՛րն է, ձեր զաւակներունն է եւ անոնց զաւակներունը պէտք է ըլլայ։ Գուրգուրացէք այն հաստատութեան վրայ, որ ձեզի այս յաջողութիւններու հասցուց։

Ո՛չ միայն տէր կենանք մեր դպրոցներուն ու հաստատութիւններուն, այլեւ  ամէն տարի մէկով աւեցնենք, քանզի՝

«Հայ դպրոցը տո՛ւնն է հայուն, աշխահի չորս ծագերուն»։

Նախկին եւ ընթացիկ ուսուցիչներ

1 comment
  1. Որքան գիտեմ՝ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանը ՀԱՅԿԱԿԱՆ վարժարան է: Արդ, ինչո՞ւ հայերէնը ՀԻՄՆՈՎԻՆ ԲԱՑԱԿԱՅ է խմբանկարի ետին երեւցող հսկայական պաստառի մեծաչափ գրութեանց մէջ: Մեսրոպեան տառեր գտնելու համար դիմեցի խոշորացոյցի եւ, փառք Աստուծոյ, զանոնք գտայ դպրոցի շրջանաձեւ տարբերանշանին մէջ, ուր, անգամ մը եւս փառք Աստուծոյ, ՀԲԸՄ տառերը դեռ չեն փոխարինուած AGBU-ով:
    ******
    Ակնբախ է երկրորդ տարօրինակ փաստը՝ խմբանկարին մէջ կ՛երեւին 13 տիկիններ, իսկ միակ տղամարդն ալ ՈՒՍՈՒՑԻՉ դոկտ. Մինաս Գոճայեանն է: Այս դպրոցը աղջկա՞նց դպրոց է, թէ՞ երկսեռ: Եթէ երկսեռ է, մէկ արու շրջանաւարտ իսկ ինչո՞ւ չէր եկած:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like